Քաղաքական

Արդեօք կը տեսնե՞նք – 4. Հինի-նորի «տեսութեան» լուսաւորւող ծալքերը

Երբ «Իմ Քայլ»-ը իշխանութեան հասաւ, առաջին «իրագործում»-ներէն մէկը եղաւ պառակտումի նոր ալիք մը յառաջացնել երկրին մէջ: Այդ ալիքը ունեցաւ քանի մը անւանում. Սեւեր-սպիտակներ, յեղափոխականներ-հակայեղափոխականներ, ամենէն հնչեղն ու երկարաշունչ եղաւ հիներ-նորեր-ը: «Քալողներ»-ու ժառանգորդ ՔՊ-ականները (անոնցմէ շատեր «քալող» էին իրենք ցիրենք «ուսապարկ» կոչելէ առաջ) բանիւ եւ գործով հաւատարիմ մնացին այս «սկզբունք»-ին, աւելի՛ն, պառակտումի ու «նւաճումներ»-ու դաշտին տւին նոր տարածք, ազգակործան դրօշը տարածելով դէպի սփիւռքեան ափեր (սկիզբն ալ կար, սակայն յետոյ աւելի՛ խորացաւ):

Ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ «հիներ»-ը մեղաւոր էին, երկրին ու ժողովուրդին՝ վնաս հասցուցած: Մեր այս սիւնակին նպատակը՝ «Բիւզանդական վէճ» յիշեցնող, ճիշտը սխալէն ջոկող ճախճախուտին մէջ մխրճւիլ չէ, ո՛չ ալ սա կամ նա արդարացնելը կամ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելը: Նպատակ չունինք մանաւանդ ցանկագրելու բոլոր այն չարիքները, ահաւոր ու ՊԱՏՄԱԿԱՆ կորուստները, որոնք արձանգրւեցան թաւիշի այս վաճառականներուն ձեռքով, այլ կուզենք լուսարձակ բերել կարգ մը ծալքերու վրայ, որոնք հիմա աւելի՛ բացորոշ կերպով կը տեսնենք, ամէն օր անոնց մասին կը խօսին իրա՛ւ մասնագէտները, հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրով մտահոգները, փրկութեան նախանձախնդիրները:

Հիմա կը տեսնենք, բայց… կը տեսնե՞նք, որ «հիներ» ըսելով՝ այս վարչախումբը ի մտի չունէր լոկ զինք կանխած իշխանական խումբերը, այլ այդ հասկացութիւնը ունի շա՜տ աւելի լայն տարածք, անպարագիծ հորիզոններ, որոնք ծալք առ ծալք կը պարզւին իրերայաջորդ օրերու, շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին:

Հիմա արդեօք կը տեսնե՞նք եւ կըմբռնե՞նք, որ «հիներ»-ու ցանկին են, Հայաստանի վերանկախացման օրերուն, Սահմանադրութիւն եւ անոր ազգապահպան-հողապաշտպան նախաբանը մշակողները, Արարատին, Արցախին ու Արեւմտեան Հայաստանին տիրութիւն ընողները: Կը տեսնե՞նք, որ «հիներ» են եղեր մեր պատմութեան՝ իրա՛ւ պատմութեան ուսանողներն ու դասախօս-ուսուցիչները, պատմագիրներն ու պատմաբանները: Եթէ փորձենք հետեւիլ այս անտրամաբանութեան, կը հասնինք հոն, ուր հիներու ցանկին կարձանագրւին Սեւակներն ու Թումանեան, Իսահակեան ու Չարենց (փակագիծի մէջ՝ նաեւ Պարոնեան եւ սերնդակիցներ, Ազգային Սահմանադրութիւնը մշակողներ), ինչո՞ւ չէ՝ Խրիմեան Հայրիկը, ազգային կուսակցութեանց հիմնադիրները եւ անոնց բացած ուղիները ընդարձակողները. ետ երթալով՝ կը հասնինք մինչեւ Աբովեան, Դաւիթ Բէկ, Մխիթար Սպարապետ, Իսրայէլ Օրի ու մեր բոլոր պատմագիրները, անոնց ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ մէջ տեղ գրաւած արքաները, իշխաններն ու ազգ-հայրենիք այլ պահպանողները, եկեղեցւոյ ազգանւէր ու ազգապաշտպան ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՐՏՈՂՆԵՐԸ:

«Հիներ»-ու ցուցակը կրնանք հարստացնել մեր ազատամարտիկներով ու նահատակներով, Ցեղասպանութեան զոհերով ու ֆեդայիներով, «ադրբեջանական հողերու վրայ» Հայաստանի Հանրապետութիւն արարողներով: Եւ նոյն թռիչքներով՝ կրնանք հասնիլ մինչեւ… Հայկ Նահապետ ու յետնորդներ, որովհետեւ հիմա ադրբեջանցիները նոր «պեղումներ» կընեն (եղեր), փաստելու, որ Բէլը… թուրք-ադրբեջանցի էր:

«Հիներ»-ու ցանկին են եղեր «հայ-դատական»-ները, որոնք Հայաստանի քարտէզը կը տեսնեն ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ հայրենիքի տարածքով, ցեղասպան թուրքին կը ներկայանան իբրեւ պահանջատէր (իսկ նորերը «որեւէ մէկէն հողային պահանջ չունինք» կը յոխորտան),կը մերժեն խաղալիք դառնալ միջազգային այս կամ այն (իբրեւ թէ) օրէնքի պարտադրանքներուն, որոնք կը փորձեն, ի շարս այլ իրաւազրկեալներու՝ մեր կոկորդէն վար հրել այն, որ «ճանչցւած սահմանները անփոփոխելի են» (իսկ ո՞ր դասակարգին մէջ են անոնք, որոնք ճանչցւած սահմանները կը բռնաբարեն, դրացիներէ հողեր կը խլեն եւ… քաջալերանք կը գտնեն): «Հիներ»-ն են եղեր, որ բարձր կը պահէին Արդարութեան եւ Պահանջատիրութեան դրօշը (եւ անոնք հաւասարապէս «ռեւանշիստ» կը կոչւին թէ՛ Երեւանի, եւ թէ՛ թուրք-ադրբեջանական ճակատին կողմէ): Այդ «հիներ»-ուն տեղը հիմա Երեւանի ու Բաքւի բանտերն են:

Շարունակենք. «հիներ»-ուն մեղքերուն շարքին են մեր մշակոյթի պահպանման նախանձախնդրութիւնը, եկեղեցւոյ նման ազգային հաստատութեանց պաշտպանութիւնը: Չարամիտ եւ ռազմատենչ «հիներ»-ն են, որ կը մերժեն հողային եւ այլ զիջումներ կատարել Ադրբեջանին:

«Հիներ»-ն են, որ կը կրկնեն ու կը կրկնեն, թէ Արցախը տալով՝ խաղաղութիւն պիտի չունենանք, աւելին, թուրք-ադրբեջանցին ախորժակին դիմաց արգելքները մեր ձեռքով պիտի վերցնենք…

Այլ տարածքնե՞ր կուզէք. խնդրե՜մ. «հիներ»-ն են, որ կը մերժեն քոչւոր ադրբեջանցիներուն Հայաստան վերադարձը: «Հիներ»-ն են, որ կը յիշեցնեն, թէ Արցախէն վերջին բռնագաղթը եւ ցեղասպանութեան համազօր ոճիրները միայն նորագոյն օղակներն էին տասնամեակներու վրայ երկարած ոճիրներու, որոնց նախերգանքը հնչած էր անցեալ դարասկիզբին, Շուշիի ջարդերով եւ հրկիզումով, ապա շարունակւած՝ ԼՂԻՄ-ի հանդէպ Բաքւի խտրական վարքագիծով: Նո՛յն «հիներ»-ն են, որ կը յիշեցնեն, թէ երբ կը խօսինք 100 հազար կամ քիչ մը աւելի բռնագաղթւած հայերու մասին, մենք իսկ լուսանցքի վրայ կը ձգենք հսկայական զանգւածներ, կը մոռնանք, որ վերջին բռնագաղթէն երեք տարի առաջ, Արցախի գրաւեալ շրջանէն շուրջ 100000 հայ փախուստ տւած էր, յետոյ անոնց մեծ մասը վերադարձած էր չգրաււած հողերուն, սակայն աւելի քան 30 հազար գաղթական մնացած էր Հայաստան: Ինչո՞ւ մոռնալ Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն բռնագաղթւածները՝ Գետաշէնէն, Շահումեանէն, իսկ անկէ կարճ ատեն առաջ՝ նոյնինքն Բաքւէն: Ո՞վ արձանագրած է բոլոր բռնագաղթւածներուն ընդհանուր թիւը, եւ բացի «հիներ»-էն, ո՞վ է, որ երբեմն կը յիշեցնէ մեր Դատին այդ երեսը:

Եւ հիմա, երբ Ադրբեջան կը պնդէ, որ Հայաստանէն ու Արցախէն «բռնագաղթւած» ադրբեջանցիները պէտք է վերադառնան «իրենց հողերը», նոյն այն «հիներ»-ուն ճիտին պարտքն է հաւաքագրել մեր Դատին այս մասնիկը եղող փաստերն ու հետապնդել զայն:

* * *

Կայ հինի-նորի քարոզչութեան (եւ անոր՝ ի վնաս Հայաստանին ու ազգին շահագործման) սնանկութեան մէկ այլ երեսը, որ ընդհանրապէս կը վրիպի մեր քննարկումներէն:

Հարց տանք. արդեօք միայն Հայաստանի՞ մէջ է, որ կան հին ու նոր իշխանաւորներ: Ի՞նչ պիտի պատահէր աշխարհին, ՄԱԿ-ը կազմող աւելի քան 200 երկիրներուն, եթէ հիներուն հանդէպ մի՛այն մերժողական կեցւածք ունեցող նորերը փորձէին յաւերժացնել իրենց իշխանութիւնը…

ԲՆԱԿԱՆ, տրամաբանութեամբ շարժող երկիրներու մէջ (Հայաստանը, տեսնե՛նք, որ անբնական վիճակի մատնւած է), որոշ կուսակցութիւններ կը պայքարին առանձինն կամ այլոց հետ ճակատ կազմելով, իշխանութեան կը հասնին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կիրարկումով, քանի մը տարի ետք կը ձախողին, մրցակիցներ կը փոխարինեն զանոնք, իսկ ճգնաժամային պահերու (դուք ձեզի հարցուցէք, թէ Հայաստան վերջին տարիներուն քանի՞ ճգնաժամէ անցաւ), ամենէն ոխերիմ հակառակորդներն անգամ կը գտնեն գործակցութեան եզրեր, որպէսզի ԵՐԿԻՐԸ ՓՐԿԵՆ այս կամ այն վտանգէն (տնտեսական, արտաքին սպառնալիք եւ այլն): Եւ սա քաղաքական կեանքի ԲՆԱԿԱՆ զարգացման մաս կը կազմէ, որքան ալ որ խոցելի բաներ ունենան որոշ կուսակցութիւններ: (Կուսակցութիւնները անհատներով չեն պայմանաւորւիր):

Կրնանք բազմաթիւ օրինակներ ցանկագրել: Երեւակայեցէք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թրամփի պէս ապիկար մը եւ կործանարար մը «հին» չի նկատւիր այն մտայնութեամբ, որ տիրող է նիկոլական Հայաստանին մէջ: Հակառակ դատարաններու մէջ արձանագրւած անժխտելի յասնցանքներուն՝ Թրամփ մը հիմա դարձեալ աչքերը տնկած է Սպիտակ տան աթոռին (չմտնենք քաղաքական խաղերու ոլորապտոյտին մէջ): Նոյն բնական մրցակցութիւնները կիրականանան Ֆրանսիայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, մինչեւ իսկ հարաւամերիկեան, աֆրիկեան ու ասիական բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Հոն, մարդիկ իշխանութիւնը կը դիտեն իբրեւ ԵՐԿՐԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ՅԱՆՁԱՆՁՈՂ, եւ ո՛չ թէ գրպան լեցնողներու եւ պարգեւավճարներ շռայլողներու խմբակ: Ամէն տեղ ալ (ի մտի չունինք մենատիրական երկիրները) իշխանաւորները քիչ թէ շատ կը խաղան կամայական կերպով, սակայն կան կարմիր գիծեր, իսկակա՛ն կարմիր գիծեր, որոնց խախտումը արդար պոռթկումի, մինչեւ իսկ պայթումի կը հասցնէ պահանջատէր զանգւածը:

Մէկ խօսքով, երկիրն ու ազգը պառակտող սնանկ «տեսութիւնները» պէտք է չքանան անյապաղ: Երկրի փրկութեան նախանձախնդիր, նման առաքելութիւն իրագործելու ատակ մարդոց՝ մասնագէտ ու գիտակ հայրենասէրներու ճիտին պարտքն է (ի շարս այլ բաներու) բանալ ժողովուրդին աչքերը, հասկցնել, որ այս իշխանաւորները մեզ հասցուցած են այնպիսի՛ ահաւոր վիճակի, որմէ դուրս գալու, փրկւելու համար պէտք է միացնել ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԲՈԼՈՐ ԱՏԱԿ ՁԵՌՔԵՐԸ, տեսնել, թէ ամենէն անբնական վիճակներուն մէջ, իսկ կայ գլխագիր ԲՆԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ մը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր խախտած է Հայաստանի մէջ, պէտք է վերագտնել ու վերականգնել այդ ուղին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
27-29 յունւարի 2024

Related Articles

Back to top button