ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՎ
Ուրարտու-Ասորեստանեան պայքարի ազդեցութիւնը հրէական Իսրայէլի եւ Յուդայի թագաւորութիւններուն վրայ

Պատմական տրամաբանութեան վրայ հիմնւած՝ Գծացուցակին մէջ կարելի է տեսնել Ուրարտուի եւ Ասորեստանի վերելքները ու վայրէջքները, ուր նաեւ նշւած են Աստւածաշունչի Հին Կտակարանի՝ հրէական Իսրայէլի եւ Յուդայի թագաւորութիւններու վերելքները ու վայրէջքները, որոնք ազդւած են Ուրարտու-Ասորեստանեան պայքարով: Վայրէջքները ի հետեւանք են ռազմական անյաջողութիւններու, եւ հակառակը վերելքներու պարագային: Ընտրւած է Ք.Ա. 810-680 պատմաշրջանը: Սեւ գոյնով նշւած թւականները, Ուրարտուի եւ Ասորեստանի միջեւ տեղի ունեցած կարեւոր ճակատամարտերու թւականներն են:
Ասորեստանը Թագղաթ Փաղասար Գ-ի օրով, ազատւեցաւ Ուրարտուի վերահսկողութենէն եւ սկսաւ նոր վերելք մը:
Ուրարտուի գահակալ Սարդուր Բ. Կումմուխի Ա. (743 Ք.Ա.) եւ Կումմուխի Բ. (735 Ք.Ա.) ճակատամարտերուն պարտութիւններ ունեցաւ. Ուրարտուի (Վանի թագաւորութիւն) հզօրութիւնը փշրւեցաւ, ու ան իր դիրքը որպէս Արեւմտեան Ասիոյ ամենահզօր ուժ՝ վերջնականապէս զիչեց Ասորեստանին:
ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ
ԼԵՒՈՆ Բ-Ի ԹԱԳԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃԱնԱՊԱՐՀԸ
Լեւոն Բ-ի թագադրութիւնը Կիլիկիոյ հայկական պետութեան թագաւոր անցաւ պատմական երկար ճանապարհներէ, որովհետեւ գերուժերը չէին ուզեր հայկական անկախ հզօր պետութիւն մը ստեղծւի, այլ կը փորձէին առիթէն օգտւիլ Կիլիկիոյ հայութեան խեղճացնել, ու անոնց հպատակեցնել իրենց…: Համաշխարհային պատմութեան մէջ, այս եղած է գերուժերու քաղաքական մօտեցումը փոքր ազգերու վերելքի հանդէպ:
1189 թ. սկսաւ խաչակիրներու երրորդ արշաւանքը, Լեւոն Բ բանակցութիւններ վարեց անոնց հետ, խոստացաւ օգնել անոնց պարէնով: Գերմանիոյ կայսր՝ Ֆրիդրիխ Շիկամորուս խոստացաւ թագ ղրկել Լեւոնին, եւ անոր ճանչնալ Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր. բայց ան չկարողացաւ իր տւած խոստումը կատարել, որովհետեւ խեղդւեցաւ գետի մէջ: Նոր կայսրը՝ Հենրիխ Ա յանձն առաւ իր քարտուղար Կոնրադի միջոցով թագաւորութեան թագը ղրկել Լեւոնին. բայց անյաջող պատերազմական գործողութիւններու պատճառով Կոնրադն ալ չկարողացաւ իրագործել այդ խոստումը:
Վերջապէս Լեւոն Բ-ի թագադրութեան հարցը սկսաւ յաջողութեամբ պսակւիլ: Բիւզանդիոնի Ալեքսէյ կայսրը թագ ղրկելու համաձայնութիւն տւաւ, սակայն որոշ պայմաններով: Լեւոն Բ՝ Ներսէս Լամբրոնացիի գլխաւորութեամբ պատւիրակութիւն մը ուղարկեց Կոստանդնուպոլիս՝ Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաք, ծանօթանալու համար կայսրի պայմաններուն: Կայսրը կառաջարկէր թագը ստանալ Բիւզանդիոնէն եւ ոչ թէ Հռոմէական Սրբազան կայսրութենէն, որովհետեւ Կիլիկիան աւելի մօտ էր Բիւզանդիոնին եւ կայսրը կը պահանջէր հայերէն ընդունիլ յունական դաւանանքի պատկանող շատ մը հարցեր…:
Լեւոն Բ իշխանը 1196 թ. պատւիրակութիւն մը ղրկեց Հռոմի պապ Կելեստինոս Գ-էն խնդրելու իր միջնորդութեամբ թագ ստանալ Հռոմէական Սրբազան կայսրութենէն: Պապը ուրախութեամբ ընդունեց Լեւոն Բ-ի խնդրանքը, իր ներկայացուցիչ Մայնցի արքեպիսկոպոս Կոնրադին պատւիրակութեամբ մը ղրկեց բանակցելու Լեւոն Բ-ի եւ Կիլիկիոյ հայ հոգեւորականներուն հետ:
Հայկական կողմը համաձայնեցաւ, «Լեւոնը, լաւ հասկանալով այդ մտադրութիւնները, առերես համաձայնեց՝ փորձելով այդ ճանապարհով թագ ստանալ»: Այսպէս, առերես ընդունելու Հռոմի Կելեստինոս Գ պապի առաջարկած մաս մը պայմանները, ընդունիլ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ դաւանանքի մաս մը կէտերը. նպատակ ունենալով անպայման ստեղծել հայկական թագաւորութիւնը Կիլիկիոյ մէջ, եւ ապագային աւելի զօրանալէ ետք կարող էին հաստատ պաշտպանել իրենց համոզւած ու հինէն եկած դաւանանքը: Շատ պարզ էր, որ Լեւոն Բ նախընտրեց թագը ստանալ Հռոմէական Սրբազան կայսրութենէն եւ ոչ Բիւզանդական կայսրութենէն, հակառակ այն իրականութեան որ երկուքն ալ հայերէն իրենց դաւանանքային պահանջները ունէին: Այդ որովհետեւ կաթոլիկները աւելի հսկայ ռազմական ներկայութիւն ունէին շրջանին մէջ իրենց կազմակերպած խաչակրեան արշաւանքներու հետեւանքով, եւ Լեւոն Բ-ը պէտք ունէր զօրաւոր դաշնակիցի մը պաշտպանւելու համար նորածին հայկական թագաւորութիւնը, ինչպէս եւ Բիւզանդիոնի քաղաքականութիւնը հայոց հանդէպ պարզ էր անոնց ունեցած դիրքորոշումէն Բագրատունեաց թագաւորութեան հանդէպ:
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆԻ «ՀԱՅՐԻԿ»Ի ԿՈՉՈՒՄԸ
Մկրտիչ Խրիմեան կոչւած է բազմաթիւ անուններով, «Ազնիւ վարդապետ», «Հայաստանի հրեշտակ», «Անձնուրաց հայրենասէր», եւ այլն. բայց ան անմահացաւ իր «Հայրիկ» անունով:
Մկրտիչ Խրիմեանը մօտ եօթ տարի եղաւ Տարօնի առաջնորդ: Տարօնի եւ Մուշի ժողովուրդը իրեն շատ սիրեց եւ ի պատիւ իր տարած հայրենասիրական գործերուն «Հայրիկ» անւանեց: Աւելին խնդրեց Պոլսոյ Պատրիարքէն միջնորդելու Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ Խրիմեանին եպիսկոպոս ձեռնադրէ. ինչը տեղի ունեցաւ 1868 թ. Հոկտեմբերին: Մէջբերենք Գ. Գիւզալեանէն, «Տարօնցին Խրիմեանին կոչում է «ՀԱՅՐԻԿ»: Կ. Պոլսի ամիրաները եւ իրենց զաւակները երբեմն Խրիմեանին անւանում էին «Հայաստանցի վարժապետ», այժմ գաւառաբնակ հայութեան համար նա պարզ «ՀԱՅՐԻԿ» էր: Այսպէս են կոչում հոգու եւ սրտի տէր մարդկանց: Ժողովուրդը բնազդօրէն զգում էր Խրիմեանի մեծութիւնը, նրա նւիրումը հայ շինականին, ուստի եւ նրան համարեց իր հայրը՝ խնամակալը»:
Մեր պատմութեան մէջ «Հայրիկ» կոչւելու պատիւը մինչեւ օրս Մկրտիչ Խրիմեանէն զատ ուրիշ մէկը արժանացած չէ. հակառակ այն իրականութեան որ նման Հայրիկ-ներու կարիքը շատ արդիական է:
Ի պատիւ Մ. Խրիմեանին եւ իր ազգաշէն գործունէութեան որուն կենտրոնը հանդիսացաւ Վարագավանքը, ուր Խրիմեանը ապրեցաւ եւ գործեց երկար տարիներ, Վարագավանքն ալ կոչւեցաւ «Խրիմեան Հայրիկի Տուն»:
ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ
Ուրարտուի այլ անունները
Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ Ք.Ա. 9-րդ դարու առաջին կէսին հիմնւեցաւ պետութիւն մը, որ Ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ կոչւեցաւ Ուրարտու: Պատմական աղբիւրներուն մէջ Ուրարտուին կարելի է հանդիպիլ հետեւեալ անուններով:
Վանեան թագաւորութիւն- որովհետեւ Տուշպա-Վանն էր Ուրարտուի մայրաքաղաքը եւ հետեւաբար պետութեան հիմնական կենտրոնը: Սովորական երեւոյթ էր հին ժամանակներուն պետութիւնները կոչել իրենց մայրաքաղաքներու անուններով, ինչպէս Բաբելոնեան թագաւորութիւնը:
Խալդեան թագաւորութիւն- որովհետեւ սովորութիւն կար ժողովուրդները կամ պետութիւնները կոչել իրենց պաշտած հիմնական աստուծոյ անունով. ինչպէս Ասորեստանցիներու պարագային Աշուր աստւածը, եւ Ուրարտուի պարագային մեծագոյն Խալդ աստւածը:
Արարատեան թագաւորութիւն- Աստւածաշունչի՝ Հին Կտակարանին մէջ քանի մը տեղեր յիշատակութիւններ կան: Արարատը Ուրարտու անւան հին եբրայական տառադարձութիւնն է:
Ուրաշտու- Բեհեստոնի արձանագրութեանց մէջ Դարեհ Ա. հին աքքադերէն ձեւով Արմինա անւան տեղ գրած է Ուրաշտու, այսինքն Ուրարտու “Ր” եւ “Շ” տարբերութեամբ: Ըստ Մարտիրոս Գավուքճեանի «Ուրաշտու անունը պահպանւել է ըռշտու(-նի) կամ Ռշտու(-նի) անւան մէջ, որովհետեւ Ռշտունիները հէնց Ուրարտուի կենտրոնի Տուշպա-Վանի ուրարտական բնիկ բնակիչներն էին»: