Այլ

Խաղաղասէրներուն կեղծիքը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

«Ո՞վ պիտի սանձէ Իսրայէլը, պիտի կասեցնէ Լիբանանի ու պաղեստինցիներուն՝ Գազայի ու Արեւմտեան Ափի պաղեստինցիներուն դէմ անոր ոճիրները»: (Սա այն Իսրայէլն է, որ մինչեւ այսօր ալ կը զինէ Ադրբեջանը…)

«Հզօր պետութիւնները, մասնաւորապէս Իսրայէլի պաշտպան-դաշնակից հռչակւածները ինչո՞ւ կը մնան խօսքի սահմաններու մէջ, գործական փոքրագոյն քայլը չեն առներ՝ կասեցնելու համար ջարդերն ու համատարած քանդումը, աղէտի գօտիները մինչեւ Սուրիա, Իրաք եւ Իրան հասցնելու անոր հրոսակութիւնները…»:

«Արաբական երկիրներու ականջին՝ Իսրայէլի անհատնում ոճիրները ջուրի ձա՞յն են: Միայն պաղեստինցիք, լիբանանցիք (այն ալ մասնակի), Սիրիա, Իրաք, Եմէն եւ նման երկիրնե՞ր պէտք է մտածեն ինքնապաշտպանական միջոցառումներու մասին, իսկ ինքնապաշտպանութեան դիմողը ինչո՞ւ պէտք է դասւի ահաբեկիչ»…

Այս ու նմանօրինակ հարցումներ կը տանջեն անմիջականօրէն՝ իսրայէլեան ոճիրներու թիրախ դարձողները, իսկ անոնցմէ անդին՝ 21-րդ դարուս մէջ արդար ու մարդկայնական աշխարհի մը հետամուտները:

***

Տարի մը առաջ, այս օրերուն, «ՀԱՄԱՍ»-ը Գազայէն մեկնած յանդուգն յարձակողական մը իրականացուց Իսրայէլի դէմ, հարւածներ հասցուց Իսրայէլի սրտին վրայ, գերի բռնեց քաղաքայիններ եւ զինւորականներ: Մասնաւորաբար Արեւմուտքի մէջ աշխարհը իրար անցաւ: Վա՜յ, ինչպէ՞ս կըլլայ, որ իրենց կողմէ իբրեւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կնքւած «ՀԱՄԱՍ»-ը համարձակեր է ինքզինք պաշտպանել ու հակայարձակում մը կատարել, հետեւելով այն հասկացութեան, թէ երբեմն յարձակումը ամէնէն լաւ պաշտպանութիւնն է…: Մարդիկ մոռցա՜ն, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները տարիներ ու տարինե՜ր շարունակ, շաբաթական եւ ամենօրեայ դրութեամբ կը ռմբակոծէին Գազան, շերտ առ շերտ հողամասեր կը գրաւէին Արեւմտեան Ափէն, կը ջարդէին պաղեստինցիներու պարտէզները, կը քանդէին անոնց բնակարանները: Աշխարհը «վարժւած» էր այդ ոճիրներուն եւ զանոնք կընկալէր իբրեւ բնական ընթացք, զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը… սոսկական թիւեր են, որովհետեւ Իսրայէլ կը պահւըտէր – այսօր ալ կը պահւըտի – «ինքնապաշտպանութեան իրաւունք»-ի վահանին ետին, հովանաւորներ ունի: Մոռցւած է, որ Իսրայէլի հետ «որոշ լեզու գտած» ՊԱԿ-ն ու անոր ղեկավարութիւնը, Արաֆաթ-Ռաբին «պատմական համաձայնութենէն» ասդին ալ, չէ կրցած կասեցնել պաղեստինցիներու մարդկային եւ հողային իրաւունքներուն ողջակիզումը: Բա՜յց… աշխարհը ստիպւա՞ծ է հաշիւը պահելու Իսրայէլի բոլոր ոճիրներուն, որոնք քայլ առ քայլ սկիզբ առին 1948-ին, պատմութեան մէջ արձանագրեցին Սաբրա-Շաթիլայի (Լիբանան) ջարդերը, որոնց կապւած էր անուն մը՝ Արիէլ Շարոն: Անկէ ասդին, Իսրայէլի իրերայաջորդ ղեկավարները կը ջանան նսեմացնել Շարոնի ու գործակիցներուն «համբաւ»-ը…

Նոյն պատկերը՝ լիբանանեան ճակատներու վրայ: Աշխարհը «բնական»-ի աչքով կը դիտէր – այսօր ալ կը դիտէ – Լիբանանի, մասնաւորաբար Հարաւի ու Բէյրութի արւարձաններուն վրայ իսրայէլեան յաճախակի յարձակումները, զոհերուն ու վիրաւորներուն թիւի յաւելումը: Շատո՜նց սովորական դարձած է իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներն ու «ձայնի պատ»-ին խզումը, որուն հետեւանքով քաղաքայինները ահ ու սարսափի մատնւին: Լիբանանի մէջ ալ, «Հեզբօլլահ»-ն հռչակած են «ահաբեկչական», որովհետեւ, ի շարս բազմաթիւ այլ պատճառներու՝ յաջողեցաւ 2006-ին զսպել իսրայէլեան յարձակումը եւ հազւադէպ պարտութեան մը մատնել ոճրագործ իշխանութեան բանակը: Այսօ՞ր, երբ այս կազմակերպութեան՝ Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս հաստատւած, իշխանութեան մասնակից եւ իր հեղինակութիւնը հաստատած կուսակցութեան ղեկավարները ահաբեկման կենթարկւին մասնաւորաբար վերջին երկու շաբաթներուն, երբ Բէյրութի վրայ յարձակումները կը յիշեցնեն 1982-ի ամառը, երբ Իսրայէլի բանակը գրաւեց ամբողջ Հարաւը եւ Բէյրութի արեւմտեան կէսը, երբ հարաւը դարձեալ դարձած է ուղղակի ճակատումներու դաշտ…

Եթէ կարկինը տարածենք, նոյն անհիմն յանկերգներով կը կատարւին Սիրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, նաեւ Իրանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները: ՄԱԿ-ն ու ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը հարց չի տար, թէ սա ի՞նչ տեսակի ինքնապաշտպանութիւն է, որուն գլխաւոր զոհերը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ անմեղ քաղաքայիններ են, կիներ, մանուկներ, տարեցներ, միլիոնաւոր քաղաքայիններ բնակարան կը կորսնցնեն՝ քանդում, հրկիզում, բռնագաղթի կենթարկւին («քաղաքակիրթներուն» համար ի՞նչ արժէք ունին քանի մը միլիոն գաղթականի յաւելումը, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ բռնագաղթի մատնւածներու թիւը անցած է 120 միլիոնը…): Այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներ ու դաշնակիցներ գրեթէ ամէն օր զինադուլի, յարձակումներու դադրեցման եւ բազմերես ողբերգութեան վերջ տալու կոչերով հրապարակ կու գան, եւ սակայն, Իսրայէլի իշխանաւորները ոտնակոխ կընեն այդ բոլորը եւ ոճիրներու գօտին կը տարածեն դէպի նոր հորիզոններ, ի վերջոյ կը յաջողին… Իրանը ուղղակիօրէն ներգրաւել – առայժմ սահմանափակ կերպով – այս գուպարին մէջ, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքը, այլ շատ աւելի լայն տարածքներ դնելով ընդհանուր պայթում սպառնացող հրաբուխի մը վրայ:

***

Փորձենք ընթացիկ մեկնաբանութիւններէ եւ որոշապէս տեսանելիներէն քիչ մը անդին երթանք, որոնելու համար քանի մը պատասխան, պատմական վկայութիւն:

Նախ՝ տեսանելի մը: Ամերիկեան եւ այլ ուժերու կեղծաւորութեան ապացոյցները աղաղակող են (նոյնը՝ ուկրաինական ճակատներուն վրայ եւ այլուր): Իսրայէլի ուղղւած՝ ինքնազսպումի կոչերը կը մնան խօսքի ապուրի սահմաններուն մէջ, ինչպէս որ կընեն մեր՝ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած արհաւիրքներուն դիմաց (եւ իրենց կամակատարը դարձուցած են ՔՊ-ական իշխանութիւնը): Իսրայէլի ուղղւած լուռ պատգամը հետեւեալն է. «Դուն մեր ըսածներուն ականջ մի՛ կախեր, ազատ զգայ ջարդ ու աւեր տարածելու ո՛ւր որ կուզես»: Փա՞ստ: Խաղաղարար կոչերուն զուգահեռ, միլիարդ առ միլիարդ կաւելնան դէպի Իսրայէլ զինական օժանդակութիւնները: «Ասկէ աւելի միջամտելու իրաւունք չունինք»-ն ալ այլ կեղծիք է: Ինչ կը վերաբերի արաբական աշխարհին, ան ուրիշներէ առաջ՝ ի՛ր ձեռքերով ինքզինք մատնած է անզօրութեան, որովհետեւ արաբական ազգայնականութեան՝ ազգային շահերու պաշտպանութեան դարաշրջանը (որ բացւած էր 50-ական տարիներուն) շատո՜նց դագաղւած է, հոս-հոն իշխանութեան հասած են – բերւած են – օտարներու շահերուն կամակատարներ (կրկնենք, նաեւ Հայաստանի մէջ), որոնց մերթ ընդ մերթ կարտօնւի յախուռն քննադատութիւն ուղղել ընդդէմ Իսրայէլի, քիչ մըն ալ անոր պաշտպաններուն: Չէ՞ որ խօսքի ապուրի մասին է մեր… խօսքը:

Աւելի՛ն. ուղղակի եւ անուղղակի հարւածի տակ կառնւին – ո՛չ միայն Իսրայէլի կողմէ – բոլոր անոնք, որոնք իրենց երկիրներն ու ազգային շահերը կը պաշտպանեն, կը մերժեն վերածւիլ օտարներու գործակատարներու: Փա՞ստ: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը պատահի Իրանի մէջ ու անոր դէմ, ո՛չ միայն այսօր, այլ սկսեալ այն օրէն՝ երբ «Իսլամական յեղափոխութիւն»-ը եկաւ ըսելու աշխարհին – ու Իրանը ուղղակի եւ անուղղակի կերպով շահագործողներուն,- թէ հոս կայ երկիրն մը, ու ունի իր քաղաքական եւ մշակութային դիմագիծը, կազմաւորւած՝ դարերու ընթացքին, երկիր մը՝ որ կը մերժէ կուլ տալ արեւմտեան շինծու «արդիականութեան ու ազատականութեան-ազատամտութեան» լօ-լօ-ները: (Ճշդում. Արեւմուտի մէջ ամէն բան շինծու եւ անբնական չէ. Արեւմուտքի մէջ ալ կան մարդկային եւ այլ արժէքներ պաշտողներ, որոնք վերջին տասնամեակներուն աւելի եւ աւելի՛ կը ճնշւին, անոնց խօսքը կը դառնայ աւելի՛ մեղմ, անլսելի): Կարելի է այս ցանկին վրայ ունենալ նաեւ մեր դրացի Վրաստանը, ինչո՞ւ չէ նաեւ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը:

***

Բայց եկէ՛ք, պահ մը մեր աչքերն ու միտքերու պատուհանները լայն բանանք այսօրւան ու անցեալի դաժան իրականութիւններուն վրայ եւ հարց տանք, թէ իսկապէս կարելի՞ է արդարութիւն, մարդկայնականութիւն եւ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ պաշտպանութիւն ակնկալել Արեւմուտքէն ու այլ հզօրներէ, որոնք, ընդունինք, իրենց կարգին դարձած են խաղալիք՝ քիչ տեսանելի «գերհզօր ուժերու» ձեռքին մէջ:

Ինչպէ՞ս կարելի է արդարութիւն եւ մարդկայնականութիւն սպասել, օրինակի համար՝  Միացեալ Նահանգներէն, որ Բ Աշխարհամարտի արեւամուտի օրերուն կորիզային ռումբերով ջարդեց բազմահարիւր հազարաւոր ճապոնցիներ, ահաւոր վնասներու ենթարկեց միլիոնաւորներ, յետոյ՝ Վիեթնամի պատերազմին գործածեց Նափալմ ռումբեր եւ թունարձակ գազեր, երկուքն ալ արգիլեալ զէնքեր՝ միջազգային համաձայնութիւններով: Նոյն Ամերիկեան բանակները չէի՞ն – եւ մինչեւ այսօր շարունակւող նո՛յն մտածողութեամբ,- որ քար ու քանդ ըրին, մահ ու աւեր տարածեցին Աֆղանիստանի մէջ (քանի մը մակարդակով գերազանցելով խորհրդային բանակներու քանդումները), յետոյ հասան Իրաք, պատմութեան մէջ արձանագրեցին Աբու Ղրէյբ, Գուանթանամօ (երբեմն ասոնք յիշողներ կան), սարքեցին «Արաբական գարուն»-ը եւ անկէ ծնած շողերը տարածեցին մինչեւ Կովկաս եւ այլուր… (ցանկը երկար է): Իսկ ասոնք՝ միայն վերջին դարուն: Հիմա (Հիթլէրի բառամթերքով) ո՜վ կը յիշէ միլիոնաւոր բնիկ հնդիկներու ջարդը, սեւամորթներու գերեվարութիւնն ու խտրականութիւնը (հոգ չէ թէ հետքերը մերթ ընդ մերթ գլուխ կը ցցեն):

Սա նոյն Ֆրանսիան չէ՞, որ Ա Աշխարհամարտէն ետք գաղթատիրութիւն տարածեց Արաբական աշխարհին մէջ (նաեւ՝ Աֆրիկէի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի), իբրեւ լծակից ունենալով Անգլիան, Իտալիան, Պորտուգալը եւ եւրոպական այլ երկիրներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ պաշօնական պատմուճան հագցուցին բազմաթիւ երկիրներու հարստութեանց կողոպուտին, իսկ երբ Բ Աշխարհամարտէն ետք (չմոռնանք նաեւ Հիտլերի Գերմանիան), աշխարհը զգեցաւ «նոր համակարգ» (հիմա ալ նորաձեւութիւն է խօսիլ նոր համակարգի կազմաւորման մասին), ազգայնական շարժումներու ալիքներուն առջեւ տեղի տւին երբեմն արեան ահաւոր ծովեր ստեղծելով (կը յիշէ՞ք Ալջերիան), իսկ հեռանալու պահուն, շատ մը տեղեր «կտակ» ձգեցին պայթուցիկ եւ մի՛շտ շահագործելի վարչական դրութիւններ, նոյն ճիգը կը շարունակւի նաեւ այսօր (ցաւցնող են օրինակները. չթւենք անուններ):

***

Ահաւասիկ այսպիսի Արեւմուտի մը յարած են նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն – եւ այլոց –  աչքերը, ակնկալութիւնները: Թուրքիոյ պարագան այլապէս ուսանելի պարագայ է, սակայն շա՜տ ծանօթ, եթէ մարդիկ յուշակորոյս չեն…: Ոճրագործ իշխանութիւններու հանդէպ միայն խօսքի ապուրներով հանդէս եկող «քաղաքակի՜րթ եւ ժողովրդավա՜ր» երկիրները կրկին ու կրկին ցոյց տւած են, որ իրենց համար, տառապող, վնասներ կրող եւ մինչեւ իսկ ցեղասպանական արարքներու ենթարկւող երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահեր հիւլէի մը չափ կարեւորութիւն չունին, պատրաստ են աչք փակելու միլիոնաւոր պաղեստինցիներու, լիբանանցիներու, ուկրաինացիներու, հարիւր հազարաւոր արցախցիներու եւ հայերու ողբերգութիւններուն վրայ: Լաւագոյն պարագային, պտղունց մը դրամական օգնութիւն կը ղրկեն, կամ ալ խաղաղապահ (անպիտան) դէտեր:

…Մեր յեղափոխական երգերէն մէկը կը պարունակէ պարզունակ պատգամ մը.

«Օտարէն մեզ ֆայդա չկայ,

Ելի՛ր, սազէ՛ քո թիւֆէնք»:

Սա կը բխի ինքնապաշտպանութեան ամենէն տարրական իրաւունքէն: Եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանողը՝ սեփական ընտանիքն ու հայրենի հողը պաշտպանողը «ահաբեկիչ» որակելու: ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ ԻՐԱԿԱՆ Հայաստանի մէջ, ասիկա փաստւած է մեր ֆեդայիներու օրերէն սկսեալ, կտրած է ինքնազոհաբերութեան բազում հանգրւաններ:

Related Articles

Back to top button