Սփիւռք

Լիբանանի պատերազմի 50-ամեակ. Պատերազմը, որ կեանք շինեց

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Պատերազմը ահաւոր ու սարսափելի բան է: Մէկ կողմէ կը պատճառէ մահ ու կոտորած, բայց նաեւ՝ վախ եւ ընկճւածութիւն: Շարժապատկերի վրայ պատերազմական ժապաւէններ դիտելը կրնայ դիւրին թւիլ, բայց պատերազմի մէջ ապրիլը ուրիշ բան է: Այս ուրիշ բանին մէջ պէտք է իսկապէս ապրիլ եւ տեսնել կեանքի ողբերգութիւնները: Սիրելիներու եւ ծանօթ-անծանօթներու մահը: Անշնչացած դիակներ՝ սփռւած  հոս ու հոն, տակաւին՝ անհետ կորսւածներ: Տուներու եւ շէնքերու քանդումներ եւ գետնայարկերու տակ ապաստարաններու մէջ ապահով թաքստոց մը փնտռելու մղձաւանջ: Այս ապաստարաններուն մէջ ստեղծւած քաոսային վիճակ, արդարեւ, շնչահեղձ ըլլալու աստիճան կողք-կողքի կծկւածներ՝ դրացի թէ ոչ, որոնց հետ ստիպւած ես անցնել իւրաքանչիւր վայրկեանը: Այս վայրկեաններուն պիտի հաշւես իւրաքանչիւր հրթիռ եւ ռումբ, որ կը պայթի, եւ որուն պիտի յաջորդեն քանդումները եւ փշրտոցներն ու անոնց ձայներուն ահաւորութիւնը: Չեն ուշանար վլվլուկները եւ հարցումները. «Արդեօք որո՞ւ տունը քանդւեցաւ»:

Կայ պատերազմին միւս երեսը: Այդ ալ կեանքը շինելու գրաւականը՝ նոյնինքն պատերազմի արհաւիրքին ու անորոշութեան մէջէն: Այս կրնայ զարմանալի եւ անհաւատալի թւիլ, բայց իրաւ է: Պատերազմը կը նմանի երկսայրի սուրի՝ մէկ կողմը կը քանդէ եւ միւսը կը շինէ: Այս քանդելու եւ շինելու կեանքն է, զոր ապրեցանք իբրեւ լիբանանահայեր՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին: Անվերջանալի թւացող այս ահաւոր փորձառութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակւի, եւ Լիբանան կը մաքառի այս պատերազմի հետեւանքներուն ձգած անորոշութեան եւ անկայունութեան մէջ՝  անկախ այն երեւոյթէն, որ գէթ ռումբերը դադրած են:

Այս կեանքը սկսաւ 13 ապրիլ  1975-ին:

Հայ Աւետարանական կենտրոնական բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերներ էինք՝ Բէյրութ: Կը պատրաստւէինք շրջանաւարտից հանդէսի, որմէ ետք կերազէինք սկսիլ մեր երիտասարդական կեանքի նոր փուլին: Խանդավառ էինք ապագայի տեսլականով եւ անոր մէջէն կը տեսնէինք Բէյրութի ուժականութիւնը եւ ջերմութիւնը:

Ապրիլ 13-ը եկաւ շրջելու ամէն տեսլական, խափանելու ամէն երազ: Բէյրութի ջերմութիւնը չքացաւ, եւ անոր ուժը տեղափոխւեցաւ պատերազմական դաշտ, որ երկիրը դրաւ բախտորոշ նոր փուլի մը սեմին: Պատերազմի տարբեր փուլերուն հետ մենք ալ հասանք աւարտական հանդէսի օրը: Մեր հանդէսը եղաւ կոկիկ եւ ամփոփւած եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ փոխանակ դպրոցին բակին: Այս հանդէսը փոխանակ միասնաբար կեանքի նոր փուլ անցնելու ազդանշան տար, եղաւ դասընկերներու հրաժեշտի պահ մը: Հրաժեշտ՝ դպրոցէն, իրարմէ, բայց նաեւ՝ երկրէն: Դասընկերներս մեծ համեմատութեամբ գաղթեցին Ամերիկա եւ Կանադա:

Հասաւ նաեւ իմ կարգս՝ Ամերիկա մեկնելու: Չէ՞ որ բոլորս ալ տոգորւած էինք «Ամերիկեան երազով»: Այսպէս ըսած՝ պատերազմի արհաւիրքէն դէպի «աւետեաց երկիր» երթալու ընթացք:

Ես չկրցայ հասնիլ Ամերիկա: Մուտքի արտօնագիրս մերժւեցաւ եւ մնացի Բէյրութ: Մէկ կողմէ ապրեցայ պատերազմի արհաւիրքը, միւս կողմէ՝ ներաշխարհի ընդվզումներս: Իմ «ինչո՞ւ»-ներուս տարափը կը թափէի անընդհատ: «Ինչո՞ւ ես ալ բախտը պիտի չունենայի դասընկերներուս պէս աւելի ապահով երկիր երթալու եւ պիտի մնայի այս պատերազմական վիճակին մէջ»: Հարցումներ, որոնց պատասխանները կուշանային:

Փոքր տարիքէս մեծցած էի եկեղեցական շրջանակի մէջ: Լաւապէս գիտէի Աստուծոյ խօսքը, որ կըսէր՝ «Իմ ճամբաներս քու ճամբաներդ չեն, ոչ ալ իմ խորհուրդներս՝ քու խորհուրդները»: Այս տարբեր խորհուրդները եւ ճամբաները սորվելու գործընթացը եղաւ երկար՝ Լիբանանի պատերազմական այդ ահաւոր օրերուն:

Պատերազմական օրերուն հետ սկսայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կեանքը պիտի գտնէր իր ընթացքը: Այս ընթացքին մէջ էր համալսարանական տարիներու մեր ստացած ուսումը, երբ իւրաքանչիւր օր պիտի անցնէինք արեւելեան Բէյրութէն դէպի արեւմտեանը: Հոս կար Թապարիսի կամուրջը եւ Պարպիրի անցքը, որոնք զիրար կը հրմշտկէին եւ կարծես իրենց հերթին պիտի դառնային «մահւան շուքի ձորեր»: Պիտի անցնէինք արձակազէններու առատօրէն բաշխւած փամփուշտներու տարափին մէջէն: Եւ կար հաշւարկը, թէ այդ փամփուշտը  մեզի պիտի դպչի՞, թէ ո՛չ:

Չէին ուշանար դասապահերուն թէ քննութեան օրերուն յանկարծ ստեղծւած ռումբերու «ելոյթները»: Այս ռումբերուն ստեղծած վախի ու սարսափի մթնոլորտին մէջ՝ դաս-քննութիւն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Պատերազմին ստեղծած հակասական իրավիճակներն էին, որոնք քով-քովի գալով՝ կը ստեղծէին մեր կեանքերուն իրական համայնապատկերը:

Պատերազմական օրերու մեր կեանքը կը գլորւէր եւ իր ընթացքը կը բռնէր: Պատերազմ է, բայց կեանքի եւ պատմութեան սլաքը չէր կեցած: Չէինք կրնար ըսել, որ մենք պատերազմի մէջ էինք, եւ կեանքը պէտք է ընդհատւի մինչեւ կացութեան բարւոք լուծումը: Լուծումը հորիզոնի վրայ երեւցող-չերեւցող իրականութիւն էր, երեւի՝ աւելի չերեւցող: Մենք այս չերեւցող լուծումներու մէջէն ունէինք իրականութիւն մը, զոր պէտք էր տնօրինել: Պատերազմը կեանքը կը քանդէր, իսկ մենք պէտք էր նոյն կեանքը շինէինք:

Դժւար էր այս պատերազմի մթնոլորտը բացատրել մեր ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն, որոնք Լիբանանէն դուրս կապրէին: Անոնք կը հետեւէին լուրերուն եւ զարգացումներուն  ու չէին կրնար կամրջել քանդել-շինելու այս իւրայատուկ եւ տարօրինակ մէկտեղումը: Մահւան եւ կեանքի այս իրականութիւններու միջեւ կը փորձէինք հաւասարակշռութիւն ներմուծել: Պատերազմը, որ կը քանդէր եւ մահ-աւեր կը ստեղծէր: Իսկ կեանքը իր պարտադրանքները կը տնօրինէր մեր վրայ, որպէսզի շինենք զայն: Շինել կեանքը՝ անհատական, հաւաքական, գաղութային եւ ազգային:

Գաղութային ու ազգային կեանքը նոյնպէս կանգնեցաւ քանդել-շինելու այս խաչմերուկին  վրայ: Գաղութը պիտի տքնէր, որպէսզի հասնէր քանդումին, աւերին, տուժածներու ու տակաւին՝ սգաւորներուն: Գաղութը նոյնպէս հետամուտ պիտի մնար, որ ազգային կեանքը շինէ: Լիբանանահայ գաղութ համայնքային-կուսակցական ղեկավարութեան հեռատես եւ առարկայական մօտեցումով որդեգրեց «դրական չէզոքութիւն»-ը պատերազմի այս խառնիճաղանճ մթնոլորտին մէջ՝ որպէս հայութեան կեցւածք: Պատերազմի այդ օրերու  զարգացումները ցոյց տւին, որ հայութեան այս կեցւածքը եղաւ օրինակելի եւ գաղութը խնայեց շատ աւելի մեծ կորուստներէ: Պատմութիւնը անվարան պիտի արձանագրէ լիբանանահայ գաղութին այս կեցւածքը՝ որպէս հայուն մէկ յաջող եւ արդիւնաւէտ ազգային ռազմավարութիւն: Ռազմավարութիւն մը, որուն հիմքը հաւաքական միտքն է, եւ որ՝ սատարեց պատերազմի օրերուն հայուն կեանքը շինելու հրամայականին:

Իսկ այսօր:

Յիսուն երկար տարիներէ ետք յետադարձ ակնարկ մը ընելով՝ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Աստւած ինծի ցոյց տւաւ իր խորհուրդը եւ իր ճամբան: Չեմ գիտեր, թէ ինչպիսի՛ կեանք  պիտի ունենայի, եթէ 1975 թւականին ես ալ Ամերիկա մեկնէի: Այսօր այդ մէկը չեմ ուզեր վեր առնել, այլ պիտի ուզեմ վեր առնել այն, թէ պատերազմը եւ անոր գործած աւերն ու վախը, որոնք իրենց հետքը ձգած են մինչեւ օրս, ահաւոր փորձառութիւն էին: Այս ահաւոր փորձառութիւնը սորվեցուց մեզի նաեւ կեանքը շինել: Թէ անձնապէս, բայց պիտի յանդգնիմ ըսելու՝ հաւաքաբար: Պատերազմը, որ քանդեց կեանքը, նաեւ սորվեցուց մեզի կեանքը շինելը:

Քրիստոնէական աստւածաբանութեան հիմքն ալ ճիշտ այս իրականութեան մէջ է: Քրիստոս ինք ալ պատերազմեցաւ, երբ խաչին վրայ մահանալէ ետք երեք օրեր գերեզման, իմա՝ դժոխք, իջաւ: Հոն Քրիստոս պատերազմեցաւ մեղքին դէմ: Երրորդ օրը ան դուրս եկաւ յաղթական եւ յարութիւն առնելով, նոր կեանքը ստեղծեց: Այս իմաստով, մենք, որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծւած ենք իւրաքանչիւրս, նաեւ ստեղծագործ ենք: Լիբանանի պատերազմի այդ ահաւորութեան մէջ, երբ մէկ կողմէ մարտնչեցանք, բայց նոյնքան նաեւ սորվեցանք կեանքը շինել:

Կեանքը շինելը շարունակական գործընթաց է: Պատերազմները կը շարունակւին եւ պիտի շարունակւին: Մահւան ու կեանքի միջեւ եղած ամենօրեայ բախումը առկայ է նաեւ այսօր եւ երեւի պիտի շարունակւի: Այս վիճակներուն մէջ մենք դարձեալ դէմ յանդիման պիտի կանգնինք կեանքը շինելու հրամայականին հետ:

Լիբանանահայ գաղութը լիբանանեան պատերազմի ընթացքին յաջողեցաւ, քանդումի զուգահեռ, նաեւ կեանքը շինել, քանի որ հաւատաց հաւաքական միտքի ու միասնական կեցւածք-ռազմավարութեան: Այս ապրւած իրականութիւններու մէջէն է, որ հայուն կեանքը կը շինւի միասնական ջանքով ու ճիգով:

Երբ առիթը ունենամ խօսելու պատերազմի օրերու փորձառութիւններուս մասին, միշտ ալ կրկնած եմ ու պիտի շարունակեմ կրկնել. «Պիտի չուզէի եւ պիտի չուզեմ, որ որեւէ անհատ ապրի պատերազմի փորձառութիւնը»: Պատերազմի փորձառութիւնը ահաւոր է: Պատերազմի մէջ ապրւած իւրաքանչիւր օրը մարդը կրնայ մաշեցնել:

Բայց կայ նաեւ մարտահրաւէրը՝ թէ պատերազմի մթնոլորտի մէջէն նաեւ կը սորվինք կեանքը շինել: Լիբանանի պատերազմը եթէ կեանքը քանդեց, բայց նաեւ սորվեցուց զայն շինել:

Պիտի հաւատանք կեանքը շինելու: Իւրաքանչիւր հայ՝ ես, դուն եւ բոլորս:

Միասին եւ կեանքը շինելու յանձնառութեամբ:

Ապրիլ 2025

Related Articles

Back to top button