«Համազգային»-ի Ուսանողական հաւաքին բազմազան ծրագրերը կը կատարւին Հայաստանի մէջ
13 յուլիսի 2024-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով կատարեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, հինգշաբթի՝ յուլիսի 18-ին ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան այցելութեամբ, ընկերակցութեամբ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի: Համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամբիոնի վարիչ Արման Եղիազարեան ֆորումականներու ծանօթացուց պետական համալսարանի բաժանմունքներն ու ընդհանրապէս համալսարանը: Անկէ ետք անոնք այցելեցին Կոմիտասի թանգարան եւ պանթէոն, ծանօթացան` Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր ձգած հարստութեան, անոր պատկանող եւ թանգարանին մէջ պահպանւած իրերուն: Ապա անոնք ուղղւեցան Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտ, որուն մասին տեղեկութիւններ ստացան:
Կէսօրէ ետք ֆորումականները ջերմ հանդիպում ունեցան «Ակունք» ազգագրական համոյթի անդամներուն հետ, իսկ խումբի ղեկավար Արթուր Շահնազարեան անդրադարձաւ իրենց գործունէութեան, ազգային երգերու եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման անհրաժեշտութեան:
Ուրբաթ՝ յուլիսի 18-ի ֆորումականները իրենց օրւան առաջին բաժինը անցուցին բնութեան գիրկը` Ծաղկաձորի մէջ, ուր վայելեցին ճոպանուղին, շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնը: Ապա, նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով, այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալւեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կիսօրեայ ճոխ ու հարազատ յայտագիր մը, միասին ճաշեցին, ընկերային պահեր ապրեցան, երգեցին, պարեցին ու խաղացին:
Կէսօրին մասնակիցները վերադարձան Երեւան, ուր անոնք տեղեկութիւններ ստացան «Վիքիփեդիա»-ի հայերէն բաժինի գործունէութեան, զայն հարստացնելու ձեւերուն մասին` Ազնիւ Ստեփանեանի եւ Շահէն Արաբօղլեանի կողմէ:
Շաբաթ՝ յուլիսի 20-ին ֆորումականները այցելեցին Խոր Վիրապ, մօտէն հաղորդւեցան Հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դրւագներէն մէկուն վայրին, անկէ ետք անոնք ունեցան ազատ ժամ, այցելեցին վերնիսաժ: Երեկոյեան մասնակիցները ներկայ գտնւեցան Սoս Սարգսեանի անւան «Համազգային»-ի թատրոնի «Հրաշագործ»-ը ներկայացումին:
Կիրակի՝ յուլիսի 21-ին ուսանողական հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Արագած եւ Ամբերդ, անոնց ընկերակցեցաւ Ցօղիկ Աշըգեանը, որ մանրամասն եւ համապարփակ տեղեկութիւններ տւաւ հայկական ճարտարապետութեան մասին, յատկապէս` խօսելով բերդին իւրայատկութեան մասին:
Երկուշաբթի՝ յուլիսի 22-ին ֆորումականները այցելեցին Օշական, ուր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը անոնց ներկայացուց գիրերու գիւտը, Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդը, եւ զայն պահպանելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ: Ապա անոնք ուղղւեցան Գիւմրի, ուր անոնց առաջին հանդիպումը եղաւ Արցախէն բռնի տեղահանւած մանուկներուն հետ. Շուշիի «Ծիլ» թատերական միաւորն ու արցախցի փոքրիկները սփիւռքահայ երիտասարդներուն մատուցեցին Արցախի բարբառով ներկայացում: Ապա անոնք այցելեցին Կումայրի թանգարան, ուր ծանօթացան քաղաքին պատմութեան:
Երեքշաբթի՝ յուլիսի 23-ին մասնակիցները այցելեցին Գիւմրի քաղաքին զանազան թանգարաններ, ծանօթացան Յովհաննէս Շիրազի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Մհեր Մկրտչեանի կեանքին ու գործունէութեան: