Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Պաղ թանը փչելո՞վ կը խմեն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վաշինգտոնի մէջ, նախագահ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վարչապետ Փաշինեանի ու նախագահ Ալիեւի մասնակցութեամբ, ուրբաթ, 8 օգոստոսին կայացած գերաստիճանը անվիճելիօրէն պատմական է, սակայն թէ ի՞նչ որակում պէտք է տալ անոր՝ յաջո՞ղ, ապարդի՞ւն, թէ՞ այլ՝ կախում պիտի ունենայ անոր գործադրութեան ընթացքէն: Անմիջականօրէն, ստեղծւած է կացութիւն կը յիշեցնէ «բերանը այրած մարդը պաղ թանը փչելով կը խմէ» խօսքը: Ինչո՞ւ. որովհետեւ, շատ մը նկատառելի կէտերու կողքին, նախընթաց նման «բարեյոյս» համաձայնութիւններն ու յայտարարութիւնները գիտե՛նք, թէ ինչպիսի ընթացք առած են, փաստերու ամբողջ շարան մը կայ ՔՊ-ապետին բացայայտ ու գաղտնի պահւած նահանջներուն մասին:

 

Փառաբանանքի հանդէս

Սպասելով, որ եռակողմանի հանդիպումէն բխած եւ 7 կէտերու մէջ ամփոփւած պաշտօնական յայտարարութեան ծալքերը բացւին յառաջիկայ օրերուն, եւ ըստ կարելւոյն հետեւելէ ետք հանդիպումի տեսագրութիւններուն, առայժմ արձանագրենք քանի մը հպանցիկ նկատողութիւն եւ դատում:

Փաշինեան Սպիտակ Տուն հասաւ եւ մուտքին, լրագրողներու օղակէն բաւական հեռու՝ դիմաւորւեցաւ Թրամփի կողմէ. ժպտադէմ էին, բթամատի դէպի վեր շարժումով մը ողջունեցին զիրենք դիտողները: Կարճ ատեն մը ետք, Սպիտակ Տան մուտքին խմբւեցան Փաշինեանի ընկերացող պատւիրակութեան անդամները (7-8 պատկառելի եւ առաջնակարգ «ուսապարկ»), որոնք քանի մը վայրկեան սպասեցին ներս առաջնորդւելու: Կարծէք թէ ճաշարանի մը մուտքին կարգի կը սպասէին…: Աւելի ուշ, Ալիեւ ժպիտներ փոխանակեց զինք դիմաւորող Թրամփի հետ: Այլ խօսքով, հանդիպումէն առաջ, ո՛չ մէկ յիշատակելի խօսք: (Կարելի է, համբերութեամբ օժտւած՝ դիտել կապով (https://www.youtube.com/live/svbAMQjqr8I?si=QJCUyYirJZyEB5ix ):

Եռակողմ հանդիպումէն ետք, երեք պետերը տւին միացեալ ասուլիս մը (ամբողջութիւնը՝ հետեւեալ տեսակապով):

https://www.youtube.com/live/pMCAbKrardk?si=k1tVx6o5zmgSHdk0

Ամէն բանէ առաջ, կուզենք վեր առնել քանի մը ուշագրաւ կէտ: Ասուլիսը կարելի է որակել զիրար գովաբանելու, փառաբանելու եւ… շողոքորթելու հանդէս մը: Թրամփ, ըստ իր սովորութեան, «սքանչելի, գեղեցիկ եւ աննախընթաց իրագործում» մը կատարած ըլլալու դիրքէն խօսեցաւ, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ աւելի քան երեք ու կէս տասնամեակ առաջ ծայր առած տագնապը փակւած յայտարարեց, զայն դասեց խաղաղարարի՝ վերջին ամիսներու իր շարք մը իրագործումներուն ցանկին, յոյս յայտնեց, որ այս երթը նոր օղակ մըն ալ արձանագրէ շուտով՝ Ուկրաինոյ պատերազմին դադարեցումով: Ան մե՜ծ պատիւ համարեց, որ Սիւնիքի վրայով երթուղի մը պիտի բացւի եւ պիտի կրէ իր անունը (ի յայտ եկաւ, որ առաջարկը եկած է Փաշինեանէն եւ ընդունւած՝ Ալիեւի կողմէ), անիկա «ազատ երթեւեկ պիտի ապահովէ Ադրբեջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ» (Թրամփ քանի մը անգամ անձնանուններ եւ տեղանուններ արտասանեց հեգելու պէս եւ սխալով), ո՛չ մէկ յստակ ակնարկութիւն եղաւ, որ «բոլորին նպաստ բերելիք» այդ ճամբուն միւս երեսը՝ այսինքն Հայաստանի համար ի՞նչ ճամբաներ պիտի բացւին: Ան «լաւ բարեկամներ» որակեց Փաշինեանն ու Ալիեւը եւ յանձնարարելու ոճով ցանկութիւն յայտնեց, որ անոնք շարունակեն բարեկամութիւնը: Իբրեւ անմիջական ակնկալութիւն՝ ան խօսեցաւ խաղաղութեան եւ առեւտուրի զարգացման մասին, որոնցմէ պիտի օգտւին շրջանի երկիրները եւս:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ակնարկութիւն չկար Թրամփի եւ Ալիեւի այն խօսքերուն մասին, թէ Վաշինգտոն եւ Բաքու զինակցական գործակցութիւնը պիտի ամրապնդեն: Ի յայտ եկաւ, որ ասոր մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ՝ աւելի քան 30 տարի առաջ, Ադրբեջանի զէնք չծախելու որոշումին ջնջումը… Յայտարարութիւններուն մէջ, ակնարկութիւն եղաւ մէկ կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ միւս կողմէ՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ «երկկողմանի գործակցութեան ծրագիրներու մասին, որոնք պիտի ընդգրկեն ուժանիւթի, առեւտուրի եւ արհեստագիտութեան կալւածները»: Անորոշ կը մնայ նաեւ այն, որ «Թրամփի ճամբուն» շահարկումը ի՞նչ տարազով բաժնեկցութիւն պիտի ստեղծէ: Ծանօթ է, որ նախօրեակին, մամլոյ տեղեկութիւններ կային, թէ Ադրբեջան ո՛չ միայն Հայաստանի համահաւասար շահ պիտի ունենայ, այլ այդ ճամբուն վրայ չուզեր տեսնել որեւէ հայ սահմանապահ, մաքսային պաշտօնեայ եւ այլն: Ան այս հանդիպումին եկած է լայն ժպիտով… դիմակով:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ, կայ «սկզբնաւորւիլ» բառը (խաղաղութեան գործընթացին մասին), որ կը ստեղծէ հարցականներ, որովհետեւ կըսւի, թէ «սկսող ճամբուն վրայ շատ բան կայ ընելիք»: Աւելի յստակ կէտ մը կարդարացնէ վատ նախատեսութիւն մը, ըստ որուն՝ կողմերը որոշած են վերջ տալ Մինսկի խմբակին գործունէութեան (սա ազերիական նախապայման մըն է շատո՜նց), Հայաստանը կը զրկէ Արցախի հարցով երեք գերուժերու իրաւարարութենէն, Վաշինգտոնը կը վերածէ միակ եւ… անգոյ իրաւարարի: Երբ Արցախի հարցը փակւած կը հռչակւի նա՛եւ ՔՊ-ական իշխանութեան կողմէ, ի՞նչ Արցախ, ի՜նչ միջազգային իրաւարարութիւն: (Ինչպէ՞ս չյիշել Լօզանը): Այս բոլորը արձանագրելով՝ երկու երկիրներուն կը խոստացւի «փայլուն ապագայ» (կրնանք ըսել, որ այս ալ միակողմանի է, որովհետեւ «փայլուն»ը կերթայ Ադրբեջանի ապագային):

Փաշինեանի եւ Ալիեւի արտայայտութիւնները բաւական նման էին եւ արձագանգ էին Թրամփի գնահատականերուն: Ուշագրաւ «հարւած» մը տւաւ Փաշինեան, որ յայտարարեց, թէ Թրամփը կը նկատէ Նոբէլեան մրցանակի յարմար թեկնածու, Ալիեւ փութաց կրկնել առաջարկը: Ուշադիր հետեւողը նկատեց, որ սա ընդհանուր բեմադրութեան «գագաթնակէտն» էր…

 

Չսւածները աւելի՛ կարեւոր

Ասուլիսին մասին կարելի է այլ նշումներ ալ արձանագրել, սակայն կը կարծենք, որ չըսւած, անտեսւած հարցերը աւելի՛ կարեւոր են այս հանգրւանին, վաղը, եղածները եւ չեղածները պիտի դառնան աւելի բացորոշ:

Մեծագոյն բացական էր, մեր՝ հայութեան դիտանկիւնէն, ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ՝ իր բոլոր ենթաբաժանումներով: Ո՛չ մէկ խօսք՝ Արցախի ԲՌՆԱԳՐԱՒՒԱԾ ըլլալուն եւ ինքնորոշման ու այլ իրաւունքներուն մասին, ո՛չ մէկ յիշատակութիւն՝ շուրջ 150 հազար արցախցիներու բռնի տեղահանման եւ թշւառութեան մատնւելուն մասին (իսկ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետզհետէ շեշտւող՝ անտարբեր վերաբերմունքը՝ արցախցիներուն ցաւերուն վրայ աղ-պղպեղ կը ցանէ): Մոռցւած էին արցախցի քաղաքական եւ զինւորական՝ գերի բռնւած եւ խեղկատակ դատավարութեան ենթարկւող դէմքերը, մինչեւ իսկ Բաքւի իշխանութիւններուն կողմէ Միջազգային Կարմիր Խաչին պարտադրւած թողլքումը: Իսկ ո՞վ կը մտածէ մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման մասին…

Արցախի բազմերես թղթածրարին կողքին, որեւէ յիշատակութիւն չեղաւ Ադրբեջանի կողմէ Հայաստանէ՛ն խլւած հողերուն եւ «վիճելի» նկատւող այլ հարցերու մասին: Երեւոյթները կը պարտադրեն այլ հարցումներ. Ադրբեջան հրաժարա՞ծ է Հայաստանի առջեւ դրած ուղղակի եւ անուղղակի պահանջներէն, ինչպէս՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, միջազգային արդարադատութեան ատեաններէն Հայաստանի բողոքներու չեղարկումը (խաղաղութեան հաւաստիքներուն քովն ի վեր կը «ճառագայթէ» տրամադրութիւն մը, թէ՝ պէտք է մոռնալ անցեալի անհաճոյ, պատերազմին կապւած հարցերը), քանի մը հարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան «վերաբնակեցումը»: Հապա՞ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն դէմ բռնադատութիւններն ու հալածանքները…

Աւելի բացայայտ եղան – ցարդ առաւելաբար կը մնային մամլոյ «փախուստներու» եւ տրամաբանական մեկնաբանութիւններու ցանկին – քանի մը այլ կէտ. Միացեալ Նահանգներ 99 տարւան համար վարձու պիտի առնէ Հայաստանի հարաւը կտրող ճամբայ մը. թէ ինչպէ՞ս պիտի յանձանձւի՝ պաշտօնապէս յստակ չէ, ինչ որ կը խորացնէ նախօրեակին հնչած մտահոգութիւնները՝ կապւած գերիշխանութեան իրաւունքին (միայն ընդհանրական ակնարկութիւն եղաւ գերիշխանութեան յարգումին): Սա պիտի նշանակէ, որ ամերիկեան կողմը ոտք պիտի ունենայ շրջանի մը մէջ, որուն զարգացումներով շահագրգռւած են թէ՛ Իրանը եւ թէ՛ Ռուսիան (սա յստակ հրաւէր մը կը նկատւի շրջանէն ռուսական ուժերու հեռացման): Ու եթէ մոռցողներ կան՝ յիշեցնենք, որ այսպէսով՝ շօշափելի նոր քայլ մը կառնւի այն ճամբուն վրայ, որ բացւած է հոկտեմբեր 2018-ին եւ անկէ ետք, Հայաստանին ուղղւած՝ Ջոն Բիոլթընի, Նենսի Պըլոսիի եւ ուրիշներու յորդորներով (ըսել կուզենք, որ այս ծրագիրը «հանրապետական»-«դեմոկրատ» գունաւորում չունի, այլ կը մարմնաւորէ ամերիկեան հեռահաս մատրավարութիւնը):

 

Հարցումները

Հրամցւած ճաշասեղանին մէջ Հայաստանի շատ բան չխոստացող այս եռանկիւն սեղանի բնոյթին մէկ արտայայտութիւնն ալ եղան երեք պետերուն յայտարարութեանց յաջորդած՝ լրագրողներու հարցումները. «պատմական համաձայնութեան» մասին եղան միայն մէկ-երկու հպանցիկ հարցում, «առիւծի բաժին»ը գնաց Ուկրաինոյ եւ անոր մասին նախատեսւած՝ Թրամփ-Պուտին մօտալուտ հանդիպումին: Տեղ գտան նաեւ այլ հարցեր՝ Նոբէլեան մրցանակին թեկնածութեան պարագան, մինչեւ իսկ Կենտրոնական Ամերիկայի մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղող ոճրային խմբակները: Ինքզինք խաղաղասէր եւ «մարդկային կեանքեր կուզեմ փրկել» հռչակող Թրամփի յիշեցում չեղաւ, թէ ի՞նչ կը մտածէ Գազայի մէջ ջարդւող «մարդկային կեանքերուն» մասին, երբ ոգի ի բռին կը շարունակէ քաջալերել սպանդները շարունակող իսրայէլեան իշխանութիւնը (եւ, ի՜նչ զուգադիպութիւն. իսրայէլացի՛ք իսկ սաստկացուցած են իրենց վարչապետին դէմ բողոքի արշաւները, իսկ Գերմանիա որոշեր է դադրեցնել Իսրայէլի զէնքի իր առաքումները):

Ուշագրաւ միակ հարցումը այն էր, որ եթէ համաձայնագիրը ստորագրողները ետ կանգնին սա կամ նա կէտէն, ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ցարդ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները (եւ աւելի՛ն) ոտնատակ ըրած Ալիեւ լայն ժպիտով մը փութաց պատասխանելու, թէ իրենց հոս ըլլալը կը նշանակէ, թէ նման բան պիտի չպատահի, իսկ Փաշինեան (ըստ իր տարիներու սովորութեան) ձայնակցեցաւ Ալիեւի:

Հայկական ճակատէն անբաւարարութեան եւ քննադատութեան ձայներ բարձրացան գերաստիճանին փակումէն կարճ ատեն մը ետք, նա՛եւ Սփիւռքէն: Վաղը, երբ ՔՊ-ական քարոզարշաւը սկսի գովերգել «պատմական համաձայնագիրը», վսատահաբար իր դիմաց պիտի գտնէ իրազեկներու եւ բանիմացներու տեսակէտները:

Բաւականանաք այսքանով եւ եզրափակենք ծանօթ խօսքով մը. «Եթէ սուլիչը ձայն հանէ, սուլէ՝ լաւ սուլիչ է», եւ հարց տանք, թէ խնդրոյ առարկայ սուլիչը որքանո՞վ ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու եւ Ադրբեջանի պիտի գեղգեղէ…:

Related Articles

Back to top button