Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Կնքահայրը հիմա Շոլցն է…

Ու պատահեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան ու Իլհամ Ալիեւ Մունխէնեան գտնւին այսպէս կոչւած՝ ապահովութեան ոչ-պաշտօնական խորհրդաժողովի մը առիթով եւ յանկարծ, հիւրընկալ երկրին վարչապետը՝ Օլաֆ Շոլց, (Surprise!) նախաձեռնութեան մը դիմեց եւ ըսաւ. «Ֆրէօնտը (ընկերներ), եկէ՛ք, քանի հոս էք, առիթը մի՛ կորսնցնէք, երեքով նստինք, բանակցինք, տեսնենք, թէ ձեր այս սա անհասանելի համաձայնութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է հասանելի դարձնել»: Յետոյ ալ զանոնք տարաւ սենեակ մը, ուր եռանկիւնաձեւ դասաւորումով սեղաններ տեղադրւած էին (ականջը խօսի կամ Աստւած հոգին լուսաւորէ հարաւային Լիբանանի սահմանին, շուրջ 40 տարի առաջ տեղի ունեցած «եռակողմանի բանակցութիւններ»-ու մասնակիցներուն)… Մնացեալը ծանօթ է լրատու աղբիւրներուն հաղորդումներէն:

Քիչ մը երգիծական էր վերի մուտքը, սակայն մարդս ինչպէ՞ս կրնայ ետ կանգնիլ խնդալէ, երբ օր-ցերեկով կը փորձեն… քթիդ խնդալ եւ հաւատացնել, որ սա նախապատրաստւած բան չէր, պարզապէս կնքահայր Շոլցի ակնթարթային բարի կամեցողութեան արդիւնք էր: Նախօրօք, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները նման հանդիպում չէին նախատեսած, իսկ «ռեւանշիստ» ընդդիմադիրները կասկածով յայտնած էին, որ նման հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ:

Հանդիպումէն ետք ալ, այլանդակ գաղտնապահութեան վարագոյրը պահպանւեցաւ պաշտօնապէս: Միայն քանի մը բառ՝ քննարկւած հարցերուն մասին, մինչեւ իսկ ժլատ տեղեկութիւններ, թէ Փաշինեան եւ Ալիեւ առանձին հանդիպում ունեցած են կամ չեն ունեցած՝ եռանկիւն դասաւորումով սեղաններէն Շոլցի հեռանալէն ետք: Սակայն չաճապարենք, քանի մը ժամէն կամ քանի մը օրէն ըստ բաւականին կը բացայայտւին որոշ մանրամասնութիւններ, եւ ի յայտ կու գայ (դարձեալ), որ իշխանութեան ձախաւերութիւնները քննադատողները ճիշտ նախատեսութիւններ կատարած էին, երբ կըսէին, թէ Փաշինեան եւ իր խումբը ամենայն հաւատարմութեամբ յառաջ կը սուրայ ալիեւեան պահանջներուն առջեւ զիջումի իր ճամբուն մէջ:

* * *

Միւնխէնեան հանդիպումը բացայայտեց քանի մը իրականութիւն (բացայայտել-ուն մէջ կայ անծանօթ բան մը լոյսին բերելու իմաստը, որ այս պարագային այդքան ալ ճիշտ չէ): Նախ այն, որ Փաշինեան եւ իր «զօրախումբը» հաւատարիմ են ինքնագլուխ քայլեր առնելու եւ զանոնք հանրութենէն գաղտնի պահելու ընթացքին: Չէ՞ որ վերջերս յոխորտանքով յայտարարած էր, թէ ի՛նք է որոշողը, թէ ի՞նչ բան գաղտնի է, ի՞նչը՝ ոչ: Իսկ եթէ յիշողութեան տոպրակը պեղենք, մեր ականջին պիտի հնչէ միւս յոխորտանքը, թէ ինք կը բանակցի այնպէս՝ ինչպէս որ կ’ուզէ: Չէ՞ որ «ժողովուրդը իրեն մանդատ տւած է», չէ՞ որ ինք կը բանակցի «զռոյական կէտէ»: Ո՞վ իրաւունք ունի, կը յանդգնի՛ հաշիւ պահանջելու իրմէ… Այլ բացայայտում մըն ալ այն էր, որ Ալիեւի մասին իր վերջին (քիչ թէ շատ արդարացի եւ ճշմարիտ) մեղադրական յայտարարութիւնները ո՛չ մէկ արժէք ունին, որովհետեւ ահա, ականջները կախ՝ Մունխէն վազեց, երբ իր պոսերը հրահանգեցին՝ «հո՛ս եկուր եւ բանակցէ՛»: Ո՞ւր մնացին այն խօսքերը, թէ Ադրբեջան խաղաղութիւնը կը խափանէ, Հայաստանի վրայ յարձակելու կը պատրաստւի, անհիմն մեղադրանքներ կարձակէ հայկական պաշտպանական ուժերուն դէմ եւ այլն: Մունխէնի մէջ կողքին նստած՝ Միրզոյեան անունով ուսապարկն ալ ձայնակցած էր մեղադրանքներուն: Այդ բոլորը, հիմա յստակ է՝ կատարւած էին ՆԵՐՔԻՆ ՍՊԱՌՈՒՄԻ համար, մինչդեռ անդին, ահաւասիկ բացայայտ կը դառնայ, որ զիջումի ուղին կը շարունակւի վերանորոգւած խանդով:

Վաղը արդեօք պիտի փորձե՞ն մեզ համոզել, թէ Փաշինեան Ալիեւի պարտադրեր է բանակցութեան վերադառնալու, ճնշում բանեցուցեր է Շոլցի միջոցով: Չէ՞ որ Ալիեւ կրկին ու կրկին հեռու մնացած էր բանակցային սեղաններէ, որոնք սարքւած էին իր նաւթին կարօտեալներուն կողմէ…: Պիտի ըսւի՞, որ Փաշինեան Բլինքէնի գանգատ ներկայացուց «չար Ալիեւ»-ին մասին: Կամ պիտի նկատւի՞, որ Ալիեւի մէկ այլ փափագն ալ իրականացած է, Ֆրանսիան հեռացնելով այսպէս կոչւած՝ բանակցութիւններու շրջանակէն:

* * *

Ինչո՞ւ այն մտավախութիւնը, թէ Մունխէնը նոր հանգրւան մըն է զիջումներու իրերայաջորդ փուլերու ճամբուն վրայ: Ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, շուտով մանրամասնութիւններ կը յստականան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով: Իսկ մտավախութիւնները բոլորովին անհիմն չեն, կը բաւէ, որ արագ ակնարկ մը նետենք վերջին շաբաթներու եղելոյթներուն վրայ:

Թւենք մէկ քանին:

Մունխէնի մէջ գաղտնօրէն պատրաստւած այս հանդիպումը յաջորդեց Ալիեւի վերընտրութեան եւ առանց բառերը ծամծմելու՝ Հայաստանին ուղղւած նորագոյն սպառնալի պահանջներուն, որոնց ընկերացան գործնական յարձակումներ եւ մեղադրանքներու տարափ: Հերիֆը արդէն իսկ Արցախը վերջնականապէս կուլ տւած կը դաւանի, կը մերժէ «միջնորդներու» ներկայութեան բանակցիլ, եւ ահա, շաղակրատութիւն մը ծայր կու տայ, թէ Շոլց «նախաձեռնո՞ղ» էր թէ՞ «միջնորդ», իսկ ազերիական կողմը չուզեր միջնորդ բառը լսել: Հիմնական պահանջը՝ Հայաստանի հիմնական օրէնքներուն, այսինքն՝ Սահմանադրութեան վերախմբագրումի «դեղատոմսն» էր, առանց որուն՝ «խաղաղութիւն մի՛ երազէք», բացագանչեց նաւթատէրը քանի մը օր առաջ, իր երդման արարողութեան պահուն: Քանի մը տարւան «հնութիւն» ունեցող այս պահանջին կրկնութեան նախօրեակին, Փաշինեան քանի մը շաբաթ առաջ հրապարակ նետեց «նոր սահմանադրութեան մը պէտք ունինք»-ը, որուն ընկերացան Զինանշանին եւ այլ խորհրդանիշներուն՝ հայութեան ազգային դիմագիծին ու էութեան, անսակարկելի պահանջներուն հետ կապ ունեցող խորհրդանիշներուն «վերախմբագրման» առաջարկները: Միջանկեալ, Փաշինեան անուղղակիօրէն բացայայտ դարձուց, որ Ալիեւի մէկ այլ պահանջին ալ պատրաստ է ընթացք տալու եւ ընդդիմադիր պատգամաւորները զրկելու բանակցութեան թղթածրարներուն ծանօթանալու ԻՐԱՒՈՒՆՔԷՆ (այլեւս արտաքին գործոց նախարարութեան դուռները փակ պիտի պահէ եղեր): Ինչո՞ւ, որովհետեւ Բաքու դժգոհ է, որ «ռեւանշիստ» ընդդիմադիրները ժողովուրդը իրազեկ կը դարձնեն, որ Ադրբեջան Հայաստանի ներկայացուցած է նոր (եւ անվերջանալի) պահանջներ, կը միտի պարտադրել նոր զիջումներ (հող, բանակային կարգ ու սարք եւ մասամբ նորին): Այլ խօսքով, ինչ որ տեղի կունենայ Երեւան-Բաքու բանակցութիւններուն ու հաղորդակցութիւններուն ճամբով, պէտք է պահել գաղտնի, լուսարձակներէ հեռու, ո՛չ ընդդիմադիրները, եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ իշխանաւորները սահմանային քանի՞ գօտի պիտի յանձնեն Ադրբեջանին՝ փոխարէնը միայն… օդ ստանալով (վաղը շնչելն ալ կրնայ արգիլւիլ): Անշուշտ մոռցւած է այն, որ «մանդատ»-աւորը խոստացած էր ոչինչ թաքցնել ժողովուրդէն: Ֆի՜ւ…

Մունխէնի հանդիպումը յայտնապէս նախերգանքը պիտի ըլլայ նաեւ Երեւան-Բաքու երկկողմանի՛ բանակցութիւններու ուղիին, որուն մասին կրկին ու կրկին պահանջ դրւած է Ալիեւի կողմէ (մարդը քանիցս յայտարարեց. մեր գործին մի՝ խառնւիք: Մենք հարցերը լուծած ենք եւ պիտի լուծենք… ուժի ճամբով, Փաշինեան ու ընդհանրապէս հայկական կողմը ընդունի կամ ոչ): Տեսանք, որ Շոլցի ներկայութիւնը բեմադրութեան համազօր էր, իսկ Եւրոխորհուրդն ու Միացեալ Նահանգներ ծափողջունեցին «խաղաղութեան հետապնդումը վերսկսելու» այս քայլը: Ո՛չ ոք հարց կու տայ, թէ խաղաղութեան աղաւին ո՞ր խոհանոցին մէջ տապկւած է՝ ազերիական իրերայաջորդ ոճիրներուն եւ անոնց հանդէպ Երեւանի ձեռնածալ-կամակատար մնալուն, Արեւմուտքին ու Արեւելքին կոյր ձեւանալուն պատճառով:

Հին պոլսեցիներ պիտի ըսէին. «Իցի՜ւ թէ այս մտավախութիւնները չարդարանան», սակայն վերջին տարիներու դաժան իրականութիւնները մեզի ցոյց տւած են, որ ամենէն աներեւակայելի նահանջներն իսկ մարմնաւորւած են քայլ առ քայլ, փուլ առ փուլ:

* * *

…Ամենէն ուշագրաւ կէտերէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստան կը պատրաստւի նշելու (չըսինք՝ տօներու) Արցախեան շարժումին 36-րդ տարեդարձը: Այս փուլին, կորսնցուցած ենք Արցախը, իշխանաւորները ճիգ կընեն մոռացութեան մատնելու մեր արձանագրած սուղ նւաճումները, խեղաթիւրելու մօտիկ անցեալի իրականութիւնները, յայտարարելով, որ 2016-ի ճակատամարտին պարտւեցանք եւ այլն: Օրը կու գա՞յ, եւ կըսե՞ն, որ Սարդարապատի մէջ ալ պարտւեցանք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք ծնունդ չէ առած «անձեւ քաոս»-ի մէջէն եւ անկէ ո՛չ մէկ ժառանգութիւն, աւանդ հասած է մեզի, որովհետեւ «Հայաստանի պամութիւն»-ը (եւ ո՛չ թէ Հայոց պատմութիւնը) սկսաւ «Թաւշեան յեղափոխութեամբ»: Ատենին համայնավարներն ալ պատմութեան խեղեալ վերախմբագրումի այսպիսի ցնդաբանութիւններ տարածեցին եւ հաւատացող-հետեւորդ ունեցան:

Երէկ, այսօր եւ վաղն ալ, կրկին ու կրկին պիտի հնչեն ճշմարտութիւնները, թէ՝ այս իշխանութեան օրով, Հայաստան գնաց ու կերթայ կորուստէ կորուստ, վազքը պիտի շարունակւի՝ այնքան ատեն որ ուսապարկատէրն ու «պարկեր»-ը կը մնան իշխանութեան ղեկին: Ամէն օր ժողովուրդին աչքին փոշի նետելու նոր գիւտեր ալ կըլլան եւ առատ վիճանիւթ կը տրամադրեն մամուլին ու քաղաքական շրջանակներուն…:

Պէտք է ԱՆՅԱՊԱ՛Ղ վերջ տալ ինքնախաբէութեան մոլուցքին, թէ՝ մեր կորուստներուն ամբողջ պատասխանատւութիւնը կիյնայ «նախկիններուն» վիզին («նոր»երուն 6-րդ տարին ալ պիտի գլորենք շուտով): Պէտք է կասցնել սուտերու օրօրոցին ճօճումը: Իսկ ամենէն կարեւոր ճշմարտութիւնը՝ հայրենիքին ու ազգի՛ն փրկութեան նախանձախնդիր բոլոր ուժերը կոչւած են օր առաջ միացնելու ձեռքերը, որպէսզի ճամբայ հանեն ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ երթը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
17 փետրւարի 2024 թ.

Related Articles

Back to top button