28 Մայիս 1918-ն իրական անկախութեան հիմնաքարն է

Մեր ժողովուրդի իրական եւ վաւերական պատմութեան մէջ 28 Մայիս 1918-ն հայութեան վերընձիւղման, անկախութեան վերատիրացման եւ արդի ու ժողովրդավար պետութեան հիմնադրութեան անվիճելի թւականն է:
Վեց դար ամբողջ օտարին բռնակալ տիրապետութիւնը ո՛չ յաջողած էր իր գրաւած հողատարածքները օտարել, ո՛չ հայը պարպել իր հայկականութենէն, ո՛չ ալ ազատութեան եւ անկախութեան ձգտումը մարել անոր մէջ:
Օտարը գրաւեց հայուն հողը, բայց այդ հողը մնաց հայկական:
Օտարը փորձեց այլասերել հայը, բայց հայու հոգին մնաց հայկական, ու սիրտը՝ հայատրոփ:
Այդ օրերուն ալ կային ուծացածներ, իրապաշտ իմաստակներ ու երազներու չհաւատացող, իրեն տրւածով գոհացող, օտարին ջաղացքին ջուր լեցնող հայանուն մարդիկ:
Բայց երբ հնչեց «զանգը, ահազանգը», խենթերը գտան հնարը եւ Սարդարապատով, Ղարաքիլիսայով ու Բաշ Ապարանով կերտեցին անկախութիւն:
Դաշնակցական ղեկավարին, զինւորական հրամանատարին եւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականին առաջնորդութեամբ, մեր ժողովուրդը՝ ցեղասպանւած ու գաղթական, հիւծած ու տկար, միահամուռ կերպով բռնցքւեցաւ եւ պատմական Ո՛Չ ըսաւ թրքական ուժերուն ու մերժեց Հայաստանի եւ հայութեան թուրքացումը:
Եւ 28 Մայիս 1918-ն եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաքարը, որուն վրայ կառուցւեցաւ անկախ Հայաստանը, առանց որուն՝ ո՛չ Խորհրդային Հայաստանը եւ ո՛չ ալ այսօրւան Հայաստանը գոյութիւն կրնային ունենալ:
Առանց 28 Մայիս 1918-ին՝ Հայաստանը պիտի թուրքանար, իսկ հայութիւնը պիտի դառնար թուրք:
28 Մայիս 1918-ն ոչ միայն Հայաստանը ազատագրեց թշնամիին ճիրաններէն, այլ համայն հայութեան, Հայաստանի եւ այդ օրերուն տակաւին նոր թուրքին Ցեղասպանութեան եւ բռնի տեղահանութեան ենթարկւած ու սփիւռքացած հայութեան տւաւ՝ մէկ ազգի եւ մէկ հայրենիքի պատկանելու իրականութիւնը, հպարտութիւնը, ապագան յոյսով տեսնելու մարտունակութիւնը եւ Հայաստանը՝ իբրեւ իր հազարամեակներու տուն, հոն վերադառնալու եւ կենսագործելու հաւատքն ու կարելիութիւնը:
Ահա թէ ո՛ւր կը կայանայ 28 մայիսի կարեւորութիւնը, մեր ժողովուրդի գոյութիւնը հունաւորող իմաստը եւ հայութեան ու Հայաստանի գոյատեւումը ապահովող արժէքը:
Քաղաքական նեղ եւ անմիտ հաշիւներով, հատւածական ժամանակավրէպ մտածումներով եթէ տասնամեակներ ամբողջ պարարտ հող ունէին ուրացումը, խեղաթիւրումը եւ նենգափոխութիւնը, այնուհետեւ, խորհրդային կարգերու քանդումէն ետք, փաստօրէն անկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշը դարձեալ ծածանեցաւ, Արարատով զինանշանը դարձաւ հանրապետութեան զինանշան, ու «Մեր հայրենիք»-ը դարձաւ համայն հայութեան քայլերգ:
Ու երբ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր սահմանադրութեամբ եւ անկախութեան հռչակագիրով տէրը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան, ազատագրւեցաւ հայկական բնօրրան Արցախը, հաստատւեցաւ պետականութիւն, եւ հռչակւեցաւ անկախութիւն:
Համայն հայութեան համար ներկայ ժամանակներու դժխեմ այս փուլին պատմութեան անծանօթ, օտարի ծառայութեան գործիք դարձած, նենգափոխութեան մասնագէտներ կրնան խեղաթիւրել պատմական իրականութիւնները, «նոր իրականութիւն» յերիւրել, խաբել ժողովուրդը սին ու մաշած խոստումներով եւ հայրենիքը վերադարձնել այն օրերուն, երբ թրքական ուժերը պատրաստ էին շարունակելու համաթուրանականութեան եւ համաթրքացման իրենց ծրագիրը՝ գրաւել Հայաստանը, գրաւել Երեւանը, շարունակել հայասպանութիւնը, ցեղասպանութիւնը եւ իրագործել Հայաստանը առանց հայու վարքագիծը:
Եւ երբ Հայաստան կըսենք, կը խօսինք մե՛ր Հայաստանին մասին՝ իր Արցախով, դէպի Արարատ նայող եւ զայն ի՛րը նկատող ու անոր վերադարձին համար պայքարող հայ ժողովուրդի Հայաստանին մասին: Հայաստանը, ուր հայութիւնը կուզէ ապրիլ արժանապատիւ խաղաղութեան, իրական անկախութեան ու ժողովրդավար կարգերով գերիշխան պետութեան մէջ, հովանիին տակ՝ իր իրաւունքները պաշտպանող, մրցունակութիւնը արդար եւ հաւասար սկզբունքներու վրայ հիմնած իշխանութեան, որ կը յարգէ մարդու իրաւունքը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմական գոյութիւնը, ազգային արժեհամակարգը:
Այլ խօսքով՝ համայն հայութեան ու Հայաստանին արժանի եւ Հայաստանը ամուր ու յաղթական տեսնող, ոչ թէ օտարին ծրագիրները իրականացնող պետութեան մը մէջ:
Պարտութիւններ, կրնան պատահիլ ժողովուրդներու եւ հայրենիքներու մէջ:
Պարտութիւնը, սակայն, պետական ռազմավարութիւն չի կրնար դառնալ:
Յաղթելու համոզումը, հաւատքը, պատրաստակամութիւնն ու պայքարը միայն կը կերտեն անկախ ու գերիշխան պետութիւն:
28 մայիս 1918-ն իրական անկախութեան հիմնաքարն է:
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ



