Ուրւագիծ դիմանկարի համար. Երւանդ Փամպուքեան (1933)
ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ
«Նամակները շատ հարազատ եւ անմիջական են, նաեւ յստակ կերպով գաղափար ալ կու տան, որ յեղափոխական գործիչները, մարտիկները իրենց աշխատանքները ի՛նչ պայմաններու մէջ կը տանէին»
Ե. ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ
Առաջին անգամ Երւանդ Փամպուքեանին հանդիպած եմ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ (2016 թւականին), երկրորդ անգամ` իր հիւրընկալ յարկին տակ (2022 թւականին): Մեծ էր ոգեւորութիւնս, երբ զիս հրաւիրած էր. սկզբնապէս զարմանք մը ապրեցայ, որ ան տակաւին կը հրատարակէ հատորներ: Միշտ ոգեւորւած եմ աւելի քան կէսդարեայ իր պատմագիտական փորձառութեամբ, որ նպաստած է պատմագիտական հակումներուս… Այսօր այնքան եզակի, երբ… միով բանիւ կը կարծեմ, որ «պատնէշին վրայ» իրմէ զատ չկան այլեւս ազգային գործիչներ, որոնք հայ պատմագրութեան իրենց նպաստը կը բերեն, ինչպէս ինք` ըլլալով միեւնոյն ատեն ՀՅԴ կուսակցութեան իր սերունդին ամէնէն վերջին մոհիկաններէն, բանիբուն ազգային գործիչ մը, պատմագէտ, խմբագիր:
Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը աւարտելէ ետք (1953) ուսումը շարունակած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայագիտական վարժարանին մէջ (1954), հետագային ուսանած` Բելջիքայի Լուվենի համալսարանի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ (1954-1958): Ուսումնառութեան բեղմնաւոր տարիներուն ընթացքին հետեւած է արեւելագիտութեան դասընթացքներու, 1958-էն ի վեր Բէյրութի մէջ (Համազգայինի ճեմարան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ այլն) դասաւանդած է Հայոց պատմութիւն եւ հայ մատենագիտութիւն:
Մանկավարժի փորձառութիւնը, ինչպէս կըսեն, չէ վնասած, այլ նպաստած է, որ իր լիանւէր գործունէութեան ընդմէջէն, վարչական պատասխանատու պաշտօններ ստանձնէ ինչպէս «Ազդակ» օրաթերթին (1970-1978), այնպէս ալ «Համազգային»-ի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ (1979-2005):
Երւանդ Փամպուքեանը` իբրեւ պատմագէտ եւ խմբագիր, անուրանալի դեր կատարած է հայ պատմագրութեան զարգացման համար: Միջանկեալ, չենք կրնար խուսափիլ չարձանագրելէ, որ «Երւանդ Փամպուքեանի պատմագիտական վաստակը» առանձին աշխատութեան մը (թերեւս) դոկտորական թէզի` խորագիր կրնայ հանդիսանալ. յորդոր մը` երիտասարդ պատմագէտներուն, որոնք կը հետաքրքրւին յատկապէս ՀՅԴ-ի «ակունքային» պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններով, վասնզի Ե. Փամպուքեանի աշխատութիւններուն մէջ բազմահարուստ պատմական անցքերու, վկայութիւններու կրնան հանդիպիլ («Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» (2017), «Արամ Մանուկեան. Նամականի» (2018)- ի բախտաւորութիւն ինծի, այս ստւարածաւալ հատորը պարոն Փամպուքեանէն նւէր ստացած եմ,- «Նիկոլ Դուման. Նամականի» (2021), «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» (2020), «Ռոստոմի անտիպ նամակները» (2022), «ՀՅԴ ծածկանուններու բառարան» (2023): Թւարկումը կարելի է շարունակել, եւ այսօր ալ բնաւ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ նոր պատմագիտական «պեղումներու» ճամբաբաժանին վրայ է արգոյ պատմագէտը, որ ազգային, հանրային մտաւորական գործիչ ըլլալով, մշտապէս ի մտի ունենալով հայ ազգային պատմութեան եւ հայ յեղափոխական գործիչներու նկատմամբ իր ունեցած անկորնչելի գիտական հետաքրքրութիւնները, տակաւին գիտական տոկունութիւն կը ցուցաբերէ…
Չենք կրնար զանց առնել Երւանդ Փամպուքեանին նւիրաբերումը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող «Ազդակ» օրաթերթին նկատմամբ: Ինք ատենին խոստովանած է. «Ազդակ»-ի մէջ կեանքիս ութ տարիները անցուցած եմ: ՀՅԴ-ի կողմէ թերթին էջաթիւը աւելցնելու յանձնառութիւն ստացած էի: Բէյրութի հայկական գաղութի ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքը այնքան աշխուժ էր, որ անհրաժեշտ եղաւ այդ բոլոր իրադարձութիւնները լուսաբանելու համար թերթին էջերը աւելցնել…»:
Վերստին գործունէութեան «նոր ճամբայ մը», որ վստահւեցաւ գաղութային հայ կեանքով ապրող մտաւորականի մը. հիմա տարիներու հեռաւորութենէն, կը կարծեմ, որ նոր սերունդը այնքան ալ չըմբռնէ, թէ ատենին ի՛նչ նշանակութիւն եւ նշանառութիւն ունեցած է հայ մամուլի նպաստաբերութիւնը օտար պայմաններու մէջ` վասն ազգային ինքնութեան պահպանման` սփիւռքեան մամուլի օրէ օր «անհետացման» պայմաններուն մէջ…
Ընդհանրապէս, պարտականութիւն բառը բնորոշ չէ, երբ խօսքը կը վերաբերի Երւանդ Փամպուքեանին: Ինքնապարտականութիւնն է, որ միշտ կոգեկոչէ, կոգեշնչէ Ե. Փամպուքեանը, ըլլա՛յ ՀՅԴ-ի արխիւներու ուսումնասիրում, ծանօթագրում, ըլլա՛յ մեր պատմութեան տակաւին անյայտ իրողութիւնները «նոր լոյսին տակ» ներկայացնելու, մեկնաբանելու նպատակամիտում: Ահաւասիկ` «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» ստւարածաւալ մատենաշարը (12 հատոր). երբ առաջին անգամ Բէյրութի Համազգայինի գրադարանին մէջ այդ հատորներուն «հանդիպեցայ», այո՛, հանդիպեցայ, կարծես թէ` տարբեր ժամանակաշրջաններու պատմական դարձակէտային իրողութիւններու դէմ առ դէմ, գլխիկոր շւարած ըլլայի: Ի վերջոյ հասկցայ, հակառակ անոր որ չեմ կարծեր, թէ հասկցայ, տառապալից աշխատանքի «այն ծանր ծիրանին», որ տարիներ անընդմէջ իր ուսերուն վրայ կրած է Երւանդ Փամպուքեան. ինչ զոհողութիւններով, անանձնական կեանք «ապրիլ-չապրիլ»-ու զրկանքներով նւիրագորւած…
«Ազդակ»