«Ազդակ»-ի խմբագրական. Սեւրը՝ ծրագիրին եւ հռչակագիրներուն մէջ

Սեւրի պայմանագիրի 106-րդ ամեակը յայտնաբար առիթ չէ հանդիսացած հայկական աշխարհին մէջ արծարծելու պատմական այս դաշնագիրին նկատմամբ այսօրւան դիրքորշումները, անոր այժմէական նշանակութիւնը եւ ամբողջական հայրենիքին իրաւական հիմքը հանդիսացած ըլլալու փաստը։
Սեւրի յիշատակումը այսօր կը նկատւի առաւելապաշտութիւն, պատերազմի հրահրում, երազային Հայաստանի մասին անիրատեսական մտորում կամ քաղաքական խօսոյթին մէջ ներմուծւած Հայդատականութիւն։
Դաշնակցութեան ծրագիրի 27-րդ էջին մէջ՝ «Նպատակ» գլխուն տակ արձանագրւած բաժինի մէջ, յստակօրէն կը յիշւի Սեւրը իբրեւ Միացեալ Հայաստանի տարածքը ճշդող իրաւական ելակէտ։
Սեւրն ու իրաւարար վճիռը մինչեւ Հայաստանի վերանկախացում շարունակեցին մնալ մեր տարածքային պահանջատիրութեան իրաւական հիմնաքարը։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման շրջանին, առաջին նախագահին օրով ոչ միայն Սեւրն ու իրաւարար վճիռը լուսարձակներէ հեռու պահւեցան, այլ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը իբրեւ օրակարգ դուրս մղւեցաւ արտաքին քաղաքականութենէն։ Երրորդ նախագահը այցելեց Վիլսոնի դամբարան եւ կատարեց ուշագրաւ յայտարարութիւն, ըստ որուն, Սեւրն ու իրաւարար վճիռը կը շարունակեն պահել իրաւական եւ այժմէական նշանակութիւն։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդունւած Համահայկական հռչակագիրը Սեւրին եւ իրաւարար վճիռին տեղ յատկացուցած է։ Անոր նախաբանին մէջ իբրեւ կէտ արձանագրւած է․-Արժեւորելով 1915 թւականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացւած ծանրագոյն յանցագործութիւնը՝ պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացւած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատւութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թւականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թւականի նոյեմբերի 22-ի՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Ուուդրօ Վիլսոնի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում»։
Յիշենք նաեւ հիմնարար փաստաթուղթը՝ Անկախութեան հռչակագիրը, ուր, թէեւ Սեւրն ու իրաւարար վճիռը չեն յիշատակւիր, սակայն ամրագրւած կը մնան պատմական արդարութեան վերականգնումը, համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը, որոնք մանաւանդ, առ այսօր կը պահպանեն իրենց սահմանադրականութիւնը։
Ո՛չ երրորդ նախագահի յայտարարութիւնները, ո՛չ ալ համահայկական համաձայնութիւն ապահոված համահայկական հռչակագիրը պատերազմ հրահրեցին եւ պատճառ դարձան, որ թշնամիները յարձակում գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։
Հիմա, «իրական Հայաստան»-ի շղարշին տակ, փորձ կը կատարւի ջնջելու այս բոլորը եւ վերաշարադրելու մեր իրաւական եւ քաղաքական բոլոր փաստաթուղթերն ու հռչակագիրները։
Ահա թէ ինչո՛ւ մենք մնայուն յղում պէտք է կատարենք այս փաստաթուղթերուն։ Չվարանինք յայտարարելու, որ այո՛ Ծրագիրով իսկ Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէ Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի իրաւական հիմքերու վրայ առաջադրել Միացեալ Հայաստանը։ Նրբութիւնները հասկնալի են։ Ծրագիրի նպատակն ու այսօր տարածքային հարցեր չարծարծելը նոյն բաները չեն։ Բայց Սեւրը է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ այդ տարածքներուն հայապատկանութիւնը փաստագրած իրաւաթուղթը։
Այսօր չարծարծելն ու անկէ հրաժարիլը բոլորովին տարբեր բաներ են։ Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի սերունդներուն թողելու պատմական բոլոր իրաւունքներէ հրաժարելու նոր յանձնւողականութեան փաստաթուղթ մը։ Անկարան Ցեղասպանութեան ճանաչումի որոշումներէն այնքան չանհանգստանար, որքան Սեւրի վերածարծումէն։ «Սեւրեան սինտրոմ» ախտանիշը իբրեւ ձեւակերպում միջազգային քաղաքագիտութիւնը կարծարծէ ամէն անգամ որ Թուրքիան կը կրէ արտաքին հարւածներ։
Սեւրը մեր իրաւազրկումը շրջող եւ մեր իրաւունքները վերամրագրած իրաւական աշխատաքներուն բարձրակէտն է։ Անկէ վար իջնելու փորձերը՝ նոր Սահմանադրութեան հանրաքւէով, թէ Համահայկական հռչակագիրը չեղարկելով, կամ նախորդ պետական յայտարարութիւնները առ ոչինչ նկատելով, դատապարտւած են ձախողութեան։ Այսօրւան Հայաստանը ոչ թէ պատմական Հայաստանը մեր ազգային տեսադաշտէն հեռացնող հասկացողութիւն է, այլ Սեւրով ընկալւած Հայաստանի անխորտակելի հիմնաքարը։
Ազդակ



