Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Ազատէ՛ միտքդ եւ ազգը կը հետեւի

Փափուկ ուժ, դժւարահաս թիրախներ

ԱՐԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

 

Հայու անհատական եւ հաւաքական գիտակցութեան դաւադիր թունաւորում մը տեղի կունենայ երկար տարիներէ ի վեր հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, տկարացնելու համար հայութեան դժւարահաս թիրախները։ Այսինքն, հայկական բնական ազգային շահերը եւ հայկական բնիկ ինքնութիւնը, տկարացնելու սիրտն ու միտքը այն աննկուն տղամարդոց եւ կանանց, որոնք ամէն օր կը զոհաբերեն իրենք զիրենք՝ ի սէր Հայաստանի եւ հայութեան։

Կիսաճշմարտութիւններու, նախաճշմարտութիւններու, եւ բացայայտ սուտերու ծանօթ համատեքստաւորումը նախագծւած իրականութեան մը մէջ, կը ձեւաւորւի (բոլոր գովազդներու դասական հիմքը)։ Շատեր այս նախագծւած իրականութեան, ինչպէս կը թւի, հանգիստ անձնատուր եղած են իրենց անձնական եւ հաւաքական կեանքի շատ մը մարզերուն մէջ, եւ այժմ այս մէկը ամբողջութեամբ կարտացոլւի հայկական իրականութեան բովանդակ պատկերին լայնքով։

Թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, մենք այսօր ականատես կըլլանք բնիկ հայկական ազգային շահերուն դէմ կեղծ պատումներու եւ համապասխան պետական բռնաճնշումներու աճին, մասնաւորապէս հիմա, Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու մտայնութիւն ունեցող հայ քաղաքացիներու դէմ։

Այս տեսակի կեղծ թէզի տարածումը եւ շահարկումը եղած են եւ կը մնան փափուկ ուժի առանցքը, հոգեբանական գործողութիւններու, եւ շեղումի (լուրերու կամ պատումներու վրայ դրւած դիտաւորեալ կողմնակալութիւն), որոնք որոշ ատենէ ի վեր թիրախաւորած եւ այլանդակած են հայկական մշակութային գիտակցութիւնը։

Զանգւածային կենցաղի ձեւափոխման այս գործողութիւնները նպատակ ունեցած են ի վերջոյ ստիպելու հայերը, որ հիմնովին տարբեր կերպով մտածեն իրենց անձին, իրենց ազգին ու իրենց ինքնութեան մասին։ Այս քայլերը, միաժամանակ, հիմնական դեր խաղցած են հայ ժողովուրդին համար վերջերս տեղի ունեցած համազգային բազմաթիւ կորուստներուն մէջ։

Տեղեկութիւններն ու յայտարարութիւնները իրենց պարունակէն դուրս բերելը, լրագրութեան, լուրերու եւ վերլուծութիւններու մէջ անթիւ կարեւոր փաստերն ու ճշմարտութիւնները անտեսելը, ինչպէս նաեւ քանակական տւեալներէ, ականատեսներու վկայութիւններէ եւ յատուկ աղբիւրներու նշումներէ զերծ մնալը ամբողջութեամբ մաս կը կազմեն զարգացած գործընթացի մը՝ ռազմավարական մշակոյթի վերամշակման եւ զայն հակակշռելու իմաստով։

Վերաքննիչ պատմութիւն ստեղծելը, թէ՛ մօտիկ, թէ՛ հեռաւոր, բնիկ ժողովուրդները զրկելու եւ իրենց տարածքներէն ու պաշարներէն, պատմութենէն ու մշակոյթէն, կրօնէն ու հաւատքէն, կը կազմէ միջուկը այս անգութ գործընթացներուն։

Ասիկա այն թունաւոր խառնուրդն է, որ նպատակ ունի մեզ հեռու պահելու իրարու շղթայող կապերը տեսնելէ, մինչ մենք կործանման կառաջնորդւինք։

Եւ երբ այս նշանագիտական փորձերը ու մտքի հեղաթիւրումները կը կիրարկւին մարդկային իրաւունքներու, բարութեան եւ կարեկցանքի ընտրովի նախատիպային մատակարարներու ձայնով ու դիմագիծով — հայ թէ օտար —, մշակութային մարդասպաններու եւ պատում ստեղծողներու ամենէն մահացուները դիւրութեամբ հետեւողներ կը գտնեն, աւեր սփռելով վերջիններուս հոգիներուն եւ ընկերային կառոյցին վրայ։

Թէեւ այս գործակալները յաճախ կը խօսին անշահախնդրութեան տեսական լեզւով, իրականութեան մէջ սակայն, անոնք քօղարկւած, բարեկամական թւացող դէմքերն են ֆաշիզմին՝ յառաջապահ ուժը, որ կը գործէ անզուսպ, անգութ, բռնի, օտար եւ/կամ տեղական պետական, տոհմային եւ կամ անհատական շահագործման եւ կործանման համար։

Անկախ անկէ, թէ այս տարրերը, անոնք ըլլան «գրաւիչ, սնամիտ մեկնաբան», «հայրական տեսքով համալսարանական», «լաւ հայ (կամ թուրք)», «անկեղծ ժողովրդավար քաղաքական գործիչ», թէ «ճշմարտախօս հետաքննող լրագրող» նախատիպեր, անոնցմէ իւրաքանչիւրը համապատասխանաբար, բեմադրւած, «հաւասարակշռւած», «հոգատար» եւ ա՜յնքան վաւերականօրէն «անաչառ» հռչակով, արդիւնքները նո՛յնն են։

Այս մահացու կեղծ-ժողովրդավարութեան միջնորդ-վաճառողները եւ ոչ-այնքան քաղաքակիրթ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները, որոնք յաճախ առաջնորդւած եւ ղեկավարւած են օտար հետախուզական ծառայութիւններու, կամ անոնց կցւած խումբերու ներկայացուցիչներով, գործակալներով (գիտակցաբար թէ ոչ), ամէն երկիր, ուր երբեւէ մտած են, աւերած ու քանդած են։ Տե՛ս ոչ միայն վերջերս արաբական «գարուն»ներէն սկսեալ տեղի ունեցած բազմաթիւ ողբերգական իրադարձութիւնները, այլ մինչեւ Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի տարածքին ագահութեան եւ այլանդակ շահերու համար իրականացւած կործանման երկար ցանկ մը։

Նոյնիսկ եթէ հրահանգները ստացւին հարեւան ռազմատենչ պետութիւններէն, անոնց ենթակայ կառոյցներէն, կամ կը փոխանցւին ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID), Բրիտանական խորհուրդի, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններուն (NGOs) եւ նոյնիսկ անոնց ոչ-արեւմտեան գործընկերներու միջոցով (ինչպէս նաեւ անոնց բնիկ հայ գործակիցները), թիրախները, հետեւանքները եւ նպատակներ միեւնոյնն են։ Կը տեսնենք եւ կը լսենք թէզերուն արձագանգը մեծահամբաւ «Նիւ Եօրք Թայմս», NPR, BBC, CNN, Ազատութիւն ռադիոկայան եւ, անշուշտ, անոնց հայկական տեղական տարբերակներուն միջոցաւ։ Իսկ երբ կը զուգորդւին ընկերային ցանցերու զանգւածային տարածումով (օտար, հայկական եւ կասկածելի դրամամիջոցներով), հայ ազգային գիտակցութեան եւ, հետեւաբար, իրական աշխարհի եւ անիրական (virtual) միջավայրերու մէջ հայ ազգային շահերու համար ծրագրային գործողութիւններու հասցւած աղէտը անչափելի է։

Ասիկա պարզապէս նիզակին ծայրն է (ոչ թէ սառցաբեկորի), որ կը խոցէ սիրտը Հայաստանին եւ հայութեան մնացորդացին …

Երբ միտքը սպաննես, մարմինը պիտի հետեւի…

Ամօթ է, որ մեր ազգին դէմ ուղղւած այս «նուրբ» եւ երբեմն ոչ այնքան «նուրբ» քարոզչութիւնը (եւ անոր կործանարար իրական հետեւանքները), որ վերէն կը հրամայւի եւ վարը կը գործադրւի, կը շարունակւի առանց նոյնիսկ մեր տառապած, սպանւած եւ տակաւին ճանաչողական խարխափումի մէջ գտնւող ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ գիտակացական նշոյլի մը, մինչ անոնք անգամ մը եւս կողջունեն իրենց պատմութիւններու վերամշակումը, իրենց իրականութեան առասպելականացումը եւ իրենց սերունդներու ուղեղի լւացումը, մինչ իրենց եւ մեր աշխարհը կը փլուզւի ուրիշներու եւ մեր ձեռքով։

Ասիկա իրողութիւն է թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, ուր հայկական անուններ կրող օտար գործակալներ նաեւ գիտակցաբար կը քանդեն մեր համայնքներու կառոյցը եւ ապագայ սերունդներու ազգային ինքնութիւնն ու ազգային միասնութիւնը՝ նոյնիսկ ամենանւիրական անհատական եւ հաւաքական մշակութային, կազմակերպչական, եւ հիմա, նաե՛ւ կրօնական տարածքներու մէջ, ամենաճակատագրական պահերուն։

Փորձագէտ գործիչներու կողմէ այս դիտաւորեալ, ռազմավարական պատումի կառուցումը, Հայաստանի իշխանութիւններուն կազմակերպած աճող բռնաճնշումներու հետ միասին (իրական աշխարհի ընտրովի տարածքներու մէջ եւ ամբողջովին անիրական (virtual) ընկերային տարածքին մէջ), զուգահեռաբար կաշխատին հարեւան եւ տարածաշրջանային ցեղասպան ուժերու հետ, ուղղակիօրէն ընդդէմ հայկական բնիկ ազգային շահերուն եւ մեր գոյատեւման։

Մեր թշնամիները, երբեմն ծպտւած որպէս դաշնակիցներ (եւ երբեմն ալ… որպէս հայեր) շատ բերրի ենթահող մշակած են սուտերու եւ յաջորդող իրական անարդարութիւններու համար, որոնք կազդարարեն իրենց այսպէս կոչւած խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան այդքան սպասւած գալուստը, իրականութեան մէջ, մեզի համար յաւելեալ մահ եւ կործանում է:

Ասոնք դժոխքի հիպրիտային սարսափներն են, դժւարահաս եւ փափուկ ուժի չար ամուսնութիւնը արիւնոտ պատումի կառուցման մէջ, իրական կեանքի «համադրումն» ու կոտորածը, եւ նշանագրերով ու ծածկագրերով կը փորձեն վերաձեւել մարդկութիւնը «անաչառ վաւերագրական»ի, գիշերային լուրերու եւ ընկերային ցանցերու հոսքի լեզւին մէջ։ Ասոնք բոլորն ալ զարդարւած են «բարգաւաճումի» ու «խաղաղութեան» սուտերով, բայց լեցւած են անհանդուրժողականութեամբ եւ արհամարհանքով այն ամենուն հանդէպ, որ մերն է եւ բնիկ է. այսինքն մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը, մեր պատիւը, մեր կեանքը։

Այս ժամանակակից բռնակալները, իրենց սպասաւորներով ու մեքենայութիւններով, ժողովրդագրութիւն փոխած եւ պարտադրւած ծառայութիւններ ստեղծած են, Instagram-ի պէս այնքան աղաւաղւած, որ իրենց զոհերը չեն կրնար նոյնիսկ ճանչնալ, որ փափուկ ուժի այդ դերակատարները, յաճախ քօղարկւած որպէս «լրագրողներ», «փորձագէտներ», «ազդեցիկ դէմքեր», «օգնութիւն մատակարարողներ» եւ «բարեսէր դէմքեր», պարզապէս գերեզմանափորերն են արդէն իսկ ինկածներու գերեզմանատուներուն մէջ։

Այս աշխարհի իսկական հրէշները (Գրենդելներն ու Կոլումները, the Grendels and Gollums) կը պատրաստւին, անգամ մը եւս, մեծութեամբ եւ լայնքով Նոր աշխարհակարգի մը, եւ այդ գործընթացի իրականացման համար զոհը դարձեալ Հայաստանն ու հայերս ենք, ի թիւս այլ բնիկ ժողովուրդներու։

Այս Նոր աշխարհակարգին պատրաստւելու բաղադրիչներէն է կերտել այն սերունդները, որոնք ոչ միայն պիտի չյիշեն իրենց անցեալը, այլեւ պիտի չճանչնան ապագան կերտող ներկան, ոչ ալ իրենց դերը անոր մէջ։ Այսպիսով պիտի ստեղծւին սերունդներ, որոնք մշակւած են այնպէս մը, որ այլեւս երբեք իրենք զիրենք պիտի չճանչնան։ Աւելի՛ն, իրենց հաւաքական, վճռորոշ ներկայի եւ իրենց վտանգւած ապագայի մասին որեւէ բան ընելու ուժն անգամ պիտի չզգան։

Ժամանակն է բացայայտելու խաբէբայութեան, կործանման եւ ինքնաճանաչումը խափանող այս ցանցը, որ մեզի պարտադրւած է ուրիշներու կողմէ (ներառեալ դաւաճան հայերու) եւ թոյլատրւած է մեր իսկ թմրած էութեամբ, որ կը կազմէ ներկայացուցչական եւ ծածկագրային մշակոյթի ձեւափոխութիւնը։ Սա կը նախորդէ փլուզումին այն բարքերու եւ արժէքային հիմքերուն, որոնք այլապէս հազարամեակներ շարունակ ամրացուցած են հայկական ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը հայրենիքէն ներս թէ դուրս։

Եւ առաջին քայլը, թօթափելու համար շահարկման եւ ճնշման լուծը, մոռնալն է այն սուտերն ու կեղծ ճշմարտութիւնները, որոնք մեզ պատուհասած են եւ տակաւին կը պատուհասեն, միաժամանակ՝ իրերը իրենց իսկական անուններով կոչելը, եւ մեր իսկական պատմութիւնը, արժէքները եւ այս աշխարհին մէջ մեր յատուկ տեղը սորվիլը (եւ երբեք չմոռնալը)՝ թէ մենք ո՞վ ենք եւ ի՞նչ կը ներկայացնենք մենք ու Հայկական լեռնաշխարհը։

Մի՛ թերագնահատէք ձեր թշնամիները… Անոնք երկար ատենէ ի վեր բացայատ եւ նուրբ մեծ միջոցներ (մարդկային, ֆինանսական եւ մշակութային) ծախսած են մեզ կործանելու համար եւ միշտ մեր իսկ աչքին առջեւ։

Աւելի կարեւոր է, սակայն, որ երբե՛ք, երբե՛ք չթերագնահատէք դուք ձեզ եւ մեր ազգի աննկուն տարրը, որ ի հեճուկս բոլոր սարսափներուն, որ կրեց, եւ տակաւին պիտի կրէ, ոտքի ելլեն՝ մեծ թափով հարւածելու մեր թշնամիները՝ արտաքին եւ ներքին։

Լուռ պատրաստութիւնը մի շփոթէք անշարժ քունի հետ…

Ինը ամիս յղութիւնը ծնունդի գինն է, եւ մարդ միշտ պէտք է մէկ աշխարհ կազմաքանդէ՝ ուրիշի մը մէջ ծնելու համար…

 (Վերամշակւած 2022-ին հրատարակւած յօդւածէ մը եւ թարգմանւած անգլերէն բնագիրէն)

Related Articles

Back to top button