Վտանգին դիմաց՝ ազգային միութիւն
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Իսրայէլ ամիսներէ ի վեր կը սպառնար ուժեղ հակահարւածով մը վերջ տալ լիբանանեան «Հեզբօլլահ»-ի (Ալլահի կուսակցութեան) զօրակցութեան՝ Գազայի պաղեստինցիներուն: Այդ զօրակցութիւնը, ինչպէս կը յայտնէին «Հեզբօլլահ»-ի պատասխանատուները, նպատակ ունէր մեղմել Գազայի վրայ զինական ճնշումը՝ զօրագունդ մը զբաղեցնելով Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ: Իսրայէլ հիւսիսային շրջանին մէջ պարտաւոր էր ճակատ մը բանալ եւ հաւանական յարձակումներէ ու զինւորական գործողութիւններէ պաշտպանելու համար բնակիչները, զանոնք տեղափոխած էր հարաւ՝ աւելի ապահով վայրեր: Տեղահան ժողովուրդը կը պահանջէր վերադառնալ իր բնակավայրը. Իսրայէլ կը պահանջէր «Հեզբօլլահ»-էն՝ վերջ տալ լիբանանեան հարաւէն հրթիռակոծումներուն: Իսրայէլեան պահանջը զինական էր, այսինքն կը կայանար «Հեզբօլլահ»-ի ենթադրաբար պատկանող թիրախներու ռմբակոծման մէջ: «Հեզբօլլահ»-ի պատասխան ռմբակոծումները միշտ եղած են զինւորական թիրախներու: Անզէն ժողովուրդը վտանգի չէր ենթարկւած. տեղահան ժողովուրդը վերադարձնելու համար շղթայազերծւած համապարփակ յարձակումը՝ իբրեւ պատրւակ, ունէր ժողովուրդի ապահովութիւնը… երբ այդ ապահովութիւնը չէր վտանգւած:
Ի՞նչ էր ուրեմն շղթայազերծւած գործողութեան շարժառիթը: ՀԱՄԱՍ-ի վտանգը չէզոքացնելէ ետք, Իսրայէլ որոշեց չէզոքացնել իր սահմաններուն մօտ գտնւող այլ վտանգ մը՝ «Հեզբօլլահ»-ի զինական ուժը: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել իր սահմաններէն հեռու գտնւող տարածքներու վրայ կատարւած ռմբակոծումները եւ քանդումները: Բէյրութի հարաւային արւարձանէն սկսեալ մինչեւ Բեքայի դաշտը, Բաալբեքն ու Հերմելը, ու ամէն տեղ ուր «Հեզբօլլահ»-ի, որ կուսակցութիւն է, միաւոր մը կը գտնւի, թիրախ դարձան բուռն ռմբակոծութիւններու: Հարիւրաւոր շէնքեր փուլ եկան, եւ մինչեւ մէկ միլիոնի հասնող բնակիչներ իրենց երկրին մէջ գաղթական դարձան:
Մարդ արարածի կեանքը բարելաւելու, տնտեսութիւնը զարգացնելու ու յարաբերութիւնները դիւրացնելու կոչւած գիտական նորարարութիւնները կը ծառայեցւին սպաննելու եւ քանդելու առաջընթացին: Իսրայէլ յաջողեցաւ ոչ միայն շէնքեր ու շինութիւններ փլատակի վերածել, այլ նաեւ «Հեզբօլլահ»-ի ամբողջ մարտական ղեկավարութիւնը վերացնել՝ մէկը միւսին յետեւէն թիրախային յարձակումներով: Այս ահաբեկումներուն պսակը հանդիսացաւ «Հեզբօլլահ»-ի ընդհանուր քարտուղարին՝ Հասան Նասրօլլահի սպանութիւնը:
Այս տողերը գրւած ժամանակ ծրագրւած ցամաքային գործողութիւնը չէ սկսած տակաւին: Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներու հաւանութիւնը ստանալու համար, խոստացած է գոհանալ սահմանափակ գործողութեամբ մը ու Լիբանանի հարաւը «մաքրագործելէ» ետք նահանջել դէպի իր սահմանները: Դժւար է, չըսելու համար՝ անկարելի, հաւատալ իսրայէլեան խոստումներուն. սպասենք ու յուսանք, որ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքը շուտով կաւարտի:
Կատարւող յարձակումները արժանացան անսպասելի արձագանգի մը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ: Տարիներէ ի վեր տարակարծիք ուժեր, որոնք նոյնիսկ երկու տարի հանրապետութեան նախագահ մը չէին կրցած ընտրել ու կը հանդուրժէին, որ տնտեսական ու ընկերային ահաւոր տագնապի մատնւած երկիրը կառավարւի պաշտօնակատար վարչապետով եւ նախարարներով, կարծէք սթափեցան: Այժմ բոլորը միաձայն կը դատապարտեն իսրայէլեան յարձակումը, ազգային միութեան կոչեր կուղղեն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որոշումներուն անշեղ գործադրութիւնը կը պահանջեն, հանրապետութեան միաւորող, համաձայնական նախագահ կուզեն ընտրել անմիջապէս, ազգային միութեան կառավարութիւն կուզեն կազմել: Օտարէն եկող վտանգին դէմ հաւաքաբար թումբ կանգնելու պատրաստակամութիւնը Լիբանանը կրնայ փրկել իր ներկայ գահավիժումէն, երբ վէճերն ու անհաշտ անհամաձայնութիւնը հետզհետէ քանդեցին պետական հիմնարկութիւնները, վտանգեցին նոյնինքն պետութեան գոյութիւնը:
Լիբանան կը գտնւի իբրեւ պետութիւն գոյութիւն ունենալու եւ իր աշխարհաքաղաքական դիմագիծը պայծառացնելու բացառիկ կարելիութեան մը յանդիման: Վտանգը շրջանցելէ ետք լիբանանցիները պէտք չէ վերադառնան յիսնամեակէ մը ի վեր տիրապետող ջլատիչ վէճերուն: Եթէ իսկապէս կը հաւատան, որ «Հեզբօլլահ»-ի դէմ կատարւող յարձակումը յարձակում է ամբողջ Լիբանանի դէմ, նաեւ պիտի հաւատան, որ այս կամ այն հատւածը չէզոքացնելու կոչւած գործողութիւնները գործողութիւն են ամբողջ Լիբանանի դէմ:
Երկար ատենէ սպասւած ազգային միութիւնը, որ տարբեր մտածողութիւններու համադրութեամբ եւ միջինի գիւտով կիրագործւի, պիտի փրկէ Լիբանանը եւ դառնայ նոր բարգաւաճման մը յայտարարը: