Հայ Դատի աշխատանքները անդուլ կերպով պիտի շարունակենք, որպէսզի Արցախի հարցը մշտական քննարկումի առարկայ ըլլայ Կանադայի քաղաքական բեմին վրայ
«Հորիզոն»–ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Կանադայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի հետ:
Հ.- Ինչպէ՞ս կարժեւորէք անցնող տարւան ընթացքին մեր գաղութի կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը:
Խ.Տ. – 2023-ին ընդհանրապէս գաղութը եւ մեր կազմակերպութիւնները որոշ լճացած վիճակի մէջ էին. Արցախի պատերազմին հետեւանքները եւ թագաժահրի ազդեցութիւնը մեծապէս զգալի էին: Մեր նպատակն էր այս անցնող տարւան ընթացքին վերաշխուժացնել մեր աշխատանքները, թէ՛ կուսակցական մեր կառոյցներու պարագային, թէ՛ Հայ Դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ համայն գաղութի ուղեկից միութիւններուն, եկեղեցիներուն, մեր կենտրոններուն, երիտասարդականի եւ պատանեկանի գործունէութեանց պարագային: Հետեւաբար աշխատանք տարինք, որ այդ սառած վիճակէն դուրս գանք, վերաշխուժանանք, եւ մեր կառոյցները կենսաւորենք: Կրնամ ըսել, որ այդ աշխատանքին արդիւնքը քաղեցինք անցնող տարւան ընթացքին, սակայն մեզի համար բաւարար չէ, մենք տակաւին յաւելեալ աշխատանք տանելու կարիքը ունինք, որպէսզի առաւել եւս վերակենդանանայ մեր գաղութը իր բոլոր հիմնարկներով:
Հ.- 2023 թւականի հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ բացումը կատարւեցաւ Հայաստանի մօտ Կանադայի դեսպանատան։ Այսօրւան դրութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ իրագործած է դեսպանատունը։
Խ.Տ.- Նախ ըսեմ, որ դեսպանատան բացումը ինքնին մեծ իրագործում մըն էր. մենք կը դիտարկենք զայն որպէս նոր քայլ Կանադա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին մէջ: Մեր գործակցութիւնը այս պարագային բացումէն ետք եղած է Կանադական կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային հարցերը առաջնահերթ ըլլան իրենց սեղաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ Արցախի մեր ժողովուրդին իրաւունքները, հողային պահանջքներն ու վերադարձի իրաւունքը:
Բացումէն ետք հինգ տարբեր առիթներով մենք հանդիպումներ ունեցած ենք Հայաստանի մօտ Կանադայի դեսպան Անդրու Թըրնըրի հետ: Անկախ անկէ մենք քաղաքական տարբեր դէմքերու հետ եւս հանդիպումներ ունեցած ենք, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հարցերով: Յատուկ աշխատանք տարած ենք Կանադայի պետութեան մօտ, որ իր 2024-ի տարեկան մարդասիրական նպաստը Հայաստանի մէջ հիմնականօրէն տրամադրւի Սիւնիքի մարզի մեր հայրենակիցներուն, նկատի ունենալով այդ շրջանին դէմ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւնները:
Կուզեմ շեշտել, որ նման աշխատանքներ անդուլ են, յարատեւութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար, որպէսզի Կանադան մնայուն կերպով աջակից ըլլայ Հայաստանի՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, ինչպէս նաեւ քաղաքական գետնի վրայ: Դեսպանատան բացումը, ինչպէս ըսի, մեծ իրագործում էր եւ տարիներու վրայ երկարող հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, սակայն պէտք չէ բաւարարւիլ անով, պէտք է շարունակենք մեր համագործակցութիւնը, բոլոր ոլորտներէն ներս:
Հ.- ՀՅԴ Կանադայի կառոյցն ու կուսակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններն ու միութիւնները արցախահայութեան աջակցութեան համար ի՞նչ ծրագիրներ մշակեցին անցնող տարւան ընթացքին։
Խ.Տ.- Այս տարւան սկիզբը ՀՕՄ-ի միջոցաւ մեր ուղեկից միութիւնները մղեցինք, որ միասնաբար դրամահաւաք կազմակերպեն, անմիջական օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախի մեր ժողովուրդին, հոգալով անոնց կենսական պէտքերը, որովհետեւ երկար շրջափակումէ, պատերազմէ եւ բռնագաղթի ենթարկւելէ ետք, մօտ 120 հազար արցախցի Հայաստանի մէջ որոշ չափով ձգւած էին իրենց ճակատագրին: Մենք շուտով գործի լծւեցանք, որ մեր ժողովուրդը անտէր չմնայ, եւ կարենանք գէթ իրենց հիմնական պէտքերը հոգալ:
ՀՕՄ-ի միջոցաւ անշուշտ եւ յարակից մեր միութիւններուն մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Կանադայի տարածքին մեր կոմիտէութիւններուն եւ կազմերուն աջակցութեամբ, յաջողեցանք 500 հազարէն աւելի գումար հանգանակել եւ ուղարկել, որով ապահովւեցաւ ուտսետեղէն, դեղորայք եւ բնակարան տեղահանւած մեր ժողովուրդին:
Ասոր կողքին Հայ Դատի աշխատանքներուն ծիրէն ներս մենք շարունակեցինք մեր աշխտանքը, որ քաղաքական ոլորտէն ներս տեւական քննարկումի առարկայ դառնայ Արցախի հարցը, ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը եւ Ադրբեջանի կառավարութեան իրագործած ցեղասպանական արարքները: Կարելի է ըսել, որ Հայ Դատի այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը իր դրական արդիւնքը տւաւ, որովհետեւ Կանադայի կառավարութիւնը այն սակաւաթիւ կառավարութիւններէն է, որ տակաւին կը խօսի Արցախի ինքնորոշման եւ ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքին մասին: Այս մէկը շատ կարեւոր է, որպէսզի յարատեւ արծարծումով հարցը իր արդար ու վերջնական լուծումին հասնի:
Հ.- ՀՅԴ Կանադայի երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական շարքերը ի՞նչ ծրագիրներ իրագործեցին 2024 թւականին։
Խ.Տ.- Սկսինք երիտասարդականով. շատ կարեւոր դեր կը խաղայ երիտասարդութիւնը գաղութի վերաշխուժացման առնչութեամբ, հետեւաբար ես կոչ կուղղեմ ընդհանուր առմամբ մեր երիտասարդութեան, որ մաս կազմեն մեր միութիւններուն, մեր կազմակերպութիւններուն, մեր կառոյցներուն՝ կուսակցական, մարզական, սկաուտական, եկեղեցական, մարդասիրական եւ մշակութային՝ ըստ իրենց նախասիրութիւններուն: Ես կը հասկնամ, որ այսօրւան կեանքի հեւքը կը սպառէ մեր երիտասարդներուն առօրեան՝ աշխատանքի եւ ուսումի բերումով, բայց ես կոչ կուղղեմ իրենց, որ յաւելեալ ճիգ թափեն եւ ժամանակ տրամադրեն իրենց գաղութին ծառայութեան, երիտասարդական մեր կազմակերպութիւններուն, մեր յարակից միութիւններուն՝ ՀՄԸՄ-ին, ՀՕՄ-ին եւ «Համազգային»-ին, որովհետեւ մեր կառոյցները կարիքը ունին, իրենց ներուժին, իրենց նորարարական գաղափարներուն եւ իրենց տեսակէտներուն: Մենք ալ մեր կարգին իրենց տեղ պէտք է տանք ու քաջալերենք զիրենք:
Ըսեմ, որ մեր երիտասարդականը իր եռանդուն աշխատանքը շարունակեց այս տարի եւս: Քանի մը օրինակ յիշելու համար ըսեմ, որ մեր երիտասարդականը ամէն տարի ամրան Լոռիի մարզին մէջ կը կազմակերպէ Վանաձորի ճամբարը տեղացի պատանիներուն համար: Թագաժահրէն ետք ստիպւած էինք դադրեցնել, սակայն անցնող ամրան վերսկսաւ այս նախաձեռնութիւնը, եւ շուրջ 200 պատանի երկու շաբթւան ընթացքին, մեր երիտասարդականի վարիչներուն կազմակերպութեամբ, ստացան ազգային դաստիարակութիւն: Այս նախաձեռնութիւնը ԳԵՄ-ի մեր անդամներուն համար կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ իսկական կապ կը ստեղծէ մեր երիտասարդներուն եւ մեր հայրենիքին միջեւ, նաեւ Վանաձորի եւ շրջակայքի պատանիներուն համար օգտաշատ է, որովհետեւ իրենց առօրեայէն դուրս բերելով զիրենք, ընկերային մթնոլորտ ստեղծելու եւ ազգային դաստիարակութիւն ստանալու առիթ կընծայէ: Այս ճամբարը կրկին հերթականօրէն տարեկան դրութեամբ պիտի շարունակւի:
Երկրորդ օրինակ մը տալու համար յիշեմ Ապրիլ 24-ի քայլարշաւն ու ցոյցը թուրքական դեսպանատան դիմաց, որ կը կազմակերպւի ԳԵՄ-ին կողմէ: Քայլարշաւի լոզունգներու պաստառներն ու ձեռնարկի յայտագիրը լաւապէս կազմակերպւած էր՝ իրենց պահանջատիրական խօսքերով եւ հայրենասիրական երգերով:
Գալով Պատանեկան միութեան եւ Ընդհանուր Վարիչ մարմինին (ԸՎՄ), անոնք եւս բեղուն գործունէութիւն ծաւալեցին այս տարի: Տեղի ունեցաւ վարիչներու վերաորակաւորման սեմինար, որուն ընթացքին կրցանք մեր պատանիներուն յատուկ դաստիարակութիւն տալ՝ ղեկավար ըլլալու մօտեցումներն ու անհրաժեշտ գիտելիքները փոխանցելով իրենց: Նման միջոցառումներ նպատակաուղղւած դաստիարակչական ծրագիր կիրականացնեն ԸՎՄ-ի կազմակերպութեամբ: Պատանեկանի Համականադական տարեկան սեմինարին եւս 150-էն աւելի մասնակիցներ կային Կանադայի ամբողջ տարածքէն, որուն ընթացքին դարձեալ մեր պատանիները Հայ Դատի վերաբերեալ եւ մեր պատմութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ ունեցան:
Այս տարի մեր շրջանը հիւրընկալեց Տարածաշրջանային Պատանեկան առաջին խորհրդաժողովը. պատանիներ Կանադայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկաներէն եւ Աւստրալիայէն մասնակցեցան սոյն խորհրդաժողովին, որուն ամբողջական կազմակերպութիւնը ստանձնած էր Կանադայի ԸՎՄ-ը: Այս մէկը աննախընթաց էր մեր շրջանին համար, նաեւ ցուցանիշ է մեր Պատանեկան կառոյցի առոյգութեան եւ աշխուժութեան:
Ուսանողականին վերաբերեալ անոնք յաջորդ տարեշրջանին համար վերսկսած են իրենց ծրագրային աշխատանքները, որպէսզի յառաջիկային համալսարանական ոլորտներէն ներս մեր ձայնն ու մեր քարոզչութիւնը լսելի դարձնեն:
Հ.- Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբը միշտ պատնէշի վրայ է եւ իր յանձնառութեան հաւատարիմ յառաջ կը տանի իր առաքելութիւնը։ Ինչպիսի՞ տարի մը բոլորեց Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Խ.Տ.- Բաւական զբաղ եւ ծանրակշիռ տարի մըն էր Հայ Դատի յանձնախումբին համար. աշխատանքները հիմնականօրէն տարբեր ոլորտներ կը պարփակէին՝ Հայաստանի ընկերային եւ տնտեսական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ Կանադա-Հայաստան յարաբերութիւններու ծաւալում, որպէսզի Կանադան յանձնառու ըլլայ առաւելագոյնս օժանդակելու Հայաստանի: Կրնամ ըսել, որ որոշ չափով յաջողեցանք՝ Կանադայի կառավարութեան նիւթական օժանդակութիւնը ապահովելով:
Ներգաղութային գործունէութեան առումով Հայ Դատի յանձնախումբը Կանադայի մէջ ժողովրդահաւաքներ կազմակերպեց, Մարտ ամսւան ընթացքին, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ, որոնց ընթացքին մեր գործավարը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ ներկայացուցին իրենց աշխատանքները: Նշեալ հաւաքներուն մեր ժողովուրդը առիթ ունեցաւ նաեւ բաժնելու իր մտահոգութիւնները եւ տեսակէտներ փոխանցելու: Այսպիսով մենք կը փորձենք Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները ներկայացնել մեր գաղութին, որպէսզի իրազեկ ըլլան եւ քաջալերեն ու աջակցին մեր գործունէութեան:
Արցախի հարցով յանձնախումբը Կանադական բոլոր կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ կունենայ, որպէսզի քաղաքական ոլորտէն ներս միշտ առկայ ըլլայ Արցախի մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն վերատիրանալու հարցը եւ հողային պահանջքները:
Մենք յաջողեցանք նաեւ մամլոյ ասուլիս կազմակերպել, երբ Ադրբեջան հիւրընկալեց COP29 միջոցառումը: Հայ Դատի մեր գործավարը հրապարակաւ եւ մամլոյ ասուլիսով իրազեկ դարձուց Կանադայի հանրային կարծիքը, թէ կառավարութիւն մը, որ ցեղասպանութիւն կիրագործէ եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներ կընէ, ինչպէ՞ս կրնայ հիւրընկալել նման միջոցառում մը: Մամլոյ արձագանգը բաւական գոհացուցիչ էր այս առնչութեամբ:
Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ կը շարունակւին մեր աշխատանքները, որպէսզի ինչ որ առ այսօր իրագործած ենք Կանադայի մէջ կարենանք ամրապնդել եւ մոռացութեան չտալ մեր պահանջատիրութիւնը թուրք իշխանութիւններէն: Մենք ոչ միայն ցեղասպանութեան ընդունումը կը պահանջենք, այլ մեզի համար կարեւոր է նաեւ հատուցումը: Դժբախտաբար Հայաստանի ներկայ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան պատճառաւ այս աշխատանքը թէպէտ աւելի դժւար է, բայց շատ աւելի կարեւոր է, որ Սփիւռքի մէջ մենք այդ ձայնը բարձրացնենք եւ մնանք պահանջատէր:
Այս ծիրէն ներս Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ձեռնարկները իրականացուցինք եւ առաջին անգամ ըլլալով Մայիս 1-ին կազմակերպեցինք քաղաքական հաւաք, որուն 70-էն աւելի քաղաքական դէմքեր եւ դեսպաններ ներկայ գտնւեցան Օտտաւայի Խորհրդարանին մէջ: Կանադայի բոլոր կուսակցութիւններէն եւ օտար երկիրներու դեսպաններ ներկայ էին, ուր մենք դարձեալ մեր պատգամը փոխանցեցինք եւ մեր հողային պահանջքները շեշտելով հարցը կրկին անգամ արծարծեցինք:
Այս ծիրէն ներս Հայ Դատի աշխատանքները անդուլ կերպով պիտի շարունակենք եւ առիթը ստեղծենք, որ մեր համայն գաղութը մասնակից ըլլայ մեր աշխատանքներուն:
Հարցազրոյցը վարեց ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ