ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հաւատարմագրւած օտարերկրեայ 44 դեսպաններու յղած էր Բաքւի մէջ նոյեմբերին նախատեսւած ՔՈՓ29 խորհրդաժողովին վերաբերեալ նամակ մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի նշեալ 29-րդ խորհրդաժողովը կը գումարւի երկրի մը մէջ, որ վերջերս սովի մատնած, ռմբակոծած, չհրահրւած յարձակում եւ վախի մթնոլորտ տարածելով Արցախի մէջ ցեղային զտում գործած էր տեղւոյն բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ, կը շարունակէ իր բանտերուն մէջ պահել հայ պատանդներ եւ պատերազմական գերիներ, այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի կացութիւն կը տիրէ, կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ կը գտնւի հակադիր կողմի վրայ եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարողներէն մէկն է:
Հայ դատի մարմինը 44 կառավարութիւններուն կոչ ուղղած էր վերատեսութեան ենթարկելու Ադրբեջանի կողմէ «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորւած եւ անոր արատները թաքցնելու ծառայող այդ կեղծ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը, կամ ալ այդ առիթը օգտագործելու մարդու իրաւունքներու վերոնշեալ հարցերը արծարծելու համար:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 20 օգոստոսին Լիբանանի մէջ Կանադայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան հաստատեց. «Կանադան կը շարունակէ Հայաստանի յանձնառու գործընկերը մնալ եւ կը զօրակցի Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ համապարփակ եւ բանակցւած խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման»:
Կենսոլորտի փոփոխութեան խնդիրի եւ ՔՈՓ խորհրդաժողովներու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, ան նշեց, թէ կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարի քայլերը կը շարունակեն Կանադայի կառավարութեան համար կարեւոր առաջնահերթութիւն մնալ` յիշեցնելով, որ ՔՈՓ29-ի գումարման վայրին շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած է ՔՈՓ28-ի ընթացքին, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անոր համաձայն գտնւած է:
«Մինչ ՔՈՓ29-ի ընթացքին աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Ադրբեջանի վրայ, Կանադան պիտի շարունակէ Ադրբեջանի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի բարի կամեցողութեամբ Հայաստանի հետ գործէ` բանակցւած եւ խաղաղ քաղաքական լուծումի մը ճամբով կարգաւորելու տագնապը` յարգելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ ետ կանգնի ուժի կիրարկումէն», եզրափակելով նշեց Կանադայի դեսպանը: