Այս տղաքը պատանեկան տարիներուն իմ հերոսներէն էին։ Վերջապէս՝ իւրաքանչիւր պատանի-երիտասարդ կուզէ ունենալ հերոսներ որոնք կուտան ներշնչում՝ կեանքի մէջ մեծնալու ժամանակահատւածին մէջ։ «Արարատ 73»-ի տղաքը՝ այս իմաստով՝ իմ հերոսներէն էին։ Անոնք եթէ մէկ կողմէ հերոս էին իրենց ֆուտբոլի խաղաոճի մեծ տաղանդի եւ կարողականութիւններուն համար, բայց նաեւ աւելին։ Անոնք դարձած էին ինծի համար հերոսներ, որոնք սրսկեցին իմ պատանեկան տարիներուն ազգայինի եւ անոր հասկացողութեան գիտակցութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ այդ բոլորին նկատմամբ հպարտութիւնը։ Հպարտութիւնը հայուն, հայրենիքին եւ անոր մշակոյթին։ Եթէ մէկ կողմէ կը քաջալերւէի երբ Բէյրութ կուգային՝ բայց նաեւ առիթը ունեցայ իրենց մրցումներուն ներկայ ըլլայ Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտի մէջ։ Եւ հոն՝ ես ալ հայրենի ժողովուրդին հետ կը միանայի քաջալերական բացականչութիւններուն։ «Արի Արարատ հուպ տուր»։ Եւ այս տղաքը տարիներու վրայ երկարած «հուպ» տւին։ Եթէ հուպերուն կը յաջորդէր գոլերը, բայց իւրաքանչիւր գոլին հետ անոնք իմ կեանքի մէջ կը դնէին եւ կ՛աւելցնէին մէկ նոր հունտ մը՝ ազգային ինքնութեան եւ անոր հպարտութեանը մէջէն։
Այս հերոս՝ «լեգենդար» տղոցմէ մի քանիները արդէն մեկնեցան իրենց երկրային կեանքէն։ Բայց լսելի է տակաւին իմ-մեր քաջալերական բացականչութիւններուն։ «Արի Արարատ հուպ տուր…»։ Եթէ «Արարատ 73»-ի այս հերոս տղաքը, այսօր, «Հրազդան»-ի եւ այլ մարզադաշտերու մէջ չեն, բայց անոնք կը յիշեցնեն մեզի, թէ «հուպ» տալէ չեն դադրած…։ Բայց մանաւանդ կը յիշեցնեն թէ մենք բոլորս որպէս հայ ժողովուրդ պէտք է «հուպ» տանք։ Հուպ տանք մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային ու հայրենի կեանքերուն մէջ նոր «գոլեր» նշանակելու համար։ Հուպ տանք նոր ոստումի, նոր կամքի եւ նոր յոյսի՝ իմա՝ նոր եւ նորոգւած «հուպերու»։ Հուպեր, որ պիտի նորոգեն եւ վերանորոգեն, շինեն ու վերաշինեն մեզ։ Նոր Հայը…։
Քրիստոսի ծնունդը կիմաստաւորւի ճիշտ այս իրականութեանը մէջէն։ Յիսուս աշխարհ եկաւ «Նոր Կեանք»-ը պարգեւելու համար մարդկութեանը եւ նաեւ հայուն։ Ան աշխարհ եկաւ եւ իր ստեղծած նոր կեանքով՝ նոր «հուպ» տւաւ եւ կը շարունակէ տալ մարդկութեանը։ Հուպ մը որ կուտայ արժէք։ Արժէքը կեանքի, հայրենիքի եւ մարդուն։ Արժէքը հայուն եւ անոր ապրելու գրաւականին։
2023 տարին մեզի՝ հայուն համար եղաւ շատ ԴԺՒԱՐ։ Տարի մը անցուցինք ուր տեսանք զրկանք, մահ եւ կորսնցուցինք հայրենիքէն մաս մը ու արժէք։ Վիրաւոր վիճակի մէջ ենք՝ հոգիով, սրտով, արժանապատւութեամբ եւ մեր հպարտութիւնը ճզմւած։ Պիտի մնանք այս «դժւար» վիճակին մէջ՝ թէ՞ պիտի ուզենք նոր «հուպ» տալ մեր կեանքերուն։
«Արարատ 73»-ի հերոս տղաքը մեզի սորվեցուցին, թէ արժէ հաւատալ հուպերուն եւ անոր ստեղծած արժէքներուն։ Արժէ, որ շարունակենք սորվիլ եւ հաւատալ, թէ կրնանք նոր «հուպ» տալ մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքերուն։
«Արի Արարատ հուպ տուր»,
Բայց անպայմանօրէն…
«Արի հայ ժողովուրդ հուպ տուր»
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ։ Ձեզի եւ մեր բոլորին մեծ Աւետիս։ Եւ Աւետիսը՝ Քրիստոսի նոր կեանքի շնորհած «հուպ»-ն է։ Այն հուպը՝ որ մեզ բոլորս դուրս կրնայ հանել մեր դժւար օրերուն մէջէն։
Արի բոլորս՝ հայեր՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք՝ հուպ տանք։
Եւ նոր ԿԵԱՆՔԸ շինենք։ Հայուն Նոր Կեանքը…։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Նիկոսիա, դեկտեմբերի 20