Կայացաւ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը
Սփիւռքի 150 ներկայացուցիչներ Փարիզում քննարկեցին համազգային մարտահրաւէրները

Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը կայացաւ ապրիլի 11-12, 2026-ին, Փարիզի մէջ, Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ, այդ թւում նաեւ Իրանից, ժամանած աւելի քան 150 հեղինակաւոր մտաւորական, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու մասնակցութեամբ։
Խորհրդաժողովը հանգամանօրէն քննեց համազգային մարտահրաւէրներու եւ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ պարզած պատկերը եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը։
Խորհրդաժողովի բացման նիստին իրենց ողջոյնի խօսքերը յղեցին Գարեգին Բ եւ Արամ Ա Վեհափառները, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանը։ Խորհրդաժողովին յաջողութեան մաղթանք փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
Չորս կէտերէ բաղկացած օրակարգերուն շուրջ քննարկումներէ վերջ, խորհրդաժողովը կատարեց համապատասխան հաստատումներ, ընդգծեց առաջնահերթութիւններն ու այդ ուղղութեամբ ձեռնարկւելիք քայլերը։
Ա. Սփիւռքի ռազմավարական դերը եւ քաղաքական օրակարգը
Սփիւռքի դերը հայութեան առջեւ ծառացած հիմնահարցերու լուծման մէջ ունի ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն։ Այսօր, երբ հայկական պետականութիւնը կը գտնւի անվտանգային լուրջ սպառնալիքներու առջեւ եւ կը թիրախաւորւին ազգային ինքնութեան հիմնասիւները, հրամայական է ազգային օրակարգերու շուրջ համահայկական զօրաշարժը։ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովրդի ազգային-պետական շահերի ու նպատակների անքակտելիութիւն…
Ներկայ հանգրւանին, Սփիւռքի քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւններն են.
– Հայաստանի պետականութեան հզօրացում. Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ անվտանգութեան ամրապնդմանն ուղղւած ծրագրային համապարփակ ռազմավարութեան մշակում եւ գործադրում։
– Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում. Հակառակ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման գործընթացը կը մնայ հրամայական։
– Արցախեան հիմնահարց. Արցախի հարցը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ՝ ընդգրկելով հետեւեալ գործնական քայլերը.
Գերիներու անյապաղ ազատ արձակման հարցի հետապնդում։
Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի միջազգայնացում։
Բռնագրաււած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն։
Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութեան լիարժէք աջակցութիւն։
Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանւած հայրենակիցներու՝ ՀՀ-ի մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ աշխատանքներ։
Բ. Ազգային արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ դերը Սփիւռքի հայկական ինքնութեան պահպանման մէջ
Հայկական ինքնութիւնը խարսխւած է հայոց պատմութեան, Հայց. եկեղեցւոյ, լեզւի, մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու վրայ, որոնք սփիւռքահայութեան գոյութեան հիմնական յենասիւներն են։ Ներկայ օրհասական պայմաններուն մէջ, Հայց. եկեղեցին, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ մնալ ոչ միայն հոգեւոր խարիսխ, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան հիմնաքար։
Դատապարտելով ՀՀ իշխանութիւններու սանձազերծած պայքարը հայկական արժէքներու եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ՝ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Դիմադրութիւն. ազգային ինքնութեան դէմ ուղղւած որեւէ քայլ եւ գործողութիւն պէտք է արժանանայ կազմակերպւած եւ միասնական հակազդեցութեան։
– Համախմբում. կանխել պառակտումը եւ ստեղծել ամուր համախմբում Եկեղեցւոյ շուրջ։
– Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն. ամրապնդել եւ ընդլայնել սփիւռքահայ կրթական, մշակութային ու հոգեւոր համակարգը՝ ի խնդիր աւելի մեծ թիւով նոր սերունդներու հայեցի ինքնութեան եւ դաստիարակութեան։ Նոր սերունդին մօտ պիտի զարգացնել ազգային ընդհանուր շահերուն գիտակցելու ու ատոնց տիրութիւն ընելու կամքը։
Գ. Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցեր եւ հորիզոններ
Ազգային արժէքային համակարգը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայ ազգի ուժի հիմնական աղբիւրն է: Զայն պէտք է համարել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մշակման եւ համահայկական օրակարգի անփոխարինելի հիմքը: 44-օրեայ, ինչպէս նաեւ Արցախի վերջին պատերազմներէն եւ հայաթափումէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը սփիւռքահայութեան մօտ ստեղծած է խորունկ հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն, որուն հետեւանքով անոր մօտ կը նկատւին հայրենիքէն ներքնապէս հեռանալու մտահոգիչ միտումներ: Խիստ դատապարտելի է ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ՝ կազմակերպւած Սփիւռքը անտեսելու, պառակտելու եւ հայրենիքին նկատմամբ անոր զօրակցութիւնը արհամարհելու վնասակար քաղաքականութիւնը: Մտահոգիչ է նաեւ ՀՀ իշխանութիւններու ձեռնածալ մնալը՝ Միջին Արեւելքի գոյութենական վտանգներ ապրող հայկական գաղութներուն նկատմամբ: Առ այդ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւններն են.
– Հայաստան-Սփիւռք ռազմավարական գործակցութիւն. վերականգնել եւ որակական նոր մակարդակի բարձրացնել համակարգային (ինստիտուցիոնալ) կապերը սփիւռքի հետ։
– Համահայկական կարողականութեան եւ ցանցային հնարաւորութիւններու օգտագործման արդիւնաւէտ մեքանիզմներու ստեղծում. ապահովել Սփիւռքի մասնագիտական մարդուժի առաւելագոյն մասնակցութիւնը պետական զանազան նախագիծերու եւ օղակներու մէջ՝ պատասխանատւութիւններ ստանձնելու հեռանկարով։
– Հայաստան-Սփիւռք միասնական տարածքի ձեւաւորում. քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, գիտական, ռազմարդիւնաբերական, տեղեկատւական եւ կրթա-մշակութային միասնական քաղաքականութեան մշակում եւ գործադրում։ Այս իմաստով, մեծ է սփիւռքի մասնագիտական մարդուժին դերը հայկական փափուկ ուժի կիրառումին մէջ։
– Արեւմտահայերէնը վտանգւած է. արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման գործը կենթադրէ ոչ միայն Սփիւռքի, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներգործօն դեր:
– Սփիւռքի դերակատարութեան բարձրացում. մասնագիտական քննարկումի նիւթ դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման եւ համահայկական հարցերու հետապնդման մէջ սփիւռքահայութեան դերակատարութեան հնարաւոր տարբերակները՝ հասնելու համար համազգային համախոհութեան եւ ՀՀ-ի քաղաքական համարգէն ներս իրաւական լուծումներու։
Դ. Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու
Համահայկական օրակարգերու նկատմամբ Սփիւռքի միասնականութեան, հզօրացման եւ վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը աներկբայ է:
Հրամայական է սփիւռքահայութեան համախմբումը համազգային նպատակներու շուրջ, սփիւռքեան կառոյցներու եւ առահասարակ գործելակերպի արդիականացումը, գաղութներու միջեւ ուղղակի համագործակցութիւնը եւ ներուժի հետեւողական ամրապնդումը:
Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին մէջ յատկապէս կենսական է երիտասարդութեան լիարժէք ներգրաւումը:
Սփիւռքի զօրաշարժը պէտք է կատարւի ռազմավարական ծրագիրներու շուրջ՝ նկատի ունենալով հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացում՝ իբրեւ մէկ ազգի երկու բաղադրամասեր։
– Ազգային պետութիւն կերտելու գործընթացի սատարում։
– Հայ Դատի եւ համազգային նպատակներու հետապնդում:
Վերոնիշեալ հաստատումներու եւ մատնանշւած առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը կը շեշտէ, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններուն մէջ, Սփիւռքի կենսունակութիւնն ու հզօրութիւնը անքակտելիօրէն կապւած են մայր հայրենիքին։
Մեր միասնականութիւնը պէտք է խարսխւի յաւերժական ազգային արժէքներու եւ պետականութեան ամրապնդման տեսլականին վրայ՝ իբրեւ համընդհանուր օրակարգ։ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի ազգային-պետական շահերը եւ նպատակները անքակտելի են։
Մենք կը մերժենք ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու որդեգրած պառակտիչ եւ վանողական մօտեցումները։
Փոխարէնը, կոչ կ՚ուղղենք ստեղծելու առողջ, համակարգւած եւ հաւասարակշռւած յարաբերութիւններ, որոնք միակ երաշխիքն են հզօրացնելու հայ ազգը եւ անսասան պահելու հայկական պետականութիւնը։ Համազգային պատասխանատւութեան գիտակցութեամբ, եւ, մեր ներուժը պէտք է ծառայէ բացառապէս համազգային նպատակներու՝ ապահովելով հայութեան անվտանգ եւ երաշխաւորւած ապագան։
Այս նպատակով կը կարեւորենք ՀՀ բոլոր քաղաքացիներու -անկախ իրենց գտնւած վայրէն- մասնակցութիւնը ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, առ այդ կոչ կընենք, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն-ներառեալ արտերկիր գտնւողներուն, իրենց միջոցներով երթալ Հայաստան-մասնակցիլ ընտրութիւններուն։
Անհրաժեշտութիւն է փոխել ՀՀ գործող իշխանութիւններու ապազգային ուղեգիծը եւ հաստատել պետութեան զարգացման ազգային-պետական ուղեգիծ։
ՍՓԻՒՌՔԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ



