Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Ծովը մակարդելու պատմութիւն(ներ)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուռկանս ուսս նետած՝ այսօր դարձեալ լրորսի ելայ հայկական ու աշխարհի բաց ծովերուն մէջ: Ահա ձեռքս անցածէն քանի մը մեծ ու մանր նմուշ:

– ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ պաշտօնապէս հաստատւեցաւ, որ Փաշինեան էֆենտին ճամպրուկը պատրաստած է Վաշինգտոն երթալու եւ կոկորդը (սկսելու համար՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը) դնելու Թրամփի եւ Ալիեւի ձեռքերուն մէջ: Նախատեսութիւններու սակարանն ալ աւելի՛ պաշտօնական հանգամանք ստացաւ: Շուտով յայտնի պիտի ըլլայ, թէ ամերիկացիք եւ ազերիները (նաեւ անոնց «մեծ եղբայր» Թուրքիան) նիւթական ինչպիսի՛ համով պատառներ պիտի ունենան: Ռազմավարական շահերը՝ այլ աղիւսակի տակ: Բոլոր նախանշանները ցոյց կու տան, որ Փաշինեան պիտի վերադառնայ, ինչպէս նախընթաց նման ուղեւորութիւններէն, բեռնաւորւած՝ քանի մը հակ… մոխիրով (ո՛չ փոշիով), մարդոց աչքին նետելու համար: Թրամփ մտածեր է, որ անտառային հրդեհներու հետեւանքով, ահագին մոխիր «արտադրւած» է. վաճառական մարդը անկէ՛ ալ շահ պիտի ապահովէ…: Այս ու նման հանդիպումներէ Հայաստանի համար շահ ակնկալելը կը յիշեցնէ այն մարդը, որ ծովուն ջուրերը մակարդելու ելած է դգալ մը մածունով, ու երբ հարց տւած են, թէ ծովուն ջուրը մակարդ կը բնէ՞՝ պատասխաներ է. գիտեմ որ չի բռներ. հապա՞ եթէ բռնէ՜…

– ԻՐԱՆԻ մէջ, Իսրայէլի ի նպաստ լրտեսութիւն ընող մը մահապատիժի ենթարկւած է: Հայաստանի մէջ, թշնամիին ի նպաստ գործողները իշխանութեան վրայ են, անոնք կը հալածեն ու կը բանտարկեն հայրենիքն ու անոր շահերը պաշտպանողները:

– ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ մէջ, Փութին հիւրընկալեր է նախագահ Թրամփի բանագնացը: Խօսեր են Ուկրաինոյ եւ երկկողմանի շահերու մասին: «Չարխօսիկներ» կըսեն, որ քննարկեր են Ուկրաինան բաժնեկցելու նոր տարազներ, քանզի ռուսական ուժերը նոր յառաջխաղացք արձանագրեր են, ռմբակոծումները կը շարունակւին, Թրամփ արդէն ապահոված է այդ երկրին բնական հարստութիւնները, իսկ եւրոպացի դաշնակիցներուն պարտադրած է ամերիկեան զէնք գնել եւ… Ուկրաինոյ նուիրել:

– ՀԻՐՈՇԻՄԱՅԻ մէջ յիշատակւեցաւ մարդոց վրայ կորիզային առաջին ռումբին փորձարկման տարեդարձը: Երկու օր ետք՝ Նակազաքիի կարգը պիտի գայ: Ասդին, աշխարհի տարբեր գօտիներու մէջ, կորիզային զէնք ունենալու մրցավազք մը կայ, տարբեր տագնապներու սաստկացման հաւանականութիւնը նոր Հիրոշիմաներով ու Նակազաքիներով կը սպառնայ աշխարհին, քաղաքակրթութեա՛ն, ԿԵԱՆՔԻ՛Ն:

– ԳԱԶԱՅԷՆ հաղորդւեցաւ, որ «պատերազմի զոհերուն» թիւը մօտեցեր է 61 հազարի: Իսրայէլեան բանակին կողմէ կոյր ջարդերը կը կրկնւին «զհաց մեր հանապազորդ»ի պէս: Իսրայէլի կառավարութիւնը կը պատրաստւի պաշտօնական որոշում տալու եւ բանակը արձակելու Գազայի վրայ՝ անոր ամբողջական գրաւման նպատակով (մինչեւ հիմա եղածը պաշտօնական չէ՞ր): Արեւմտեան Ափը այս կամ այն ձեւով կը մատնուի նոյն ճակատագիրին: Մարդասիրական կազմակերպութիւններ կը հաւաստեն, որ ուղղակի ռմբակոծումներէ եւ կրակոցներէ սպաննուողներէ անդին, այլ պատճառներով (սով, դարմանումի միջոցներ-դեղեր չգտնող հիւանդներ ու վիրաւորներ…) ինկած զոհերուն թիւը հասած է երկո՛ւ-հարի՛ւր-հազարի՜: Ճի՛շտ ու ճիշտ այն ոճը՝ որուն հետեւանքով մեր Արցախը մաս առ մաս բռնագրաււեցաւ Ադրբեջանի կողմէ (դուք գիտէք որ նւէր տրւեցաւ), հիմա «ճաշասեղանին» դրւած է Հայաստանը, սկսելով Սիւնիքէն: Փաշինեանը հիւրընկալելու պատրաստւող Վաշինգտոնը (անկախ վարչակազմի գոյնէն), կը մնայ Իսրայէլի ոճիրները գլխաւոր քաջալերողը եւ ողբերգութեան վրայ աչքը փակ պահողը…

– ԱԴՐԲԵՋԱՆԻ քթին շուրջ սկսած է ճանճ մը տզտզալ: Եւրոպական մէկ քանի երկիրէ ահազանգեր կու գան, թէ Ադրբեջան Թուրքիոյ ճամբով անորակ վառելանիւթ կը ծախէ իրենց: Հայաստանի մէջ (եւ այլուր), այս լուրը երազներ խրախուսեր է: Իսկ կարելի՞ է մոռնալ, որ Մե՜ծն Եւրոպան իր ճակատագիրը կապած է Ադրբեջանի վառելանիւթին, Միացեալ Նահանգներն ալ եւրոպացիներուն պարտադրեց, որ ռուսականի փոխարէն՝ ի՛ր վառելանիւթը գնեն… աւելի սուղ վճարելով: Եւ ժողովրդավա՜ր եւրոպացիները հլու-հնազանդ՝ դարձած են նման բռնակալութիւններու պատանդը: Բողո՞ք, ընդվզո՞ւմ… Ո՜վ մտիկ կընէ:

– ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ՝ քանի մը «մանր ձուկ» (անոնց կարեւորութիւնը չեմ նսեմացներ): 1. Իբրեւ խռովարար ձերբակալւած եւ բանտարկւած երիտասարդի մը՝ ազատամարտիկի մը առողջական վիճակը վատթարացած է, իշխանութիւնները հաւանաբար վճռած են զայն մահւան դուռը հասցնել, ինչպէս պատահեցաւ քաղաքական այլ բանտարկեալի մը: 2. Ազատամարտիկի մը հայրը, անիմաստ մեղադրանքով մը, մէկուկէս տարի բանտարկութեան տարւած է: 3. Այլ կալանաւորներ ազատ կարձակւին, երբ կը փաստւի որ մեղադրանքները շինծու են եւ իշխանախումբին զուտ քաղաքական-քարոզչական հաշիւներէն ելած: 4. Շշուկներ շրջան կընեն, որ Հայաստան կրնայ քանի մը ամիս ետք ցորենի-հացի տագնապ դիմագրաւել, եթէ ռուսական ցորեն չհասնի: Կըսւի, որ Թուրքիայէն ցորեն ներածելու ախորժակով օժտւածներ իրենց ձեռքերը կը շփեն…

– ԱՇԽԱՐՀԻ այս կամ այն ցամաքամասին վրայ սանձարձակ հրդեհները եւ բնական աղէտներ (հեղեղային անձրեւներ, սահանքներ, մրրիկներ) մահ, աւեր եւ նիւթական հսկայական վնասներ պատճառած են տարւան առաջին վեց ամիսներուն (տարին կը շարունակւի, աղէտները՝ նմանապէս): Ըստ որոշ հաշւարկի մը՝ մարդկային զոհերէն անկախ, նիւթական վնասները անցած են 140 միլիարդ դոլարի սահմանները: Աղէտներէն մաս մը, կըսեն գիտնականներ՝ «մարդակերտ են», հետեւանք՝ կենսոլորտը պատուհասող գործօնները անտես թողելու, գիտութեան կոչերը անպատասխան ձգելու «իմաստութեան»:

Related Articles

Back to top button