Ժողովուրդը սովի մատնեցէք՝ նպատակէն շեղեցէք – պատժամիջոցներուն դաժան տրամաբանութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Յաճախ Արեւմուտքին կողմէ կիրարկուող, իբրեւ թէ երկիրներուն քաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրելու գործիք, պատժամիջոցները չկրցան հասնիլ իրենց նպատակներուն» (1):
Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը լիպիացի ակադեմիկոս, մրցանակակիր լրագրող եւ վերլուծաբան Մուսթաֆա Ֆեթուրիի 19 Մայիսի Ռաշա Թուտէյի յօդուածին, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, իմ կողմէս կարգ մը նշումներով աստղանշանով եւ *շեղագիր: Ըստ Ուաշինկթըն Փոսթի ուսումնասիրութեան՝ Միացեալ Նահանգները աշխարհի տարածքին ցարդ 15 հազար 373 պատժամիջոցներ հաստատած է (2) *:
Պատժամիջոցները միջազգային դիւանագիտութեան մէջ նախընտրելի գործիք դարձած է, որ կը կիրարկւի կա՛մ պատերազմէ խուսափելու համար, կամ՝ երբ պատերազմը քաղաքականապէս անախորժ է: Տեսականօրէն, պատժամիջոցները կոչուած են ճնշում բանեցնելու երկիրներու վրայ՝ փոխելու համար իրենց քաղաքական ընթացքը, կամ` ստիպելու անոնց, կատարել որոշ վէճերու մէջ արեւմտեան պետութիւններու պահանջները: ՄԱԿ-ի 2023-ի զեկոյցին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան, եւրոպական Միութիւնը եւ Քանատան պատժամիջոցներու «բեղմնաւոր» գործածողներ են, ներառեալ դրամատնային պատժամիջոցները, որոնք կ՚ազդեն թիրախ երկրին ամբողջ բնակչութեան վրայ»:
Վկայ Լիբանանը, ուր Սեպտեմբեր 2019-ի արեւմուտքին սարքած «յեղափոխութենէն» ի վեր, սղաճը հասաւ 4 հազար 467 տոկոսի, լիբանանեան դրամը դոլարին դիմաց արժեզրկւելով շուրջ 60 պատիկ*:
Սակայն, պատժամիջոցները, յատկապէս անոնք, որոնք ուղղւած են ամբողջ տնտեսութիւններուն վրայ, բազմիցս չեն կրցած քաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրել: Փոխարէնը, անոնք յաճախ աւերիչ հետեւանքներ ունեցած են պարզ ժողովուրդին վրայ, անվնաս թողելով քաղաքական վերնախաւը: Անոնք պարզապէս կը վերածւին ամբողջ բնակչութեան դէմ հաւաքական պատիժի:
Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով, երբ պատժամիջոցները շատ աւելի պատժած են բնակչութիւնը, քան՝ կառավարութիւնները: Աֆղանիստանէն եւ Իրաքէն մինչեւ Լիպիա, Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա, պատժամիջոցները հիմնական հարց կը յառաջացնեն. ինչպէ՞ս ՄԱԿ-ը, որ հիմնւած է խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատւութիւնը պահպանելու համար, կ՚արդարացնէ միջոցներ, որոնք յաճախ հաւաքական տառապանք կը պատճառեն: ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան նախաբանը կ՚ըսէ, որ ՄԱԿ-ը պէտք է. «միջազգային միջոցներ գործադրէ բոլոր ժողովուրդներու տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացը խթանելու համար»: Միեւնոյն ժամանակ, նոյն փաստաթուղթին 41-րդ յօդւածը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին (ՄԱԿԱԽ) կու տայ պատժամիջոցներ կիրարկելու կատարեալ լիազօրութիւն, ներառեալ՝ նամակատնային ծառայութեան նման հաղորդակցութիւններու «ընդհատում»:
Պատժամիջոցներու մոլեռանդ կողմնակիցները, բաւական խաբուսիկ կերպով, եզր մը գտած են՝ նւազագոյնի հասցնելու անոնց կործանարար մարդկային վնասը: Անոնք կը նկարագրեն իբրեւ «խելացի» կամ «նպատակային», այսինքն՝ կը թիրախաւորեն միայն քաղաքական դասը եւ վերնախաւը, մինչ նւազագոյն ազդեցութիւն կ՚ունենան բնակչութեան լայն շրջանակներուն վրայ: Սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ։
Պատժամիջոցները, խելացի, կամ՝ այլ կերպ, կը ներառեն ունեցւածքի սառեցում, ճամբորդութեան արգելքներ, տնտեսական պոյքոթներ, դիւանագիտական մեկուսացումներ եւ պատժիչ միջոցներով սպառնալիքներ:
Ռուսիա – Պատժամիջոցները ուկրայինական հակամարտութեան լոյսին տակ:
Նախագահ Վլատիմիր Պուտինի եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Ռուսիան կը գտնւի պատժամիջոցներու աւելի քան 28,000 պարագայի տակ, որոնք սահմանւած են ուկրանական հակամարտութեան սրումէն ետք: ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի անոր վեթօյի իրաւունքին շնորհիւ ՄԱԿ-ի կողմէ ո՛չ մէկը կիրարկւեցաւ: Փոխարէնը, ՄՆ-ը, ԵՄ-ը եւ Անգլիան միացան՝ ոչ միայն իրենց սեփական պատժամիջոցները կիրարկելու, այլեւ այլ երկիրներու սպառնալով նոյնը ընել՝ ճնշելու համար: Գաղափարը այն էր, որ ռուսական տնտեսութիւնը խեղդւի, որպէսզի ստիպեն Մոսկւան, ընդունիլ ուկրանական հակամարտութիւնը արեւմտեան պայմաններով աւարտել: Նախագահ Պուտինը իրաւացիօրէն կը կարծէ, որ գլխաւոր նպատակն է ռազմավարականօրէն տկարացնել Ռուսիան երկարաժամկէտ տնտեսական հետեւանքներով:
Որոշ պատժամիջոցներ տարօրինակ են եւ զաւեշտական: Ահա քանի մը օրինակներ, – Ռուսական կատուներուն արգիլւած է մասնակցիլ միջազգային մրցումներու… Ամերիկայէն արտածումը արգիլւած է պոչաւոր դաշնամուրներու, թամբերու, ծամելու ծխախոտի, ծխախոտի եւ ծխախոտի աւելցուքի, ամերիկեան փրփրող գինիներու եւ Տիզնիի «Կարմիր դառնալով» մանկական ֆիլմի արտահանումը։ Թէ ինչպէ՞ս այս արգելքները կ՚օգնեն Ուկրայինայի, հանելուկ մըն է։
Աւելի լուրջ եւ անամօթաբար հակասական՝ ի յայտ եկած արեւմտեան «արժէքներու» լոյսին տակ, Ռաշա Թուտէյի եւ եւրոմիութեան մէջ ռուսական բոլոր լրատւամիջոցներուն դէմ արգելքն է: Ես Փարիզի կրպակներուն մէջ կը տեսնէի տպագիր ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը, բայց ոչ 2022-էն ետք։ Մինչ՝ Եւրոմիութիւնը երբեք դադարեցուցած չէ աշխարհին խօսքի ազատութեան մասին քարոզ կարդալը: Եւրոմիութեան մէջ մարդիկ չեն կրնար տեսնել կամ լսել ռուսական որեւէ նորութիւն, որ անոնց լուրերը միակողմանի կը դարձնէ ռուս-ուկրանական հակամարտութեան մասին:
Թէեւ որոշ բնագաւառներու պատժամիջոցները, ինչպիսիք են փոխադրութիւնը եւ ելեկտրոնային վճարումները, ազդած են սովորական մարդոց կեանքին վրայ, պատժամիջոցներու դրութիւնը ընդհանուր առմամբ ցարդ տւած չէ այն արդիւնքը, որ իսկապէս կը ցանկային, այսինքն՝ Պուտինի տապալումը եւ Ռուսիոյ տնտեսութեան ընդհանուր տկարացումը»: *Ընդհակառակը Ռուսիան տարւէ տարի տնտեսական աճ կ՚արձանագրէ, 2023-2024-ին 4 տոկոս աճ, որ որեւէ արեւմտեան երկիր այդքան աճ չունի, հաւաքական եւրոպան 1,1 տոկոս, իսկ եւրոյի միջավայրը՝ 0,9 տոկոս*:
Լիպիան եւ Լաքըրպիի պատժամիջոցները
Լիպիան ընդհանուր բնակչութեան հանդէպ աւերիչ՝ ամբողջական պատժամիջոցներու օրինակ մըն է։ Ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, Լիպիան ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին մէջ վեթօյի իրաւունք ունեցող անդամ չէ, որ կը նշանակէ, թէ գրեթէ բոլոր պատժամիջոցները սահմանւած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու միջոցով՝ պարտադիր դարձնելով ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն համար:
1988-ին Լիպիան մեղադրեցին Սկովտիոյ վրայով ամերիկեան «Փան Ամերիքըն» թռիչք թիւ 103 օդանաւի պայթումը կազմակերպելուն մէջ, որուն հետեւանքով զոհւեցան օդանաւի բոլոր 259 ճամբորդները, նաեւ գետնին վրայ 11 անձեր:
Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդն պարտադրեցին իրենց կամքը՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Լիպիոյ դէմ՝ ներառեալ Լիպիայէն եւ դէպի Լիպիա օդային ճամբորդութեան ամբողջական դադրեցում, արտերկիր գտնւող լիպիական հարստութեան սառեցում եւ բազմաթիւ ապրանքներու՝ գիտական, փոխնորդ մասերու, դեղերու եւ սնունդի որոշ տեսակներու առեւտրական արգելք:
Նպատակն էր ստիպել Լիպիոյ յանձնել պայթումին մեղադրւող իր երկու քաղաքացիները եւ առաջին հերթին տապալել Քազաֆիի կառավարութիւնը: Լիպիոյ ամբողջ բնակչութիւնը ապրեցաւ այդ խիստ պատժամիջոցներուն տակ 1992-էն մինչեւ 2003, երբ փոխզիջումի միջոցով կասկածեալները պիտի դատւէին չէզոք վայրի մէջ ստեղծւած սկովտիական դատարանի մը մէջ: Տարօրինակ պատժամիջոցներէն մէկն ալ հետեւեալն էր. Մալթայի համալսարանի փոխանակման ուսանողը կրնար քրէական պատիժի ենթարկւիլ, եթէ համալսարանի միակ ճաշարանէն, որ կը պատկանէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու տակ գտնւող լիպիական ընկերութեան մը, որեւէ բան գնէր…
Իրաք՝ մարդասիրական աղէտ
Մարդոց նկատմամբ առօրեայ պատժամիջոցներու, մարդկային զոհերու ամենավատ օրինակը Իրաքն է: Իրաքը առաջին անգամ պատիժի ենթարկւեցաւ 1990-ի օգոստոսին, Քուէյթ ներխուժելէն ետք: Սակայն, այդ պատժամիջոցները չկրցան ստիպել անոր հեռանալ Քուէյթէն, ինչպէս նաեւ չհանգեցուցին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի պաշտօնանկութեան: 2003-ին Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան մեղադրեցին Իրաքը զանգւածային ոչնչացման զէնքեր ունենալու մէջ եւ ներխուժեցին երկիրը, առանց ՄԱԿ-ի արտօնութեան: Ներխուժումին նախապատրաստումը կը ներառեր արդէն գոյութիւն ունեցող կոշտ պատժամիջոցներու ընդլայնումը եւ ուժեղացումը՝ աւելցնելով տարօրինակ իրեր, ինչպիսիք են կպչուն թուղթը, ալումինիոմէ փայլաթերթը, բարդերը, գիրքերը, հեծանիւները, մոմեր, հաշւիչներ, տեսախցիկներ, գորգեր, ամանեղէն, ակնոցներ եւ հովահարներ:
Սատտամ Հուսէյնը եւ իր կառավարութիւնը տոկացին պատժամիջոցներուն 1990-էն մինչեւ 2003-ի յարձակումը, սակայն այսպէս կոչւած «խելացի» պատիժները ցեղասպանութեան համազօր էին երկրին բնակչութեան: Օրինակ, ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի, 5 տարեկանէն վար 500 հազար մանուկներ մահացան պատժամիջոցներուն պատճառով: Այլ աղբիւրներ՝ կը գնահատեն շուրջ 570 հազար զոհ:
Ընդհանուր առմամբ եւ 2003-ի յարձակումէն ետք, պատժամիջոցներն էին մէկուկէս միլիոն իրաքցիներուն մահւան գլխաւոր պատճառը, մինչ վերապրողները տառապեցան երկարաժամկէտ հետեւանքներով, սնունդի պակասին պատճառով: Այսուհանդերձ, Իրաքի մէջ ոչ մէկ զանգւածային ոչնչացման զէնք յայտնաբերւեցաւ: Ամերիկայի այն ժամանակւայ արտաքին գործոց նախարար Մատլէն Օլպրայթ (անհաւատալիօրէն, հրէշաբար*) 1996-ին բացատրեց, որ իրաքցիներուն մարդկային զոհերուն գինը արժե՛ց «the human price paid by the Iraqis was “worth it.”»:
Տես «ՄԱԿ-ը Թատերաբեմ` իր իսկ ուխտին կրկնւող ոտնակոխման. «Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Ամերիկան կը ստէ պատերազմներ արդարացնելու համար» (4), 13 Ապրիլ 2017-ի յօդուածս:
*Հետագային Քոլին Փաուըլ, քանիցս զղջալով, խոստովանած է այդ մեծ սխալը` յայտնելով, որ 2003 թւականի իր ելոյթը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ` «Իմ կեանքիս ամէնէն ստորին արարքն էր»: «Եթէ գիտնայինք, որ հետախուզական տեղեկութիւնները սխալ էին, Իրաքի վրայ չէինք յարձակիր: Բայց (Ամերիկայի) հետախուզական բոլոր 16 ծառայութիւնները վստահեցուցին, որ տեղեկութիւնները ճշգրիտ էին», ըսաւ ան հեռատեսիլի «Էն.Պի.Սի.» կայանի 6 Սեպտեմբեր 2016-ի «Մամուլի հետ հանդիպում» յայտագիրին (5): 16 ստախօս հետախուզական ծառայութիւններ…*
Աֆղանիստան – Պատժամիջոցներ որոնք երբե՛ք չվերացան
Համապարփակ պատժամիջոցներու մէկ այլ կործանարար օրինակ կարելի է գտնել Աֆղանիստանի մէջ՝ 1990-ականներէն սկսեալ, երբ առաջին անգամ տիրեցին թալիպանները: Պատժամիջոցներուն մեծ մասը այն ժամանակ սահմանւած էր ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի կողմէ, ներառեալ 1267 (1999) բանաձեւը, որ կ՚արգիլէր օդային ճամբորդութիւնը եւ դրամի արտաքին պահեստի՝ ունեցւածքի սառեցում:
Երբ թալիպանները ջախջախեցին ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մարզւած ուժերը, Օգոստոս 2021-ին, այդ պատժամիջոցները չեղեալ համարեցին, սակայն վերստին, կեղծ անւանումով «խելացի/նպատակային» պատժամիջոցներ պարտադրեցին, որոնք իբր թէ ուղղւած էին թալիպան պաշտօնեաներուն, սակայն կ՚ազդեն ընդհանուր բնակչութեան վրայ: 2022-ին Ճօ Պայտընի վարչակարգը բառացիօրէն 7 միլիարդ դոլար գողցաւ Աֆղանիստանի կենդրոնական դրամատունէն:
Այսօր գրեթէ բոլոր տեսակի արտաքին օգնութիւնները, որոնք երկրին հաւանականօրէն հասանելի պէտք է ըլլան, կա՛մ չեն հասնիր, կա՛մ միայն փոքր ծաւալներով կ՚անցնին պատժամիջոցներուն պատճառով՝ այդպիսով գրեթէ չի բաւարարեր պատերազմէն աւերւած բնակչութեան կարիքները: Ի վերջոյ, պատժամիջոցները չկրցան տապալել թալիպաներուն կամ ստիպել անոնց փոխել իրենց քաղաքականութիւնը:
Իսրայէլի կողմէ Կազայի ամբողջական պաշարումը
Շատ մը երկիրներ նաեւ համապարփակ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն այլոց նկատմամբ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին, որ վերջին 50 տարւան ընթացքին պատժամիջոցներ կիրարկելու առաջատարն է։ Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը, պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Կազայի ընդհանուր բնակչութեան դէմ, շատ մը պարագաներու իրական շրջափակումով, որ հետեւաբար, պատերազմի ոճիր է:
2006-էն Իսրայէլը լիակատար պաշարման ենթարկած է պաղեստինեան Կազան։ Նոյնիսկ մինչեւ այժմու պատերազմի բռնկումը Իսրայէլը կը ստուգէր իւրաքանչիւր բեռ, որ կը մտնէր տարածք: Արգիլւած իրերուն մէջ են կարի մեքենաները, խաղալիքները, տուրմը եւ համեմները։ Իսրայէլը կ՚ըսէ, որ նման ապրանքները կ՚արգիլէ անվտանգութեան նկատառումներով:
Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած պատերազմէն ետք Իսրայէլ պարտադրեց Կազայի ամբողջական շրջափակումը, դադրեցնելով վառելանիւթը, էլեկտրականութիւնը, դեղորայքը, ջուրը, սնունդը եւ բոլոր տեսակի էլեկտրոնային իրերն ու մեքենաները:
Կազայի լիակատար պաշարման Իսրայէլի կոշտ քաղաքականութիւնը եղած է առնւազն երեք դատական գործի առարկայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին եւ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ, որոնք թէ՛ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, եւ թէ՛ ալ նախկին պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը կը մեղադրեն պատերազմի ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի կողմէ կիրարկւող որեւէ պատժամիջոցներու համար միշտ յղում կը կատարւի ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 41-րդ յօդւածին: Անվտանգութեան խորհուրդը իրաւունք ունի պատժամիջոցներ կիրարկել՝ տեսականօրէն պատերազմէ խուսափելու եւ կամ խաղաղութիւն պահպանելու համար: Սակայն, համապարփակ պատժամիջոցները բարոյական լուրջ հարցեր կ՚առաջացնէ: Քննադատները նման պատժամիջոցները կը համարեն հաւաքական պատիժ, եւ շատերը նոյնիսկ կը նկարագրեն իբրեւ զանգւածային ոչնչացման զէնք, որ նման է ռումբի պայթումի, որ շատ արագ կը սպաննէ հազարաւոր մարդիկ, մինչ պատժամիջոցները պարզապէս դանդաղօրէն կը սպաննեն զանոնք:
Պատմական արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ պատժամիջոցները չկրցան հասնիլ իրենց քաղաքական նպատակներուն՝ միաժամանակ լրջօրէն վնասելով խաղաղ բնակչութիւնը: Պատժամիջոցները նաեւ կը ներկայացնեն արեւմուտքին կողմէ իշխելու մէկ այլ երեսը, քանի որ շատ պարագաներուն արեւմտեան երկիրներն են, մասնաւորապէս ՄՆ-ը, որոնք կը չարաշահեն զանոնք իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան լծակ: Վերջ:
Հեղինակը նախ մոռցած է Կազայի բնակչութեան ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 60 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչներ: Երկրորդ՝ Իրանի պատժամիջոցները: Նշեմ, որ Իրանի 2013-ի նախագահ Ահմատի Նաժատը, հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկային՝ պատժամիջոցներուն համար, որ պատճառ դարձաւ խթանելու տեղական արտադրութիւնները: Ցարդ պատժամիջոցներու ենթակայ, Իրանը դարձաւ ինքնաբաւ եւ շրջանային հզօր պետութիւն: Արեւմուտքն է, որ տուժեց կորսնցնելով 90 միլիոնէ աւելի հաշւող իրանցի յաճախորդներ եւ միւս կողմէ՝ ալ 144 միլիոն ռուս յաճախորդներ…
* Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու լուսանկարը յօդւածագիրին կողմէ:
1. https://www.rt.com/africa/617829-why-sanctions-do-not-work/
2. https://www.washingtonpost.com/business/interactive/2024/us-sanction-countries-work/
3. https://blog.blominvestbank.com/48204/inflation-in-lebanon-during-the-crisis/
4. https://www.aztagdaily.com/archives/345367
5. http://www.nbcnews.com/meet-the-press/colin-powell-invasion-iraq-badly-flawed-n422566