Նախագահ Մակրոնի դիքորոշումն անընդունելի է
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ԿԿ յայտարարութիւնը

Նախագահ Մակրոնի՝ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը անհասկնալի եւ անընդունելի է ու ըստ ամենայնի՝ դատապարտելի:
Երկու ուղղութիւններով տրւած պատգամը չի կրնար տեղաւորւիլ ֆրանսական քաղաքական դասական տրամաբանութեան մէջ:
Ա. ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել այն անձին, որ Արցախը կամաւոր յանձնած է թշնամիին, որ 800 հեկտար հող զիջած է նոյն թշնամիին, որ 5000 երիտասարդ գիտակցաբար ուղարկած է դէպի մահ, հուսկ՝ քափիթիւլասիոնի ռահվիրայ է: Պարոն նախագահ, դուք ուրեմն նոյն տրամաբանութեամբ կը զօրակցէիք մարեշալ Փեթէնի՞ն: Վստահաբար ոչ:
Աւելին: Ինչպէ՞ս կը զօրակցիք Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքար յայտարարած, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նկատմամբ ամենագռեհիկ արտայայտութիւններով հանդէս եկող անձին: Միեւնոյն զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէի՞ք, օրինակ, Հռոմի Պապին նկատմամբ որեւէ նման արտայայտութեան կամ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նկատմամբ որեւէ նման արշաւի: Վստահաբար ոչ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան այսպէս կոչւած ոտնահարումին, որուն պատասխանատւութիւնը հականէ-անւանէ կը վերագրէք ընդդիմութեան, ապա ձեր հասցէագրումը պիտի կատարէիք լրիւ հակառակ ուղղութեամբ, պարոն նախագահ, զայն ուղղելով նոյնինքն ձեր հովանաւորեալին, որովհետեւ ա՛ն է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ոտնահարման հիմնական պատասխանատուն, երբ ապօրինաբար կը ներխուժէ Վեհարանի տարածք, սուտ ու շինծու պատրւակներով կը հալածէ, կը ձերբակալէ, կը կալանաւորէ հոգեւորականներ, քաղաքական պատասխանատուներ, ակտիւիստներ, պարզապէս որովհետեւ ընդդիմախօս են իրեն եւ ընդդիմադիր՝ իր իշխանութեան: Դուք նոյն կեցւածքը կը ցուցաբերէ՞ք ձեր ընդդիմադիրներուն նկատմամբ, պարոն նախագահ: Վստահաբար ոչ:
Բ. Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու մասին կը խօսիք, սահման բանալ կը ջատագովէք, պարոն նախագահ: Բայց ո՞ր կամ ի՞նչ խաղաղութեան մասին է խօսքը, երբ միակողմանի զիջում կը կատարւի միայն ու անընդհատ, երբ պաշտօնական Բաքու Հայաստանը կը շարունակէ նկատել այսպէս կոչւած «արեւմտեան ազրպէյճան», իսկ Անկարա մատ կը թափահարէ օր ցերեկով յայտարարելով, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը դեռ դաս չէ եղած հայերուն …
***
Պարոն նախագահ, եթէ ձեր այս կեցւածքը կը բխի հակառուսական ձեր եւ ընդհանրապէս եւրոպական դիրքորոշումէն՝ Հայաստանի իշխանական շրջանակի նման ընդդիմութիւնը նկատելով ռուսամէտ, կը սխալիք, որովհետեւ ներհայաստանեան ու ներհայկական ներկայ տագնապն ու պայքարը երկու հոսանքներուն միջեւ ունի մէկ ու միակ վերնագիր՝ ազգայինը ընդդէմ ապազգայինին: Հետեւաբար, պարոն նախագահ, կակնկալենք, որ իբրեւ երկրի առաջին դէմք, Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան բնորոշ դասական ոճին հետեւիք, որ կը դաւանի հաւասարակշռւած ըլլալու իր երկարամեայ կենսափորձով:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Փարիզ, 30 յունիս 2025