Հայաստան - Արցախ

Ի խնդիր ազգային ռազմավարութեան

Անկասկած անհրաժեշտ է վերստին օրակարգի վրայ դնել ազգային ռազմավարութեան հարցը։ Աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ ըսել՝ ռազմավարութեան վերանայման հարցը, քանի որ ան երբեք չի կրնար չըլլալ օրակարգի վրայ, բայց մեր վերջին կորուստները կը ստիպեն մեզ, որ անոր վերանայումը դառնայ անմիջական եւ ստիպողական։

Ի՞նչ կ՛ընդգրկէ այդ ռազմավարութիւնը։

Ազգին գոյատեւումը, առաջին հերթին։ Ազգին գոյատեւման ապահովումը։ Այդ գոյատեւման որա՛կը։ Վա՛յրը։ Նպատա՛կը մանաւանդ։ Ինչո՞ւ իբր ազգ պէտք է շարունակենք մեր գոյութիւնը պահել։

Երկրորդ հերթին՝ աշխարհի գոյատեւումը, անո՛ր ապահովումը, անո՛ր որակը։ Ի վերջոյ ի՞նչ աշխարհի մէջ պիտի ապրինք, կրնա՛նք ապրիլ։

Ի հարկէ կարելի է առաջին հերթը երկրո՛րդը նկատել, երկրո՛րդը՝ առաջինը, քանի որ անհեթեթ պիտի թւի ջանալ պահել ազգի՛ն գոյութիւնը, եթէ չմնայ աշխարհ մը, ուր այդ ազգը կրնայ ապրիլ։

Քննարկումը չի կրնար այդքան պարզ ըլլալ։

Ինչպէ՞ս քննարկւելու է այդ ռազմավարութիւնը։ Կը տեսնեմ քննարկման երեք ոլորտ.

Ա) Սերտել անցեալը,

Բ) Ճանչնալ ներկան,

Գ) Ծրագրել ապագան։

Այս ոլորտները յաջորդական չեն, զուգահեռ են եւ կը համալրեն զիրար։ Իւրաքանչիւրի քննարկումը ինքն իր մէջ առնւած շատ բանի չի ծառայեր մեզի համար։ Կրնայ հետաքրքրել պատմաբանները, մանաւանդ հին ազգերու, նոյնիսկ անհետացած ազգերու պատմաբանները…

Սերտել անցեալը։ Անկէ դա՛ս առնելու համար անշուշտ։ Եւ վստահ եմ ինչե՜ր կան սորվելիք մեր անցեալէն։ Ներկայ հանգրւանին այդ անցեալը նկատի առնելու ենք ԺԹ. դարու սկիզբէն՝ յատկապէս մեր Դատին ու Ինքնութեան պահպանման տեսակէտէն՝ մեկնելով Իսրայէլ Օրիներէն, Դաւիթ Պէկերէն, անցնելով Սան Սթեֆանոյէն ու Բեռլինէն, չմոռնալով Ազգային սահմանադրութիւնը, Վերածնունդը, յեղափոխական շրջանը, Մեծ Եղեռնը, Հանրապետութեան հաստատումը, հասնելով մինչեւ մեր օրերը։ Որո՞նք էին մեր առաւելներն ու պակասներ։ Ճիշտ ու սխալ ի՞նչ քայլեր առած ենք, ինչէ՞ն կրնայինք խուսափած ըլլալ, ի՛նչը ամրակայած ըլլալ։ Անցեալի քննարկման մէջ իր տեղը պիտի ունենայ անպայման նաեւ աշխարհի իրավիճակը, քանի որ այդ իրավիճակին մէջ է, որ ապրած ու գործած ենք։

Նման քննարկում կարիք ունի մասնագիտական ներդրումի, յատկապէս երբ ռազմավարութիւն ճշտելու պիտի ծառայէ։ Մասնագէտ պատմաբաններ, ընկերաբաններ, մշակութաբաններ ըսելիք ունենալու են։ Մեր մարմիններն ու ժողովները այդ տեսակ ներդրում ստանալէ ետք միայն կրնան որոշում կայացնել, ռազմավարութիւն ճշտել։

Ճանչնալ ներկան։ Նոյնքան տարածուն նիւթ է այս եւ չի հիմնւիր մեր անմիջական տեղեկութիւններուն վրայ։ Որո՞նք են մեր ուժերը, որո՞նք՝ մեր թերիները, ի՞նչ կարելիութիւններ ունինք եւ ի՞նչ կարելիութիւններէ զրկւած ենք։ Անկասկած այդ ներկային մաս կը կազմէ համայն Հայաշխարհը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սփիւռքը եւ բռնագրաււած ու հայաթափւած մեր պատմական ամբողջ հայրենիքը՝ ՀՀ սահմանէն դէպի արեւմուտք թէ դէպի արեւելք։ Հոս եւս կան բազմաթիւ ազդակներ, որոնք կարծէք մեր ուշադրութեան ծիրին մէջ չեն իյնար, բայց կ՛ազդեն մեր գոյութեան վրայ, ազդակներ, որոնք նոյնպէս մասնագիտական ուսումնասիրութեան կը կարօտին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, եւ թէ՛ մշակութային ու այլ մարզերու մէջ։ Այդ ազդակները կրնան ըլլալ ներքին, կրնան մանաւանդ ըլլալ արտաքին։ Իսկ միայն ներկան ճանչնալէ ետք է, որ մենք իրաւունք կ՛ունենանք ճշտել ռազմավարութիւն, որուն հայեացքը ուղղւած պիտի ըլլայ դէպի գալիքը։

Բայց մտքէ չհանենք. Երբ մեր մասին կը խօսինք, մենք մաս կը կազմենք աշխարհին, եւ գիտե՞նք այդ աշխարհի ներկայ իրավիճակը, մեծ եւ փոքր ուժերու յարաբերութիւնները, նպատակները, վերելքի թէ անկումի հնարաւորութիւնները եւ այլն։

Եւ ծրագրել ապագան։ Ճիշտ ատոր համար է, որ ռազմավարութիւն կը մշակւի։ Այս ամենէն դժւար բաժինն է։ Ի՞նչ տեսակ ազգ մը կ՛ուզենք ըլլալ, եւ ի՛նչ տեսակ աշխարհի մը մէջ։ Մեր ապագայի ծրագրումը կրնա՞յ միայն մեր ազգը նկատի առնել ու անտեսել աշխարհը։ Չի՛ կրնար։ Կը խորհինք գուցէ, թէ մենք մե՛ր մասին մտածենք, թող ուրիշնե՛ր զբաղին աշխարհով։ Եթէ այդպէս մտածենք, կը նշանակէ, նաեւ, որ ուրիշներու կը ձգենք որոշել մեր ապագան։ Իսկ մենք ի՞նչ կրնանք ընել աշխարհի համար,- ահա ա՛յս է մեծ հարցը, որ չարչրկելու է մեր միտքը։ Ի՞նչ կրնանք ընել բան մը փոխելու համար քաղաքակրթութեան ներկայ գահավէժ ընթացքին մէջ։ Եթէ չենք կրնար, ապա ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր գոյութիւն ունենալը կամ չունենալը։

Աշխարհի համար պէտք է կարենանք ամենէն առաջ մեր տեսլականը յստակացնել ու տարածել, այլոց համամտութի՛ւնը ձեռք ձգել։ Արդար աշխարհ մը, որ հրաժարի «իրաւունքը զօրաւորին» մօտեցումէն, յարգէ բոլոր ազգերու մարդկային իրաւունքները, զանոնք մղէ խաղաղ գոյակեցութեան ու համագործակցութեան։ Մեզի համար՝ իբր ուրոյն ազգ մեր ապրելու իրաւունքի յարգումը բոլորին կողմէ, սեփական բաւարար հողային տարածքով՝ այդ տարածքին վրայ հայութեան մեծամասնութիւնը համախմբելով, աշխարհի հետ հանգիստ յարաբերելու կարելիութիւններով, դրացի երկիրներուն հետ հակամարտութեան բոլոր ազդակներու ի վերջոյ անհետացումով ու տարածաշրջանը միասին զարգացնելու մտադրութեամբ։ Մանաւանդ իր աշխարհագրական դիրքով թէ իմացական կարողութիւններով՝ Հայաստանը վերածելով համաշխարհային գոյակցութեան կամուրջի մը։ Այս բոլորին հասնելու միջոցներու եւ փուլերու ալ ճշտումով։ Այս ոլորտն ալ կը կարօտի մասնագէտներու մանրամասնեալ ներդրումին։

Նման ծրագրում կը պահանջէ համազգային մօտեցում, համազգային ճիգ։ Հայ կեանքի բոլոր դերակատարներու մասնակցութեամբ եւ գործակցութեամբ։ Կուսակցութիւն մը, կուսակցութիւնները կրնան նման պարագաներու նախագիծեր առաջադրել։ Ազգի բոլոր բաղադրիչները ըսելիք պիտի ունենան, ներդրում պիտի ունենան, ընելի՛ք պիտի ունենան։

Ազգի ապագայի տեսլականը բոլորի՛նը պիտի ըլլայ։ Միասի՛ն։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Horizonweekly.ca

Related Articles

Back to top button