Թէկուզ Տկար

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Մինչ այս պահը, իրապաշտ ըլլալու համար, միջազգային դատարանները տկար գործիքներ են արդարութիւն վերականգնելու եւ պետութիւնները պատասխանատւութեան ենթարկելու համար: Տկար է անոնց ազդեցութիւնը, որովհետեւ, տեղական դատարաններու նման, միջազգային դատարաններու վճիռները գործադրելու կայացած իրաւական լծակներ ու միջոցներ չկան: Այսինքն, նոյնիսկ եթէ միջազգային կամ տարածաշրջանային դատարան մը վճիռ արձակէ, գրեթէ պետութիւններուն այդ պահու քաղաքական քմահաճոյքէն ու շահերէն կախւած է անոնց ամբողջական գործադրման հաւանականութիւնը: Իսկ չգործադրելու պարագային, միջազգային ընտանիքին, այս պարագային՝ գերտէրութիւններուն, հետապնդած աշխարհաքաղաքական շահերէն կախեալ են տւեալ պետութեան վրայ գործադրւելիք ճնշումներն ու պատժամիջոցները (ինչպէս, օրինակ, ֆինանսական, դիւանագիտական, քրէական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցութենէ առկախելու պատիժներ):
Բազմաթիւ օրինակներու շարքին, կարժէ վերյիշել, օրինակ, Արդարութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ.) 22 փետրւարի 2022-ի պահանջը Ադրբեջանէն՝ Բերձորի միջանցքը բանալու, որ չգործադրւեցաւ վերջինիս կողմէ: Ադրբեջան ոչ միայն չենթարկւեցաւ դատարանի որոշումին, այլ 7 ամիս աւելի շարունակեց շրջափակումը, ապա նախայարձակման յանցագործութեան (crime of agression) դիմեց, բռնագրաւեց Արցախը ու բռնի տեղահանութեան ճամբով հայրենազրկեց արցախահայութիւնը: Ո՛չ ԱՄԴ-ն, ո՛չ ալ ուրիշ դատարաններ կրցան կացութիւն փոխել ու կանխարգիլել ցեղային մաքրագործման ճամբով Ադրբեջանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնն ու արարքը:
Այս իրականութեան կողքին, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, թէ ինչպէս որեւէ դատական հայց, նոյնպէս միջազգային դատական հայցերը դժւար է կանխորոշել: Միշտ հաւանականութիւն կայ, որ դատական վճիռը անարդար կամ կիսատ ըլլայ ու չբաւարարէ դատական հայցը ներկայացնողին բոլոր պահանջներն ու ակնկալիքները: Այսինքն որեւէ երաշխիք չկայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) կամ անհատներու կողմէ ներկայացւած միջազգային դատական հայցերը անպայման հայանպաստ վճիռներ պիտի ունենան ու մանաւանդ՝ գործադրւին: Ուրեմն ինչո՞ւ մեծ կարեւորութիւն տալ այս դատական գործընթացներուն: Ինչո՞ւ ընդդիմանալ եւ դատապարտել Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստակամ է միջազգային դատական գործընթացներէն հրաժարելու:
Երրորդ՝ միջազգային դատարանները կը տարբերին տեղական դատարաններէն նաեւ պետութիւններուն վայելած յաւելեալ իրաւասութիւններով ու ճկունութիւններով: Օրինակի համար միայն չորս ճանապարհ կայ Արդարութեան միջազգային դատարանը միջպետական հարցի մը մէջ ներգրաւելու.
1.- Երկու պետութիւնները համաձայն են իրենց խնդիրը ԱՄԴ տանելու եւ կընդունին անոր իրաւասութիւնը,
2.- ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ խնդիրը փոխանցւած է ԱՄԴ,
3.- Տւեալ պետութիւնը անդամ է միջազգային պայմանագիրի մը, որուն յօդւածներուն խախտման համար դատ կը յարուցւի,
4.- Տւեալ պետութիւնը սիրայօժար կընդունի դատարանին իրաւասութիւնը (Յօդ. 36(2)):
Այսինքն ո՛չ որեւէ պետութիւն, ո՛չ ալ ԱՄԴ-ն լայն հնարաւորութիւններ ունին հարց մը ԱՄԴ-ի կողմէ ըստ էութեան քննութեան եւ դատավարութեան տալու: Օրինակի համար, Հայաստանի դատական հայցը ընդդէմ Ադրբեջանին՝ Ցեղային խտրականութեան վերացման միջազգային պայմանագիրի խախտումներու լոյսին տակ ներկայացւած է, այս պատճառով այստեղ դատարանի իրաւասութիւնը ընդունելու խնդիր չկայ, որովհետեւ ե՛ւ Հայաստանը ե՛ւ Ադրբեջանը վաւերացուցած են պայմանագիրը:
Վերոնշեալ երեք տրամաբանութիւններէն մեկնած՝ թերեւս կարելի է տեղ մը ընդունիլ, որ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ծիրին մէջ կողմերը հաւանաբար քննարկեն միջազգային իրաւական հայցերէն հրաժարելու խնդիրը: Կարելի է նաեւ քննարկել, որ եթէ իսկապէս տկար գործիք են միջազգային դատական գործընթացները, ինչո՞ւ չհրաժարիլ անոնցմէ՝ յանուն խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Պատասխանը պարզ ու բարդ է միաժամանակ: Հայաստանի նման խոցւած ու խոցելի պետութեան մը համար հնարաւոր իրաւական միջոցներէ առանց յստակ եւ կայուն ձեռքբերումներու զիջիլը անդառնալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Այսօր Հայաստանը ինչպիսի՞ այլընտրանքային միջոցներ ունի՝ Ադրբեջանը պատասխանատւութեան ենթարկելու, զոհերուն եւ վերապրածներուն իրաւունքները ապահովելու, արդարութիւնը վերականգնելու, նմանատիպ յանցագործութիւններ չկրկնելու երաշխիք ստանալու եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու: Հայաստանը խորքին մէջ երեք ճամբայ ունի զանոնք իրականացնելու.
1.- Ռազմական ուժի ճամբով, ինչ որ անհնար է այսօրւան դրութեամբ՝ ուժերու անհամաչափ ու անհաւասար յարաբերակցութեան պատճառով:
2.- Քաղաքական-դիւանագիտական ու բանակցային ճանապարհներով, ուր դարձեալ Հայաստանի իշխանութիւնները անկարող են, որովհետեւ քաղաքական կամք ու հմտութիւն չունենալու կողքին՝
Ա) հաւասար-հաւասարի իրաւասութիւններով չէ, որ բանակցութեան սեղան կը նստի, այլ՝ յաղթած ու պարտւածի, ուժեղ ու տկարի, պարտադրող ու ենթարկւողի յարաբերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ՝
Բ) ռազմավարական ազդեցիկ դաշնակիցի բացակայութեան եւ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ պատճառներու բերումով: Ադրբեջանը կարծէք վստահ է, որ Հայաստանին դէմ փակած է երկու միջոցներուն ճանապարհները ու ի՛նք տակաւին կը տիրապետէ ե՛ւ ռազմական ուժի ե՛ւ քաղաքական-դիւանագիտական ուղիներուն:
Նոյնպէս մանկամտութիւն է հաւատալ, որ Ադրբեջանը մէկ օրէն միւսը պիտի ընդունի իր պատասխանատւութիւնը, ներողութիւն խնդրէ, վնասուց հատուցում կատարէ, գերիներն ու պատանդները վերադարձնէ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն դուրս գայ, Արցախի ժողովուրդին անվտանգ վերադարձն ու ինքնորոշման իրաւունքը երաշխաւորէ եւ հայատեաց ցեղապաշտ քաղաքականութեան վերջ տայ ու բարի դրացիական համերաշխ յարաբերութիւններ ստեղծէ: Եթէ իսկապէս այս բոլորը կատարելու պատրաստակամ ըլլար Ադրբեջանը, ապա բոլոր դատական գործընթացներուն կարիք պիտի չըլլար… Բայց ոչ իսկ նշոյլ մը կայ, որ Ադրբեջանը իր յարձակողապաշտ ու հայատեաց պետական քաղաքականութենէն զիջելու պատրաստակամութիւն ունի: Իսկ այս պահւան դրութեամբ միջազգային իրաւական միջոցները կարծէք այն ազդու զսպիչներն են, որոնք որոշ չափով կը սանձեն կամ կրնան սանձել Ադրբեջանի ախորժակները:
Հետեւաբար, այս պահու եւ պայմաններու լոյսին տակ, իրաւական ճանապարհը անփոխարինելի (կամ՝ այլ ճանապարհներու զուգահեռ) միջոց մըն է, որ հակառակ վերը նշւած բոլոր բացթողումներուն՝ կանհանգստացնէ, կը մտահոգէ ու նեղ կացութեան կը մատնէ Ադրբեջանը: Ու ահա այս տրամաբանութեան պատճառով է, որ Ադրբեջանը մէկ կողմէ Հայաստանէն կը պահանջէ իրաւական հայցերէ հրաժարիլ, միւս կողմէ՝ կը շարունակէ անհիմն հայցեր ներկայացնել Հայաստանի դէմ միջազգային իրաւական ատեաններու մօտ, ներառեալ՝ Միջազգային իրաւարար դատարանին մօտ 1979-ի՝ Բեռնի Եւրոպայի շրջակայ միջավայրի եւ բնակատեղիի դաշնագիրի շրջանակներուն մէջ ներկայացւած հայցը: Եթէ Ադրբեջան մտադիր էր ինք եւս հրաժարելու Հայաստանի դէմ յարուցւած հարցերէն, 2023 յունւարին յարուցած իրաւարար գործընթացին միայն քանի մը օրեր առաջ՝ 12 փետրւար 2025-ին, դատական հայցի վերածելու ընթացք պիտի չտար…
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ անհատական դատական հայցերուն պարագան: Բազմաթիւ օրինակներու շարքին, կարելի է յիշել, որ հարիւրէ աւելի ռազմագերիներ, որոնք անցնող տարիներուն ազատ արձակւեցան ու հայրենադարձւեցան, անհատական իրաւական հայցեր ներկայացուցած են Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին (ԵՄԻԴ) մօտ՝ իրենց իրաւունքները վերականգնելու: Այդ դատական հայցերը, ըստ էութեան, քննութեան տակ են, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցած պետական իրաւական հայցերէն հրաժարիլը անուղղակի (նոյնիսկ ուղղակիօրէն) բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անհատական դատական գործընթացներուն վրայ:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Ադրբեջանի հետ նման գործարքի եւ նոր ու դատապարտելի զիջումի երթալու պարագային, Թուրքիան եւս նման նախապայման պիտի պահանջէ այս անգամ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ եւ պատմական անդառնալի վնաս պատճառէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման համար ամէն տեսակի հաւանական իրաւական գործընթացներուն:
Աւելի պարզ. նկատի առած Հայաստանի ներկայ պահու ռազմական, քաղաքական ու դիւանագիտական խոցւած իրավիճակը՝ բացարձակապէս անընդունելի է, նոյնիսկ՝ ճնշման տակ, իրաւական միջոցներով արդարութեան վերականգման այս գործիքը բանակցային սեղան տանիլ: Ընդհակառակն, անիկա միջազգային օրէնքի հիմնարար յենասիւն է եւ անհրաժեշտ նախապայման՝ իրական արդարութեան եւ ժողովուրդներու հաշտութեան համար: Տեսականօրէն, նոյնիսկ եթէ Ադրբեջանն ու Հայաստանը հրաժարին իրենց իրաւական հայցերէն, դատական գործընթացի բացակայութիւնը չի ջնջեր գործուած յանցագործութիւնները: Ընդհակառակը, անարդարութիւնն ու պատասխանատւութեան բացակայութիւնը կը շարունակուին, անպատժելիութեան մշակոյթը կը խորանայ, ու նոր յանցագործութիւններ կը կրկնուին:
Կը պատկերացնէ՞ք ամբողջ աշխարհին փոխանցւելիք ապշեցուցիչ պատգամը, եթէ Հայաստանը՝ առանց արդարութեան վերականգման ու Ադրբեջանի կողմէ գործադրւած յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացման, հրաժարի դատական հայցերէն… Պատգամը հետեւեալը պիտի ըլլայ. Ադրբեջանը իրաւունք ունէր իր տասնամեակներուն հայատեաց քաղաքականութեան, հայասպանութեան, Արցախն ու անոր պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու, եւ թէ՝ Հայաստանը այլեւս չի պատրաստւիր որեւէ բան ընել այդ ուղղութեամբ:
Ադրբեջանը միջազգային պայմանագիրներ ու համաձայնութիւններ խախտելու, Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ յարձակողական եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւն վարելու, Արցախի ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները բռնագրաւելու, Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութեան ենթարկելու տասնամեակներու վարքագիծ ունի: Ո՛չ մէկ երաշխիք կայ, որ իրաւական հայցերէ հրաժարումը կայուն խաղաղութեան պիտի առաջնորդէ: Ընդհակառակը, պատասխանատւութեան բացակայութիւնը ապագայ խախտումները պիտի խրախուսէ: Ճշմարիտ եւ կայուն խաղաղութիւնը արդարութեան վերականգնում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ իրաւական երաշխիքներ՝ ապագայ ոճիրները կանխարգիլելու համար:
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են հնարաւոր բոլոր միջոցները օգտագործելու (ներառեալ՝ վերջերս վաւերացուցած Միջազգային քրէական դատարանի տրամադրած հնարաւորութիւնները)՝ Ադրբեջանը պատասխանատւութեան ենթարկելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու համար: Ընդունելով հանդերձ թէ միջազգային դատական գործընթացները իդէալական չեն ու բացթողումներ եւ վտանգներ կը պարունակեն, Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւունք չունին այդ միջոցներէն հրաժարելու, ոչ թէ՝ անոնց ազդեցիկութեան եւ անմիջական կիրարկման հաւանականութեան պատճառով, այլ որովհետեւ ազերիական պետական յանցագործութիւններուն իրաւական փաստագրումը կենսական է պատմական հաշւետւութեան, համամարդկային եւ նոր սերունդներու յիշողութեան, պատմական արդարութեան, դիւանագիտական ու բանակցային կարեւոր լծակի, հաւաքական արժանապատւութեան վերականգման, ապագայ հատուցումներու ու մանաւանդ՝ կայուն հաշտութեան համար: