Դաշնակցական Բեմ

Սիրիոյ ճակատագիրը «կը յստականայ»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ծանօթ խօսք է, որ մէկ նկարը երբեմն հազար բառ կարժէ:

Նայեցէ՛ք այս սիւնակին ընկերացող եւ… ամերիկեան մամուլէն վերցւած երգիծանկարին. Սիրիոյ վիճակը պատկերող երգիծանքը ժպիտ չի բերեր, այլ աղաղկող ողբերգութիւն մը կը բացայայտէ եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ, երբ ոմանք կըսեն, թէ Սիրիոյ ճակատագիրն ու ապագան կը յստականան այս օրերուն: (Եւ մտածել, որ նման մտահոգութիւն կը հնչէ ամերիկեան մամուլի էջերէն…):

Շաբաթ մը չէ բոլորւած նախագահ Բաշշար Ասադի իշխանութեան վախճանէն ետք, իսկ Սիրիան կը մնայ հազար ու մէկ մեկնաբանութեան ու հակասական նախատեսութիւններու կիզակէտ: Արեւմտեան մամուլը կը պահէ տասնամեակներէ ի վեր Սիրիոյ հանդէպ հետապնդւած ծրագիրներուն ջատագովի իր դիրքորոշումը, թէեւ քննական մօտեցում մը ի յայտ կը բերէ, որ ամերիկեան եւ եւրոպական ակնոցներուն միջեւ տարբերութիւններ կան: Ընդհանուր հասարակաց գիծը այն է, որ Ասադի հեռացումով, Արեւմուտքը յաջողեցաւ Սիրիան առնել իր ազդեցութեան տակ, վաղը կրնայ ռուսական ուժերը հեռացնել – գոնէ պահանջել – Սիրիական ծովափէն, յետոյ աչքերը տարածել դէպի արեւելք(ներ), դէպի Իրաք եւ Իրան, նոյնքան մըն ալ դէպի Կովկաս: Միւս զօրակայանին՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի դիտանկիւնէն, մտավախութիւնները այլապէս արձագանգ են Արեւմուտքի յառաջխաղացքէն բխած քարոզչութեան մթնոլորտին: Իսկ Սիրիոյ «նեղ սահմաններուն» մէջ, ամէն օր եւ ամէն ժամ կը բացայայտւի Սիրիան մասնատելու եւ ազդեցութեան գօտիներու վերածելու արշաւի մը նորագոյն արարները:

Այս ընդհանուր գիծերուն դիմաց (կարելի չէ բոլոր գիծերը ցանկագրել այստեղ), գետնի վրայ դէպքերը կը թաւալին տարբեր, յաճախ ներհակ, եւ զգուշաւոր լաւատեսութիւն աւետող մեկնաբանութիւններ ջրող թափով, մաս մըն ալ կը պահւի քողի տակ: Արեւմուտքի մէջ տարածւած եւ Սիրիական որոշ խաւեր վարակած հրճուանքին դիմաց, գետնի վրայ կան դաժան իրականութիւններ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, կը պատկերւի յիշեալ երգիծանկարով:

Խորքին մէջ, ի՞նչ տեղի կունենայ գետնի վրայ եւ ինչպէ՞ս կը յստականայ Սիրիոյ (եւ այլոց) հորիզոնը:

Սիրիոյ վախճանեալ իշխանութեան ներկայացուցիչները կ’աշխատին անցնցում իշխանափոխութիւն իրականացնել, եւ ընդդիմադիրներն ալ այդ ուղղութեամբ դրական տրամադրութիւն կը ցուցաբերեն, հակառակ վրիժառութեան բանաւոր եւ գործնական դրսեւորումներու: Եթէ այս բեմին վրայ ընդհանուր ընթացքը որոշ չափով յուսատու կը թւի, այդ նեղ բեմէն անդին, սակայն, իրական գետնի վրայ զարգացումները աւելի՛ քան յոռետեսութիւն կը բերեն (նկատի չունինք քաղաքական-դիւանագիտական կալւածին շատ աւելի լայն տարածքը): Մինչեւ իսկ եթէ ճշմարտութիւն կայ այն վարկածին մէջ, թէ փոխանցման իշխանութիւնը նախանձախնդիր է Սիրիոյ ամբողջութիւնը պահպանելու եւ երկիրը վերականգնելու (տակաւին յայտնի չէ, թէ գործնական ի՞նչ ծրագիր ունի, կամ ո՞վ պիտի արտօնէ նման բան), գոնէ երեք գլխաւոր մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ ընդդէմ այս առաջադրանքին:

ԻՍՐԱՅԷԼ ո՛չ միայն չէ կասեցուցած Սիրիոյ վրայ յարձակումները, այլ նոր քայլեր կառնէ 1967-ի պատերազմին իր խլած հողերը ընդարձակելու ուղղութեամբ: Իր ապահովութիւնը պահպանելու «կանխարգելիչ գործողութիւններ»ու պատրւակով, Իսրայէլ գրաւած է Գոլանի բարձունքներուն այն հատւածը, որ անցեալ տասնամեակներուն կը նկատւէր «ոչ-ոքի-հող», աչքերը ուղղած է մինչեւ Դամասկոս տարածւող գօտիներու: Զուգահեռաբար, անոր օդուժը այնպիսի ծաւալի հասցուցած է (իբրեւ թէ) զինւորական կէտերու վրայ իր յարձակումները (3 օրւան մէջ աւելի քան 450 թիրախ), որոնք ցոյց կու տան, թէ (արեւմուտքցիներու օրհնութեամբ) ան վերջնականապէս կը խորտակէ երկրին պաշտպանողական կարողութիւնը. իսկ Սիրիան Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան դիմաց կանգնող վերջին պարիսպն էր (անկախ թէ ով էր իշխանութեան ղեկին):

ԹՈՒՐՔԻԱ, իր կարգին, ուղղակի եւ անուղղակի ձեռքերով, նոր տարածքներ կը գրաւէ, արդէն ամերիկեան միջնորդութեամբ պարտադրած է որ քուրդերը Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ վար դնեն զէնքերը (նախորդ օրերուն քուրդերու ջարդի եւ հալածանքի, բռնագաղթի դրւագներ արձանագրւած էին, ու որոշ քուրդերը վաղը կրնան հիասթափւիլ զիրենք իբրեւ թէ պաշտպանողներէն), իր հովանաւորեալները գրաւեն նա՛եւ Դեր Զորի շրջանը: Այս բոլորը պարզ ցուցանմուշներ են, որ Ալեքսանդրէթի շրջանը վերջնականապէս կուլ տալէ ետք, համաթուրանականութեան վերականգնումը ինչպիսի՜ հեռանկարներու իրականացման լծւած է դէպի արաբական աշխարհ:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ կը յոխորտան, որ կը ռմբակոծեն ահաբեկչական խմբաւորումներու հակակշիռին ենթակայ շրջանները, թոյլ պիտի չտան, որ ծայրայեղականներ դարձեալ հակակշիռ հաստատեն Սիրիական որոշ շրջաններու մէջ: Անոնք այլապէս լուռ (ի՞նչ լուռ) գործակցութեան մէջ են Սիրիոյ արեւելեան եւ հիւսիսային գօտիներու քարիւղի դաշտերուն հսկիչ կարգւած ուժերուն, մասնաւորաբար քուրդերու մէկ թեւին հետ: Անոնք վստահաբար չեն ուզեր, որ աշխարհը յիշէ, թէ իրենք ինչպիսի՜ «հերոսութիւններ» արձանագրեցին Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ, ժողովրդավարութիւն տարածեցին հոն եւ այլուր…

Եթէ շարունակենք Սիրիոյ մէջ նորացւած «հնութիւններուն» ցանկագրումը, կրնանք հասնիլ մինչեւ 80-ականներու սկիզբը, երբ Սիրիացի «ընդդիմադիրներ», որոնք կը կրէին «իսլամ եղբայրներ» անունը, ուժեղ հարւած ստացան Համայի մէջ: Կարժէ՞ արդեօք դէպի ետ ճամբորդութիւնը շարունակել մինչեւ այն տարիներն ու ներքին խլրտումները՝ արաբ-իսրայէլեան բազմահանգրւան պատերազմներու տարիները, երբ գաղթատիրութենէ ձերբազատած Սիրիան  – եւ արաբական այլ երկիրներ – հետեւողական կերպով «պատիժի» կենթարկւէին նախկին գաղթատէրերու կողմէ, ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով, սակայն բացայայտօրէն… Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ձեռքերով: Եւ ահա հասած ենք նորագոյն բեմադրութեան, ողբերգութեա՛ն: Հիմա, արդէն կուրւագծւի այն պատկերը (կամ աւելի՛ կը մթագնի հորիզոնը), յիշեցնելով «բռնատէր Սադդամը եւ բռնատէր Ղազաֆին» իշխանութենէ հեռացնող այն շարժումները (հոն ալ բարի նպատակներ ու տրամադրութիւններ արտայայտւած էին), որոնք այդ երկիրները վերածեցին ծանօթ անկումներու եւ բաժանումներու դաշտերուն: Այլապէս, ժողովրդավարութեան եւ այլ պիտակներու տակ, արաբական աշխարհն ու այլք ենթարկւած են աւելի՛ ահաւոր գաղթատիրութեան, թէեւ այդ անունը չի գործածւիր, այդ իրականութիւնը ցոյց տւողներուն դէմ քարոզչական ահեղ արշաւներ կը կազմակերպւին:

***

Սիրիոյ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ աշխարհի վերափոխումն ու քարտէզներուն վերագծումը ինչպիսի՜ ընթացքի մէջ են, թէ որքա՛ն յստակ է Սիրիոյ ապագան, հորիզոնը:

Մեր այս սիւնակի կիզակէտէն անդին, կան անշուշտ Ուկրանիան, Կոիվկասը՝ Իրանի հիւսիսային գօտին, կամ ասիական եւ աֆրիկեան կռւախնձոր գօտիներ: Այս բոլորը ամենալուրջ հրաւէրներ, մարտահրաւէրնե՛ր են նաեւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի համար, որուն գլխավերեւին կը բազմանան «Դամոկլեան սուր»երը:

Հայրենի հողին վրայ թէ Սփիւռքի տարածքին, այս ընդհանուր պատկերը տեսնողներ կա՞ն, մտահոգւածներ կա՞ն, վտանգները դիմագրաւելու եւ դարձեալ ծանր կորուստներ կանխարգիլելու մասին մտածողներ կա՞ն. այո՛ կա՛ն: Սակայն եթէ իշխանութիւնը պէտք է ըլլայ առաջին գիծին վրայ, դառնայ հայութեան կարողականութիւնն ու ներուժը, բոլո՛ր ձեռքերը համախմբողը, տեսանելի է, որ անիկա, ընդհակառակն, կառաջնորդէ յաւելեալ անկումի, նոր անձնատւութիւններու եւ կորուստներու արշաւ մը, լծւած է ամէն օր նոր զբաղում մը, իրականութիւններէն աչքեր ու միտքեր հեռացնող խաղերու, որոնց նորագոյն արարները կը կազմեն… ՔՊ-ականներու «մաքրագործումը»: Սա համազօր է քնաբեր օրօր-ի, մինչդեռ «Զարթի՛ր, լաօ՛»-ն բազմաթիւ ահազանգեր հնչեցուցած է եւ նոյն քարոզիչներուն եւ «օրօր»-ողներուն կողմէ ճնշումի ենթարկւած:

Մինչեւ ե՞րբ…

Ահազանգ հնչեցնողները պատրաւոր են ԳՈՐԾԻ անցնիլ:

Related Articles

Back to top button