Սիդնիի մէջ հանրային լսարան ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ուղեկից միութիւններու Կենտրոնական վարչութիւններու մասնակցութեամբ
Հինգշաբթի 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ հանրային լսարան Willoughby Uniting Church-ի հանդիսասրահին մէջ:
Հանդիսավարուհի Հուրի Մայիսեան-Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացնելէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, զայն հրաւիրեց տալու իր զեկուցումը: Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, սահիկներու ցուցադրութեամբ կատարեց տեսալսողական զեկուցում բացատրութիւն տալով ՀՅԴ Բիւրոյի տարած կազմակերպչական, քաղաքական, յարաբերական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ Երիտասարդական գործունէութեանց մասին:
ՀՕՄի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան տւաւ համապարփակ զեկուցում ՀՕՄ-ի տարած բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներուն մասին:
ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի Լիբանանէն չկարողանալ դուրս գալուն պատճառով, Կենտր. վարչութեան անդամ Եղբայր Տիրան Վահրատեան տւաւ հակիրճ զեկուցում աշխարհացրիւ ՀՄԸՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան մասին:
«Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան մօտ տաս վայրկեան տեսերիզ մը ուղարկած էր Լիբանանէն: Ընկեր Քէշիշեան չէր կարողացած Սիտնի ժամանել Բէյրութի օդակայանի անդամալոյծ վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառով: Հակիրճ բայց բովանդակալից զեկուցումը լուսարձակի տակ առաւ «Համազգային»-ի մշակութային հսկայ գործունէութիւնը:
Աւարտին, հանդիսավարուհին հրաւիրեց զեկուցաբերները հարց-պատասխանի, որուն ընթացքին անոնք պատասխանեցին իրենց ուղղւած բոլոր հարցումներուն:
Arfd.am