Սփիւռք

Հայուն աւանդութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Աւանդութիւնը սերունդներու ու անոնց միջոցով փոխանցւած ժառանգութիւն է, որ կընդգրկէ անձին, ընտանիքին, հաւաքականութեան եւ ազգին իւրայատուկ միտքը, կեցւածքը, վարւելակերպն ու, տակաւին, ընկերային եւ կրօնական սովորութիւնները: Աւանդութիւնը այս իմաստով կը դառնայ ապրող կեանք՝ ներառելով մարդուն, հաւաքականութեան եւ ազգին ամբողջական մշակոյթի գիտակցութիւնը:

«Աւանդութիւն» բառին լատիներէն արմատը՝ tradere, կը նշանակէ բաժնեկցիլ, պահել եւ փոխանցել վերեւ յիշւած ժառանգութիւնը՝ ապահովելու համար հաւաքականութեան ինքնութիւնը եւ պատմութիւնը: Այս իմաստով, աւանդութիւնը կը դառնայ կեանք, որուն պէտք է գուրգուրալ եւ պահել, բայց նոյնքան նաեւ՝ վերակենսաւորել: Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը մեզ բոլորս կը հրաւիրէ մեր աւանդութիւններու վերակենսաւորման՝ 2025-ը հռչակելով «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:

Կան աւանդութիւնը պահելու եւ վերակենսաւորելու հայկական հիմեր, ենթահողերը, անոնց պարտադրանքները եւ այս բոլորին մէջէն զայն վերակենսաւորելու կարեւորութիւնը: Իբրեւ հայեր, եթէ սփիւռքը մեծ համեմատութեամբ դասականն էր, բայց վերջին երեսուն տարիներուն անոր վրայ եկաւ աւելնալու հայաստանեանը: Հայուն աւանդութիւնը եւ անոր վերակենսաւորումը վերածւեցաւ  «երկսայրի սուր»-ի մը, իսկ հայը՝ իր դասական եւ հայաստանեան շերտերով, սփիւռքեան իրականութեան մէջ պարտի անոր երկու կողմերը պահել սուր:

Դուբայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, յունւար 2025: Դուբայը օժտւած է օփերայի համար սարքւած շատ գեղեցիկ համերգասրահով մը՝ կառուցւած արդիական ոճով, ինչպէս՝ Դուբայի իւրաքանչիւր ենթակառոյց: Ներկայ պիտի գտնւիմ Հայաստանի սիմֆոնիկ նւագախումբի ելոյթին՝ ղեկավարութեամբ մայեստրօ Սերգէյ Սմբատեանի, որուն երաժշտական եւ խմբավարի տաղանդին ու կարողութեան ծանօթ եմ:

Դուբայի օփերայի համերգասրահը իւրաքանչիւր ելոյթէ առաջ ունի հանդիսատեսներուն համար սարքւած հիւրասիրութեան բաժին մը: Փոքր սեղանի մը յետին կանգնած՝ կը վայելէի այդ պահը, երբ երիտասարդ զոյգ մը մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէն լեզւով խնդրեց, թէ կրնա՞յ բաժնեկցիլ սեղանը ինծի հետ: Սիրով ընդառաջեցի իրենց խնդրանքին, բայց շարունակեցի վայելել իմ հիւրասիրութիւնս՝ առանց խանգարելու զիրենք: Երիտասարդ զոյգը շատ մեղմ ձայնով սկսաւ զրուցել արեւելահայերէնով: Չուշացաւ հարցումս. «Հա՞յ էք»:

Երիտասարդ զոյգը շատ ուրախացաւ: «Մենք կռահեցինք, որ հայ կրնաս ըլլալ եւ անոր համար համարձակեցանք քեզի մօտենալու», ըսին ինծի:

Երկու հայորդիները մասնագիտութեամբ բժիշկներ են՝ վկայւած Երեւանի բժշկական համալսարանէն եւ Դուբայ հաստատւած են աշխատանքի բերումով: «Շատ գեղեցիկ քաղաք է, կը սիրենք հոս ապրիլ», ըսին ինծի:

«Դուք՝ դասական սփիւռքի հայերը, շատ աւելիով կապւած էք հայրենիքին եւ գիտէք՝ ինչպէ՛ս պահել հայուն արժէքները եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը», ըսաւ երիտասարդ կինը: «Մենք՝ հայաստանցիներս, երբ դուրս գանք Հայաստանէն եւ հաստատւինք սփիւռք, շատ աւելի արագ կը լուծւինք տեղական պայմաններուն հետ»:

Չզարմացայ երիտասարդ բժշկուհիին նկատողութեան: Բազմաթիւ այցելութիւններուս եւ հանդիպումներուս ընթացքին՝ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, նշմարած եմ այս մէկը: Նոյնքան նաեւ տեսած եմ, թէ  հայաստանեան եւ դասական սփիւռքի միջեւ հաղորդակցութեան եւ համակեցութեան կապերը որքա՛ն թոյլ են, եւ երբեմն նոյնիսկ չկան: Եթէ դասական սփիւռքը կը մաշի, բայց անոր վրայ կու գայ աւելնալու հայաստանեանը, որ կը լուծւի:

Այս վիճակներուն մէջ հայուն համար եղած է, կայ ու պիտի շարունակէ մնալ հիմնական մեծ ազգային առաքելութիւն մը՝ պահել ազգային ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու աւանդութիւնը, որ՝ «Վճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ» (Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ, 2025):

Հայկական սփիւռքը, գէթ՝ դասականը, մեծ համեմատութեամբ հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Սփիւռքի տարածքին շինեցինք «պզտիկ Հայաստաններ», որովհետեւ ուզեցինք ապրիլ մեր ինքնութեամբ եւ աւանդութիւններով՝ առանց անտեսելու տեղականն ու տեղացին:

Հաւաքականութիւններ կապրին իրենց աւանդութիւններով եւ անոր բաղադրիչ՝ մշակութային եւ ինքնութեան արժէքներով: Այս կը դառնայ իւրայատուկ իւրաքանչիւրին համար: Վեհափառ Հայրապետը կը հիմնաւորէ իր թէզը, երբ կը շեշտէ, որ աւանդութիւնը՝ «Ժողովուրդին գոյութիւնը կամրապնդէ», եւ գոյութիւնը պահելով՝ «Արժէքները, տեսլականները, հաւատքը ու ոգին կը պահէ»:

Աւանդութիւնները, զանոնք պահելն ու փոխանցելը պէտք չէ դիտել միայն ներազգային տեսանկիւնէն, բայց նոյնքան նաեւ՝ համամարդկային եւ համազգային տեսանկիւնէն: Համաշխարհային քաղաքակրթութիւնն ալ կը հարստանայ այս բազմամշակութային արժէքներով եւ իւրաքանչիւր ազգային աւանդութիւններով: Հայը, որ կը տքնի պահելու ու փոխանցելու իր աւանդութիւնները սերունդէ սերունդ, իր նպաստը կը բերէ համամարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման՝ բաժնեկցելով իր աւանդութիւնները:

Ներկայ օրերու աշխարհի յառաջխաղացքին մէջ մարդիկ կրնան աւանդութիւնները ժամանակավրէպ նկատել: Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէ, որ սխալ է այս ըմբռնումը, թէ՝ «Աւանդութիւնը անցեալ է, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներու անյարիր»:  Այս մտածողութիւնը ճիշդ չէ: Ժողովուրդ մը կապրի իր աւանդութիւններով: Աւանդութիւններով ապրիլը չի նշանակեր, թէ պիտի ապրինք կեթոյական դրւածքով: Կարելի չէ համամարդկային կեանքի ու անոր հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ընդունիլ, յարգել եւ գնահատել ուրիշը, երբ մենք մեր ինքնութիւնը չենք գիտէր:

Աստւածաշունչի դաստիարակութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22:39):

Եթէ քու անձդ չսիրես, այսինքն ինքնութիւնդ, մշակոյթդ, լեզուդ, հաւատքդ, այսինքն՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԴ, պիտի չկարենաս տեսնել ուրիշը՝ «ընկերդ», իր լեզւամշակութային եւ ազգային աւանդութիւններով: Ազգային աւանդութիւնը պահելը,  կերտելն ու վերակենսաւորելը պիտի առաջնորդեն համազգային արժէքներու գիտակցութեան: Եթէ հայը այսօր հարկադրւած է բացւելու աշխարհին, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելիով պիտի ամրապնդէ իր աւանդութիւններն ու վերակենսաւորէ զայն աւելի ուժեղ եւ օգտաշատ ձեւով հաղորդակցելու բազմակրօն եւ բազմամշակութային աւանդութիւններով լեցուն համակարգերու հետ:

Աշխարհ այսօր խառնիճաղանճ մթնոլորտի մէջ է: Մարդը կը փնտռէ ու կը փորձէ ստեղծել նոր համակարգեր, նոր արժէքներ, նոր  չափանիշներ ու երեւի տակաւին՝ նոր «աստւածներ»: Հայը պէտք չունի այս խառնիճաղանճ մթնոլորտներուն ստեղծած ու սարքած «նոր»-երը կիրարկելու: Հայը ունի իր ազգային աւանդութիւնը: Ինչպէս վեհափառ Հայրապետը կը յորդորէ, պէտք է՝ «Հաւատարիմ մնալ մեր աւանդութիւններու նկատմամբ»: Աւանդութիւնը «անփոխելի ու անհպելի երեւոյթ չէ» (Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ 2025): Եթէ պիտի բարեփոխենք եւ պատշաճեցնենք մեր աւանդութիւնը ներկայ օրերու աշխարհի սլացքին հետ, եւ պէ՛տք է որ ընենք, պարտինք փոխել «կեղեւը», բայց՝ պահել «միջուկը» (Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ, 2025):

Իսկ միջո՞ւկը:

Հայն է: Հայուն ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն, հաւատքը, աւանդութիւնը: Հայուն աւանդութիւնը հայը ապրեցնողն է: Հայուն աւանդութիւնը հայուն «ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իդէալները, իրաւունքները եւ պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներն է» (Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետ, 2025):

Հայը իր աւանդութեամբ է, որ կը դառնայ ազգային: Հայը իր աւանդութեան մէջէն ու անոր միջոցով է, որ լաւապէս կրնայ մտնել համազգային ու համամարդկային իրավիճակներուն մէջ:

Պիտի պահենք ազգայինը: Ազգայինը պահելով՝ կրնանք կերտել նաեւ համազգայինը եւ մտնել համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ:

Ազգայինը-համազգայինի կամրջող օղակը: Հայուն աւանդութիւնն է:

Հայը պիտի պահէ իր աւանդութիւնը: Բայց անպայմանօրէն պիտի վերակենսաւորէ զայն:

Քուվէյթ

Յունւար 2025

Related Articles

Back to top button