Ասադի վարչակարգի փլուզման աշխարհաքաղաքական հետեւանքները
Սիրիոյ քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 2011-ին եւ ներքաշեց բազմաթիւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային պետութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հետապնդէ տարբեր շահեր: Բաշար Ասադի իշխանութիւնը պահելու կարողութիւնը հիմնւած էր դաշնակիցներու՝ Ռուսիոյ, Իրանի եւ «Հեզբօլլահ»-ի աջակցութեան վրայ: Ասադի վարչակարգին փլուզումը մեծ հարցականներ կը ստեղծէ Սիրիոյ ապագայ կառավարման, իր դաշնակցութիւններու ճակատագիրին եւ տարածաշրջանային կայունութեան աւելի ընդարձակ հետեւանքներուն վերաբերող: Այս յօդւածը կը ձգտի վերլուծել այս բեմագրութեան աշխարհաքաղաքական հետեւանքները՝ կենտրոնանալով հիմնական դերակատարներու եւ անոնց հնարաւոր ռազմավարութիւններու վրայ:
Ա.- Տարածաշրջանային Ուժերու Ազդեցութիւնը
1.- Իրան
Իրանի եւ Սիրիոյ յարաբերութիւնները կենտրոնական տեղ գրաւած էին Իրանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան մէջ, յատկապէս՝ պահպանելու համար ազդեցութեան միջանցք մը, որ կերկարի Թեհրանէն մինչեւ Բէյրութ: Ասադի վարչակարգին փլուզումը վտանգի տակ դրաւ «Շիիական կիսալուսինը»՝ ստիպելով Իրանին վերանայիլ իր ռազմավարական խորքը: Թեհրան իր աջակցութիւնը ընդարձակեց՝ հիմնւելով ոչ պետական դերակատարներու, օրինակ՝ «Հեզբօլլահ»-ին վրայ, որպէսզի պահպանէ իր ազդեցութիւնը: Աւելի՛ն. Սիրիան՝ որպէս առանցքային դաշնակից, բնականաբար կը թուլացնէ Իրանի բանակցային ուժը տարածաշրջանային հակամարտութիւններու եւ դիւանագիտական բանակցութիւններու մէջ:
2.- Թուրքիոյ Ձգտումները
Թուրքիոյ ներգրաււածութիւնը Սիրիոյ պատերազմին մէջ ձեւաւորւած է՝ Ասադի դէմ ընդդիմութեամբ, քուրդերու ինքնավարութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններով եւ տարածաշրջանային ազդեցութիւնը տարածելու ձգտումով: Սիրիոյ մէջ իշխանութեան դատարկութիւնը կը քաջալերէ Թուրքիան՝ վերահսկողութիւն հաստատելու հիւսիսային շրջաններուն վրայ, ինչ որ անհամաձայնութիւններու կը յանգեցնէ քրդական խմբաւորումներու եւ քաղաքական այլ դերակատարներու հետ: Անկարան նաեւ կը փորձէ կասեցնել գաղթականներու հոսքը եւ ապահովել իր սահմանները, ինչ որ կամրապնդէ յետԱսադեան իրավիճակի բարդութիւնը: Աւելի՛ն. Թուրքիան ճիգ պիտի չխնայէ իր դիրքը օգտագործելու Սիրիոյ վերակառուցման վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու՝ ապահովելով իր տնտեսական եւ անվտանգութեան շահերը:
3.- Իսրայէլի ռազմավարական պահանջները
Իսրայէլը զգուշաւոր, բայց աշխուժ դիրքորոշում դրսեւորած է Սիրիական ամբողջ հակամարտութեան ընթացքին՝ օդային հարւածներ կատարելով Սիրիոյ մէջ Իրանի եւ «Հեզբօլլահ»-ին դէմ: Ասադի վարչակարգին փլուզումը կրնայ Իսրայէլի համար յաւելեալ կարելիութիւններ ու մարտահրաւէրներ բերել: Մէկ կողմէ ան տկարացուց Իրանի ազդեցութիւնը Սիրիոյ մէջ եւ խանգարեց «Հեզբօլլահ»-ի մատակարարման ճանապարհները, բայց միւս կողմէ՝ ստեղծւած անկայունութիւնը հաւանաբար ապահովական սպառնալիքներ ստեղծէ՝ ծայրայեղական խմբաւորումները տարածելով Իսրայէլի սահմաններուն մօտ: Իսրայէլը ամենայն հաւանականութեամբ կամրապնդէ իր հետախուզական եւ ռազմական գործողութիւնները՝ ապահովելու իր շահերը, եւ կը հետապնդէ աւելի մեծ համագործակցութիւն՝ տարածաշրջանային ու միջազգային դաշնակիցներու հետ:
4.- Չինաստանի աճող դերը
Չինաստանը նւազ չէ ներգրաււած տարածաշրջանի հարցերուն մէջ, որովհետեւ անոր հետաքրքրութիւնները Սիրիոյ մէջ կը համընկնին աւելի լայն նպատակներու հետ՝ ապահովել Belt and Road Initiative (BRI) նախաձեռնութեան ներդրումները եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Ասադէն ետք յառաջացած իրավիճակը կրնայ Պեկինի համար բանալ ուղիներ՝ աւելի աշխուժ դեր խաղալու Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ, մասնաւորապէս՝ վերակառուցման եւ տնտեսական գործընկերութեան միջոցով:
5.- Արաբական պետութիւններուն դերը
Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի (GCC) երկիրները, յատկապէս՝ Սաուդական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Ասադը դիտած են իբրեւ իրանական ազդեցութեան գործիք: Իրանի հեռացումը կը համընկնի իրենց ռազմավարական նպատակներուն, բայց անկայունութիւնը նաեւ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ, յատկապէս եթէ ծայրայեղական խմբակները ուժեղանան: Այս պետութիւնները կրնան աւելցնել ջանքերը Սիրիոյ ապագայ կառավարումը իրենց շահերուն յարմարեցնելով, այս մէկը հնարաւոր է ֆինանսական օգնութեան կամ վերակառուցման գործընթացին մէջ ուղղակի ներգրաււածութեան միջոցով: GCC-ի արձագանգը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը ներառէ նոր դաշինքներու ստեղծում՝ Սիրիական նոր դերակատարներուն հետ, որպէսզի հակակշռւին Իրանի եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնները:
Բ.- Ոչ պետական (Non-State actors) դերակատարներու դերը
Ասադի վարչակարգին փլուզումը, ամենայն հաւանականութեամբ, ուժ կու տայ ոչ պետական դերակատարներուն, ներառեալ՝ քուրդերուն, իսլամական խմբաւորումներուն եւ տեղական զինեալ ուժերուն: Քուրդերուն ինքնավարութեան ձգտումները կրնան լարուածութիւն յառաջացնել Թուրքիոյ եւ արաբ բնակչութեան հետ, ինչ որ շատ հաւանական է, որ երկարատեւ հակամարտութեան յանգեցնէ Սիրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Իսլամական խմբաւորումները, յատկապէս անոնք, որոնք ունին անդրազգային նպատակներ, կրնան օգտագործել իշխանութեան դատարկութիւնը վերականգնելու համար իրենց դիրքերը՝ նոր սպառնալիքներ յառաջացնելով տարածաշրջանային անվտանգութեան համար: Տեղական զինեալ խումբերը, որոնք յաճախ կը գործեն արտաքին պետութիւններու հովանաւորութեամբ, կրնան աւելի՛ ապակենտրոնացնել Սիրիան՝ բարդացնելով կենտրոնական կառավարութեան ստեղծման ջանքերը: Այս դերակատարներու աճը կընդգծէ միջազգային համակարգման կարեւորութիւնը, որպէսզի Սիրիան չվերածւի ձախողած պետութեան:
Գ.- Համաշխարհային հետեւանքներ
1.- Ռուսիան ու Արեւմուտքը
Սիրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական միջամտութիւնը առանցքային դեր խաղաց Ասադի իշխանութեան պահպանման մէջ՝ Մոսկւային կարելիութիւն տալով ուժ ցուցադրել Միջին Արեւելքի մէջ եւ ապահովել Թարթուսի իր ծովային ռազմակայանները: Ասադի վարչակարգին փլուզումը կասկածի տակ կը դնէ Ռուսիոյ տարածաշրջանային ռազմավարութիւնը՝ ստիպելով զայն բանակցութիւններ վարելու այլ դերակատարներու հետ՝ իր ազդեցութիւնը պահպանելու համար: Մոսկւան կրնայ փորձել աջակցիլ այլընտրանքային ղեկավարներու կամ խումբերու՝ իր շահերը պաշտպանելու համար, սակայն անոր դիրքը անպայմանօրէն կը թուլանայ: Միւս կողմէ՝ արեւմտեան պետութիւնները, յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, կրնան դիտարկել վարչակարգի անկումը որպէս հնարաւորութիւն՝ տկարացնելու ռուսական եւ իրանական ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Սակայն Արեւմուտքի ռազմավարութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կուղղւին ծայրայեղական խմբաւորումներու ուժը սահմանափակելու եւ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու, որոնք, սակայն, լուրջ մարտահրաւէրներու պիտի հանդիպին:
2.- Ուժային շուկաներ
Սիրիոյ դիրքը՝ որպէս քարիւղի եւ գազի խողովակներու հնարաւոր միջանցք, շատոնց նկատւած է անոր աշխարհաքաղաքական նշանակութեան մէկ առանցքը: Ասադի յետվարչակարգի անկայունութիւնը կրնայ յապաղեցնել կամ խափանել այն ծրագրերը, որոնք նպատակ ունին Եւրոպայի ուժանիւթի աղբիւրները շեղել Ռուսիայէն, ինչ որ կը բարդացնէ համաշխարհային ուժանիւթի ռազմավարութիւնները: Աւելի՛ն. Սիրիոյ անկայունութիւնը կրնայ աւելի լայն ազդեցութիւն ունենալ ուժանիւթի շուկաներուն վրայ՝ ընդլայնելով տարածաշրջանային լարւածութիւնները եւ ազդելով ուժանիւթ արտադրող դրացի երկիրներուն, ինչպէս, օրինակ, Իրաքն ու Իրանը:
3.- Համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրներ
Ասադի վարչակարգին փլուզումէն ետք Սիրիոյ մէջ ծայրայեղական խմբաւորումներու վերածնունդը կրնայ ստեղծել զգալի համաշխարհային վտանգներ, ներառեալ՝ ահաբեկչութեան արտահանման վտանգը: Միջազգային ընտանիքի կարողութիւնը համաշխարհային ահաբեկչութեան դէմ արդիւնաւէտ միջոցներ համակարգելու՝ նման անկայուն միջավայրի մէջ, ունի կարեւոր նշանակութիւն:
4.- Ազգային ինքնիշխանութեան ապագան
Սիրիոյ փլուզումը ցուցանիշն է ժամանակակից դարաշրջանի ազգային ինքնիշխանութեան մարտահրաւէրներու, յատկապէս՝ ցեղային եւ կրօնական բաժանումներով յատկանշւած տարածաշրջաններու մէջ: Միջազգային ընտանիքին արձագանգը Սիրիոյ հարցին համար կրնայ օրինակ դառնալ նման ճգնաժամերու համաշխարհային մակարդակով լուծումներ բերելու:
Դ.- Մարդասիրական եւ ապահովական մարտահրաւէրներ
Ասադի վարչակարգին փլուզումը կը սրէ Սիրիոյ մարդասիրական ճգնաժամը՝ միլիոնաւոր տեղահանւածներու եւ կործանած ենթակառոյցներու պայմաններուն մէջ: Դրացի երկիրները, յատկապէս՝ Լիբանանը, Յորդանանը եւ Թուրքիան, պիտի դիմագրաւեն յաւելեալ ճնշումներ՝ գաղթականներու հոսքին եւ սահմանային անապահովութեան պատճառով: Մարդասիրական այս ճգնաժամը պիտի ծանրաբեռնէ միջազգային օգնութեան համակարգերը եւ պիտի ստեղծէ հնարաւորութիւններ՝ ծայրայեղական խմբաւորումներուն համար, որպէսզի շահագործեն խոցելի բնակչութիւնը: Բացի ատկէ՝ հաւանական է, որ համայնքային բռնութիւնները աւելի ապակայունացնեն տարածաշրջանը՝ պահանջելով միջազգային հզօր ներգրաււածութիւն՝ կանխելու այս ազդեցութիւններու տարածումը: Միջազգային ընտանիքը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ Սիրիոյ հաստատութիւններու վերակառուցման՝ երկարաժամկէտ կայունութիւն ապահովելու եւ հետագայ հակամարտութիւնները կանխելու համար:
Ե.- Եզրակացութիւն
Ասադի վարչակարգին փլուզումը պիտի ունենայ լայնածաւալ աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ՝ վերաձեւաւորելով դաշինքներն ու ուժային կառոյցները Միջին Արեւելքի մէջ: Թէեւ որոշ դերակատարներ կրնան այս իրավիճակը դիտարկել որպէս հնարաւորութիւն իրենց շահերը առաջ տանելու համար, բայց եւ այնպէս, երկարատեւ անկայունութեան եւ տարածաշրջանային բաժանումներու վտանգները կը մնան էական: Սիրիական հակամարտութեան բարդութիւնը կը շեշտէ բազմակողմանի մօտեցումներու կարեւորութիւնը յետԱսադեան կայունացման համար, որ ներառէ տարածաշրջանային ուժերը, միջազգային կազմակերպութիւնները եւ տեղական դերակատարները: Այս հարցերուն ըմբռնումը էական է քաղաքական որոշում կայացնողներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն համար, որոնք կը ձգտին կողմնորոշւիլ յետԱսադեան Միջին Արեւելքի բարդ իրականութիւններուն մէջ:
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու
Ազդակ