Սփիւռք

Հենրիխին հպարտութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Արմէն Վանեանը ծնած է Երեւան: Ան շրջանաւարտ է Երեւանի պետական համալսարանի տնտեսական եւ առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքէն` արժանանալով դոկտորական վկայականին: Արմէն 2016-ին եկած է Բիշկէք, Կիրգիզստան: Ան բաժնետէրերէն մէկն է միջազգային «Կրենթ թորընթըն» ընկերութեան: Այս ընկերութիւնը ունի աւելի քան 149 կենտրոններ` աշխարհի տարածքին: 2021-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումով Արմէն նշանակւած է Կիրգիզստանի մէջ Հայաստանի պատւոյ հիւպատոս:

Բիշկէք, Կիրգիզստան, նոյեմբեր 2024:

Կիրգիզստան Կենտրոնական Ասիոյ երկրորդ երկիրն է, որ առիթը ունեցայ այցելելու նոյեմբեր ամսւան ընթացքին` աշխատանքային ժողովներու բերումով: Կիրգիզստան շատ գեղեցիկ լեռներով շրջապատւած է, ինչ որ յատուկ գեղեցկութիւն մը կու տայ երկրին: Կիրգիզստան մաս կը կազմէր Խորհրդային Միութեան: 1991-ին անիկա ստացաւ իր անկախութիւնը, երբ խորհրդային համակարգը փուլ եկաւ: Կիրգիզստան նշանաւոր է նաեւ իր ձիերով, զորս յաճախ կը տեսնես երկրի գեղեցիկ մարգագետիններուն վրայ տարածւած: Կիրգիզստան ի համար ձիերը նաեւ ազգային խորհրդանշական իմաստ ունին, եւ բաւական մարզական խաղեր կը կիրարկւին անոնցմով:

Այս բոլորէն անդին` կար հետաքրքրութիւնս` տեսնելու հայը մայրաքաղաք Բիշկէքի մէջ: Չէի գիտէր, թէ որո՛ւ պէտք էր հարցնէի, որպէսզի գտնեմ հայ մը կամ հայեր այս քաղաքին մէջ: Արմէնին զանգեցի եւ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպելու: Երբ պայմանաւորւեցանք հանդիպելու Արմէնին հետ, յաջորդ օրն իսկ ան զանգեց ու ըսաւ. «Պրն. Հենրիխ Պալեանն ալ շատ կը փափագի քեզի հետ հանդիպիլ իր գրասենեակին մէջ: Միասին հոն կը հանդիպինք»:

Հայ-հայերու հետ հանդիպումս սկսաւ իրական դառնալ:

Հենրիխ Պալեանը տնտեսագէտ-գործարար է եւ կը բանեցնէ իր անձնական շինարարական մեծ ընկերութիւնը` «Կարւըն կրուփ»: Ան Կիրգիզստանի տարբեր շրջաններուն մէջ կը նախաձեռնէ պանդոկներ եւ զբօսավայրեր կառուցելու աշխատանքներուն: Այս իմաստով ան ծանօթ անուն է երկրին մէջ, եւ յստակ էր, թէ մեծ վարկ ու համբաւ կը վայելէ:

Հենրիխ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց Արմէնը եւ զիս: Կը զգայի, որ ուրախ էր, որ հայ մը եկած էր դուրսէն, եւ ինք առիթը կունենայ հանդիպելու եւ ծանօթանալու անոր: Հենրիխ կը խօսի հայերէն: Ան ուրախ տրամադրութեամբ լեցուն հայ մըն է` զւարթ բնաւորութեամբ եւ խօսակցութեան մէջ մերթ-մերթ աղւոր կատակներ ընող: Այս իմաստով երբեք  դժւար չեղաւ  իրեն հետ հաղորդակցութիւն ստեղծելը:

«Ես Արցախ ծնած եմ», ըսաւ Հենրիխ: «13 տարեկան էի, երբ հօրս հետ եկանք Կիրգիզստան: Հայրս համալսարանի դասախօս էր, եւ իր աշխատանքին  բերմամբ հոս եկանք»:

Արցախը եւ անոր ջերմութիւնն ու յուզումը եղան միացնող օղակը մեր խօսակցութեան: Հենրիխ 71 տարեկան է, եւ անկախ այն իրողութենէն, որ փոքր տարիքէն հաստատւած է Բիշկէք, այդ երբեք պատճառ չէ եղած, որ ան մոռնայ մայրենին: Հայերէնով մեր խօսակցութիւնը հանդիպումին տւաւ հարազատ մթնոլորտ մը: «Արցախի մէջ ռուսական դպրոց գացի, այդ օրերուն շատ քիչ հայերէն կը սորվեցնէին մեզի», ըսաւ Հենրիխ:

«Հայերէնի տիրապետութիւնդ շատ լաւ է», եղաւ իմ քաջալերական խօսքս Հենրիխին:

Հենրիխին կրտսեր եղբայրը` Սամսոնը, նոյնպէս ներկայ էր այս հանդիպումին: Սամսոն հայերէն չի գիտեր: Ան ծնած եւ մեծցած է Թուրքմենստան: Սամսոնը 2000 թւականին եկած է Բիշկէք: Սամսոն ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի յանձնակատարի ներկայացուցչութիւնը Կիրգիզստանի մէջ: Ան ուզեց ըսել իր սրտի խօսքը, զոր Արմէնը թարգմանեց հայերէնի. «Հայերէն չեմ գիտէր, բայց կը պարծենամ, որ հայ եմ»:

Հենրիխն է նորէն. «Սփիւռքի մէջ հայ մնալը շատ դժւար բան է, մանաւանդ` մեր ապրած այս երկրին նման տեղ մը»: Կիրգիզստանի պաշտօնական կրօնը մահմետականութիւնն է:

Կիրգիզստանի մէջ կան այդտեղ բնակութիւն հաստատած տարբեր այլ ազգեր: Աւելի քան 75 տարբեր ազգեր միասին կու գան հաղորդակցութեան եւ համախոհութեան օրակարգերով: Սամսոնը կը ներկայացնէ հայ համայնքը այս համախմբումին մէջ:

Հենրիխ մէկ-մէկ սկսաւ քակել իր ընտանիքին պատմութիւնը: «Պոլսոյ նշանաւոր Պալեան գերդաստանին կը պատկանինք եւ անոնցմէ սերած ենք», ըսաւ ան: Սկսած էի տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Հենրիխ դուրս կը հանէր իր ինքնութիւնը եւ անոր տուն տւող հպարտութիւնը: «Հոս շատ հայութիւն չկայ, հազիւ` 150 հոգի: Շատ դժւար կըլլայ զիրենք համախմբել: Քանի մը անգամ փորձեցինք, բայց չյաջողեցանք», ըսաւ Հենրիխ:

Կիրգիզստանի մէջ կայ փոքրաթիւ հայկական ներկայութիւն մը, որ չէ կազմակերպւած: Որեւէ եկեղեցի կամ կենտրոն ալ չկայ, ուր կարելի ըլլայ փորձել եւ համախմբել հայերը: Հայկական ներկայութիւնը անհատական նախաձեռնութիւն է, եւ Հենրիխ, այսպէս ըսած, դարձած է հայութեան դիմագիծը Կիրգիզստանի մէջ: Հենրիխին գրասենեակը լեցուն էր նկարներով եւ վկայագիրներով: Այդ նկարներէն մին իրն էր` Հունգարիոյ նախագահին հետ նկարւած: «Հունգարիոյ պատւակալ հիւպատոսն եմ ի մէջ», ըսաւ Հենրիխ: Հենրիխ, ինչ խօսք, նւաճած է վաստակ եւ վարկ` իբրեւ յաջող գործարար, եւ ունի իր անունն ու դիրքը երկրին մէջ: Բայց ես ուզեցի վերադառնալ իր արցախեան ակունքներուն:

«Արցախցիները եւ արցախցի քաղաքական ղեկավարները բոլորն ալ իմ բարեկամներն են», ըսաւ Հենրիխ: «Երբ պաշտօնական այցելութիւններով Բիշկէք եկան, իմ մօտս մնացին», շարունակեց ան:

Հենրիխ 2016-ին այցելած է Արցախ: «Շատ զգացական էր ինծի համար վերադառնալ տուն` երկար տարիներ ետք-, ըսաւ ան:- «Շատ էին յիշատակները»:

«Իսկ այսօ՞ր-, հարցուցի Հենրիխին: – Ինչպէ՞ս կը զգաս»:

Հենրիխ նայեցաւ աչքերուս: Այդ աչքերուն մէջէն տեսայ յուզում, ցաւ եւ տակաւին այլ բաներ:

«Արցախը գնաց»-, ըսաւ Հենրիխ: «Բայց Արցախը սրտիս մէջն է», եղաւ անոր հաստատ պատասխանը:

Արցախը Հենրիխին եւ մեր բոլորին սրտերուն մէջն է:

Հենրիխ ծանօթացաւ իմ ասպարէզիս եւ գործիս:

«Քեզի բան մը ցոյց պիտի տամ», ըսաւ ան եւ գնաց ու իր գրադարանէն բերաւ հայերէն հաստափոր Աստւածաշունչ մը: Աստւածաշունչը հրատարակւած էր Պոլսոյ մէջ` 1895-ին: Հենրիխի դէմքին վրայ գծւեցաւ մեծ ժպիտ մը: Եւ այդ ժպիտին մէջ կար նոյնքան մեծ հպարտութիւն: «Այս Աստւածաշունչը նւէր ստացայ եւ մեծ արժէք ունի ինծի համար»:

Պէտք էր բաժնւէի Հենրիխէն: Այս այցելութիւնդ չեմ հաշւէր,- ըսաւ ան: -Երբ յաջորդ անգամ գաս, իմ հիւրս կըլլաս»: Հրաժեշտ առի, բայց այդ մէկ ժամը ապրեցայ արցախցի Հենրիխի հիւրասէր եւ հաղորդական հոգին, որուն մէջ որքա՛ն շաղախւած էր անոր հպարտութիւնը` հայուն եւ անոր արժէքին հպարտութիւնը:

Հայը ամբողջ աշխարհով մէջ տարածւած է: Սփիւռք(ներ) կերտած է քիչ մը ամէն տեղ: Կարգ մը սփիւռք(ներ) կազմակերպւած են, ուրիշներ` ոչ: Կազմակերպւած թէ ոչ, կը մնայ մէկ կարեւոր իրականութիւն. հայուն արժէքը եւ անոր նկատմամբ մեր հպարտութիւնը:

Այս արժէք-հպարտութիւնն է, որ պարտինք պահել: Այսօր հայկական իրականութիւնները բազմատեսակ դժւարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ են: Այս դժւարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մէջէն եթէ կորսնցուցինք հող, տարածք, մարդուժ եւ այլն, պիտի մնայ մէկ իրականութիւն, որ պէտք չէ կորսնցնենք: Այդ ալ հայուն արժէքն է եւ այդ արժէքին տւած հպարտութիւնը: Այս արժէք-հպարտութիւնը պահելով է, որ պիտի ստեղծենք կամքը: Կամքը` ապրելու: Ապրելու այս կամքով է, որ պիտի կարենանք մեր կորսնցուցածին նորէն տիրանալ:

Հենրիխին հպարտութիւնը: Անպայմանօրէն` իւրաքանչիւր հայունը:

Այս հպարտութիւնը պիտի պահենք եւ ապրեցնենք:

Հպարտութիւնը պահելով եւ ապրեցնելով է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնենք կեանքի շարունակականութեան գործընթացին մէջ:

Related Articles

Back to top button