Դաշնակցական ԲեմՍփիւռք

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան. «Ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակած ենք»

«ԱԼԻՔ» – Ստորեւ ներկայացնում ենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի խօսքը, արտասանւած ՀՅԴ Աւստրալիայի կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակին նւրիւած միջոցառմանը:

Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, յարգելի վերապատւելի, հոգեւոր հայրեր, յարգարժան ազգային քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պատւարժան հիւրեր, սիրելի ընկերներ եւ հայրենակիցներ,

ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներս եւ ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետուհին այս օրերուն ընթացքին կը գտնւինք Աւստրալիա, ոչ միայն մասնակցելու ժողովներու, հերթական հանդիպումներու եւ զեկուցելու մեր շարքերուն ու ժողովուրդին, այլ մեր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիայի աշխոյժ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակի նշումին: Արդարեւ՝ Աւստրալիոյ մեր շրջանը այսօր կարեւոր դերակատարութիւն ունի արեւմտեան աշխարհի այս երկրէն ներս հայապահպանման ու հայակերտման, համայնքային կառոյցներու հաստատման եւ ամրապնդման, հայեցի դաստիարակութեան եւ երիտասարդութեան հայ կեանքի մէջ ներգրաւման, հայ մշակոյթի տարածման ու Հայ Դատի բազմաշերտ գործունէութեան ոլորտներէն ներս. եւ ոչ միայն տեղական մակարդակով. Աւստրալիոյ շրջանը իր պատւաբեր մասնակցութիւնն է բերած, ու կը շարունակէ բերել, մեր համահայկական ու համասփիւռքեան նախաձեռնութիւններուն:

Սիրելինե՛ր,

1980-ական թւականներու վերջերէն մինչեւ 2020-ի սեպտեմբերը մենք ունեցանք անխոցելիութեան զգացում, որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրւած էր, Հայաստանը՝ վերանկախացած, Ջաւախքը՝ աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ զարթօնքի ծիլեր արձակւած եւ Սփիւռքը՝ ունեցած Հայ Դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդւած էր եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծւած էր, մանաւանդ 2015ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

Բնականաբար՝ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ իրագործումներուն մէջ ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նւիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրւած արշաւները եւ հայրենիքի ու Սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն ուղղւած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տւած էին ակնկալւած արդիւնքը եւ կար համատարած լաւատեսութիւն: Համոզումի էր վերածւած նաեւ մեր այն կարգախօսը, որ յանձնառու Սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի:

Ամրապնդւած էին մեր ազգային արժանապատւութիւնը եւ ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը. ստեղծւած էր աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն ի սպաս մեր հայրենիքին ու իդէալներուն. իսկ ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թւէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ: Աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք, պայծառ դարաշրջան մը բացւած կը թւէր ըլլալ հայութեան առջեւ:

Գիտէք արդէն, որ Արցախի պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մեկդի դրած, ՀՅԴ-ն նւիրւած էր հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին՝ հիմնականին մէջ չորս ուղղութիւններով՝

  1. 1. հայրենիքի պաշտպանութեան համար տրամադրելով մարդոյժ կամաւորական պահեստազօրի ճամբով,
  2. 2. ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ,
  3. 3. ձեռնարկելով համաշխարհային քարոզչական պայքար ամենուրէք
  4. 4. խթանել հայրենիքին համար հանգանակային համահայկական արշաւը եւ մասնակցել աննախընթաց նիւթական կռւաններու ստեղծումին պատերազմին յաջող ելքին համար:

Ուստի հասկնալի էր, որ ազգովին ապրեցանք ահաւոր ցնցում երբ 2020-ի աշնան Արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը ի յայտ եկաւ եւ խորտակեց անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը: Հիասթափութիւնը ճնշող էր մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռւեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզւեցաւ 2020-ի Նոյեմբերի 9-ին:

Ազգային նսեմացումի առաջնորդած ՀՀ ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչիլ իր իշխանութեան աթոռին եւ ծնկաչոք դիմեց թշնամիներուն ազգովին մեզ նսեմացնող պարտւողական պայմաններու մէջ:

Այս մեծագոյն աղէտին առթած համատարած յուսահատութիւն եւ ընկճւածութիւնը յառաջացուց նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: Եւ սկիզբ առաւ շարքը միակողմանի զիջումներու, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակէ ՀՀ այս իշխանութիւնը՝ կեղծ «խաղաղութեան» օրակարգի պիտակին տակ:

Ուստի, բնական էր որ այս կացութիւնը առաջնորդէր ժողովրդային ցասումի. հայրենիքի փրկութեան շարժումները եւ ներկայի «Սրբազան Պայքար»-ը զօրաշարժի ենթարկեցին հայրենի ժողովուրդի կարեւոր զանգւածը վերականգնելու համար ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց ՀՀ իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց, եւ կը շարունակէ թափել, ապակողմնորոշելու եւ պառակտելու հայրենի ժողովուրդը. առաւել՝ այդ իշխանութիւնը ստեղծեց քաղաքական հալածանքներու մթնոլորտ եւ բռնատիրական ոստիկանապետութիւն:

ՀՅԴ-ն եւ իր գործընկերները շարունակեցին ընդդիմադրութիւնը, բայց ժողովրդային հաւաքները չհասան այն թիւերուն, որպէսզի խարխլի այս իշխանութեան հիմերը: Մենք շարունակելու ենք պայքարը, առաւել օտագործելու ենք ՀՀ ԱԺ-ի ազդեցիկ հարթակը մեր կեցւածքները ներկայացնելու եւ փորձելու կանխել միակողմանի նորանոր զիջումներ:

«Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւն որդեգրած ՀՀ իշխանութիւնը այսօր Սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծւած։ Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատւած եւ մեծ հարւած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբէք անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ համահայկական կուռ միասնականութիւն։

Այսօր, դէմ հանդիման կը գտնւինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտւած ու հայկականութենէ դատարկւած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը բազմիցս փաստած են եւ դարձած ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ: Մարտահրաւէրներ ունինք նաեւ Սփիւռքի պարագային, ուր արդէն գործող կառոյցներու թարմացման, յաւելեալ աշխուժացման եւ աշխատելաոճի արդիականացման կարիքները դարձած են հրամայական:

Մեր հայրենիքի առջեւ ցցւող գլխաւոր մարտահրաւէրները եւ ՀՅԴ դիրքորոշումները հինգ մասերու կարելի է բաժնել՝

Ա. Արցախ

Արցախահայութիւնը վիրաւոր է այսօր. իր պապենական հողերը դատարկւած են եւ ժողովուրդը դարձած տարագիր. Սակայն, պիտի վերականգնի Արցախը. պիտի պայքարինք, որ Հայաստանը տէր կանգնի Արցախահայութեան իրաւունքներուն սատարելու իր պարտաւորութեան:

Մեր ներկայ շեշտաւորումները յստակ են՝ հաւաքական վերադարձի իրաւունք, Արցախի միջանկեալ կարգավիճակի ճշտում եւ վերջնական կարգավիճակի բանակցութիւններ, գերիներու եւ Բաքւի մէջ պահւող քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ արշաւ, Ադրբեջանի ցեղասպանական էթնիկ զտումի քաղաքականութեան քօղազերծում եւ Հայաստան ապաստանած Արցախահայութեան բազմազան կարիքներու օժանդակութիւն:

Մէկ խօսքով, մենք վստահ ենք, որ ոչ միայն պիտի վերականգնի Արցախը, այլեւ պիտի ծաղկի, հզօրանայ եւ վերջիվերջոյ միանայ մայր հայրենիքին:

Բ. Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթաց

Բազմիցս յայտարարած ենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները մեծ զգուշաւորութեամբ պարտին մօտենալ այս հարցին: Իրենց հոգեբանական ներկայ դրւածքով եւ միակողմանի զիջումներու ատակ այս իշխանութիւնները պարտին գտնել կամքը արմատականօրէն պաշտպանելու Հայաստանի սահմաններն ու հողային ամբողջականութիւնը: Առաւել՝ Հայաստանի գերիշխանութենէն ոչ մէկ զիջում ընդունելի է եւ կտրականօրէն մերժելի է այսպէս կոչւած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի հաստատման մեր թշնամիներու եւ այլոց պահանջները:

Գ. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կծիկ եւ խաղաղութեան կերծ օրակարգ

Անխոհեմ քայլ էր ՀՀ վարչապետի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութեան յաելեալ ճակատ բանալը այս տագնապալի օրերուն, երբ առկայ են Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը եւ Ադրբեջանի հետ բանակցութիւններու անլոյծ թնճուկը. այս բոլորը կը կատարւին քարոզելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ցնորամիտ մօտեցումը, հակառակ որ ակնյայտ է թէ հայութեան թշնամիները իրենց արիւնարբու նկրտումներէն եւ Հայաստանի իսկ հանդէպ յատուկ ախորժակներ դրսեւորելու վարքագիծէն չեն հրաժարած: Հայաստան-Թուրքիա սահմանը Թուրքիան է փակած եւ կարող է բանալ առանց որեւէ նախապայմանի: ՀՀ-ի կողմէ որեւէ զիջում կամ նախապայման ընդունելի չէ. իրողութիւնը սակայն այլ է. Թուրքիան բազմաթիւ նախապայմաններ արդէն առաջադրած է եւ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ նաեւ Ադրբեջանի պահանջներու բաւարարումով:

Դ. Թրքական եւ Ադրբեջանական հակահայ գրոհ

Թուրքիա եւ Ադրբեջան այժմ իրենց ախորժակները սրած են Հայաստանի նկատմամբ եւ ծրագրւած, համադրւած հակահայ քարոզչական եւ ցուցական արշաւի են դիմած աշխարհասփիւռ հայութեան դէմ: Հայաստանը անվտանգութեան լուրջ խնդիր ունի. թիրախ է Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ մեր թշնամիները վճռած են հայուն դարձնել անհայրենիք:

Ե. Ազգային արժէքներ

ՀՀ Իշխանութիւնները հարւածի տակ առած են ազգային արժէքները, ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, հայեցի դաստիարակութիւնը, Ազգային Գիտութիւններու Ակադեմիան, ՀՅԴ-ն եւ Հայ եկեղեցին: Ժողովուրդը ազգային գաղափարախօսութենէն հեռացնելով փորձ կը կատարւի անգոյն ու անձեւ զանգւածի վերածելու հայրենի նոր սերունդը: Ամէն գնով պայքարելու ենք այս ապազգային ծրագիրներուն դէմ:

Վերոյիշեալներէն անդին՝ Սփիւռքն ալ ունի իր իւրայատուկ կարիքները եւ հարցերը: Որպէս համահայկական կազմակերպութիւն, ՀՅԴ-ի համար էական է նաեւ ունենալ կենսունակ, յանձնառու, նպատակասլաց եւ հայկականութեամբ տրոփող կազմակերպ սփիւռք. անհրաժեշտ է յաւելեալ թափ եւ միջոցներ հայթայթել Հայ Դատի մեր ցանցի արդէն իսկ խիստ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:

ՀՅԴ մեծ ընտանիքը, իր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով, ուղեկից միութիւններով, Հայ Դատի յանձնախումբերով ու գրասենեակներով, ինչպէս նաեւ՝ Դաշնակցութեան քարոզչական, ընկերա-տնտեսական, վերլուծական գրասենեակներով պատնէշի վրայ է ապահովելու հայկական միասնութիւն ի սպաս հայրենիքի ու հայութեան:

Այսօր Սփիւռքը մէկ մարդու նման պարտի փարիլ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարիլ թրքա-ադրբեջանական հայատեաց փանթուրանական ճակատին դէմ, նաեւ դուրս գալ վհատական փորձութենէն եւ անպայմանօրէն փակել հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ բացւած խրամատը:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր հայրենիքի եւ Սփիւռքի ազգային գաղափարախօսութեամբ համակւած ուժերը վճռած են պաշտպանել հայրենի պետականութիւնը, Արցախի պետական կառոյցը, ազգային արժէքները եւ համազգային շահերը: Համոզւած ենք, որ 2020-ի պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ է եւ ոչ` պատերազմի աւարտ: Ազգային ազատագրական պայքարը կը շարունակւի: Ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակած ենք եւ վերանորոգ թափով շարունակելու ենք ազգային ազատագրական պայքարը մինչեւ յաղթանակ:

Այդ յաղթանակները ուշանալու չեն որովհետեւ մենք, եւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, ունինք կամքը, ներոյժը եւ պատրաստակամութիւնը կերտելու ազգային միասնականութիւն եւ վառ ապագայ:

Ձեր վաթսունամեակը շնորհաւոր. Աւստրալիոյ շրջանը, որ վաթսուն տարիներէ ի վեր իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ հայ կեանքին, վստահաբար յաւելեալ կորովով եւ պինդ վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ եւ բազմապատկէ իր մասնակցութիւնը համահայկական մեր նւիրական գործին:

Շնորհակալութիւն:

Related Articles

Back to top button