ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութեանց հանդիպումը Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանդայի հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ

Սրբազան Հայրը եւ Թեմականի ատենապետ Տիար Սարգիս Տէր Պետրոսեան եւ Տ. Աւետիս Քահանայ Համբարձումեան, առաջնորդարանին մէջ ընդունեցին Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ կառոյցի հիմնադրման 60-ամեակի առիթով Սիդնի ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՕՄ-ի ու ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատւիրակութիւնը:
Պատւիրակութիւնը մաս կը կազմէին ընկերներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Խաժակ Մկրտիչեան, ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութենէն ընկերուհիներ Արուսեակ Մելքոնեան եւ Նորա Սեւակեան, ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութենէն եղբայր Տիրան Վահրատեան ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ ընկերներ Ներսէս Պալիօզեան եւ Կարպիս Սարեան:
Մօտ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումը անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Զեկուցւեցաւ 60-ամեակի նշումին առթիւ ձեռնարկներու ծրագիրին մասին, քննարկման նիւթ դարձան ազգային հրատապ հարցերը որոնք կլանած են հայրենի թէ սփիւռքի հայութիւնը:
Զեկուցւեցաւ նաեւ որ ՀՄԸՄ-ի եւ «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեանց ատենապետները չէին կարողացած Լիբանանէն ժամանել Սիդնի Բէյրութի օդակայանին համարեա անդամալուծման պատճառով: Քննարկւեցան Լիբանանի այժմու տագնապին հետեւանքով հայութեան առջեւ ծառացած դժւարութիւնները եւ անոնց դիմագրաւման համար տարւող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երկու կաթողիկոսութեանց եւ ՀՅԴ-ի սիրալիր յարաբերութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին ներկաները այցելեցին Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին որուն հոգեւոր հովիւը ամփոփ ձեւով ներկայացուցի եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Arfd.am