Դը Ֆակտօ COPOUT29…
Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել, թէ Դը Ժիւրէ COPOUT29 մը տեղի կունենայ, փոխանակ Դը Ֆակտոյի։
Յստակացնենք մեր միտքը. բազմաթիւ երկիրներու առաջին դէմքերը զանազան պատճառներով իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան հովանիին տակ, COP29-ի (Conference Of the Parties) համաժողովին, որուն նպատակն է մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ քննարկել ու արծարծել կենսոլորտի փոփոխութեան եւ ապականման հարցերը: Բացակաները անուղղակիօրէն տկարացուցին կենտոլորտի տագնապին առաջնահերթութիւնը եւ ընդհակառակը՝ յաւելեալ անտարբերութեան մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ճառն ալ, թէ՝ կենսոլորտը մարդակերտ արհաւիրքներ՝ հրդեհներ, ողողումներ կը ստեղծէ, հազիւ թէ բաւարար հնչեղութիւն տւաւ տարւէ տարի ահագնացող տագնապին:
Իբրեւ հիւրընկալ երկիրի ներկայացուցիչ՝ Ադրբեջանի կենսոլորտի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Մուխթար Բաբայեւ կատարեց բացումը։ Մեծ հարցականներ կախւած են նոյնինքն Բաբայեւի ներկայութեան վերեւ. բռնատէր Ալիեւի հաւատարիմներէն՝ այս պաշտօնատարը տարիներ շարունակ գործած է քարիւղ արտադրող-զտող եւ բնականաբար կենսոլորտը ապականող ընկերութիւններու մէջ։
ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններէն հազիւ շաբաթ մը ետք կազմակերպւած այս ժողովը որոշ չափով մնաց շուքի մէջ։ Ալիեւի կողմէ «աշխարհի կողջունենք»ի եւ «չորս տարի առաջ յաղթանակ տարինք»-ի յոխորտանքներն ալ անկարող մնացին փայլեցնելու Ադրբեջանի դէմքը: Աւելի՛ն, կենսոլորտով երբեք չմտահոգուող, այլ ընդհակառակը՝ անոր դէմ աշխատող Թրամփի ընտրութիւնը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որ աշխարհը, բաւական ցնցւած՝ դժգոհութիւն արտայայտէ այս ժողովը Բաքւի մէջ կազմակերպելու անտրամաբանական որոշումին դէմ:
Թէեւ 196 երկիրներէ ներկայացուցիչներ հաւաքւած էին բռնատէր Ալիեւի շուրջը, սակայն ներկաներէն աւելի՝ աչքառու էին… բացակաները։
Կաղացող Ջօ Բայդէն չմեկնեցաւ Բաքու եւ նախընտրեց պատւիրակութիւն մը ղրկել՝ կենսոլորտի հարցերու պատասխանատու Ջոն Փոտեսթայի գլխաւորութեամբ։ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, իր կառավարութեան ոտքերը դողացնող տագնապէն բխած անել կացութեան պատճառով (յանկարծ ստիպւեցաւ փետրւարին ընտրութիւններ կազմակերպելու որոշում տալ), իր կարգին նախընտրեց չմեկնիլ Բաքու։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մակրոնն ալ չժամանեց. Ալիեւ զայն «կողմնակալ հայասէր» կը նկատէ, իսկ Ֆրանսայի նախագահը պաշտօնապէս կը քննադատէր Բաքուն, որ շաբաթներ առաջ ընդդիմադիր ազերի մը սպանած էր Միւլհուզի մէջ։
Բաքու չժամանեցին Հնդկաստանի վարչապետ Նարենդրա Մոտին եւ Ռուսիոյ նախագահ Պուտինը։
Հոլանդայի վարչապետ Դիք Շուֆն ալ պատճառաբանած էր, որ քանի մը օր առաջ, Ամսթերդամի մէջ, Իսրայէլի ֆուտբոլի խումբին դէմ ցուցարարներու ստեղծած քաոսային վիճակին պատճառով ստիպւած է բացակայիլ։ Բրազիլիոյ (առաջիկայ տարեշրջանի COP30-ը կազմակերպող երկիրը) նախագահ Լուլան արկածի մը հետեւանքով վիրաւորւած էր եւ իր կարգին․․․ դը ֆակտօ չմեկնեցաւ։
21-ամեայ շւեդացի երիտասարդ գործիչ Գրետա Թունբերգ, որ միլիոններով համակիրներու զօրակցութիւնը կը վայելէ, իր կարգին կոչ ուղղեց «սապոթաժ»-ի ենթարկելու այս ժողովը եւ Թիֆլիսի մէջ առաջնորդեց ցոյց մը, որուն մասնակիցներուն շարքին էին Ալիեւը ի՛սկապէս ճանչցող… ազերիներ։
Այս խորապատկերին առջեւ, Հայաստան, յանձին արտաքին գործոց նախարարութեան, ԳՈՐԾ ունէր եւ դեռ ալ ունի կատարելիք։ Ալիեւ չմոռցաւ յայտարարել, թէ այս ժողովը առիթ մըն է՝ որ Հայաստան պէտք չէ փախցնէ…: Երեւանի մէջ տատամսումը մնաց տիրական, իսկ Ազգային ժողովին մէջ ՔՊ-ականները ցուցադրեցին նորագոյն խայտառակութիւն մը, երբ մերժեցին Բաքուն քննադատող եւ պատանդներու վերադարձը պահանջող բանաձեւ մը, մինչդեռ նախօրօք, «ամչկոտ արտայայտութիւններով» յայտարարած էին, թէ Հայաստանէն ներկայացուցիչի մասնակցութիւնը կախեալ է գերիներու ազատ արձակումէն: Ինքնահակասումի այս ընթացքէն անդին, խայտառակութեան թագադրումն ալ այն էր, որ «պոս-Ալիեւ»ի մազին չդպչելու ծանօթ վարքագիծը քողարկելու անմիտ փորձով մը՝ իշխանականները նման անառարկելի պահանջի մը ետին փնտռեցին քաղաքական հաշիւներ: Կարժէ՞ մեկնաբանել նման սնանկութիւն: Իսկ եթէ մետասաներորդ պահուն որոշեն մասնակցիլ…:
Յետոյ, ինչպէ՞ս աչքաթող ընել մէկ այլ իրողութիւն. Միջազգային ատեանը նոյն պահուն դատապարտանքի խարան մը եւս աւելցուց Ադրբեջանի ճակատին, մերժելով Արցախի ծանօթ կացութիւններուն իր դատապարտանքին դէմ Բաքու ներկայացուցած բողոքը: Անգամ մը եւս փաստւեցաւ, որ միջազգային շրջանակներ աւելի՛ արդարամիտ են եւ պահանջատէր՝ քան Երեւանի իշխանաւորները:
Ադրբեջանի ապականող քարիւղն ու անոր տարածած ապականութեամբ քողարկւած փտածութիւնն է, որ կը քննադատէ աշխարհը։ Քիչ անգամ կը նշւին ու կը լսւին տեղահանւած Արցախի եւ անոր հայկական սրբատեղիներուն, յուշարձաններուն եւ խաչքարերուն հետեւողական քանդումին մասին, լաւագոյն պարագային՝ կիսատ-պռատ մատնանշումներ կը կատարւին։
Երբ հայկական պետական հակազդեցութեան մեքենայ գոյութիւն չունի, կամ… դիտմամբ չի գործեր, դատարկութեան առջեւ կը գտնւինք։ Իսկ երբ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը, առանց բառերը ծամծմելու, ճակատաբաց եւ արհամարհանքով կը հաստատէ, թէ Արցախի հարց գոյութիւն չունի…
Աշխարհի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, եթէ կազմակերպւած աշխատանք կատարւէր, դժւար պիտի չըլլար COP29-ը վերածել Ադրբեջանի բազմերես ոճիրները թէ՛ Դը Ֆակտօ եւ թէ Դը Ժիւրէ փաստելու եւ COPOUT29-ով փոխարինելու առիթի մը:
Արդեօք Ալիեւ իրաւունք ունէ՞ր, երբ կըսէր, թէ Հայաստան պէտք չէ փախցնէ այս առիթը…
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական