Խմբագրական. Եռատօնի վերաիմաստաւորման համար

Եռատօնը խորհրդանշող օրւան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդածութիւններ կը պարտադրէ: Շուշին բռնագրաււած է եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը՝ լուծարւած: Յաղթանակներէն այսօր միայն հայրենական պատերազմի աւարտն է, որ կը տօնակատարւի, այն ալ համաշխարհային տարբեր կենտրոններու մէջ. ոչ միայն հայաստանեան:
Այս բոլորը սակայն պատճառ չեն, որ տօները մթագնին եւ վերածւին պարտութեան զգացումի խորացման առիթի: Որքան ալ գիտակցինք, որ Ադրբեջանը յաղթողի դիրքերէ պիտի բարձրացնէ իր յոխորտանքներու նշաձողը, պահանջներն ու նախապայմանները, լիարժէք պիտի օգտագործէ իր մօտ գտնւող պատանդառւած քաղաքական բանտարկեալները, պիտի շահագործէ թէ՛ իսլամութիւնն ու թէ՛ քրիստոնէութիւնը նենգափոխելու համար պատմութիւնը եւ հայկական հետքերը ջնջելու համար Արցախի քաղաքակրթական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութենէն:
Բաքուն կը պահանջէ՝
– Զանգեզուրի միջանցք,
– Հայաստանի սպառազինութեան դադրեցում,
– Միջազգային ատեաններ ներկայացւած հայցերու չեղարկում,
– ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահական ձեւաչափի լուծարում,
– Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական կէտերու չեղարկում:
Տակաւին կան անշուշտ ածանցեալ պահանջներ՝ Արցախի պատերազմին մասնակցած դէմքերու արտայանձնում, շահագործւած բնական հարստութիւններու վնասուց հատուցում, մինչեւ ֆաշականութեան արմատական չէզոքացում:
Այս պահանջներն ու պայմանները անվերջ կը նորոգւին եւ կը համալրւին: Բայց կենտրոնանանք վերը նշւած հիմնական պայմաններուն վրայ՝ արձանագրելու համար, որ հակառակ Արցախի բռնագրաւումին, պատանդառումներուն, բեմականացւած դատավարութիւններուն, Վատիկանի մէջ հակագիտական համագումարներուն թէ քրիստոնէական դէմքերէ ստացւող շքանշաններուն, առ այս պահը այդ նախապայմանները կը շարունակւին արծարծւիլ եւ դեռ գործնականացւած չեն:
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Երեւանի այսօրւան ներկայացուցիչները յուսադրիչ քայլերու կը դիմեն այդ բոլորի չէզոքացման: Կան տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական այլ հանգամանքներ, որոնք կը խոչընդոտեն Բաքւի պահանջներուն բաւարարումները:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի ազգային ուժերու համահայկական համախումբ եւ նպատակաուղղւած աշխատանքները կը յաջողին տապալել Բաքւի պահանջներու կատարումը: Շուշին համախումբ վճռակամութեամբ առարկայացած ճակատագրորոշ յաղթանակ էր, որ հունաւորեց ամբողջ հետագայ ընթացքը՝ յանգելով Արցախի Հանրապետութեան կայացումին:
Շուշիի վերաազատագրումը նպատակ է: Իբրեւ նախապայման Արցախի Հանրապետութեան վերակայացման: Մինչ այդ, տապալել Բաքւի բոլոր առաջադրանքները: Շուշիի օրինակով միաւորումը սակայն հայկական կողմին համար ինքնանախապայման է:
Այդ ինքնանախապայմանին գիտակից ազգային պետականութեան կայացումով պայմանաւորւած են հետագայ աշխատանքները՝ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքէն, Արցախի հակամարտութեան թղթածրարի վերամիջազգայնացումէն մինչեւ ԵԱՀԿ-ի հիմնարար սկզբունքներու վերարծարծում եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացում՝ եռատօնի վերաիմաստաւորման համար նախադրեալները ապահովելու համար:
Եռատօնի խորհուրդը այս հանգամանքները կը յուշէ եւ ազգովին վերստին դէպի յաղթանակ առաջնորդւելու ուղիները կը լուսաւորէ: Մայիսեան տօներուն մէջ գլխաւորը Մայիս 28-ն է: Հակառակ անոր որ կորսնցուցինք անկախութիւնը, շարունակեցինք տօնել մայիսեան յաղթանակը: Վերստին անկախացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Ազդակ