«Հայ ազգը վտանգաւոր կացութեան մէջ է»
Ազգային երեք կուսակցութիւնների յայտարարութիւնը

Չորեքշաբթի՝ փետրւարի 12, 2025-ի երեկոյեան, ՀՅԴ-ի Գլենդէլի կենտրոնատեղիին մէջ, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեանց ներկայացուցիչները ունեցան երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծւեցան Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրավիճակն ու տագնապները, Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան եւ յա՛տկապէս այստեղի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած ազգային բնագաւառի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցեր: Հանդիպումին ՍԴՀԿ-էն կը մասնակցէին Միհրան Խաչատուրեան (ատենապետ), Ռուբէն Մուղալեան եւ Գրիգոր Մոլոյեան, ՀՅԴ-էն՝ Կարօ Մատէնլեան (ատենապետ), Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ Արմէն Յովհաննիսեան, ՌԱԿ-էն՝ Թամար Փոլատեան-Փերոն (ատենապետ), Կարօ Քիւփէլեան եւ Գէորգ Գրիգորեան:
Հանդիպման ընթացքին շեշտը դրւեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու յատուցումը յաւելեալ թափով ու առանց վարանումի կամ ընկրկումի հետապնդելուն, արցախահայութեան իր հայրենիք վերադարձի իրաւունքը ապահովելուն, Բաքւի մէջ գերեվարւած Արցախի ղեկավարութեան եւ այլ արցախահայ քաղբանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ ի հեճուկս մեր առջեւ ցցւած բոլոր դժւարութեանց, մեր անկախ հայրենի պետականութեան առաւելագոյն ուժերու լարումով եւ նպատակասլաց աշխատանքով նեցուկ կանգնելուն վրայ։ Ցեղասպան Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր Ադրբեջանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր: Հանդիպման ընթացքին որոշւեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատւած աւանդութեամբ ու միացեալ ճիգերով նոր թափ տալ գաղութային Ապրիլեան ոգեկոչման միացեալ կառոյցին (AGC-UACLA), եւ խուռներամ մասնակցիլ նախատեսւած Ապրիլեան ոգեկոչումներուն: Այլ տեղ, կը նախատեսւին նաեւ երեք կուսակցութեանց համատեղ ու համահունչ ճիգերով ազգային եւ գաղութային այլ օրակարգեր տանիլ յառաջ:
Ակնյայտ է որ Հայ ազգն ու հայրենիքը վտանգաւոր կացութեան մէջ են, ու դարձեալ կը գտնւինք դժւարութեանց ու աշխարհաքաղաքական թոհուբոհի մէջ: Արդ, մեր կոչն է բոլորին համախմբւիլ մեր ազգային ու միութենական կառոյցներուն շուրջ, կարչած մնալ ազգային պահանջատիրութեան, արժէքներուն եւ մեր իրաւունքներուն, ու մասնակցութիւն բերել ազգի անվտանգութեան եւ բարօրութեան օգտին համար: Ահա ա՛յդ է ճիչը մեր բիւրաւոր ու սրբադասւած նահատակներուն:
ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Փետրւարի 16, 2025