Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Հաղորդագրութիւն 

2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան առաջին լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 25-27 յունւարի 2024-ին, Ալմելօ, Նեդեռլանդներ։

Պատգամաւորական 14-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներու լոյսին տակ, Կենտրոնական վարչութիւնը մշակեց քառամեայ իր գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնները՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով հետեւեալները.-

ա) Արցախը ներկայ հանգրւանին ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ ունի առանցքային տեղ։ ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի շրջանը այսօր գործունէութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ, կայք ունենալով ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կենտրոնը՝ մինչեւ պատմական վերադարձ իր ակունքներուն։ Հարկ է յատուկ ուշադրութեան արժանացնել Արցախի մասնաճիւղը։ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերը պարտականութիւնը ունին «ՀՄԸՄ-ի Արցախ հիմնադրամ»-ին ճամբով աջակցելու Հայաստան հաստատւած արցախցիներու օժանդակութեան ծրագիրներուն։

Արցախի գծով, լիագումարը որդեգրեց յատուկ նշանակ մը, որ այսուհետեւ իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն ՀՄԸՄ-ական բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները։

բ) Լիագումարը հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի կենսունակութեան աղբիւրներէն մէկը երիտասարդութիւնն է, ի մասնաւորի 18-35 տարիքի այն միութենականները, որոնք սկաուտական եւ մարզական տարիներուն հրաժեշտ տալէ ետք, բեղուն եւ ներգործoն մարդուժ են իրենց գաղութներէն ներս վարչական-կազմակերպչական աշխատանքներու համար։ Սոյն նպատակով, Կենտրոնական վարչութիւնը որոշեց միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերու կողքին հաստատել կազմակերպ Երիտասարդական ճիւղ:

ՀՄԸՄ պարտի երիտասարդական իր ճիւղով մշակել ծրագիրներ՝ կարենալ համախմբելու համար միութենական քոյրեր-եղբայրներ եւ զանազան պատճառներով հայ իրականութենէն հեռացած նոր սերունդի անդամներ, իրենց ներդրումը ունենալու հայ իրականութեան մէջ գիտակցելով, որ Սփիւռքի մաշեցնող իրականութեան դէմ-յանդիման, ՀՄԸՄ-ը իբրեւ երիտասարդութեան ամենէն աշխոյժ եւ կազմակերպ միութիւնը, պարտաւորութիւնը ունի ազգային արժեհամակարգի հիմերու ամուր պահպանման ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդի մօտ։

գ) Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու պարագային, լիագումարը անհրաժեշտ գտաւ կենտրոնանալ ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցի հզօրութեան աշխատանքին վրայ։ Ինչպէս նաեւ համա-ՀՄԸՄ-ական քառամեայ ձեռնարկներու կողքին, թափ տալ ցամաքամասային նախաձեռնութիւններու, շրջանները աւելի աշխուժացնելու, փոխադարձ կապերը սերտացնելու եւ երկու տարին անգամ մը նոյն ցամաքամասի սկաուտներն ու մարզիկները իրարու քով բերելու համար։

դ) Միութենական քարոզչութեան մարզը իր տպագիր, բանաւոր եւ էլեկտրոնային տարբերակներով արժանացաւ լիագումարի բազմակողմանի քննարկման եւ անհրաժեշտ նկատւեցաւ յատուկ աշխատանք տանիլ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւնները գոհացնող եւ միութեան ընդհանրական դիմագիծը ներկայացնող քարոզչական համակարգ մը ունենալու։

ե) Միութեան կառուցային հզօրացման նպատակով, լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի տեղեկութիւններու շտեմարանի (Data base-ի) աշխատանքներուն եւ այդ ճամբով աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականները իրարու կապելու առաջադրանքին։

զ) Լիագումարը հաստատեց ՀՄԸՄ-ի տնտեսական հզօրացման պարտաւորութիւնը եւ առ այդ շարք մը որոշումներ տւաւ միութեան ֆոնտերուն աշխուժացման եւ տնտեսական ծրագիրներուն իրականացման համար։

է) Վերջին տարիներուն ՀՄԸՄ դրական փորձառութիւն ունեցաւ «Հրաշք» ծրագիրին իրագործումով։ Յատուկ խնամքի կարօտ պատանի-պարմանուհիներ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք»-ին շնորհիւ առիթը ունեցան Մ. Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ խաղերու իրենց մասնակցութիւնը բերել։ Այս քառամեակին ճիգ պիտի կատարւի «Հրաշք»-ի փորձառութիւնը կիրարկելու ՀՄԸՄ-ական այլ շրջաններու մէջ եւս, հոն ուր համապատասխան կարելիութիւններ գոյութիւն ունին։

Եռօրեայ լիագումար նիստերու առընթեր, ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Նիդեռլանդներու ՀՄԸՄ-ի երեք Մեկուսի շրջաններու՝ Ալմելոյի, Առնհէմի եւ Ալքմարի վարչութիւններուն հետ, նաեւ ներկայ գտնւեցաւ Ալմելոյի եւ Առնհէմի վարչութիւններուն՝ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականներու պարգեւատրման ձեռնարկներուն։

2023-2027 քառամեակի առաջին լիագումարը նշեց ՀՄԸՄ-ի 14-րդ Կենտրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մեկնարկը՝ հայ կեանքի ամենէն բարդ եւ պատասխանատու այս հանգրւանին, մշակւած ծրագրերու յաջողութեան համար հրամայական նկատելով ՀՄԸՄ-ական կարելիութիւններու ամբողջական լարումը՝ ի սպաս հայ երիտասարդութեան համախմբման, ի խնդիր հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայութեան։

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Related Articles

Back to top button