Դաշնակցական Բեմ

Հռչակագիրն ու Սահմանադրութիւնը հիմ իսկական անկախութեան վերականգնումին

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին

Ազատ շընչէր Հայաստան,

Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին

Փայլէին արտ-անդաստան։

ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ

 

Ամէն տարի, երբ կը դիմաւորենք 21 Սեպտեմբերի տօնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերահաստատման յիշատակի օրը, հայ քաղաքական միտքի ու ժողովուրդի հորիզոններուն վրայ անխուսափելի զուգորդում կը ստեղծւի նախընթաց քանի մը պատմական իրադարձութիւններու հետ: Առաջինը՝ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հռչակումն (ու ճանաչումն) էր, 28 Մայիս 1918-ին, երկրորդը՝ տակաւին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին (այսինքն՝ ժողովուրդը ներկայացնող բարձրագոյն հեղինակութեան) կողմէ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐին որդեգրումը, 23 օգոստոսի 1990-ին, երրորդը՝ Արցախի Գերագոյն խորհուրդին (որուն կողքին էին Շահումեանի ենթաշրջանի ներկայացուցիչները) կողմէ՝ Արցախի Անկախութեան հռչակագիրը, 2 Սեպտեմբեր 1991-ին, իսկ չորրորդը՝ նոյնինքն Հայաստանի անկախութեան հռչակումը, 21 Սեպտեմբեր 1991-ին: Այլ պատմական իրագործումներ այս հիմնական հանգրւաններուն լրացուցիչի բնոյթ ունին:

Մեր քննարկումը սկսելէ առաջ, շեշտենք, որ անկախութեան վերահատատումէն աւելի քան տարի մը առաջ որդեգրւած Հռչակագիրը որդեգրւած է ո՛չ միայն իբրեւ Սահմանադրութեան ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԷԿ ՄԱՍԸ, այլ նաեւ նոյնինքն ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄԸ: Շատ յստակօրէն արձանագրւած է, որ Հռչակագիրը Սահմանադրութեան հիմն է, աւելի՛ն՝ երկու փաստաթուղթերը անքակտելի են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առանց մէկուն՝ միւսը կիմաստազրկւի, առ նւազն իր իմաստէն ու արժէքէն մեծ բան կը կորսնցնէ: Հետեւաբար, անկախութեան յիշատակման օրը (սակայն ո՛չ միայն այս օրը), ամէն բանէ առաջ, այս պատմական փաստաթուղթերուն արժէքը գիտակցելու պահ է:

 

ՀՆԱՐՈՎԻ ՎԷՃ

Վերջին տարիներուն, ու մասնաւորապէս այն հանգրւանէն ետք՝ երբ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը Արցախի ամբողջութիւնը «վերջնականապէս» նւիրեց Ադրբեջանին (Հայաստանի հողերէն զիչումը՝ այլ պատմաշար), աւելի՛ ու աւելի՛ հնչեղութիւն ստացած է Հայաստանի Սահմանադրութեան ո՛չ միայն վերատեսութեան, այլ անոր ՓՈՓՈԽՄԱՆ հարցը, որ յառաջ կը քշւի իշխանականներուն կողմէ:

Ստեղծւած է հնարովի վէճ մը, որ ո՛չ մէկ խարիսխ ունի եւ ամենէն մակերեսային քննարկումն իսկ փուլ կը բերէ այդ վէճը (ինչպէս ՔՊ-ականներու շատ մը «իրագործումները»):

Անմիջապէս արձանագրենք, որ որեւէ երկրի Սահմանադրութիւն քարացած փաստաթուղթ չէ, անոր մէջ կարելի է յաւելում կատարել, որոշ յօդւածներ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ենթարկել, սակայն նման քայլեր կը բխին, պէ՛տք է բխին երկրին ապրած բնական (քաղաքական թէ այլ) զարգացումներէն: Այսուամենայնիւ, հոն կան այնպիսի՛ սկզբունքներ, որոնց հպիլ՝ կը նշանակէ վտանգի ենթարկել նոյնինքն անկախութիւնը, պետութի՛ւնը:

Այս հաստատումները լուսաբանելու համար, անհրաժեշտ չենք զգար ցանկագրելու մեծ ու փոքր երկիրներու Սահմանադրութիւններուն մէջ մերթ ընդ մերթ կատարւած փոփոխութիւնները, սահմանադրական արժէք ունեցող՝ ազգային ուխտերու բարեփոխութիւնը (օրինակ, Լիբանանի մէջ, Թաէֆի համաձայնագիրով իրականացած փոփոխութիւնները): Նման փոփոխութիւններ, կրկնենք, առաւելաբար բխած են տւեալ երկիրներու ՆԵՐՔԻՆ իրավիճակներու կրած ԲՆԱԿԱՆ փոփոխութիւններէն (հոգ չէ թէ որոշ փոփոխութիւններ ստեղծւած են տագնապներու հետեւանքով), մինչդեռ Հայաստանի պարագային, աղաղակող է արտաքին ազդեցութիւն մը՝ թուրք-ազերիական պահանջը, որ, յամենայնդէպս, չէ սահմանափակւած Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջով, այլ կան մեծ ու «մանրիկ» պահանջներու անվերջանալի ցանկեր:

Բացայայտ է, որ այս փոփոխութեան պահանջին «Շան գլուխը» թաղւած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին*) մէկ քանի յօդւածներուն մէջ, որքան ալ որ ՔՊ-ապետն ու լծակիցները՝ թշմամիին լուծին ստրկացածները՝ փորձեն համոզել, թէ այդպէս չէ: Փաստերը աւելի՛ քան աղաղակող են: Եւ որպէսզի ընթերցողս իր յիշողութեան եւ իմացական կալւածին մէջ կարենայ քով-քովի բերել դիպաշարին ամբողջութիւնը, ապա, դատողութիւն ու բանականութիւն վերականգնելով՝ տեսնէ ամբողջական պատկերը, այս սիւնակին մէջ հպանցիկ փորձ մը պիտի ընենք «բզիկ-բզիկ» ընելու հռչակագիրը, մատնացոյց ընելու, թէ ատիկա ծննդեան օրերուն ի՛նչ տեսլական եւ կամք կը ցոլացնէր եւ այսօր, ինչպիսի՜ ներածեալ այլանդակութիւններու խաղալիք է դարձած: Նոյնը կարելի է ընել Սահմանադրութեան**), որ նմանապէս կը փորձւի խաղալիքի եւ իրողական բնաջնջումի ենթարկել շինծու պատճառաբանութիւններով, մի՛շտ թշնամիին ներկայացուցած պահանջներով, սակայն նման ճիգ չափազանց երկար պիտի դարձնէ այս սիւնակը: Կը բաւականանք Հռչակագիրով, որովհետեւ, ինչպէս պիտի տեսնենք, Հայաստանի քայքայման դիտաւորութիւնը՝ զայն ջնջւած տեսնելու թուրք-ազերիական պահանջին կիզակէտն է, այլապէս կը խտացնէ Սահմանադրութեան ամենէն հիմնական տարրերը:

Արդար ըլլալու համար, պէտք է արձանագրենք, որ Հռչակագիրի այս կամ այն յօդւածի խախտումներ տեղի ունեցած են նախորդ վարչակարգերու օրերուն ալ, սակայն այն՝ ինչ որ կը հրամցւին իբրեւ նիկոլական գիւտեր, կարելի է կարճ խօսքով բնութագրել հետեւեալ ձեւով.

Անկախութեան՝ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան հռչակումը կանխողները բթամիտ մարդիկ էին, Հայաստան պէտք ունէր «ազգընտի՜ր» ՔՊ-ապետին եւ իր բանիմա՜ց գործակիցներուն, որպէսզի տեսնէր, թէ նոյնինքն անկախական բոլոր քայլերը, մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու փորձերն ու պայքարները ի սկզբանէ անիմաստ եւ ապարդիւն բաներ էին, հիմա, պէտք է «անիւին գիւտը» նոր-նոր կատարել, վերափոխութեան՝ «բարեփոխութեան» ենթարկել ո՛չ միայն Սահմանադրութիւն ու Անկախութեան հռչակագիր, այլեւ ամբողջ երկիրն ու ազգը, ներառեալ Եկեղեցին, բանակը, քաղաքական համակարգը, տնտեսութիւն ու մշակոյթ, եւ ամէն բան համակարգել ու պատշաճեցնել «նոր Հայաստան»ի պատկերացումին, որ կոչւած է ըլլալու «խաղաղութեան խաչմերուկ»ին առանցքն ու հիմնաքարը: Վախճանական նպատա՞կը…

Թշնամիին համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին իրագործման ամբողջացումը՝ ՔՊ-ականներու գործակատարութեամբ: Այս մասին որեւէ հակաճառութիւն կը նշանակէ լծակից ըլլալ դաւին ու զայն իրականացնող վարչախումբին:

 

ՀՌՉԱԿԱԳԻՐՆ ՈՒ «ՄԱՍՆԻԿՆԵՐ»Ը

Սահմանադրութեան իբրեւ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՆԱԽԱԲԱՆ ընդունւած Հռչակագիրը ընդամէնը 12 կէտէ բաղկացած է: Վերջին տարիներու քննարկումները՝ պատմաբաններու, քաղաքական մարդոց, օրէնսգէտներու եւ այլ ոլորտներու մեկնաբաններու կողմէ, հարկադրաբար իբրեւ նիւթ ու առանցք ունին «զգայուն» յօդւածները: Ըստ օրւան թելադրանքին՝ վեր կառնւին այս կամ այն կէտը: Օգտակար է այդ «մասնիկներ»ը վերստին տեսնել ամբողջական պաստառի վրայ եւ կատարել դատողութիւններ՝ մեկնելով հայրենիքին, ազգին ու ժողովուրդին, ներառեալ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական կամքէն ու, ինչո՞ւ չէ, արդար զգացումներէն (եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մեզ համոզել, որ քաղաքական քննարկումներու մէջ զգացականը պէտք է ամբողջովին դուրս վանել): Կարգ մը բաժիններուն քննարկումը երկար մեկնաբանութեան ու բացատրութեան չեն կարօտիր, ինչպէս՝ առաջին մէկ քանի կէտերը: Յամենայնդէպս, այս նեղ սիւնակները առիթ չեն տար լայնածիր ու սպառիչ քննարկումի:

Մտնենք Հռչակագիրին մէջ:

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

1-4 յօդւածներուն մէջ, կը սահմանւին հանրապետութեան պաշտօնական անունը, ինքնիշխան ըլլալու հանգամանքը, կըսւի, թէ հայրենիքին ու անոր համակարգին տէրը ժողովուրդն է, երկրին բոլոր բնակիչները, անկախ այս կամ այն պատկանելիութենէն, կը վայելեն հաւասար իրաւունք, սփիւռքահայերը իրաւունք ունին դառնալու հպատակ:

Երկար բացատրութեան չի կարօտիր ինքնիշխանութեան իրաւունքը, նաեւ այն, որ այս իրաւունքը ինչպիսի՜ մարտահրաւէրներ կը դիմագրւէ:

Իրարու հաւասար ըլլալու քաղաքացիներուն իրաւունքը, ինչպէս անցեալին, մասնաւորաբար ներկայիս դարձած է թէական. յաճախ կը յիշենք Ջորջ Օրուէլի մէկ նշանաւոր խօսքը. «Բոլոր կենդանիները իրարու հաւասար են, սակայն կարգ մը հաւասարներ աւելի՛ հաւասար են». այս «կարգ մը հաւասարներ»ը, բնականաբար, իշխանականներու դասն է ու անոր անմիջական շրջապատը՝ համակարգին գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ. ժողովրդային արտայայտութեամբ՝ «խնամի-ծանօթ-բարեկամ»: Եթէ Օրուէլ այսօր ապրէր, բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ ստեղծւած՝ «հաւասարապետութեանց» շարքին պիտի տեղադրէր նաեւ ՔՊ-ական Հայաստանը:

 

Զգայուն հարցեր. ուժական միաւորներ

5-րդ կէտը առաջին «զգայուն» հարցին կը վերաբերի, այսինք՝ զինուժին, ներքին զօրքերուն (ոստիկանութիւն) եւ անվտանգութեան մարմիններուն, որոնք կը նկատւին երկրի ապահովութեան պահակները: Սա ինքնաբերաբար կենթադրէ, որ այս միաւորները պիտի ծառայեն հայրենիքին ու ժողովուրդին, պիտի պաշտպանեն զայն, դէմ պիտի կանգնին թշնամական որեւէ արարքի, թափանցումի, դաւադրութեան: Այս պայմանները մեծ չափով, թէեւ ո՛չ անթերի, պահպանւած էին մինչեւ այս իշխանութեան «դարաշրջան»ին բացումը. ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակւի մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, յստակ է. բանակը իրողապէս ջախջախւած է եւ միայն անւանական կերպով հոգածութիւն կը վայելէ (չմտնենք ներքին խնդիրներու մէջ, որոնց շարքին՝ անիմաստ սպանութիւններ եւ այլն), զինումը առ նւազն կը կաղայ եւ անոր մասին ցնորքներ կը տարածւին, բիւջէն կը կրճատւի, ծառայութեան ժամանակը կը կրճատւի. անդին, Ադրբեջան սրնթաց կը սպառազինւի, կը յայտարարէ, թէ այս տարւան բիւջէին աւելի քան 20 առ հարիւրը բանակին պիտի տրամադրէ (չարաշահութիւն, փտածութիւն՝ այլ հարցեր են), Թուրքիոյ հետ միացեալ զինավարժութիւնները աւելի՛ յաճախակի դարձած են. այս բոլորը ՔՊ-ականներու համար մինչեւ իսկ «ջուրի ձայն» չեն, կերեւակայեն, որ նման բաներ մեզի հետ կապ չունին, չէ՞ որ կան Իրանն ու Ռուսիան, որոնց հակադրւած է նաեւ… Իսրայէլ): Բանակին պաշտպանական դերը կը ներկայացւի իբրեւ… ամենայետինը, թէեւ որեւէ առաջնային բան չիրականանար, բացի… յետեւողական զիչումներէն: Ներքին ապահովութեան ուժերը կը պաշտպանեն միայն իշխանապետն ու գործակիցները, ոտնատակ կընեն ժողովուրդ ու ընդդիմադիրներ, նահատակներու ծնողներ, իսկ անվտանգութեան այլ կառոյցներ դարձած են իշխանութեան վարքագիծը կիրարկողներ, քարոզողներ, այդ վնասարար քայլերը նաեւ դրացիներուն կլլեցնել փորձող… «հանճարներ»:

Այս ոլորտն ալ բացայայտօրէն նկատի ունի թուրք-ազերիական ճակատէն հասնող պահանջները. Ալիեւ շատո՜նց ըսած է ու բազմիցս կրկնած, թէ Հայաստան բանակի եւ սպառազինութեան պէտք չունի: Ի վերջոյ, մարդը կը ծրագրէ ամբողջ Հայաստանն ալ կուլ տալ՝ Արցախին պէս, հոս ալ կը կիրարկւի մաս առ մաս գրաւելու քաղաքականութիւն. ու եթէ թշնամիին այդ ծրագիրը յաջողի, Հայաստանն ա՛լ պաշտպանական ուժերու կամ զէնքի կարիք պիտի չունենայ (ուրեմն՝ ի՞նչ պէտք կայ նաեւ Հռչակագիրին ու Սահմանադրութեան), որովհետեւ այդ պատրականութիւնը մե՜ծ փութկոտութեամբ պիտի կատարեն թշնամիին ուժերը, Փաշինեանի՝ «արդէն իսկ խաղաղութիւնը եկած է, խաղաղութեան մէջ կապրինք»ը պիտի զգենու իր իրական խորութիւնը, ճի՛շտ այնպէս՝ ինչպէս խաղաղութիւնը ամբողջական դարձաւ Արցախի մէջ, բռնակցումով ու հայաթափումով…: Իսկ թէ Բաքւի մէջ պատանդ մնացող ու շինծու դատավարութեան ենթարկւողներուն տեղը ո՞ւր է Հռչակագիրին ու Սահմանադրութեան լոյսին տակ, այդ ալ ընթերցողս թող որոնէ:

 

Զգայուն կէտ. դիւանագիտութիւն

6-րդ կէտը նոյնքան կարեւոր է եւ համաչափօրէն… ոտնակոխ դարձած: Հոն կըսւի, որ Հայաստան ունի անկախ արտաքին քաղաքականութիւն, ի՛նք կորոշէ Խորհրդային եւ այլ երկիրներու հետ իր յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան սահմանները, միջազգային կազմակերպութեանց անդամակցելու քայլերը (յիշեցում. Հռչակագիրին որդեգրման օրերուն, Խորհրդային միութիւնը չէր քայքայւած): Պէտք ունի՞նք երկար-բարակ բացատրելու, թէ այս կէտը ինչպիսի՜ կամայականութեանց եւ միակողմանի շահերով առաջնորդւող կալւածի վերածւած է: Սկսելով արտաքին գործոց նախարարի վարմունքէն (մերթ հակաթուրք արտայայտութիւններ, երբեմն վարչապետին «տեսութիւնները» ջրողի յայտարարութիւններ, սակայն հետեւողականօրէն… ՔՊ-ական վարքագիծ կիրարկող) մինչեւ դեսպաններն ու միջազգային տարբեր ժողովներու մէջ ներկայացուցիչները: Դեսպան կը նշանակւին դիւանագիտութեան հետ աղերս չունեցողներ, զիրար կը փոխարինեն իրերանման «յատկանիշներու» հիմամբ, մինչեւ իսկ եւրոպական եւ այլ ժողովներու մէջ կը գործեն… Հայաստանի ու Արցախի շահերը պաշտպանողներու դէմ (արդար ըլլանք. Անիմաստ նշանակումները միայն դիւանագիտական դաշտին մէջ չեն): Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ իմաստով լուռ հրահանգներ ստացած են եւ կը ստանան Թուրքիայէն ու Ադրբեջանէն, կը հետեւին «զանոնք պէտք չէ զայրացնենք»ի (ան)տրամաբանութեան:

Կարելի՞ է Սերդար Քըլըճի՝ Հայաստան վերջին այցելութիւնը չտեսնել նման վարքագիծի՝ հրահանգներ բերողի բովանդակութենէն դուրս, իսկ ատիկա միայն նորագոյն փաստ էր: Եւ ի՞նչ. «հանճարե՜ղ» Ռուբինեան մը կաւետէ, որ բացւած հատորին մէջ շուտով նոր էջեր պիտի արձանագրւին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ փոխն ի փոխ հանդիպումներով, իսկ Թուրքիա կաւետէ, որ Հայաստանի հետ (կրկներեւութային) խաղաղութիւնը կրնայ հաստատւիլ 2026-ի սկիզբներուն: Արդեօք սա կը նշանակէ՞, թէ ՔՊ-ականները մինչ այդ ամբողջացուցած պիտի ըլլան պահանջւած ԲՈԼՈՐ զիչումները… Ահազանգը քանի՞ գոյն կունենայ:

 

Զգայուն կէտ. տնտեսութիւն

7-րդ յօդւածը, ըստ էութեան՝ «ներքին», անմիջականօրէն տնտեսական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ: Հոն կըսւի, թէ հայրենիքին հողը, ջուրը, օդը, ընդերքի հարստութիւնները, բոլո՛ր կարողականութիւնները ժողովուրդին սեփականութիւնն են (արագ նշում մը ընենք. սա Դաշնակցութեան ծննդեան օրերէն իսկ որդեգրւած սկզբունք է), անոնց յանձանձումը կը կատարւի համապատասխան օրէնքներով:

Օրէնքը՝ օրէնք, սակայն ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ, տնտեսութեան այս կամ այն կալւածին նկատմամբ անտարբերութիւնը (որոշ շրջաններու կրած վնասները՝ կարկուտի կամ նման բնական պատուհասներու հետեւանքով, միայն ձեւական հոգածութիւն կը գտնեն իշխանականներու քով), կամայական կարգադրութիւնները (օրինակ՝ ջրաբաշխումի մէջ ալ կիրարկւող՝ «ոմանք աւելի հաւասար են քան ուրիշներ» դրութիւնը) եւ այլ մենաշնորհներ, աւելի՛ն, երկրի կարողականութեան փճացում ու վարկի նահանջ ունին իրենց «փառաւոր» պատմութիւնները, հատորները (այս կամ այն շահակցական ընկերութիւն, այսպէս կոչւած՝ հիմնադրամներ եւ այլ): Եւ ինչպէս բազմաթիւ այլ դաշտերու մէջ, հոս ալ կայ տեսութեան եւ իրականութեան միջեւ անհաշտութիւն, հակոտնեայ վիճակ, որ կարելի է սեղմել մէկ կարճ արտայայութեամբ՝ «օրէնքը ո՞ւր, գործադրողը ո՞վ, օգտւողն ու վնասւողը՝ որո՞նք…»: Իսկ վնասողը՝ այն ժողովուրդն է, զանգւածը, որ Հռչակագիրով շահած էր յիշեալ բոլորին տիրութեան իրաւունքը. չմտնենք այլ մանրամասնութիւններու մէջ, ինչպէս՝ բնական հարստութեան օտարներու նւիրաբաշխումը, իշխանաւորներու բաժնեկցութիւնը՝ այս կամ այն անւան տակ, հեռու մնանք նաեւ այն «նախկիններէն», որոնց դէմ «թաւշականները» բացին առաջին պայքարը եւ յետոյ, քայլ առ քայլ դարձան անոնցմէ շատերու գործակիցը, լուռ հովանաւորեալները…

8-րդ կէտը ուղղակի աղերս ունի տնտեսութեան հիմնական դրոյթներուն հետ՝ սեփականութեան տնօրինում, սեփական դրամի, դրամատուներու, ֆինանսական, հարկային եւ մաքսային համակարգի հարցերու սահմանները: (Ի դէպ, մաքսայինի հարցը աւելի՛ դիպուկ եւ զգայուն դարձաւ վերջերս, «Թրամփի ուղի»ին վերաբերող որոշ ծալքերու բացայայտման ճամբով):

Փակագիծ մը բանալով՝ յիշատակենք, որ կար ժամանակ, երբ սեփական դրամ ունենալը՝ անկախ երկիր ըլլալու հիմնական պայմաններէն մէկն էր, յետոյ եկան միացեալ դրամի օրերը, ինչպէս՝ Եւրօ-ի որդեգրումը, հոս-հոն իրողական «դոլարացումը», սակայն խորքային իմաստը մնաց անփոփոխ: Փակենք փակագիծը:

Յիշեալ մասնիկներուն մէջ, սեփականութեան եւ ազատ տնտեսութեան վերաբերող ակնարկութիւնները, կը հաւատանք, չեն տեղադրւած՝ նախորդ կէտին հակադրւելու կամ զայն ժխտելու տրամաբանութեամբ, այլ անհատի նախաձեռնութիւնը քաջալերելու, հիմնականին մէջ՝ փոքր ու միջին տնտեսական «սարքերը» բարելաւելու, անոնց զարկ տալու մտասեւեռումով: Հիմա՞… Փոքր տնտեսութիւնը մեծ վերիվայրումներ կապրի «հզօրներու» քմայքներուն հետեւանքով, դրամատուները դարձած են իշխանականներն եւ անոնց ընտանիքները «աւելի հաւասար են» դիտողներ, որոշ չափով նաեւ «քաղաքավար կողոպուտ»ի հիմնարկներ…: Այս դրութեան դէմ, զանգւածները յաճախ կը մատնւին անզօրութեան, սեփականազրկումի եւ… կը բռնեն արտագաղթի ճամբան: Կան նաեւ այլ «մանրուքներ», որոնց թւումն իսկ անհարկի չափով պիտի երկարէ այս սիւնակը:

 

Ազատութիւններ, ժողովրդավարութիւն

9-րդ կէտը կերաշխաւորէ խօսքի, մամուլի, խիղճի եւ կուսակցութիւններու ազատութիւնը: Այս հասկացութիւններէ ուղղակի աղերս ունին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ կոչւած արժէքին հետ: Նախորդ իշխանութիւններու օրերուն ալ, այս կալւածը յաճախ խոցելի պատկեր ցոլացուցած է (աղաղակող օրինակ մըն էր Դաշնակցութեան խափանումը եւ պատասխանատուներու բանտարկութիւնը): Ներկայիս, այսինքն ՔՊ-ականներու «թաւշեայ» Հայաստանին մէջ, Դաշնակցութիւնը հաճոյքով չի դիտեր այն, որ հալածանքի եւ բռնադատութիւններու ենթարկւողը միայն ինք չէ: Խօսքի ազատութիւն ըսւածը դարձած է քմայական խաղ. իշխանականներուն ուղղւած փոքրագոյն քննադատութիւններն անգամ՝ քննադատողը կը դարձնեն հալածանքի ենթակայ, կը կալանաւորւի, դատարան կը տարւի բացարձակապէս անհիմն ու երեւակայածին մեղադրանքներով: Հոս ալ խտրական վերաբերմունք չկայ: Բռնադատւողը կրնայ ըլլալ քաղաքական մարդ, տնտեսութեան մէկ յենարանը, ընդդիմադիր կուսակցութեանց ու միաւորներու անդամներ, մինչեւ իսկ կրօնական առաջնորդներ, շարքը կրնայ հասնիլ… Կաթողիկոսին: Եւ ինչպէ՞ս չյիշել կասկածամիտ ու հալածախտէ տառապող՝ Սուլթան Համիդը, որուն օրով կար տաժանելի գրաքննութիւն մը. գրողներուն արգիլւած էր գործածութիւնը շարք մը բառերու, որովհետեւ անոնց միջոցով, լուռ քննադատութիւններ կրնային ուղղւիլ «կարմիր» բռնակալին…

Դարձեալ փոքր փակագիծ մը բանանք. կաթողիկոսին դէմ հալածանքը վերստին սաստկացաւ, երբ ան Արցախի եւ արցախցիներու, ներառեալ կալանաւորներու ձայնը բարձրացուց միջազգային բեմէ մը: Հիմա, երբ ան դարձեալ նման առաքելութեամբ մը Վատիկան գնաց եւ տեսակցեցաւ Պապին հետ, զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ «կաթողիկոսը պէտք է հեռանայ»ի պահանջը մտնէ գործնական փուլ:

Մնանք ժողովրդավարութիւն կոչւած Արժէքի դաշտին մէջ. սա ամէն բանէ առաջ կենթադրէ իշխանութեան երեք թեւերուն միջեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձ վերահսկողութեան սկզբունքի յարգումը: ՔՊ-ական Հայաստանին մէջ, Օրէնսդի՛րն ալ, գործադի՛րն ալ, Դատակա՛նն ալ կենտրոնացւած են նորօրեայ բռնապետին ձեռքին մէջ, շատ ու շատ այլ կալւածներու կողքին: Ան ճակատաբաց կը յայտարարէ, որ ո՛չ մէկ դատաւոր կը համարձակի իր կամքին հակառակ վճիռ արձակել, պաշտօնէ կը հեռացնէ «շեղող» դատաւոր, նախարար, ազգային ժողովի անդամ, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ վարչամեքենայի աւելի ստորին դասերու պաշտօնեաներ, համալսարաններու դասախօսներ, մինչեւ իսկ դպրոցներու տնօրէններ, ձեռքը կը հասցնէ թատրոն ու երաժշտական հիմնարկներ: Հայաստանը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակողը կրնայ ձեռքերը երկարել մինչեւ պարզ աշխատաւորներ, աւելածուներ ու աղբահաւաքներ (բոլորն ալ այլապէս յարգելի աշխատողներ):

 

ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

10-րդ կէտով, Հայերէնը կը հռչակւի պետական լեզու, կառնւի հոգածութեան տակ, իր յարակից կալւածներուն՝ կրթութեան եւ մշակոյթին հետ: Իսկ հիմա, այսինք՝ ՔՊ-ականներու իշխանութեան հասնելէն ասդին, ի՞նչ վիճակ ստեղծւած է այս կալւածներուն մէջ: Բաւականանաք միայն գլխաւորներուն արագ յիշատակումով.

Մեր լեզուն ամենայն անգթութեամբ կաղաւաղւի մերթ գռեհկաբանութիւններով, սակայն համատարած կերպով՝ օտարաբանութիւններու յարաճուն տողանցքով, որուն, ի դէպ, մասնակից են գրեթէ բոլորը՝ քաղաքական մարդիկ, պատմաբաններ եւ… լեզւագէտներ: Լեզւի հոգածութեան պարտականութիւնը յանձն առած մարմիններու կայքէջերն անգամ ծանրաբեռնւած են օտարաբանութիւններով: Չերկարենք:

Մեր մշակոյթի տարբեր կալւածներէն ներս, իբրեւ թէ անզգալաբար կը սողոսկի «նոր Հայաստան»ի տեսութիւնը. Պատմութեան ու լեզւի դասագիրքեր կը վերախմբագրւին (հաւատացէ՜ք, որ թուքերը հոս ալ մատ չունին…), Եկեղեցին կը դառնայ խծբծանքի առարկայ, որովհետեւ ՔՊ-ապետը ինքզինք հռչակած է նա՛եւ կրօնական հարցերու մասնագէտ-օրէնսգէտ, սուրբգրային մէջբերումներ կը կատարէ՝ «նսեմացնելով» նոյնինքն կրօնաւորները: Այս տագնապը ունի նաեւ ցաւցնող «պոչիկներ». Մշակութային ժառանգութիւնները ընդհանուր առմամբ անհոգութեան մատնւած են, վաղը կրնան ուղղակի թիրախաւորւիլ, ալ ի՞նչ խօսք՝ Արցախի մէջ ժառանգութիւններու փոշիացման դիմաց լուռ համակերպւածութեան մասին:

 

Գլխաւոր կիզակէտը

11-րդ կէտը ամենէն «զգայունն» է եւ թշնամիին թիրախներէն գլխաւորը, Սահմանադրութեան փոփոխութեան յանկերգին կիզակէտը: Հոն արձանագրւած է, որ իշխանութիւնը ՍԱՏԱՐ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ: Լռելեայն կը հասկցւի նաեւ՝ մեր բոլոր հողերուն եւ կորուստներուն վերատիրացման պայքարին: Թուրքիա տասնամեակներ շարունակ կը վարէ իր՝ պետական ոճիրը ուրանալու վարքագիծ, աշխատած է – սակայն առհասարակ չէ յաջողած – խափանել հայութեան արդարատենչ պայքարը, որ մինչեւ անկախութեան վերականգնում՝ իր ճիտին պարտքը ըրած է Սփիւռքը՝ իր կուսակցութիւններով ու համայնքային հաստատութիւններով: Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն, Հայաստանի մէջ բարձրացած՝ «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» կանչերն ու յուշարձանները առաջին արձագանգներն էին այդ պայքարին (յուշարձանները եւ կոթողներ հիմա կը թիրախաւորւին): 11-րդ կէտը իբրեւ պետական ուղեգիծ, կորդեգրէր զուգընթաց պայքարը եւ զայն կամրագրէր Հռչակագիրով:

Թուրքիա եւ պաշտպանեալը՝ Ադրբեջան, առաջին իսկ օրէն ահազանգի մատնւած էին հայութեան միաձայն յառաջխաղացքին ի լուր, սաստկացուցած էին իրենց հակաքարոզչութիւնը, հսկայական գումարներ տրամադրած՝ ժխտողականութեան եւ ուրացման ջաղացքը դարձնելու համար: Մինչեւ ՔՊ-ականներու «դարաշրջան», թշնամիին ճիգերը իր ցանկացած արդիւնքին չէին հասած: ՔՊ-ական կեղծ հայրենասէրներն անգամ առաջին շրջանին հետեւած էին «նախկիններու» ընթացքին. «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» բացագանչութիւնը, Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ ընդհանրապէս թուրք-ազերիին ցեղասպանական դիտաւորութեանց բացայայտումը շողացած էի հայկական երկնակամարին վրայ, ապահովելով համընդհանուր զօրակցութիւն եւ համակրանք: Յետո՞յ… հիմա՞…:

Արցախը ո՛չ միայն պաշտօնապէս նւէր տրւած է Ադրբեջանին, Հայաստանէն հողաշերտեր կը մատնւին – եւ պիտի մատնւին – Արցախի ճակատագիրին, այլ հոս ալ կան «պոչիկներ». ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ յատկանիշները նօսրացումի եւ մաշումի կը մատնւին, օր մը՝ «Թրամփի ուղի»ին արտապատւիրակումով, այսինքն՝ գործնապէս եւ իրողապէս հայկական զգայուն մէկ գօտիին վրայ գերիշխանութիւնը խնդրական դարձնելով (թող հազար ու մէկ պատմուճանով սքողեն եղածը, իրականութիւնը կը մնայ դառն ու անընդունելի), ուրիշ օր մը՝ Արարատի հանդէպ ուրացումով եւ սահմանային կէտերու կնիքներէն անոր պատկերին ջնջումով, Արեւմտեան Հայաստանի Դատէն ձեռք քաշելով ու զայն Սփիւռքի ճիտին նետելով, առանց մոռնալու այն հալածանքներն ու ատելութեան քարոզները, որոնց թիրախ են մեր Դատի պաշտպանները՝ ընդդիմադիր պատգամաւորներ, քաղաքական դէմքեր, Հայ Դատի գործիչներ, մինչեւ անգամ կրօնական առաջնորդներ, սկսելով Կաթողիկոսէն (պիտի զարմանա՞ք, եթէ շուտով թիրախ դառնայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կամ ուրիշներ):

Եւ, ըստ էութեան, ճիշտ ա՛յս կէտն է, որ հիմ կը ծառայէ «Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխւի» պահանջին: ՔՊ-ական Հայաստանէն առաջ, եւ անոր զուգընթաց, պահանջը հրապարակ նետւեցաւ ու կը կրկնւի Թուրքիոյ ու Ադրբեջանի կողմէ: Վաշինգտոնեան պայմանագրութենէն ետք ալ, Բաքու եւ Անկարա բազմիցս յիշեցուցած են, որ Հայաստան տակաւին «տնային պարտականութիւններ» ունի՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն առաջ: «Տնային պարտականութիւններէն» առաջինը՝ ահա այս կամքով բանաձեււած Հռչակագիրին ի սպառ ջնջումն է, անոր կը հետեւի պահանջներու «մարգարտաշար» մը, որուն օղակները կը սկսին ազերիներու Հայաստան «վերաբնակեցման» նախապատրաստութիւններով, միջազգային ատեաններէ հայկական արդար պահանջներու յետս կոչումով – Երեւանի իշխանաւորները այդ ճամբուն մէջ մտած են, Մինսկի խումբին լուծարման խնդրագիրը ասոր մէկ արտայայտութիւնն է,- բայց… չհաւատա՜ք որ այս բոլորը կըլլան թշնամիին պահանջով. վախճանական նպատա՞կ՝ Հայաստանի վերնալը:

12 կէտը կնիքի արժէք ունի. կը հաստատէ, որ այս հռչակագիրը հիմ պիտի ծառայէ Սահմանադրութեան, որ մշակւեցաւ քանի մը տարի ետք, նոյն ոգիով, իսկ աւելի ուշ, բնական կարգով որոշ բարեփոխութիւններ կրեց, առանց հեռանալու էական սկզբունքներէն: Նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ էր որ վճռւեցան շատ բան, ինչպէս՝ Հայաստանի Օրէնքին գերակայութիւնը՝ ընդդէմ դուրսէն թելադրւողներու, անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդանիշներուն՝ եռագոյն դրօշին, զինանշանին վերականգնումը, դիւանագիտական ցանցի ստեղծումը. յիշեցնենք, որ այս ալ կը հետեւէր անդրանիկ հանրապետութեան մէկ իրագործումին, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցիչներ ունեցաւ Վաշինգտոնէն մինչեւ… Ճափոն եւ այլուր (կարժէ յիշեցնել, որ բանակն ու Համալսարանն ալ ժառանգւած էին անդրանիկ հանրապետութենէն): Հռչակագիրը կը տնօրինէր, որ այս փաստաթուղթը, ինչպէս ըսինք՝ հիմնաքարը պիտի ըլլար Սահմանադրութեան:

 

Եզրակացնենք

Յաւակնութիւնը չունինք, թէ մեր քննարկումը սպառիչ է, կարելի է դեռ շա՜տ բան ըսել, մատնացոյց ընել: Մեր ապրած իւրաքանչիւր օրը ՔՊ-ականներու պարտւողականութենէն եւ թշնամիին քմահաճոյքներուն ընթացք տալէն նորութիւններ կը բաշխեն մեզի: Այսուամենայնիւ, կը հաւատանք, որ ամենէն փաշինեանասէրն անգամ, եթէ վերջնականապէս չէ պարպւած հայրենիքի տէր ըլլալու կամքէն, նման ուրւագծային եւ ընդգրկուն ակնարկէ ետք, պիտի կարենայ տեսնել, թէ Հայաստանի եւ հայութեան այսօրը ի՞նչ պատկերներով կը ներկայանայ անկախութեան վերականգնումի 34-րդ տարեդարձի օրերուն: Ան ալ պիտի ձայնակցի Պատկանեանի սքանչելի երգին ու կրկնր «Երնէկներ»ը, նաեւ «այդ բոլորը կը կատարւին»-ը:

Խոստովանինք, որ այս բոլորը նորութիւն չեն, այս մասին բանգէտներ եւ ընդդիմադիրներ յաճախ շատ աւելի խորաթափանց քննարկում եւ լուսաբանութիւն կու տան, ահազանգը կը զօրանայ ամէն քայլափոխի:

Աւելորդ չենք նկատեր կրկին ու կրկին արձանագրել, որ Հայաստանն ու մեր ազգը գահավիժումէ գահավիժում տանող վարչախումբը կը գործէ մեր թշնամիներուն հրահանգներով, ամէն քայլափոխի ոտնատակ կընէ Սահմանադրութի՛ւնն ալ, Հռչակագի՛րն ալ, Օրէ՛նքն ալ, Ժողովորդավարութի՛ւնն ալ, ազգն ու հայրենիքն ալ, անոր բոլո՛ր ստորոգելիներն ալ: Մէկ խօսքով, թշնամիին ծրագիրներուն սպասարկելով՝ կը քայքայէ Հայաստանը, կը կազմաքանդէ ազգի յիշողութիւնն ու իրաւատիրութեան կամքը: Միջանկեալ՝ կը ստեղծէ կողմնակի հարցեր, ճամբայ կը հանէ սնանկ քարոզչութիւններ, որոնց վախճանական նպատակն է… շահիլ յառաջիկայ տարւան ընտրութիւնները: Ընդդիմադիրներ ալ, ազգին հետ պատանդ դառնալով այս խաղին, մտած են կրկէս:

Մինչդեռ, երկրին ու ազգին պահպանումը կարելի չէ կապել ընտրութիւններու հետ, որովհետեւ գիտե՛նք, որ անոնք պիտի կեղծւին, եւ ճիգ պիտի չխանայւի իշխանաւորները պահելու երկրի ղեկին, որքա՛ն ալ որ վար ինկած ըլլայ անոնց վարկը: Պէտք չէ անտեսել, որ անոնք կը վայելեն թշնամիին ու շահակիցներուն յենարանները, իսկ դրսեցիներուն համար, Հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնն եւ նոյնինքն անկախ պետականութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Մեր գլուխը պէտք է քերենք մեր եղունգներով:

Անկախութեան տօնը պարզապէս նոր հանգրւան է՝ հայրենիքի պաշտպանութեան, նոյնինքն անկախութեան ու պետականութեան պահպանման պայքարը մտցնելու վճռական փուլի մէջ, որպէսզի թուրք-ազերիական հաշիւները ձախողութեան մատնենք:

Այս սիւնակը պարզապէս վերաքաղ մըն է այն փաստերուն, որոնց հիմամբ, անյետաձգելի պահանջ է թշնամիին գործակատարը դարձած վարչախումբին հեռացումը, իսկ անոր ճամբան՝ բոլոր ընդդիմադիրներուն միջեւ անվերապահ գործակցութեան տարազի մը ձեւաւորումն է, նոյնքան հրամայական է Սփիւռքի յենարանին վերականգնումը: Նման գործի հիմնաքարն ու մեկնակէտը՝ նոյնինքն Հռչակագիրն ու Սահմանադրութիւնն են: Քաղաքական ընթացիկ հակամարտութիւնները, այլապէս բնական՝ իրաւ ժողովրդավարութեան դիտանկիւնէն, կրնան սպասել՝ մինչեւ բնականոն երկրի մը եւ ի՛սկապէս անկախ պետութեան վերակագնումին յաջորդելիք փուլը…:

Այդ փուլը նաեւ մեկնակէտ պիտի ծառայէ մեր անկախ պետութիւնը հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու տեսլականին կենսագործման:

 

(*) Հռչակագիրին ամբողջութիւնը տեսնել հետեւեալ կապով:

(**) Սահմանադրութիւնը՝ հետեւեալ կապով:

Related Articles

Back to top button