Բողոքի շարժման երկսայրի բնոյթը Երեւանի մէջ եւ մեր հաւաքական պատասխանատւութիւնը
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Մեծ ոգեւորութեամբ եւ միաժամանակ զգալի անհանգստութեամբ կը հետեւիմ Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած բողոքի շարժման փուլերուն, որոնք կը փոխւին ամենօրեայ յաճախականութեամբ։ Կպրինք թէժ ժամանակներու մէջ։
Խոստովանի՛նք, որ շարժումը մեր մտքերը պարտադրաբար կը յղէ մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններուն։ Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ է Ընդդիմութեան բազմահանգրւան փորձը անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին։ Ընդդիմութի՛ւն՝ որուն մէջ առաջնորդող դիրքերու վրայ էր նաեւ իմ կուսակցութիւնս՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ Արդարեւ, ո՛չ նուիրումը կը պակսէր Ընդդիմութեան իրարայաջորդ ալիքներուն, ո՛չ քաղաքական ներուժը, ո՛չ քաղաքական իմաստութիւնն ու քաղաքական կամքը։ Եւ սակայն անվիճելի փաստը այն է, որ անոնք բոլորն ալ յանգեցան անարդիւնաւէտ վախճանի եւ համատարած հիասթափութեան։ Ինչո՞ւ։
Բագրատ Սրբազանի եւ իր գործակիցներու առաջին խնդիրն է հասկնալ նախորդող ընդդիմադիր շարժման փորձառութիւնը յետին մանրամասնութեամբ։ Բա՛ն մը՝ որ վստահաբար դրւած է իրենց օրակարգին վրայ այս պահուն։
Սրբազան Հօր խօսքը մեծ վարկ կը վայելէ ներկայիս մեր ժողովուրդին մօտ։ Եւ այս մէկը՝ ոչ միայն հայրենիքի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ասիկա անգնահատելի քաղաքական հարստութիւն մըն է, որ նաեւ չի դադրիր մեծապէս փխրուն ըլլալէ։ Մեր ժողովուրդի վստահութեան քւէն կրնայ ունենալ աշխարհածաւալ լայնք, բայց միաժամանակ՝ շատ ջնջին խորութիւն…Պէտք է մեծ բծախնդրութեամբ խորաչափել զայն եւ ըստ այնմ կազմակերպւիլ վաղւան համար։
Օրերը ցոյց տւին, որ Փաշինեան եւ իր յետին կանգնած համաշխարհային համակարգը շատ լաւ կը հասկնան մեր բողոքի հոգեբանական առանձնայատկութիւնները։ Կեանքը ցոյց տւաւ, որ որոշ իմաստով անոնք աւելի լաւ կը ճանչնան մեզ, քան մենք՝ ինքնե՛րս։
Անցեալի Ընդդիմութեան շարժման նպատակն էր վար բերել պարտութեան վարչակարգը եւ դուրս բերել երկիրը իր ճակատագրական փակուղիէն։ Շարժման որոշումն էր այս նպատակին հասնիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան սահմանադրական զէնքերով։ Հակադիր ճակատի վրայ, փաշինեանական համակարգի նպատակն էր ցոյց տալ, որ ինք կարող է յաղթահարել այս մարտահրաւէրը եւ յաջողապէս վերապրիլ։ Վերապրիլ ամէն գնով։ Միշտ հաշւի առնելով, որ այս բանին համար ինք կրնայ ապաւինիլ համաշխարհային ուժերու (եւ յատկապէս թշնամիի) անյատակ կարողականութեանց։ Եւ այս հակադիր կողմերու ռազմավարութեանց միջեւ կը գտնւէր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան լուռ զանգւածը… Փաշինեան դիմեց ամէն միջոցի, որպէսզի այդ զանգւածը մերժէր իր վստահութեան քւէն Ընդդիմութեան պայքարին։ Ան ամէն միջոցի դիմեց ապաքաղաքականացնելու ժողովուրդի լայն զանգւածը զայն վախցնելով, զայն կաշառելով, զայն յուսահատեցնելով, զայն քաղաքականապէս բարոյալքելով։ Կրնանք անվարան ըսել, որ բողոքի շարժումը իր կռնակէն դաշունահարւեցաւ այն իսկ զանգւածին կողմէ, որուն արժանապատիւ գոյութեան համար կը կռւէր ան։ Ողբերգութի՛ւն մը՝ որ պիտի մնայ մեր ժամանակակից պատմութեան արատը յաւիտեանս յաւիտենից։
Իրականութեան մէջ, այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, յուսալքութենէ բխող անձնատւութիւնն էր։ Ֆրանսացիք այս երեւոյթը կը բնորոշեն որպէս adhesion de desespoir։ Փակուղիի մէջ բռնւած մարդն է, որ ի վերջոյ կը «յանձնւի» եւ «կընտրէ» իր ճորտային կարգավիճակը (մերժելով ազատութիւնը) կարենալ գէթ վերապրելու համար։ Ճիշտ ինչպէս խորհրդային համակարգն էր իր խորքին մէջ, որուն յիշողութիւնը դեռ շատ թարմ է մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ։
Հետեւաբար կարեւոր է, որ անդրադառնանք մէկ հիմնական իրականութեան։ ՈՐՊԷՍ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔ, ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՈՉՒԱԾ Է ՁԱԽՈՂԵԼՈՒ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՒԱՆ ՀԵՏ։ ԱՆՇՈՒՇՏ ԿԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ՀԱՒԱՔԷ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՒԱՆ ՀԵՏ ԵՒ ԲԱՑԱՌՒԱԾ ՉԷ, ՈՐ ՊԱՏԱՀԻ ՆԱԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ։ ԲԱՅՑ ԱՅԴ ՄԷԿԸ, ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՐԱԳԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔ ՄԸՆ Է, ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ ՉԷ ԽԱԲՒԻԼ։ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԱՄԷՆ ՕՐ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ «ՊՈՌԱԼ» ՄԵՐ ԵՐԵՍԻՆ՝ «ԿԵՆԴԱՆԻ՛ ԵՄ»… ԻՆՉՊԷՍ ՄՍՐԱՅ ՄԵԼԻՔԸ։ ԵՒ ԻՐ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏԵ՛Լ ԻՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆ Է, ՈՐ ԿԻՅՆԱՅ ԵԿՒՈՒԹԵԱՆ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՉՔԱՆԱՅ։
Այս բանին մեծ գիտութեամբն են օժտւած Փաշինեանի համակարգն ու իր արտաքին հովանաւորներու բանակը (ներառեա՛լ՝ թշնամին)։ Հետեւաբար ապահովութեան սիրոյն հաշւեցէք, որ ժամանակի գործօնը կը գործէ շարժման դէմ եւ ոչ՝ հակառակը։ Հաշւեցէք, որ շարժումը կը գործէ ապառիկ ժամանակով։ Ժամանակը չի պատկանիր ձեզի։ Հաշւեցէք, որ բողոքի շարժման տրւած է շատ նեղ պայմանաժամ մը փաշինեանական համակարգը լուծարելու։ Միշտ ի մտի ունենա՛լ՝ որ երկսայրի ուժականութիւն մը կայ երեւանեան բողոքի էութեան մէջ։ Ուժականութիւնը կը պատկանի բողոքի շարժման այնքան ատեն, որ ան հաւատք կը ներշնչէ քաղաքացիին, որ այս առճակատման մէջ առաւելութիւնը կը պատկանի շարժման։ Ամէն օր, որ շարժումը տեղքայլ կընէ, շարժումը կը կորսնցնէ քաղաքացիին հաւատքը զայն մղելով ձեռնպահութեան եւ այդ ձեռնպահութիւնը կը գործէ ի նպաստ իշխանութեան։ Դաժան իրականութիւնը այն է, որ շարժումը անգիտակցաբար եւ ինքնաբերաբար կը գործէ ի նպաստ Փաշինեանին, երբ քաղաքացին ամրացած է իր ձեռնպահութեան մէջ հանդէպ շարժման…Շարժումը – ամէն գնով – պէտք է խուսափի առճակատման այս սադայէլական գօտիէն (devil’s zone)։
Պէտք չէ իդէալականացնել հակասութիւններու մէջ բռնւած այսօրւան քաղաքացին։ Այսօրւան քաղաքացին շատ հեռու է ազատ մտածող մը եւ ազատ ընտրող մը ըլլալէ։ Այս բանին մէջն է, որ յաջողած է փաշինեանական համակարգը (եւ իրմէ առաջ՝ խորհրդային համակարգը)։ Այսօրւան քաղաքացիին համար ազատութիւնը կու գայ շատ աւելի մեծ ճիգով քան աւելի բնականոն պայմաններու մէջ ապրող մարդուն։ Ընդունեցէք, որ քաղաքացիին առաջնահերթ խնդիրը վերապրիլն է այս բառին ամենէն նախնական էութեամբ։ Այսպէս է քաղաքացին ամէնուրեք։ Այսպէս կը գործէ քաղաքացիին միջավայրը պայմանաւորղ քաղաքականութիւնը։ Կրկին կարդացէք Արիստոտէլը։ Այս բանտւած կարգավիճակէն է, որ մագլցելով դուրս կու գայ Նարեկացին մատչելով հոգեւոր ազատութեան։ Եւ միայն մէկ Նարեկացի կայ։
Քաղաքացիին քաղաքականացումը եւ, աւելի՛ն, անոր յեղափոխականացումը այսօր կախւած է շարժման ռազմավարութեան որակէն։ Կը յաջողին այն ռազմավարութիւնները միայն, որոնք կրնան գործել շրջադարձային յարացոյցով եւ իրավիճակ փոխել ժամանակի կայծակնային գործօններով։ Մէկ բան յստակ է։ Բողոքը չի կրնար համակեցութեան մէջ գտնւիլ status quo-ին հետ։ Փաշինեանի չքնաղ բառապաշարով՝ «իրական Հայաստանին հետ»։ Նման համակեցութիւնը կը թունաւորէ բողոքի շարժումը եւ ի վերջոյ կը սպանէ զայն։ Եւ երկարաձգւած բողոքը, փաշինեանական համակարգի մեքենայութիւններով, ի վերջոյ կը հաւասարի մեղաւոր համակեցութեան, զոր պէտք է մերժել ամէն գնով։
Վերադառնալով Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած շարժման նախաձեռնութիւններուն, լաւ է այժմէն արծարծել այն մտահոգութիւնները, որոնք կապ ունին այս սկզբնական օրերու թանկ բնոյթին հետ։ Չկայ շարժում, որ ազատ ըլլայ հոգեբանական պատերազմի սպառնալիքներէն։ Բայց նաեւ ամէն շարժում իր իմաստութիւնն է, որ կը բերէ ազգային ազատագրութեան գործին։ Շարժման այսօրւան յայտարարութիւնը կը խոստանայ առաջիկայ շաբաթը ընել ջրբաժան եւ ջարդել փակուղին։ Կեցցէ՛ք։ Շարժման շտեմարանները հարուստ են ոգեւորութեան թարմ պաշարներով, որոնք պէտք է արագօրէն նւաճեն ազգային լայն միասնականութեան նշաձողը ծնունդ տալով քաղաքական ուժերու միասնական ուխտին սարսելով հիմերը փաշինեանական հաստատութեան։
Սրբազան Հօր շղթայազերծած մակընթացութիւնը պատմական մեծ պատասխանատւութիւն մը կը դնէ շարժման ղեկավարութեան եւ շարժման բոլոր նւիրեալներուն ուսին։ Իրենք փուլ բերին համբերութեան ամբարտակը յղելով վերջնական ազդարարութիւնը պարտութեան վարչակարգին։ Ետ դարձ չկա՛յ։ Օրերու ընթացքին փուլ պէտք է գայ փաշինեանական համակարգը։
Պէտք է բերել այդ օրը անյապա՛ղ։ Պէտք է բերել ամէն գնով։ Տէր ընդ ձեզ։
Մայիսի 12, 2024