Նահանջի նոր ազդանշան մը Ապու Տապիի մէջ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Լիսբոնի սխրալի գործողութեան տարեդարձէն աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, 10 յուլիսը Հայաստանին ու հայութեան բերաւ սխրալի… նահանջի նոր ազդանշան մը, երբ Հայաստանի «ծանր հրետանին» Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ադրբեջանի ծանր հրետանիին հետ: Քանի մը շաբաթ առաջ, Թուրքիոյ մէջ Էրդողանի հիւրընկալութիւնը վայելած եւ անոր նորագոյն յանձնարարականները գրպանելով Հայաստան վերադարձած ուսապարկապետը, Ապու Տապի գացեր էր, յստակ ցուցակ մը ունենալով գրպանը. Էրդողան ըսած էր, որ Հայաստանի հետ որեւէ համաձայնութեան հասնելու համար, Երեւան պէտք է ընթացք տայ Ադրբեջանի ԲՈԼՈՐ պահանջներուն, իսկ Բաքու վերջին օրերուն քանիցս յիշեցուցած էր իր պահանջներու ցանկը (պէտք չենք զգար այստեղ կրկնելու զայն): Միացեալ Նահանգներէն ալ հրահանգ-ազդանշան մը եկած էր, թէ՝ Հայաստան-Ադրբեջան համաձայնութիւնը մօտալուտ է:
Չենք ուզէր կանգ առնել «մանրուքներու» վրայ, ինչպէս՝ այս հանդիպումին մասին պաշտօնական Երեւանի սկզբնական լռութիւնը, յետոյ այն շշուկները՝ թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յուլիսի վերջերուն, բայց ահա՛ փութկոտութեան տենդ մը: Սակայն, կրկնենք, կանգ չառնենք նման մանրուքներու վրայ, որովհետեւ բուն եւ ցաւցնող հարցերը շատ աւելի մեծ են ու կարեւոր:
Ազերիական պայմանները անփոփոխ Էրդողան-Փաշինեան հանդիպումին մանրամասնութիւնները շուտով ի յայտ եկան ծալք առ ծալք, նոյնը՝ Ապու Տապիի հանդիպում օրերուն ու վաղը՝ միւս օր: 5 ժամ տեւած եւ քանի մը նիստերով բեմադրւած հանդիպումէն ետք, միայն ընդհանրական տեղեկութիւններ հրապարակւեցան, ուրեմն, անգամ մը եւս կարդարանայ օտարներու այն խօսքը, թէ «սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է»:
Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, այլ կը բաւէ վերաքաղը ընել ազերիական նախապայմաններուն, որպէսզի գիտնանք, թէ Երեւանի իշխանաւորները, այդ ալ պատկառելի՜ պատւիրակութեամբ մը, ինչե՜ր խոստացած կրնան ըլլալ, իսկ աղաղակող նախանշանները կը խճողեն լրատւական աշխարհը:
Ոչ ամբողջական ցանկը կընդգրկէ հետեւեալ կէտերը.
- Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն,
- Անցքերու բացում (ուշադի՜ր, հիմա արդէն ԱՆՑՔԵՐու հարց է)
- «Ազերիապատկան» հողամասերու յանձնում,
- Ադրբեջանի (իմանալ նաեւ՝ Թուրքիոյ) դէմ միջազգային ատեաններու ներկայացւած բողոքներու յետս կոչում,
- Եւրոպացի դէտերու հեռացում (կը նշանակէ՝ խումբ մը… զբօսաշրջիկներու կորուստ),
- Հարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան «վերադարձ» եւ այլն:
Աղաղակող նախանշաններ
Որո՞նք են այն փաստերը, նախանշանները, թէ Երեւանի իշխանականները համաձայն գտնւած են նոր զիջումներու եւ ազերիական ԲՈԼՈՐ պայմանները ընդունելու: Եւ ասոնք չեն տեսներ միայն բթացեալ կոյրերը: Ցանկագրենք մէկ քանին.
- Փոխ արտաքին գործոց նախարար Մ. Սաֆարեան, յայտնեց, որ Հայաստան սկզբունքով տրամադիր է օտար ընկերութեան մը վստահելու Հայաստանի հարաւէն բացւելիք «անցքին» հսկողութիւնը: Քանի մը օր առաջ, ամերիկեան աղբիւրներ հրապարակած էին այս «աւետիսը»: Հիմա, ՔՊ-ականներ նման քայլի մէջ ո՛չ գերիշխանութեան խախտում, ոչ ալ արտաքին միջամտութիւն կը տեսնեն: Իսկ եթէ յիշենք որ Պոլիս այցելութեան օրը, Փաշինեան յայտարարեց, որ վնաս չի տեսեր, եթէ թուրքերն ու ազերիները ազատօրէն երթան-գան, արդէն հորիզոնին վրայ կը փայլին «անցքերու հսկողութեան ծրագիր»-ին Թուրքիոյ (կը նշանակէ նաեւ Ադրբեջանի) մասնակցութեան, ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱ՛Ն աստղերը (հետեւանքներուն մասին խօսիլը կրկնութիւն պիտի ըլլայ): Չէ՞ որ Էրդողան՝ ի՛նք, յայտարարեց, որ անցքերու հարցին մէջ հայկական կողմը «աւելի ճկուն դարձած է…»: Որեւէ մէկը Փաշինեանի հարց տւա՞ծ է, թէ «թող երթան-գան»-ին դիմաց, Հայաստան ու ընդհանրապէս հայերը երթեւեկի ի՞նչ հեռանկար կրնան տեսնել, եւ խօսքը չի վերաբերիր ափ մը փերեզակ-չէրչիներու, որոնք կրնան սահմանին վրայ կրպակներ սարքել եւ երթեւեկողներէն փշրանքներ «շահիլ», ի գին մեր մատնանշած ու բազում այլ կորուստներու: Արցախէն կամ Բաքւէն ու ազերիական այլ քաղաքներէ բռնի հեռացւած քանի՞ հայու սրտին կը խօսի «ազատօրէն երթալ-գալու» պատրանքը:
- Ազերիներու կողմէ իբրեւ «ռեւանշիստ» հռչակւած թիրախներու դէմ արշաւները (աւելի կը մանրամասնենք քիչ անդին),
- 300 հազար ազերիներու Հայաստան բնակեցումը (մեր ի՜նչ հոգը, թէ Իսրայէլ կաշխատի Կազայի բնիկ պաղեստինցիները հեռացնել իրենց հողերէն, Նեթանիահուն ալ Վաշինգտոնի մէջ հրապարակ նետեր է Գազայի մէկ փոքր տարածքին մէջ վրանաբնակ դարձնել, պաղեստինցիները, այսինք՝ իրենց հողին վրայ գաղթականի վիճակ «նւիրել» անոնց):
- Հայերու կողմէ Արցախի «բռնագրաւման» հետեւանքով վնասներու դիմաց, 100-150 միլիարդ դոլարի հատուցում,
- Հայաստանի ինքնապաշտպանական կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ մշակութային ու պատմական անցեալի փոշիացման ամբողջականացում (ազերիները այդ «առաքելութիւնը» պետական յստակ ծրագիրներով կիրականացնեն),
- Սահմանազատման քայլերու շարունակում, իսկ մենք գիտե՛նք, որ առաջին քայլերը եղան ի շահ ազերիական կողմին, ու ՔՊ-ականները քարոզեցին. «Տեսէ՛ք, ի՜նչ լաւ է որ ազերիները հիմա մեր պատին ետին են», ու աւելցուցին, որ Տիգրանաշէնն ու «ազերիապատկան այլ կղզեակներ տալու ենք», առանց բան մը ստանալու, իրաւունք վերականգնելու եւ այլն:
«Ռեւանշիստներ»-ուն դէմ արշաւի սաստկացում
Եկեղեցւոյ ու բարերարի մը դէմ ծանօթ արշաւները ծալք-ծալք հրապարակ եկան իբրեւ «արդիւնք»՝ Փաշինեան-Էրդողան յիշեալ հանդիպումին (նախընթացները չենք անտեսեր): Ալիեւենց հետ ՔՊ-ապետին եւ «հրացանակիրներուն» հանդիպումէն առաջ իսկ, նոր «պտուղներ» հրապարակ եկան (ամառ է, պտուղները արագ կը հասուննան…):
Նախօրեակին, հալածանքի ու զրպարտութիւններու արշաւը նոր թափ ստացաւ նախ՝ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներու դէմ (անձեռնմխելութեան ջնջում եւ անհիմն մեղադրանքներ), իբրեւ յաւելում՝ Ս. Կարապետեանի եւ երկու եպիսկոպոսներու ձերբակալման, Էջմիածինի դարպասներէն ներս թափանցումի ձախողած փորձին: Ապա, նոյնինքն հանդիպումին օրը, արշաւը սաստկացաւ եւ թիրախ ընտրեց դաշնակցականներ ու համակիրներ: Բնակարաններ խուզարկւեցան եւ (իբրեւ թէ) գրաււեցան զէնք-զինամթերք ու «պետական հարւածի պատրաստութեան փաստ» ցուցահանող… շապիկներ, որոնց վրայ արձանագրւած են դարաւոր խօսք մը՝ «մահ կամ ազատութիւն»: Գրաււած զէնքերը նկարւեցան եւ հասան մինչեւ իսկ Սփիւռք, եւ ծանծաղամիտ, բթացեալ հաւատացողներ գտնւեցան քիչ մը ամէն տեղ: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ գրաււած զէնքերն ու ռումբերը… խաղալիք են: Յիշեցում կատարւեցաւ, որ անցեալ շաբաթ ալ, նոյն մեղադրանքներով գրաււած զէնքերը մեծ մասամբ որսի հրացաններ էին, կամ ալ պաշտօնական արտօնագիրով զէնքեր: Վաղը, դատարանի մէջ այս մեղադրանքներն ու վերագրումները կրնան սխալ փաստւիլ, սակայն տեսէ՛ք, թէ քարոզչութիւնը ինչպէ՜ս կը բանի, սուտը ինչպէ՛ս վար կը հրւի ժողովուրդին կոկորդէն, ու «ազգընտիրին մազին մի հպիք»-ը համազօր կը դառնայ ազգուրացութեան: Կը ստեղծւի վիճակ, ուր կարելի չէ չյիշել ժողովրդային առածը. «Խենթը քար մը գլորեց…», կամ օտարներու մէկ խօսքը. «Սուտ մը նետէ եւ կառչած մնայ անոր, հաւատացողներ կը գտնես»:
Մինչեւ իսկ ՔՊ-ական ուսապարկ մը՝ Մարդու իրաւունքներու պատասխանատուն՝ Ա. Մանասեան յայտարարութիւն տարածեց, որ տարրական սկզբունքներ կը խախտին, անմեղութեան կանխավարկածը կանտեսւի (իսկ եղածներուն մէջ մեղքի նշոյլ մը տեսնող կա՞յ: Եթէ կայ, հրաշքի համազօր է, որովհետեւ… կոյրերը կը սկսին տեսնել): Փաշինեան կրնայ շուտով հեռաձայնին պատգամ մը յղել Մանասեանի, թէ պաշտօնազրկած է:
Բանիմաց ու բանականութեան տէր մարդիկ, եւ ո՛չ միայն դաշնակցականներ միաձայնութեամբ նշեցին, որ այս «տեսարանները» կը սարքւին, որպէսզի Փաշինեան յոյս ունենայ, որ «Ալիեւի աչքը (…) պիտի մտնէ»:
Մտավախութիւններ
Այս ու նման իրադարձութիւններուն դիմաց, մեկնաբանութիւններու սակարանը դարձեալ աշխուժացած է, իսկ մտավախութիւնները նոր գագաթներ կը նւաճեն:
Ճի՛շտ է, որ հալածանքի եւ զրպարտութիւններու նորագոյն թիրախը Դաշնակցութիւնն է, սակայն մանուկ պէտք է ըլլալ, չտեսնելու՝ որ Դաշնակցութիւնը միայն մէկն է ՔՊ-ականներու եւ անոնց ետին կանգնողներու թիրախներէն: Թիրախ են բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի ու հայութեան, ներառեալ Արցախի իրաւունքներն ու պահանջները կը պաշտպանեն, կը յիշեցնեն: Եթէ մարդուկին ձեռքը հասնի, հաւանաբար հալածանքի կենթարկէ այն զւիցերիացիներն ու ամերիկացիները, ֆրանսացիներն ու բոլոր-բոլոր անոնք, որոնք կը խօսին Արցախի իրաւունքներուն, Բաքւի մէջ կեղծ դատավարութեան ենթարկւողներուն մասին: Կաթողիկոսին, ու անոր ճամբով՝ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը չսկսա՞ւ այն պատճառով, որ Կաթողիկոսը Արցախի հարցերը բարձրաձայնեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բեմէն: Եթէ անոր ուխտադրուժ ըլլալ-չըլլալուն «հինցած դրամագլուխը» չըլլար, այլ մեղադրանք մը պիտի փակցնէին, մի՛շտ «սուտ մը գլորէ…»ի տրամաբանութեամբ: Կաթողիկոսին այդ քայլը զայրացուց Էրդողանն ու Ալիեւը, որոնց չյայտարարւած հրահանգը գործնական քայլերով թարգմանւեցաւ ՔՊ-ականներուն կողմէ…
Եւ հիմա, մտավախութիւնները կը խորանան: Հաւանական կը նկատւի, որ ՔՊ-ականները ժպրհին Էջմիածինի վրայ ուղղակի յարձակման անցնիլ՝ Կաթողիկոսն ալ ձերբակալելու նպատակով: Փաշինեան առանց բառերը ծամծմելու յայտարարած է, որ անձամբ պիտի ղեկավարէ Էջմիածինի «ազատագրման» շարժումը: Հոս արդէն կը տեսնւի ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄի նախանշան մը, որովհետեւ, ինչպէս տեսանք, ժողովուրդը, հակառակ իշխանաւորներու արգելակումներուն, կարճ ժամանակի մէջ հաւաքւեցաւ՝ ԵԿԵՂԵՑԻն պաշտպանելու համար. ժողովուրդն ալ կը տեսնէ, որ տագնապը կաթողիկոսին կամ քանի մը կրօնական առաջնորդի ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ հարցերը չեն, այլ մեր էութիւնը մարմնաւորող հաստատութիւն մը՝ Եկեղեցին է թիրախը, քանզի… համարձակեր է ազգային շահեր եւ իրաւունքներ պաշտպանելու: Իսկ Փաշինեանի ու «հրացանակիրներուն» կողքին, ո՞վ է Եկեղեցւոյ հակառակորդը, եթէ ոչ՝ Թուրքիան, Ադրբեջանն ու անոր կրօնական առաջնորդը:
Մտավախութիւնները կը խորանան նաեւ այն իմաստով, որ ՔՊ-ականները կրնան, բացայայտ սուտերու եւ զրպարտութիւններու մեկնակէտով (սուտերուն առաջին հաւատացողը… իրենք են), շուտով Դաշնակցութիւնը յայտարարել արգիլեալ կուսակցութիւն (ասոր ալ նախընթացը տեսած ենք վերանկախացած Հայաստանի մէջ): Ինչո՞ւ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնն ալ մէկն է անոնցմէ – Ո՛Չ ՄԻԱԿԸ -, որոնք հարենիք ու ազգ կը պաշտպանեն, կը բարձրաձայնեն այս իշխանաւորներուն՝ թշնամիին դրածոյի հանգամանքը, թշնամիին կամակատարը ըլլալը: Դաշնակցութեան եւ նմաններու դէմ հալածանքները ունին նաեւ ընտրական մտասեւեռումներ, սակայն բացայայտ է, որ այս բոլորը մեր հայրենիքին մէջ կարթնցնեն դառն յիշատակներ. Ստալինն ու անոր կամակատարներուն հալածանքները, անցեալ դարու 30-ականներուն, իսկ անկէ առաջ, նոր խորհրդայնացած Հայաստանին մէջ, նմանապէս Դաշնակցութեան դէմ ուղղակի հալածանքները, որոնք երկիրը հասցուցին 18 փետրւարի 1921-ի արդար ընդվզումին ու հետեւած՝ քաղաքացիական «մանր պատերազմ»-ին: Դէպքերու յաջորդականութեան հետեւողներ հիմա, ձեռքերը սրտին դրած, կը յիշեցնեն, որ Փաշինեան ու նմաններ ո՛չ միայն 2008-ին համարձակած են ներքին բախումներ հրահրել, իսկ հիմա, երբ «կանաչ լոյս» ստացած են Թուրքիայէն ու Ադրբեջանէն…:
Որքա՛ն ալ բիրտ ըլլան իշխանաւորներու մենատիրական եւ բռնատիրական քայլերը, որքա՛ն ալ որ անոնք յառաջ վազեն թշնամիին ու անոր շահակիցներուն հաշիւներուն ճամբուն վրայ, մեր ժողովուրդը ինքն իրեն իրաւունք չէ տւած ստրկութեան լուծը ընդմիշտ կրելու, ստրկութիւն՝ այսպէս կոչւած՝ սեփական իշխանութեան լուծին: «Խենթերն են գտնում հնար»-ը մեզի համար բանաձեււած ու փաստւած իրականութիւն է, ու պէտք է շուտով պոչատ դարձնել սուտն ու ստախօսը, իսկ ամէն բանէ աւելի՝ թոյլ չտալ, որ երկիրը իյնայ թշնամիին ու գործակատարներուն ցանկացած՝ քաղաքացիական բախումներուն մէջ:
10 յուլիս 2025