Դաշնակցական Բեմ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ «ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ»

(Կամ միակողմանի նոր զիջումի ու ինքնակործանման ծրագիր)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Այն պահուն, երբ Ուկրաինոյ պատրեազմին վերջ տալու նպատակով, միջազգային բանակցութիւններու սակարանը վեր-վար կը շարժի, իսկ անդին՝ Միջին Արեւելքի եւ այլ տագնապալի գօտիներու մէջ վտանգաւոր տեղքայլ մատնող «զարգացումներ» կարձանագրւին ու Թուրքիոյ ախորժակները նոր գրգիռ կը ստանան (չհասնինք այլ տեղեր), հինգշաբթի, 13 մարտին, Բաքու եւ Երեւան այլանդակ մրցումի մէջ մտան, յայտարարելու, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ շուտով իրականութիւն դառնալ, թէ՝ ցարդ չահամաձայնեցւած կէտերուն շուրջ համախոհութիւն գոյացած է, կը մնայ որոշել ստորագրութեան օրն ու վայրը:

Երեւանի իշխանաւորները այս տեղեկութիւնը հրապարակ նետեցին այնպիսի բերկրանքով ու գոհունակութեամբ, որ աւելի խորն էր, քան այն ցնծութիւնը, որ համակեց հրեայ ժողովուրդը, երբ Մովսէս մարգարէն Տասնաբանեան ի ձեռին վար իջաւ լեռներէն ու Օրէնք նւիրեց իր ժողովուրդին: Հայ-ազերիական մօտալուտ համաձայնագիրը երկար ատենէ ի վեր կը թմբկահարւի իբրեւ նախագիծ-հիմնաքար՝ «Նոր Հայաստան»-ի եւ մեկնակէտ՝ շրջանի երկիրներուն միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններու, իսկ աշխարհի համար, իբրեւ առանցք՝ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը:

Մեծ հարց չնկատւեցաւ, որ ազերիական կողմը որոշ խախտում մը ըրած է, համաձայնւած պահէն առաջ բացայայտելով «աւետիս»-ը: Նման վարմունք սովորական է եւ այլապէս ապացոյց է, որ ՔՊ-ականները… կը հետեւին Բաքւի ցուցմունքներուն:

 

«ՆԱՀԱՆՋ ԱՌԱՆՑ ԵՐԳԻ»

Ինչ որ բացայայտւեցաւ խոստացեալ համաձայնագիրին մասին, աղաղակող յիշեցում մըն է Շահան Շահնուրի նշանաւոր «Նահանջը առանց երգի» վէպին, այն տարբերութեամբ, որ հոս նահանջը քաղաքական է, ռազմական-ռազմավարական, հողային եւ… էութենական: Պարզ բառերով – ու եթէ այս ճշմարտութիւնը չհասկցող-չտեսնողներ կան տակաւին -, փորձենք քանի մը կէտ առանձնացնել եւ ցոյց տալ, թէ այս իշխանութիւնը նոյնինքն Հայաստանի եւ մեր ազգի նշաձողը որքա՛ն վար կը բերէ, պատրաստ է կտոր-կտոր ընելու նշաձողի որեւէ մնացորդ, այսինքն, իր ձեռքով իրագործել թուրք-ազերիական դարաւոր ծրագիրին նորագոյն փուլը: Իրաւունք ունի՞նք հարց տալու. «Այսօր ո՜վ կը յիշէ Արցախն ու անոր հայկական պատկանելիութիւնը, անվիճելի եւ ճանաչում շահած իրաւունքները»:

  1. Համաձայնութեան հասնելու համար, Հայաստան ընդունած է վերատեսութեան ենթարկել Սահմանադրութիւնը: Երեւանի իշխանաւորները կը փորձեն մեր ժողովուրդը համոզել, որ սա ազերիական պահանջ չէ, այլ իրենք առաջին օրէն ալ Սահմանադրութեան բարեփոխման ծրագիր ունէին (ժողովուրդը ապուշի տեղ դրած են, կը կարծեն, որ մարդիկ չեն գիտեր ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւններուն տարբերութիւնը: Բնականաբար կը վստահին տակաւին իրենց հաւատացող բթացեալ ուղեղներուն): Հիմա այս սուտին ու կեղծիքին վրայէն շղարշ մը եւս կը վերցւի, երբ վարչապետ կոչեցեալը կը հաստատէ, որ առաջադրւած Սահմանադրութիւնը պէտք է ընդունելի ըլլայ ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ժողովուրդներուն կողմէ, այլ նաեւ զայն պէտք է դիտել ամբողջ տարածքաշրջանի խաղաղութեան ակնոցով: Իսկ ի՞նչ պէտք է հասկնալ «տարածքային»-ով՝ շատ յստակ է. անոր վրայ իր կնիքը պէտք է դնէ նաեւ… Թուրքիա: Այլապէս, եկէ՛ք, պահ մը ապուշ ձեւանանք եւ հարց տանք. տարածքաշրջանի այդ ո՞ր երկիրն է, որ հետաքրքրւած է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ: Վրաստա՞նը, Իրա՞նը, Կասպից ծովու արեւելքը ինկող երկիրնե՞ր, Ռուսիա՞ն, միջին արեւելեան երկիրնե՞ր, թէ՞ Յունաստանն ու Կիպրոսը…: Պատասխա՞նը: Միայն Թուրքիան եւ Ադրբեջանն են շահագրգռւած Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ, որովհետեւ հոն, վերանկախացող Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադիրները, հայրենասէր փաղանգ մը ամբողջ, քաղաքական գիտակցութիւնն ու հեռատեսութիւն ունեցած էր նշում կատարելու հայութեան արդար պահանջատիրութեան, Արցախի հետ վերամիաւորւելու հեռանկարին: Այս երկու կէտերուն մէջ է թաղւած «շան գլուխը», եւ ահա՛, այդ քաղաքական առաջադրանքէն հրաժարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով՝ Երեւանի դրածոյ իշխանութիւնները նոր նահանջի կամքով, եւ դէպի Հայաստանի ու մեր Դատին վախճանը «աւետող» յանձնառութեամբ կը վազեն դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր:

Անկարողութեան, ձեռնածալ մնալու եւ, աւելի՛ն՝ թշնամիին գործակատարը մնալու ընթացքին նորագոյն վկայութիւնն ալ՝ վարչապետին այն հաստատումն էր, որ առաջադրւածը լաւագոյնն ու բաղձալին չէ, սակայն կարելի միակ ձեւն է, պէտք է քալել փոխզիջումներու ճամբով: Սա բնական շարունակութիւնն է այն «կամք»-ին ու «քաղաքական վարքագիծ»-ին, ըստ որուն, եթէ նոր զիջումներ չընենք (մի հարցնէք մինչեւ ո՛ւր), պատերազմ պիտի ըլլայ, իսկ մենք խաղաղասէր ենք ի գին… հայրենիքի կորուստին: Իսկ եթէ մէկը համարձակի հարց տալ, թէ արդեօք ազերիական կողմը ի՞նչ զիջում պիտի ընէ, պատասխանը հաւանաբար ըլլայ այն ոգիով, որ «Սեւ լիճի մէկ մասին պահպանման համար կռիւ պիտի չընենք»…

  1. Նոր նահանջի եւ միակողմանի զիջումի երկրորդ փաստը այն է, որ Հայաստան կը խոստանայ միջազգային ատեաններէն յետս կոչել Ադրբեջանի դէմ իր հայցերը, Ադրբեջանն ալ կը խոստանայ նոյնը ընել: Նախ յիշեցնենք. Ադրբեջան միայն ու միայն շինծու եւ անհիմն մեղադրանքներով Հայաստանի դէմ միջազգային ատեաններ դիմած է, եւ ահա, Հայաստան կամովին եւ պաշտօնական գիրով պիտի ընդունի իյնալ թակարդին մէջ, մեր արդար եւ անվիճելի պահանջներէն պատրաստ է հրաժարելու (երկարականջ չորքոտանիին՝ նոյն փոսը երկու անգամ չիյնալու առածը ծանօթ է): Ադրբեջան կորսնցնելիք չունի, կը սակարկէ մեր իրաւունքներուն հաշւոյն, իսկ հայկական կողմը կորսնցնելիքներու ամբողջ նոր ցանկ մը ունի: Այլ խօսքով, Երեւանի իշխանաւորները կըսեն մեր ժողովուրդին (պարզ բառերով՝ դարձեալ կը մոլորեցնեն ու կը խաբեն), թէ պէտք է մոռնանք Արցախն ու Նախիջեւանը, ազերիական բոլոր ոճիրները, գրաւումէն առաջ կատարւած լայնածիր յարձակումներն ու քանդումները, պաշարումն ու վերջնական հայաթափումը, աւելի քան 150 հազար գաղթականներու դատը, մոռնալ մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումը (շարունակե՞նք):

Հիմա չի խօսւիր, սակայն կայ թակարդին երկրորդ բաժինը՝ «բուն յաւելւած»-ը: Վաղը, Թուրքիա եւս Հայաստանէն պիտի պահանջէ (արդէ՛ն կը պահանջէ) մոռնալ իրմէ մեր արդար պահանջները՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու Արարատը, Կիլիկիան եւ Ցեղասպանութեան փոխհատուցումը, ջնջել պատմութիւն եւ յիշողութիւն: Եւ ահա թէ ի՛նչ ըսել կուզէ Փաշինեան, երբ կը յոխորտայ, թէ նոր Սահմանադրութիւնը տարածքաշրջանի համար կարեւոր է: Թուրքին ըսածները՝ հայանուններու բերնով…

Յաջորդ կէտին անցնելէ առաջ, արձանագրենք, որ նահանջի, պարտութեան եւ անձնատւութեան պատրաստակամութիւնը կը հռչակւի այն պահուն, երբ Եւրոպայի խորհրդարանը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Ադրբեջանը դատապարտող բանաձեւ կընդունի՝ հայ պատանդներու եւ քաղաքական անձնաւորութեանց շինծու դատավարութեան առիթով, իսկ արցախցիք ցոյց կընեն Երեւանի զուիցերիական դեսպանատան առջեւ, անոր խորհրդարանին հայանպաստ կեցւացքը ողջունելով եւ նոր ակնկալութեանց հրապարակումով (Ուկրաինոյ շուրջ սակարկութիւնները շատ հեռու բանե՞ր են, մեզի հետ աղերս չունի՞ն աւանդական դաշնակիցներու միջեւ բացայայտւած թշնամանքներն ու հակադրութիւնները…): Եւ յանկարծ ի յայտ կու գայ, որ եւրոպական այս բեմին մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչը վերջերս հրաժարական տւած է, որովհետեւ Երեւան բացայայտ դարձուցած է իր պարտւողական տրամադրութիւնը: Իսկ ամենէն «ազգընտիրապաշտ»-ը իսկ տակաւին կասկած ունի՞, որ ազերիական պահանջնրուն ներշնչարանը Թուրքիան է: Վաղը ո՞ր հայը իրաւունք ունի զարմանալու եւ զայրանալու, եթէ եւրոպացիք կամ ուրիշներ մեր երեսին տան. «Իջէ՛ք մեր կռնակէն: Ձեր իշխանութիւնը պատրաստ է հրաժարելու ձեր բոլոր միջազգային դատական պահանջներէն, մենք ձեզի հետ (խօսքով) քալած ենք հազար մղոն…»:

  1. Համաձայնութեան կէտերէն մէկն ալ՝ Ադրբեջանի հետ Հայաստանի սահմանէն «երրորդ երկիրներու ուժերու հեռացման» պահանջին ընթացք տալն է: Հոս ալ աղաղակող է ակնարկութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի ռուսական ուժերուն (որոնք արդէն հեռացած են օդակայանէն եւ սահմանային այլ գօտիներէ): Եկէ՛ք, յիշենք այն խօսքը, թէ «Աղւէսէն փաստ ուզեր են, պոչը վկայ կանչեր է»: Պոչի դերը ստանձնած է «հանճարե՜ղ» Արարատ Միրզոյեան, որ (յայտնապէս մոռցած՝ քանի մը օր առաջ Ադրբեջանի հասցէին իր արձակած ճի՛շտ մեղադրանքները) կը բացատրէ, թէ երրորդ ուժի բացառումը վերջ պիտի տայ միջազգային բանավէճերու…: Փաստօրէն, Եւրոպացի «զբօսաշրջիկ» դէտերը չեն կրնար «երրորդ կողմի ուժ» դասւիլ, որովհետեւ ՈՒԺ չեն, ռազմաքաղաքական կշիռ չունին, իսկ սահմաններուն վրայ ո՛չ վրացական, ո՛չ իրանեան, ո՛չ ալ որեւէ այլ երկրի ուժ կայ: Թաքուն «յաւելւած» մը կը թխսւի անկասկած: Վաղը, Թուրքիա կրնայ պահանջել նա՛եւ իր սահմաններէն ռուսական ուժերու հեռացումը, որպէսզի Մարգարայի եւ այլ անցքեր բացւին, թուրքական «խաղաղ» տիրապետութիւնը տարածւի անպաշտպան մնացող Հայաստանի վրայ: Իշխանաւորները այս ուղղութեամբ ալ (ուղեղալւացքի) նախապատրաստական քայլեր ծրագրած են եւ կը ճգնին համոզել ժողովուրդը, Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանին առաջարկելով քանի մը ճանբայ օգտագործել՝ Հայաստանի վրայով իրարու կապւելու համար: Արեւմուտքը կրնայ բացասական իրականութիւններու մասին վաղն ալ հազար ու մէկ «խօսքի ապուր» հրամցնել Հայաստանի եւ հայութեան, բայց «բանը բանէ անցած» պիտի ըլլայ, շնորհիւ… «ազգընտի՜ր» վարչապետին հայրենադաւ եւ կորստաբեր «քաղաքականութեան»: Իսկ հայուն համար արդեօք ընտրա՞նք է այն, որ կարելի է ապրիլ թուրք-ազերիական տիրապետութեան տակ:

Արցախը բաւարար փաստ չէ՞…

  1. Արդէն կը հասնինք չորրորդ վտանգաւոր կէտին: Լրագրողները Հինգշաբթի օր Փաշինեանի բերնէն աքցանով քաշեցին խոստովանութիւն մը, թէ՝ ազերիներուն անցքի ճամբայ «տալու եմ…»: Լեզուն ոսկոր չունի, կըսէ առածը, վաղը ՔՊ-ապետը կրնայ հազար ու մէկ լարախաղացութեան դիմել՝ մարդիկ համոզելու, թէ իր միտքին մէջ եղածը չի համապատասխաներ ազերիական կողմի պատկերացումին, բայց… իրական գետնի վրայ թուրք-ազերիական ծրագիրները նոր իրականացում պիտի գտնեն, ինչպէս պատահեցաւ… սահմանազատում-սահմանագծում կոչւած խեղկատակութեան առիթով, այսինքն՝ հայկական կողմը եղաւ միակողմանի զիջողը, ոչինչ ստացողը: Ու հիմա արդէն կը խօսին սահմանազատման միւս գօտիներուն մասին, մինչ ազերիները Սիւնիքը, ինչո՞ւ չէ նաեւ ամբողջ Հայաստանը կը հռչակեն «Արեւմտեան Ադրբեջան»:

 

ՆԱՀԱՆՋԻ ԱՅԼ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին նորագոյն հրապարակումները կարծէք թէ պահ մը լուսանցքը նետած են ազերիական այլ պահանջներ, որոնք սակայն չեն մոռցւած, եւ կասկած չկայ, որ նման հարցեր ալ քննարկման սեղանի վրայ դրւած էին երկու օր առաջ, Ալիեւ-Էրդողան հանդիպումին առիթով:

Առաջնայինը, բնականաբար, «Զանգեզուրի անցք»-ի ծրագիրն է: Հոգ չէ թէ թրքական կողմը եւ Փաշինեան ու խմբակ տարբեր բառեր կը գործածեն նոյն բանը ըսելու համար, սակայն էութիւնը այն է, որ Հայաստան վաղը կրնայ լայն զիջում ընել նաեւ Սիւնիքէն, մինչեւ իսկ յայտարարել, որ սաինչ-նաինչ քարտէսին հիմամբ՝ Սիւնիքը Ադրբեջանին պատկանած է: Ալիեւ պատրաստ է շինծու քարտէզներ տրամադրելու Փաշինեանի եւ խմբակին (նախընթացները տեսանք, ականջալուր եղանք անկապ Ալմա Աթային), հետեւելով այն «տրամաբանութեան», որ ի գործ դրւեցաւ Արցախի համար, եւ օր մըն ալ, «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ» բացագանչող «ազգընտիր»-ը պաշտօնապէս յայտարարեց – եւ թուղթ ալ ստորագրեց – թէ Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի: Հոն ալ փորձեց սուտերով ու յերիւրանքներով մոլորեցնել ազգը, թէ՝ «նախկինները շատոնց յանձնած էին Արցախը», ու զինք տակաւին «ազգընտիր» դաւանող երկրպագուները իրենք իրենց հարց չեն տար, որ նման «բացայայտում» ինչո՞ւ չէր ըրած «Արցախը Հայաստան է» յայտարարելու օրերուն: (Միտքերու բթացումը տեսէ՜ք թէ ո՛ւր հասած է):

Կայ նաեւ այլ «Դամոկլեան սուր» մը: Ալիեւ կրկին ու կրկին կը պնդէ, որ Հայաստանէն հեռացւած 300 հազար ազերիներ պէտք է վերադառնան եւ հատուցում ստանան (սա մէկ «պոչիկն» է, հայութեան կողմէ 30 տարի Արցախի (իբրեւ թէ) «շահագործման» դիմաց՝ անոր պահանջած հսկայական գումարներուն):

ՔՊ-ականներ կը շարունակեն փչել, թէ Բաքւի մէջ դատւողներուն համար ինչե՜ր կ’ընեն (մոռնալով որ իրենք իսկ կըսեն, թէ չեն ուզեր առնել քայլեր, որոնք ազերիական կողմին վրդովմունք պիտի պատճառէ, ու այսպէսով անուղղակիօրէն կը փորձեն արդարացնել իրենց բան չընելը): Իրական գետնի վրայ իրարու յաջորդող դէպքերը յաւելեալ լուսաբանութեան չեն կարօտիր:

 

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ…

2020-էն ասդին արձանագրւած կորուստներուն (մարդկային, հողային, քաղաքական եւ այլ) ցանկը կանգնած է «ուռճացման» նախօրեակին, անյետաձգելի հրամայական դարձնելով այս «քայլարշաւ»-ին դադարեցումը եւ դէպքերուն նոր ընթացք տալը, բարեշրջման ճամբուն բացումը: Անխուսափելի կը դառնայ (դարձեալ) այն հարցումը, թէ հայրենքիքի փրկութեան յանձնառուները ի՞նչ կը սպասեն, ամբողջ ազգը որքա՞ն նահանջ եւ կորուստ կը սպասէ…

Իսկապէս, ի՞նչ կը պատահի ներքին քաղաքական բեմին վրայ (այս նշումով, ըսել չենք ուզեր, որ շրջանային եւ միջազգային «յեղաշրջումները» անտեսելի են կամ մեզ չեն շահագրգռեր, կամ՝ ներքին իրադարձութիւնները արհամարհելի են): Մէկ կողմէ՝ հրապարակը բեռնաւորւած է Գիւմրիի ընտրութիւններու օրակարգով, աւելի ուժեղ կը հնչեն յառաջիկայ տարի նախատեսւած ընտրութիւններուն կամ «կանխահասի ընտրանք»-ին թմբուկները, առանց մոռնալու զանգւածին տնտեսական-ընկերային վիճակը ծանրացնող «նախաձեռնութիւնները», ինչպէս՝ փոխադրամիջոցներու սակերը, ճամբաներու վրայ առեւտուր ընողներուն ստացւածքին բռնագրաւումը (դուք ըսէք պաշտօնական կողոպուտներ), արտադրողական նահանջը եւ այլն: Այս բոլորը կը թագադրւին ընդդիմադիր շրջանակներու մէջ որոշ պառակտում մատնող աւելորդաբանութիւններով՝ «Փաշինեանը ո՞վ իշխանութեան բերաւ»ի «Բիւզանդական վէճ»-ով: Բայց նման հարց արծարծողները չե՞ն գիտեր, փաստերու հսկայ կոյտ մը չունի՞ն, թէ ո՛վ իշխանութեան բերած է ՔՊ-ախումբը, չէ՞ ապացուցւած, որ անիկա ՅՍՏԱԿ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ բերւած է իշխանութեան ղեկին, որպէսզի… Արցախը նւիրէ Ադրբեջանին, քայլ առ քայլ լուծարքի մատնէ նա՛եւ Հայաստանը, եւ ահա՛, խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելու համար բացայայտւած զիջումները նոր եւ աղաղակող փաստեր կը տարածեն ազգի աչքերուն դիմաց:

Մոռցա՞ծ են, որ երբ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, իշխանափոխութեան պահանջը համակած էր բոլորը, մինչեւ իսկ բանակն ու ուժայիններ, Թուրքիա՛ն էր որ առանց բառերը ծամծմելու հրապարակ եկաւ իր կամակատարները պաշտպանելու յոխորտանքով:

Առաջադրւած-քարոզւած համաձայնագիրը նոր գամեր պիտի գամէ Հայաստանի (պատրաստւող) դագաղին: Պէտք է անյապաղ վերջ տալ կողմնակի եւ ամլացնող ամէ՛ն տեսակի «Բիւզանդական վէճ»-ի, քաղաքական հասունութիւն ցուցաբերել եւ մասնակի տարակարծութիւնները ստորադասել, ձեռքերը միացնել ի խնդիր հայրենիքին ու պետութեան, նա՛եւ Սփիւռի փրկութեան: Քաղաքական տարբեր հայեցակէտերը յարգելի են, սակայն հայրենիքին ուղղւած սպառնալիքները որեւէ կողմ բացառութիւն չի նկատեր: Հրամայական է, ինչպէս վերջին հինգ տարիներուն՝ այս առաջադրանքը մարմնաւորող ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ մը շուրջ ձեռքերու միացումը, անցնիլ հինէն եկող՝ անհատներու որոնման «աւանդութենէն» քանի մը քայլ անդին:

Հայաստանի փրկութիւնը եւ Արցախին վերատիրացումը չեն պայմանաւորւած որեւէ ընտրութեամբ, այս կամ այն քաղաքական անձնաւորութեամբ, որքա՛ն ալ յարգելի ու վաստակաւոր ըլլայ ան, այլ կայ մէկ ընտրանք՝ իշխանութեան բերել հայրենապաշտպան եւ կարող խմբակ մը, ներառելով բոլոր մարզերու մասնագէտներ եւ փորձառու նւիրեալներ, եւ նոյնքան կարեւորը՝ բոլոր ձեռքերով միանալ անոր բանալիք փրկարար ուղիին: Այլապէս, ամենէն ճիշտ ախտաճանաչումներն ու բանիմաց մեկնաբանութիւններն ալ դարման ու փրկութիւն չեն խոստանար: ԳՈ՛ՐԾ, ԳՈ՛ՐԾ ԵՒ ԳՈ՛ՐԾ:

Related Articles

Back to top button