Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի տեղադրման արարողութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէին եւ մասնակցութեամբ շրջանի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Լաւալի Հայ Կեդրոնէն ներս գործող բոլոր քոյր միութիւններուն, կիրակի, 3 օգոստոս 2025-ին, Ս․Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարւեցաւ Լիզպոնի 5-ի նահատակութեան 42-ամեակին առթիւ։ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէի կողմէ ծաղկեպսակը դէպի խորան առաջնորդեցին ՀՅԴ Կանադայի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամ-անդամուհիները։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, դարձեալ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, ներկաները համախմբւեցան Լաւալի Հայ Կենդրոնին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ գաղափարի մարտիկ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի տեղադրման արարողութիւնը։ (Յիշենք որ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40 ամեակի ոգեկոչման յիշատակի հանդիսութիւնը ու կիսանդրիի քօղազերծումը տեղի ունեցած էր 30 մարտ 2025 ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահ էն ներս)։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի եղբայրը՝ ընկ. Հայկազ Զէյթլեան եւ իր ընտանիքը։
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Հրանդ Թաշճեան, ընդգծելով որ ընկ. Ս Զէյթլեան, իր ողջ կեանքի ընթացքին մնաց նւիրեալ՝ հայ ժողովուրդի դատին եւ այդ ճամբուն վրայ ընտրեց Դաշնակցական ոգին, գաղափարի գործիչի ուղին։
Աւարտին, ընկ. Հրանդ Թաշճեան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով որ ընկ. Զէյթլեան «պայթեցուց լռութիւնը, Լիզպոնը պայթեցուց լռութեան պատերը», եւ որ այս կիսանդրին վկայութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ արժանապատւութեան, պայքարի եւ ապագայի յաղթանակներու եւ ոչ միայն անցեալի մաքառումներու եւ նահատակութեան։
Կիսանդրիի տեղադրման արարողութեան իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ՝ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, կենտրոնանալով ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի բազմակողմանի գործունէութեան հաւաքական աշխատանքի եւ գործելակերպի նկատմամբ անոր ունեցած հաւատքին։ Ընկերը մասնաւորաբար շեշտեց, որ ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար գիտակից սերունդներու դաստիարակութեան եւ իր արտայայտած մտքերն ու դրսեւորումները ներշնչման աղբիւր հանդիսացան եւ մասնաւորաբար դաշնակցական երիտասարդութիւնը տոգորեցին ազգային գաղափարական ոգիով։
Կիսանդրիի տեղադրման արարողութիւնը աւարտեցաւ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ՝ Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանի աղօթքով։
Կը հաւատանք, որ Լաւալի Հայ Կեդրոնի մէջ տեղադրւած ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին պիտի ոգեւորէ եւ ներշնչէ մեր ապագայ սերունդները, անոր տւած գաղափարներն ու պատգամներն ուղեցոյց պիտի ծառայեն մեր բոլորին։
Յարգանք՝ նւիրեալ ու հաւատաւոր մեծ Հայ եւ մեծ Դաշնակցական՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին։
ԳՈՀԱՐ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
«Հորիզոն»