– Բարե՛ւ, ընկեր, ինչպէ՞ս ես. ի՞նչ նորութիւններ ունիս…
Այսպէ՛ս պիտի սկսէր ընկեր Նուպար Տեմիրճեանի հետ մեր հերթական զրոյցը՝ հեռաձայնի ճամբով, պսակաւորին բերած համաճարակէն շատ առաջ ալ, որովհետեւ ինք էր Սան Ֆրանցիսկոյի բնակիչ, իսկ ես՝ Լոս Անջելէսի: Կարծէք թէ լուռ համաձայնութիւն մը կար. նոյն հարցումները կուղղւէին՝ ո՛վ որ ալ ըլլար հեռաձայնողը: Իսկ փնտրւած նորութիւննե՞րը… Բազմագոյն էին եւ բազմաբեւեռ, Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Լիբանան, մինչեւ ամերիկեան ափեր. առանցքը՝ հայ կեանքն էր, մեր ժողովուրդին դիմագրաւած լաւ ու անախորժ վիճակները, ինչո՞ւ չէ նաեւ աշխարհը յուզող այլ փոթորիկներ, հասարակական հարցեր:
Կը խօսէր հանդարտ. մասնաւորաբար վերջին տարիներուն, այսինքն՝ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, ձայնը կը մատնէր ապրած տագնապն ու ցասումը: Լիբանանը՝ ուր անցուցած էր մանկութիւնն ու երիտասարդութեան առաջին շրջանը, նմանապէս տագնապեցնող ալիքներ կը բերէին մեր զրոյցներուն: Մեր գաղութին ապրած վերիվայրումները, մանաւանդ հայապահպանումի «թնճուկ»-ը, նոր սերունդին անտարբերութիւնը՝ ազգային աւանդներու եւ արժէքներու նկատմամբ, այլ երանգ կու տային դառն ապրումներուն: Միւս կողմէ, սակայն, թէ՛ Սան Ֆրանցիսկոյի հայկական ընտանիքին եւ թէ՛ սեփական յարկին տակ արձանագրւած յաջողութիւնները, զաւակներուն ու թոռներուն բերած ժպիտները «տեսանելի» կըլլային լսափողէն:
Հիմա, երբ պսակաւորին ստեղծած «մթնոլորտին» մէջ, շատերու պէս ես ալ կորսնցուցած եմ օրերու, ամիսներու եւ տարիներու հաշիւը, վստահ չեմ կրնար ըսել, թէ այդ ե՞րբ էր, որ ձայնին մէջ զգացի մտահոգութեան նոր շեշտ մը: Հարց ու փորձիս եւ պնդումներուս վրայ, քանի մը բառով յայտնեց, որ անակնալ ախտաճանաչումի մը պատճառով, ստիպւած պիտի ըլլայ դարմանումի արտակարգ միջոցներու ենթարկւելու: «Ինչ որ հասկացայ բժիշկներուն ըսածներէն, գողը շուտ բռնած ենք: Պիտի պայքարիմ եւ յոյս ունիմ, որ պիտի յաղթեմ», ըսաւ այնպիսի պարզութեամբ մը, որ կարծէք թէ կը պատմէր իր լուսանկարչատան մէջ նոր սարքեր տեղաւորելու եւ արդի արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները յաղթահարելու մասին…
Պայքարեցաւ եւ երկար ատեն պայքարը շարունակեց յաղթականօրէն: Յաճախ աւետեց, որ վիճակը բարելաււած է, իբրեւ ապացոյց՝ կը յիշատակէր համակարգիչին վերադառնալն ու գրելու վերսկսիլը: Բաւական յետոյ էր, որ օր մը ըսաւ, թէ վիճակը որոշ նահանջ արձանագրած է, սակայն այդ նահանջը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ իր կամքին ու կորովին վրայ: «Բարե՛ւ, ընկե՛ր, ինչպէ՞ս ես. ի՞նչ նորութիւններ ունիս»-ները կրկնւեցան յաճախ: Եւ օր մըն ալ եկաւ անսպասելին. զաւակը՝ Վարդանը հաղորդեց տխուր լուրը: «Քիչ առաջ…»:
Գուժին իմաստը այն էր, որ Սան Ֆրանցիսկոյի ձայնը մարած էր…
Անկէ ի վեր, ներսիդիս վերածնաւ հին մանուկը: Տարօրինակ սպասում մը՝ հեռաձայնի զանգին եւ «Բարե՛ւ, ընկե՛ր»-ին հետեւող հարցումներուն: Այն մանուկին պէս՝ որ գիտէ, թէ սպասածը պիտի չըլլայ այլեւս, սակայն չի հրաժարիր սպասելէ, կը փորձէ ինքզինք համոզել, որ երբեմնի խօսակիցին յաղթելու կամքը ձեւով մը պիտի վերականգնի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի ձայնը պիտի չմարի…:
* * *
Ընկեր Նուպարին հետ ծանօթութիւնս հիմա ունի մօտաւորապէս քառորդ դարու կեանք: Ազգային առաջնորդարանի (Լոս Անջելէս) յարկին տակ աշխատանքի կոչումէս մօտաւորապէս տարի մը ետք էր որ ընտրւած էր Ազգային Վարչութեան անդամ: Շաբաթական հերթականութեամբ տեղի ունեցող ժողովներուն՝ ինքզինք կը հարկադրէր ըստ կարելւոյն ներկայ ըլլալ, գալով Սան Ֆրանցիսկոյէն: Պարտաճանաչութիւնը իրեն կը թելադրէր, որ նւազագոյն բացակայութիւնները արձանագրէր, մինչդեռ հեռու քաղաքէ մը ժողովի եկող մը կրնար աւելի յաճախ բացակայիլ եւ ի հարկին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով լրացնել բացը: Այն օրերուն, երբ ստիպւած էր բացակայիլ, պիտի հեռաձայնէր հարց տալու. «Ինչպէ՞ս ես, ընկե՛ր, ի՞նչ նորութիւն ունիս ժողովէն…»:
Հեռաձայնային կարճ խօսակցութիւններէն աւելի, մեր միջեւ բարեկամութիւն մը զարգացաւ իր… հանգուցեալ եղբօր՝ Սարգիսին շնորհիւ: Մեր առաջին հանդիպումէն քանի՞ շաբաթ ետք էր՝ չեմ յիշեր. այդ օրը ժողովի համար կանուխ հասած էր Սան Ֆրանցիսկոյէն (ընդհանրապէս ինքնաշարժը վարելով կու գար…): Հանգիստի պահ մը ունէինք. «Ըսին, որ Բէյրութի մէջ «Ազդակ» աշխատած ես», ըսաւ հարցումի ոճով: Հաստատական պատասխանիս վրայ՝ «Սարգիս Տեմիրճեանը կը ճանչնայի՞ր», հարցուց:
Ինչպէ՞ս չճանչնայի Սարգիս Տեմիրճեանը, տասնամեակներ շարունակ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամը, որ բծախնդիր սրբագրող մը ըլլալուն կողքին, որոշ էջերու խմբագիրն էր, նաեւ հայութեան կեանքը լուսարձակի տակ առնող նիւթերու յօդւածագիր, լուսաւորող սիւնակներու հեղինակ: «Ազդակ» մուտքիս, տեղացիներէն առաջիններէնէր, որոն ծանօթացայ: Սկզբնական աշխատանքս պիտի ըլլար իր կատարածին մէկ բաժինը՝ սրբագրութիւն, ու հերթաբար զիրար պիտի փոխարինէինք: Պատերազմ էր. Բէյրութի երկու «շերտեր»-ուն միջեւ երթեւեկը վտանգալից էր, յաճախ՝ անկարելի. Խմբագրատունը «արեւմտեան» գօտիին մէջ ըլլալով, «արեւելքցի»-ները ստիպւած էին շաբաթը քանի մը օր մնալ խմբագրատուն, այսինքն՝ հեռու մնալ տունէ եւ ընտանիքէ: Տնօրէնութիւնը դասաւորած էր, որ անձնակազմը աճի, ստեղծւի զիրար փոխարինող խումբերու դրութիւն, որպէսզի այլապէս տաժանքի վերածւած աշխատանքին վրայ չգումարւի շաբաթներ շարունակ տունէ-ընտանիքէ զրկւած մնալու վիճակը: Սարգիսը, իր բարեհամբոյր եւ հաղորդական բնաւորութեամբ, եղաւ գործի ուղեցոյցներէս մէկը: Ու թէեւ քանի մը ամիս ետք հեռացաւ Բէյրութէն, սակայն պատերազմի օրերուն, դժւարին պայմաններու մէջ ստեղծւած բարեկամութիւնը մնաց մեր կեանքին մէջ, ճիշտ այնպէս՝ ինչպէս ճամբորդութեան մը պահուն ստեղծւած բարեկամութիւնն ու ընկերականութիւնը ընդմիշտ կապրին մարդոց մէջ: Բախտը ունեցայ 21 տարի ետք դարձեալ հանդիպելու իրեն, Լոս Անջելէսի մէջ…
«Սարգիսը եղբայրս էր», ըսաւ ընկեր Նուպարը՝ լակոնական ոճով, ու մեր միջեւ կամուրջը ամրացաւ ակնթարթօրէն: Սարգիսը, Սան Ֆրանցիսկօ հաստատւելէն ետք, տարիներ շարունակ եղած էր այդ գաղութին ձայնը, այն իմաստով, որ «Ասպարէզ»-ի այդ քաղաքին աշխատակիցն էր եւ ընթերցողին կը հասցնէր գաղութին սրտի բաբախումներուն զարկերը:
Սարգիսին անակնկալ մահէն ետք, Սան Ֆրանցիսկոյի ձայնը մարեցաւ որոշ չափով: Նուպարը կարճ ատեն մը ետք ինքն իրեն պարտականութիւն մը տուաւ դրօշարշաւը շարունակելու: Մեր զրոյցներուն ընդմէջէն, զգացեր էի, որ կրկնակի երախտիք «կը քաւէր»: Չէր ուզեր շրջանի հայկական կեանքը քողարկեալ մնայ, կար նաեւ եղբօր տարիներու վաստակը անհատոյց չձգելու կամքը, ձեւով մը՝ լուռ աւանդապահութիւն:
* * *
Տարիները իրարու ուս ելան: Ընկեր Նուպարը ամբողջացւեց Ազգային Վարչութեան անդամակցութեան շրջանը, սակայն մնաց աշխատանքի դաշտին մէջ: Քանի մը շրջան ընտրւեցաւ ազգային պատգամաւոր: Մեր հանդիպումները նւազեցան, սակայն հեռաձայնային կապերը մնացին աշխոյժ: Իսկ կը համարձակէի՞ Սան Ֆրանցիսկօ այցելել՝ առանց իր ասպնչականութիւնը վայելելու (եւ ես այդ կալւածին մէջ միայն նորելուկ մըն էի: Սան Ֆրանցիսկոյի իր բնակարանն ու աշխատանոցը ժամադրավայր էին շատերու համար):
Մեր ծանօթանալէն ատեն մը ետք, աւելի՛ հաղորդ եղայ իր ազգանւէր գործերուն: Անոր համար կարելի էր ըսել, որ զինք կրնայիր գտնել Սան Ֆրանցիսկոյի հայկական կեանքի գրեթէ բոլոր քարերուն տակ: (Ծանօթ խօսք է, չէ. ո՛ր քարն ալ վերցնես, տակէն ան կելլէ): Ան վաստակ կերտած էր ՀՅԴ-ի, «Համազգային»-ի եւ գաղութային տարբեր դաշտերու մէջ: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ, ինչպէս կը վկայէ ի՛նք՝ իր հպանցիկ յուշերուն մէջ (լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»-ի մէջ), ունէր հայութեան եւ հայ հողին հանդէպ ընդոծին հաւատարմութիւն մը: Կանուխ մանկութեան, հազիւ 3-4 տարեկանին, ծնողքին հետ գաղթական դարձած էր ծննդավայր Ալեսանդրէթէն, հաստատւած էր Սփիւռքի առաջին «մայրաքաղաքներէն»՝ Բէյրութի մէջ. այդ «մայրաքաղաք»-ը ունէր ներքին հայակենտրոններ, որոնցմէ մէկն ալ Սիս թաղամասն էր, որուն ազգային վարժարանն ու եկեղեցին եղած էին զինք հայ կոփող յարկերը՝ հօրենական երթիքին կողքին: Թէեւ ստիպւած էր ուսումը կիսաւարտ ձգելու եւ մտնելու լուսարկարչութեան աշխարհ, սակայն ուսումնատենչութիւնը ներքին մագնիս մը տեղաւորած էր իր հոգիին ու կեանքին մէջ: Թերթի ու գիրքերու աշխարհը հմայած էին զինք ու ազնիւ գերեվարութիւն մը ստեղծած իրեն համար: Ցեղասպանութենէն ու բռնագաղթերէ փրկւած սերունդներուն համար, սա սովորական վիճակ էր: Ու երբ վերջին տարիներուն արցախահայութեան ալ վիճակւեցաւ քանի մը փուլով հեռանալ սեփական հողէն ու տունէն, բռնել գաղթի ճամբան, կարելի է երեւակայել, որ Նուպարները ոեւէ այլ մահկանացու հայէ որքա՛ն աւելի խորը զգացին այս ողբերգութեան տարողութիւնը, որուն տարբերակը բաժին հանւած էր իրենց՝ տասնամեակներ առաջ, աւելի քան դար մը առաջ…
* * *
Ընկեր Նուպարի վաստակին ու անոր ծալքերուն մասին կարելի է երկար խօսիլ, սակայն ես այստեղ կուզեմ յատուկ կարեւորութեամբ կեն տրոնանալ ԹԵՐԹԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ-ին վրայ: Երկար ատենէ ի վեր, անոր անունը կը մնայ «Ասպարէզ»-ի աշխատակիցներուն ցանկին վրայ, 2-րդ էջ:
Յուշերուն մէջ, համեստօրէն եւ իրեն յատուկ լակոնականութեամբ գրած է. «70 տարեկանիս՝ համակարգիչի վրայ հայերէն գրելու տաժանքը յաղթահարած եմ ու հաւատարմօրէն շարունակած՝ Սան Ֆրանցիսկոյի հայ համայնքի տարեգիրի իմ առաքելութիւնը»: Այդ «տաժանք»-ը ունի իր երկա՜ր պատմութիւնը, որ այլապէս վկայութիւն է կեանքին բերած դժուարութիւնները յաղթահարելու այս հայուն անվհատ կամքին:
Պատմութիւնը կը սկսի այն օրերէն, երբ Ընկեր Նուպար նոր սկսած էր թղթակցութիւններ հասցնել Սան Ֆրանցիսկոյէն: Այդ շրջանին, գրածները կը ղրկէր ձեռագիր, անոնց ընկերացնելով լուսանկարներ, մէկ խօսքով՝ ձեւով մը արհեստավարժ թղթակիցի մը պարտականութիւնը կընէր լիակատար: Լուսանկարիչ ըլլալը այլ թղթակիցներու վրայ այս առաւելութիւնը կու տար իրեն: Յետոյ, եկան համակարգիչի տիրապետութեան օրերը: Հայկական մամուլի բոլոր անդամներն ալ սկսան իրենց աշխատակիցներէն սպասել, որ յօդւածներ, թղթակցութիւններ եւ այլ նիւթեր խմբագրատուն հասցնեն համակարգիչի մէջ շարւած վիճակով: Սա, անշուշտ, մեծ առաւելութիւն է, գրութիւն մը եւ լուսանակարներ կարելի է ակնթարթի մը մէջ տեղ հասցնել, սակայն եթէ աշխատակիցը չէ մտած համակարգիչի աշխարհը, արդէն կը բացւի «տաժանք»-ի դուռը:
Ընկեր Նուպար կրնար խղճի ամենայն հանգստութեամբ ըսել, որ ինք վարժ չէր համակարգիչի գործածութեան, չի ցանկար մտնել այդ տաժանքի ճամբան: Սակայն նոյն այդ խիղճը եւ ներսէն եկող ձայները նման վերաբերմունք պիտի չարտօնէին իրեն, ու ան նման «պերճանք» չարտօնեց ինքն իրեն: Ունեցաւ համակարգիչ մը, որուն ստեղնաշարին վրայ հայերէն տառերով գրելը եղաւ իր առաջին մրցակիցը: Չվարանեցաւ բարեկամներու եւ խմբագիր-աշխատակիցներու օգնութեան դիմելու, որպէսզի «70 տարեկանէն ետք» սորվի համակարգիչ-հրաշալիքին այս կամ այն գաղտնիքը: Ատեն մը ետք, տաժանքը վերածւեցաւ… հաճոյքի: Թղթակցութիւն մը, այլ բնոյթի յօդւածներ, իր կողմէ առնւած կամ գիրքերէ քաղւած նկարներու ընկերակցութեամբ, համացանցին ընձեռած բարիքներուն ճամբով հասցուց «Ասպարէզ»-ին, աւելի ուշ՝ նաեւ դաշնակցական մամուլի ընտանիքին այլ անդամներու:
Մամուլի աշխատակից Նուպար Տեմիրճեանի ասպարէզը այլապէս զարգացում ապրեցաւ: Եթէ նախապէս կը բաւականաբար ձեռնարկներու մասին լրատւական թղթակցութիւններով, ատեն մը ետք, երբ անձնական ասպարէզի բեռը որոշ չափով թեթեւցուցած էր ուսերէն, ան դարձաւ գաղութին բազմաձայն մէկ բանբերը: Անոր համակարգիչին մէջ տեղ գտան հարցազրոյցներ, գաղութի միաւորներուն մասին տեղեկագրութիւն, սակայն նաեւ պատմութեան պեղումի արգասիքներ: Հայուն ու իր կուսակցութեան պատմութիւնը մանկուց ներգրաւած էր զինք: Գիտէր, որ իր սերունդը եւ յաջորդները որոշ ծանօթութիւն ունէին, սակայն նորե՞րը: Կիլիկիան ու գրաւեալ հայկական հողերը՝ խլւած աւաններով, ազգային ու յեղափոխական տիպարներ՝ իրենց օրինակելի վարքով ու աւանդ թողած գործերով, պէտք էր ծանօթացնել նորերուն: Ու ան սկսաւ պարբերաբար վերապրեցնել այդ աշխարհէն պատառիկներ, իր կարգին վերապրելով մանկութեան ու երիտասարդութեան տարիները:
* * *
Ընկեր Նուպարի մեկնումով, յօդւածագրութեան կալւածին մէջ մեծ բաց պիտի չստեղծւի, որովհետեւ նման սիւնակներ գրողներ եղած են ու պիտի ըլլան միշտ: Մեծագոյն բացը պիտի զգայ Սան Ֆրանցիսկոն, որուն հարազատ ձայնն էր ինք տասնամեակներ շարունակ, գաղութի կեանքը տեղեկագրող իր սիւնակներով եւ լուսանկարներով:
Վերջի տարիներուն, ան կապրէր տագնապ մը: Կը զգար, թէ անկախ առողջական հարցերէն՝ այլեւս նախկին թափով չի կրնար հետեւիլ շրջանի բաբախումներուն: Քանի մը առիթով արտայայտած էր թաքուն մտահոգութիւնը: «Օգնականի պէտք ունիմ… առաջւան պէս ամէն տեղ չեմ կրնար հասնիլ այլեւս… պէտք է երիտասարդ մը օգնութեան հասնի ինծի, յանձն առնէ այս գաղութին կեանքին արձագանգները հասցնել թերթին»: Իսկ ամենէն ցաւալին՝ «Նորերուն մէջ քիչ թէ շատ հայերէն գրող չեմ տեսներ…» (Սա մէկ անձի տագնապը չէ):
Վաստակաւոր ընկեր մը կորսնցուցինք, վաստակ՝ որուն էջերը կերտւած էին սեփական յարկէն մինչեւ ազգային ընտանիքներու պողոտաները: Այդ վաստակը կերտւեցաւ խիղճով, ազգէն ու կուսակցութենէն իր ճիտին դրւած պարտք մը կատարողի յանձնառութեամբ: Անոր համար ալ, անոր կեանքը եղաւ լեցուն: Հիմա, կը մնայ, որ Սան Ֆրանցիսկոյի ձայնը չմարի, դրօշը բարձրացնող մը ըլլայ, ինչպէս որ ինք տարինե՜ր առաջ ձեւով մը բարձացուց երէց եղբօր թողած դրօշը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ