Մինաս Թէօլէօլեան (1913-1997). Մեծավաստակ գրականագէտը, հրապարակագիրը եւ ուսուցիչը
Մինաս Թէօլէօլեան ծնած է Պարտիզակ, 1913 նոյեմբերի 24-ին: Մեծ Եղեռնի օրերուն Թէօլէօլեան ընտանիքին մեծ մասը աքսորւեցաւ Գոնիա: Հազիւ 2 տարեկան էր Մինաս, երբ պարագաներու բերմամբ, ծնողքէն բաժնւած, ան մնաց իր հօրեղբայրներուն եւ հօրաքրոջ հոգածութեան տակ` Զմիւռնիա:
1922-ին, Զմիւռնիոյ ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկւեցաւ Պոլիս, ուր յաճախեց Մխիթարեաններու լիսէն:
Մխիթարեաններուն մօտ աշակերտութեան շրջանին էր, որ 13 տարեկանին Թէօլէօլեան գրեց իր առաջին ոտանաւորը: Իսկ հազիւ 17 տարիքը թեւակոխած` ընկերոջ մը հետ Թէօլէօլեան սկսաւ հրատարակել «Արձան» գեղարւեստական պարբերաթերթը:
1933-ին աւարտեց Մխիթարեաններուն վարժարանը եւ ներկայացուց աւարտաճառ մը` Վահան Թեքէեանի բանաստեղծութեան մասին:
Զօրակոչւեցաւ թուրքական բանակ եւ զինւորական ծանր ծառայութիւնը կատարելէ ետք, Թէօլէօլեան ուսուցչական աշխատանքի կոչւեցաւ Մխիթարեաններուն մօտ` հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար:
1937-ին սփիւռքահայ մամուլին արդէն աշխատակից` Մինաս Թէօլէօլեան ստիպւեցաւ հեռանալ Թուրքիայէն, որովհետեւ իր դէմ սկսան ոստիկանական հետապնդումներ, նաեւ` դատական հարցաքննութիւններ, Ֆրանսիայի եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցական թերթերուն` «Յառաջ»-ին եւ «Հայրենիք»-ին հետ իր ունեցած կապերուն եւ աշխատակցութեան համար:
Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Բուլղարիոյ մէջ: Տարի մըն ալ դասաւանդեց Ռումինիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ: Բայց 1939-ի վերջերուն վերադարձաւ Պոլիս, ուր կանոնաւոր աշխատակիցը դարձաւ պոլսահայ թերթերուն եւ մնաց մինչեւ 1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի ենթակայ դարձաւ: Այս անգամ վերջնականապէս հեռացաւ Թուրքիայէն եւ հաստատւեցաւ Սիրիա:
Նոյն տարին իսկ, Հալէպի մէջ, Մինաս Թէօլէօլեան պաշտօնապէս միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն:
Ուսուցչութեան կոչւեցաւ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարանին մէջ` միաժամանակ վարելով ՀՅԴ Սիրիոյ պաշտօնաթերթ «Արեւելք»-ի խմբագրութիւնը: Բերիոյ թեմի օրւան առաջնորդ եւ հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա Փայասլեանի եւ ՀՅԴ ղեկավար գործիչ ու պետական պատգամաւոր Հրաչ Փափազեանի առաջարկով Թէօլէօլեան 1948-ին նշանակւեցաւ «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի առաջին տնօրէն եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1956:
1956-ին քաղաքական պատճառներով արտաքսւեցաւ Սիրիայէն եւ հաստատւեցաւ Կահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի ստանձնեց ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագիրի պաշտօնը: 1957-ին հաստատւեցաւ Բէյրութ, ուր երեք տարի վարեց ազգ. «Ս. Նշան» վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ինչպէս Լիբանանի «Ազդակ», նոյնպէս եւ Փարիզի «Յառաջ» դաշնակցական թերթերուն:
1960-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան գործուղւեցաւ ու հաստատւեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1962-էն սկսեալ մինչեւ 1979 վարեց «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը` միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» գրական ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչւելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք»-ին ու Կալիֆորնիոյ «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին:
Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը եղաւ յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին` 1969-ին Բէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ, 1986-էն սկսեալ, Աթենքի մէջ ուղղակի «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին:
Մինաս Թէօլէօլեան Դաշնակցութեան գաղափարական պատնէշին վրայ արթուն պահակի իր առաքելութեան տէր կանգնեցաւ մինչեւ վերջ, մինչեւ 18 մարտ 1997, երբ առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն վրայ միշտ սեւեռուն պահած իր հայեացքը:
Մինաս Թէօլէօլեանի յիշատակը վառ կը մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք առաջնորդւեցան գաղափարի մարտիկի անոր մարտունակ շունչով` սփիւռքահայ կեանքի պատմակշիռ վերիվայրումներու գլխաւոր հանգրւաններուն: Թէօլէօլեան գլխաւոր բանբերներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան գաղափարական պայքարին` ընդդէմ Սփիւռքը Քրեմլեան քաղաքականութեան հլու-հնազանդ լծակին վերածելու խորհրդայիններու փորձերուն:
– Բ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք խորհրդայիններու նախաձեռնած ներգաղթին մութ ծալքերը եւ պառակտիչ սադրանքները մերկացնող գլխաւոր հրապարակախօսներէն եղաւ Թէօլէօլեան:
– 1956-էն սկսեալ, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհրդային հակակշռի տակ առնելու պառակտիչ փորձը կատարւեցաւ, Թէօլէօլեան ոչ միայն Անթիլիասի եւ այդ ճամբով Սփիւռքի անկախութիւնը պահպանելու ՀՅԴ գաղափարական պայքարին դրօշակիրներէն եղաւ, այլեւ պատմաքաղաքական լուսարձակի տակ առաւ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային ու ժողովրդային նկարագիրը պահպանելու եւ արմատաւորելու մեծ օրակարգը` յատուկ աշխատասիրութիւն մը նւիրելով համազգային կարեւորութեամբ հարցին:
– Հայկական Սփիւռքի քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման տասնամեակներուն, 1970-էն սկսեալ, Թէօլէօլեան նորահաս սերունդին պահանջատիրական ոգեւորութիւն ներշնչող եւ երկարաշունչ պայքարի կամք ու յանդգնութիւն ուսուցանող գաղափարախօսը եղաւ:
Մինաս Թէօլէօլեանի ծննդեան տարեդարձին նւիրւած այս վկայութիւնը անկասկած թերի պիտի ըլլայ, եթէ ըստ արժանւոյն լուսարձակի տակ չբերւի անոր գրականագիտական եւ քննադատական մեծարժէք վաստակը:
Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն – 1850-1950» երկհատորեակը նաեւ այս օրերուն կը հանդիսանայ հայ գրականութիւն ջամբող որեւէ դասագրքի անբաժան ընկերակիցը եւ լրացուցիչը: Թէօլէօլեան իր ընդգրկած ժամանակաշրջանի հայ գրականութեան կապւած բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ գրողի մասին, կը փոխանցէ խօսք եւ խորհուրդ, որոնք հիմնական նշանակութիւն կը ներկայացնեն նորահաս սերունդին հայեցի լիարժէք կազմաւորման համար:
Վերջապէս, հայ ժողովուրդի հոգե-մտաւոր արժէքներու ողջ գանձարանը ամենօրեայ ներշնչման եւ հաղորդութեան աղբիւր դարձնելու առաջադրանքով, Մ. Թէօլէօլեան «Հայրենիք»-ի էջերուն տարիներով պահեց իր «Երբ ետ կը նայինք» վերտառութեամբ սիւնակը, որպէսզի ամէն օր թերթի ընթերցողին հասցնէ առօրեայէն անդին անցնող եւ վեր բարձրացող արժէքներու «հանապազօրեայ հաց»-ը:
Սփիւռքահայ եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլի դպրոցին մէջ կազմաւորւած հայոց սերունդներուն համար ներշնչման անխառն աղբիւր մը կը հանդիսանայ Մինաս Թէօլէօլեանի գրականագիտական եւ հրապարակագրական ժառանգութիւնը:
Arfd.am