ՄիջազգայինՔաղաքական

Բայդէնի ուշացած որոշումէն ետք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Կիրակի, յուլիսի 21-ի հանգիստի օր մըն էր, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ջօ Բայդէն տակն ու վրայ ըրաւ մարդոց, յատկապէս քաղաքական ու մամուլի կալւածներուն մէջ գործողներուն (կէս)հանգիստը, երբ կէսօրին հրապարակեց որոշում մը, թէ՝ դուրս կու գայ նախագահական ընտրապայքարէն:

Բայդէնի որոշումը խորքին մէջ անակնկալ մը չէր՝ հակառակ կարգ մը տեսնւած իրականութիւններու: Կարելի է մինչեւ իսկ ըսել, որ անիկա ուշացած որոշում մըն էր, ո՛չ միայն անոր համար, որ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ձախաւեր ճակատում մը ունեցած էր հանրապետական մրցակիցին՝ Դոնալդ Թրամփի հետ, ընտրապայքարի ծիրին մէջ պատկերասփռւած առաջին բանավէճին (մինչդեռ որքա՜ն դիւրին պիտի ըլլար փողիացնել յանցապարտ մրցակիցը), այլ նաեւ անոր համար, որ անոր մտային կարողութիւնները նահանջի բացայայտ նշաններ ցոյց կու տային վերջին ամիսներուն (քիչ մըն ալ աւելի): Հրապարակային խօսքերու պահուն կը կմկմար, խօսքին թելը կը կորսնցնէր, անուններ կը շփոթէր, տարօրինակ շարժումներ կընէր եւ, մէկ խօսքով, ի յայտ կը բերէր տարիքին պարտադրած որոշ վիճակներ (81 տարեկան է, թէեւ տարիքին թիւը ինքնին ցուցանիշ չէ, իրմէ աւելի երէցներ շատ աւելի հաւասարակշռւած կըլլան, իսկ ուրիշներ աւելի կանուխ կը կորսնցնեն ատակութիւնը):

Ընտրապայքարէն դուրս գալու Բայդէնի որոշումը անակնկալ էր միայն այն անկիւնէն, որ նախօրեակին, եւ հակառակ Պսակաւոր ախտէ վարակւած ըլլալու լուրերուն, ան վճռած էր շուտով վերադառնալ մրցադաշտ (Ողիմպիականներուն զուգահեռ…): Ըստ ամենայնի՝ անակնկալ չէր, որովհետեւ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ահազանգի մատնւած էր վերջին շաբաթներուն, մասնաւորաբար յիշեալ հրապարակային բանավէճէն ետք, եւ օր ըստ օրէ կաւելնար թիւը այն խորհրդարանականներուն, ազդեցիկ դէմքերու (Օբամա, Փիլոսի…) եւ համակիրներու, որոնք կը պահանջէին վերջ տալ ընտրապայքարին: Կարելի չէր անտեսել մանաւանդ… նւիրատուները, որոնք կը սպառնային դադրեցնել իրենց նիւթական աջակցութիւնը, եթէ Բայդէն յամառէր մնալ մրցավազքին մէջ (ո՞վ չի գիտեր, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններով ինչպիսի՜ հսկայական գումարներ կը նետւին ընտական գանձանակներու մէջ, ի նպաստ այս կամ այն թեկնածուին: Բայդէնի որոշումը մտրակահարեց «Թրամփին պիտի յաղթենք»-ի «հանգանակային» արշաւը: Նախագահական աթոռը երկար ատենէ ի վեր դարձած է… աճուրդի ապրանք):

Անակնկալ չէր նաեւ այլ կեցւածք մը. Բայդէն բացայայտեց, որ ընտրապայքարի դրօշը կը փոխանցէ իր փոխ նախագահին՝ Քամալա Հէրիսի (նոյնը պատահած էր անուղղակի կերպով՝ աւելի քան չորս տարի առաջ, երբ
Բարաք Օբամային յաջորդած Թրամփի դէմ ընտրապայքարի մտած էր Օբամայի փոխ նախագահը՝ նոյնինքն Բայդէն, եւ շահած էր):

Բայդէնի ուշացած բայց սպասելի որոշումը ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ կը ստեղծէ Դեմոկրատ կուսակցութեան համար, որ հիմա համեմատաբար կարճ ժամանակ ունի վառելանիւթ ապահովելու յաջորդ յաւակնորդի ընտրապայքարին: Ընտրութիւնները նոյեմբերի սկիզբին են: Եթէ Հէրիսի թեկնածութիւնը ցուցանիշ է, որ դեմոկրատները արդէն ատենէ մը ի վեր սկսած էին «ճաշը պատրաստել», (վաղը այս «ուշացում»-ը կրնայ դիտւիլ իբրեւ մարտավարական քայլ), պաշտօնական գործը կը պահանջէ ճիգերու լարում: Կուսակցութեան համագումարը, ուր կորոշւի թեկնածուն (նաեւ փոխ նախագահութեան թեկնածուն) հազիւ ամիս մը հեռու է: Դեմոկրատները չեն կրնար անտեսել, որ Թրամփ, հակառակ իբրեւ անուղղելի յանցապարտ դատապարտւած ըլլալուն եւ ընտրապայքարը յերիւրանքներով սնուցանելու իր խաղքութիւններուն, վերջերս յառաջ ինկած է մրցավազքին մէջ, ապահոված է Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի տոմսը: (Անշուշտ կան ողբացողներ, թէ մրցակից կուսակցութիւններուն սնսնկութիւնը ո՛ւր հասած է…): Աւելին, մօտաւորապէս 10 օր առաջ անոր ականջին հասած փամփուշտ մը յաւելեալ վառելանիւթ ներարկեց անոր շոգեկառքին:

Այս ու նման գործօններ ԵՐԵՒՑՈՂ տարրերն են ընտրապայքարին, եթէ պահ մը մոռնանք, որ իսկական ընտրապայքարը – նաեւ երկու մրցակից կուսակցութեանց վառելանիւթ հասցնողները – կը գործեն ստւերի մէջ, ունին իրենց շահերու հաշւեցոյցերը, որոնք հաւասարապէս կը դրւին թեկնածուներուն առջեւ, եւ իսկական մրցակցութիւնը տեղի կունենայ վարագոյրներու ետին…

***

Բայդէնի որոշումը լայն բացաւ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու դուռները: Առաջին նկատողութիւններէն մէկը այն էր, որ արդէն իսկ որոշ անկարողութիւն ցուցադրող Բայդէն հիմա պաշտօնապէս կը վերածւի «կաղ» նախագահի մը, որ ունի պաշտօնավարութեան 6 ամիսներու շրջան մը:

Բացւեցան ու բաց պիտի մնան այլ մեկնաբանութիւններու եւ գնահատականներու դուռներ: Ոմանք արդէն իսկ Բայդէնի մասին կը խօսին այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ ան կարծէք թէ անցած է պատմութեան: Վեր-վար կընեն թէ ան ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ պաշտօնավարեց. համաճարակ, պատերազմներ (գլխաւորաբար Ուկրաինա եւ Գազա), Աֆղանիստանէն քաշւիլ, Եւրոպայի վրայ տիրակալութեան ծանրացում, տնտեսութեան յանձանձում, երկրի որոշ կալւածներու բարեշրջման ճիգ (ուսանողներու պարտքեր, ներգաղթողներ, ենթակառոյց եւ այլն): Յստակ է սակայն, որ այս բոլորին շուրջ միակարծութիւն չկայ, ոմանք Բայդէնը կը նկատեն յաջող նախագահ, իսկ ուրիշներ՝ ձախողութիւնները կը յիշատակեն: Վերջինին՝ ձախողութիւններու ցանկին գագաթը նստած է ամերիկացի ժողովուրդին բեւեռացման անփոփոխ (եթէ ո՛չ՝ աւելի խորացած) պատկերը: Իսկ թէ անոր մէջ ան ի՞նչ ժառանգած էր իր նախորդներէն, մասնաւորաբար Թրամփէն (եւ ո՛չ միայն անկէ), որ երկրորդ ընտրապայքարը կորսնցնելէ ետք, ներքին բախումներու մթոլորտ ստեղծած էր (յարձակումը խորհրդարանի շէնքին վրայ եւ այլ բաներ), յիշարժան այլ հարցեր են:

Վաղը, շատ աւելի լայն տարածք պիտի գտնեն այն մեկնաբանութիւններն ու նախատեսութիւնները, թէ Բայդէնի յաջորդ դրօշակիրին (եթէ ան ըլլայ Հերիսը) եւ Թրամփի միջեւ մրցակցութիւնը ի՞նչ ընթացք պիտի ստանայ: Նոր ախոյեանը պիտի յաջողի՞ զանգւածը համոզել, թէ Թրամփ ստախօս եւ խարդաւանանքներու վարպետ է, ինք կրնայ ո՛չ միայն անկէ աւելի լաւը ընել, այլ նաեւ շրջադարձ կատարել հոն, ուր Բայդէն ձախողեցաւ (աւելի ճիշտը՝ ձախողեցւեցաւ…): Թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական կալւածները պիտի բերուին լուսարձակներու տակ, «էսդի համեցէք»-ի տրամաբանութեամբ պիտի գովերգւին թեկնածուներուն «բարեմասնութիւնները», մէկ խօսքով, ծայր պիտի առնէ… խօսքի նոր աճուրդ, ու զանգւածները այդքան ալ պիտի չապաւինին իրենց յիշողութեանց, հարց տալու, թէ թեկնածուներէն այս կամ միւսը ի՞նչ խոստումներով պիտի փորձէ համոզել զիրենք եւ տրւած խոստումներէն որքա՞նը պիտի իրականացւին (խոստում տալն ու անկէ ետդարձ ընելը, հակառակ ուղղութեամբ շարժիլը միայն Հայաստանի վարչախումբին առանձնայատկութիւնը չէ, թէեւ մեր պարագային խոստմնադրուժութիւնը աղէտներու կը հասցնէ երկիրն ու ազգը):

***

Լայն պիտի բացւին նաեւ ընտրապայքարի մասին միջազգային հաշւարկներու սակարանները: Բայդէն հռչակւած է իբրեւ Ուկրաինոյ պատերազմին գլխաւոր հովանաւորը եւ Ռուսիոյ դէմ աւելի քան երկուք ու կէս տարիէ ի վեր շարունակւող պատերազմին  զինամատակարարման մղիչ ուժը, մինչդեռ Թրամփ կը խոստանայ, ընտրւելու պարագային, կարճ ժամանակի մէջ վերջ տալ պատերազմին (ինչպէ՞ս-ը ունի մեծ հարցականներ): Նման խոստում որքա՞ն հաճելի է «պատերազմի ճարտարարւեստ»-էն օգտւողներուն, եւ հարցը միայն զէնքերու եւ զինական օժանդակութեան երեսը չէ, կան քողարկեալ այլ շահեր:

Յամենայնդէպս, եւրոպացիք արդէն իսկ սկսած են զգալ պատերազմին տնտեսական-հասարակական խայթոցները, հակառակ անոր որ իրենց ղեկավարներէն շատեր կը մնան պատանդ՝ «պատերազմի ճարտարարւեստ»-ի վարիչներուն:

Նմանապէս հարցականներու եւ տարածուն մեկնաբանութիւններու նիւթ են Իսրայէլին տրամադրւած օժանդակութիւնները, որոնք պաղեստինցիներուն դէմ բացայայտ ջարդերու եւ Գազայի քանդումին վառելանիւթ են: Լիբանանցիք, Իրան, Չինաստան, Հնդկաստան, Ռուսիա, ափրիկեան եւ միջին արեւելեան ու Ծայրագոյն Արեւելքի այլ երկիրներ-գօտիներ իրենց շահերուն հաշւարկներով պիտի հետեւին ընտրապայքարի յաջորդ եւ վճռական փուլին, առանց անտեսելու եւ արհամարհելու այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ գերպետութեան մը կամ որոշ հեղինակութիւն ստեղծած երկիրներու քաղաքական կողմնացոյցին սլաքը ամբողջովին կախեալ չէ այս կամ այն ԱՆՀԱՏ-ին ընտրութենէն:

***

Մեզի՝ հայերուս համար ալ, ընտրապայքարի յաջորդ փուլը եւ Բայդէնի ժառանգութիւնը ունին հեաքրքրական երեսներ, ու Երեւանի – եւ յարակից – մամուլը արդէն իսկ լծւած է նախատեսութիւններու եւ վերլուծումներու (յաճախ մոռնալով, որ, կրկնենք՝  անհատներու փոխարինումը անպայման շրջադարձային գործօն մը չէ):

Մեր հարցերուն պրիսմակը բաւական գունաւոր է. Բայդէն եղաւ Միացեալ Նահանգներու այն նախագահը, որ (Հայաստանի վերանկախացումնէ ետք) առաջին անգամ ըլլալով ճանաչում տւաւ Ցեղասպանութեան: Եթէ այդ որոշումը, որ յաջորդած էր ամերիկեան խորհրդարանի երկու Տուներուն կողմէ որդեգրւած՝ ճանաչումի բանաձեւերուն՝ դրական զարգացում մըն էր, անկէ ետք, ու մասնաւորաբար վերջին երկու-երեք տարիներուն, յստակ է, որ մեր հարցերուն նկատմամբ Բայդէնի Վաշինգտոնին կեցւածքն ու ընթացքը նոյնքան բարենպաստ չեն: Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ադրբեջանի (ու անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ) բացայայտ թշնամութիւնը, իրագործած նոր ցեղասպանութիւնը՝ ըստ էութեան կրաւորականութեամբ, առաւելաբար «խօսքի փիլաւ»-ներով դիմաւորւած է Վաշինգտոնի կողմէ, մօտաւորապէս այնպէս՝ ինչպէս կըլլայ պաղեստինցիները ջարդող ու Գազան քար ու քանդ ընող (առանց մոռնալու Արեւմտեան ափէն կտոր-կտոր հող խլող) իսրայէլեան վարչախումբին պարագային: Տարւէտարի աւելի՛ բացայայտ կը դառնայ, որ Հայաստանին տրամադրւող ամերիկեան (եւ ընդհանրապէս արեւմտեան) նպաստներն ու զօրակցութիւնը ունին մէկ գլխաւոր մտասեւեռում՝ Հայաստանը (եւ ընդհանրապէս Կովկասը) վերածել Ռուսիոյ դէմ ճակատումի դաշտի (հոս չքննարկենք, թէ Երեւանի վարչախումբը ի՞նչ դերակատարութիւն ունի, կամ այն՝ որ Ռուսիոյ կեցւածքները ինչպիսի՞ մղումներէ կը տարուին): Եթէ կանտեսւին թուրք-ազերիին բռնատիրական եւ ցեղասպանական վարմունքը, «քաղաքականութիւնը» նոյնքան մը ալ կանտեսւին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պահպանման կորուստները:

Այս դիտանկիւնէն ալ, Միացեալ Նահանգներու ընտրապայքարի յաջորդ փուլն ու անոր հաւանական արդիւնքները պէտք է դիտել քաղաքական այն տրամաբանութեամբ, որ «գլուխդ սեփական եղունգով պէտք է քերես», այսինքն՝ սկսիլ վերականգնել այն փոքր ու մեծ խաղաթուղթերը, որոնք հիմ պիտի ծառայեն մեր հարցերուն լուծման, մեզ դուրս պիտի բերեն կրաւորական վիճակէ եւ պիտի իրականացնեն ԻՐԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ:

Related Articles

Back to top button