Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Արցախ եւ Վերադարձի իրաւունք․ քաղաքական թատրոնէն դէպի պատասխանատու գործ

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

 

2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակեց։ Երեսունչորս տարի ետք այս թւականը կը շարունակէ արձագանգ գտնել. Այս տարի եւս ան կը նշւի յիշատակումներով եւ Երեւանի մէջ «Վերադարձ»-ի ընդդիմադիր հաւաքներով։

Այս հաւաքները կը վկայեն ազգի անսասան կապը Արցախի հետ, միեւնոյն ժամանակ սակայն կը յիշեցնեն, որ պետական գործառնութեան աւելի լուրջ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնւինք։ Հայերուն համար «վերադարձի իրաւունք» արտայայտութիւնը վերացական միտք մը չէ․ ան կը յիշեցնէ թէ՛ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, եւ թէ՛ Արցախի հայութեան սեպտեմբեր 2023-ի բռնագաղթը ադրբեջանական յարձակման պատճառով։ «Վերադարձի իրաւունք»-ի վաւերականութիւնը անառարկելի է։ Սակայն հայ քաղաքական միտքին ուղղւած հիմնական հարցադրումը այն է, թէ այսօր ինչպէ՞ս պէտք է մօտենալ այս հարցին՝ գործնական պետական գործառնութեան տեսանկիւնէն եւ ոչ թէ քաղաքական թատրոնով:

Վերադարձի իրաւունքը խորապէս արդարութեան մէջ արմատաւորւած հայեցակարգ մըն է. հայ ժողովուրդը, որ ցեղասպանութիւն եւ տեղահանութիւն ապրած է, ուրիշներէ աւելի կը հասկնայ բռնի տեղահանութեան ցաւալի իմաստը։ Որոշ ազգայնականներու համար «վերադարձ եւ վերամիաւորում»-ը կը մարմնաւորէ աւելի լայն տեսլական մը՝ վերականգնել հայկական ներկայութիւնը հայրենական հողերուն վրայ (Թէպէտեւ 368-էն ի վեր հայկական պետութիւնը հազւադէպօրէն ունեցաւ միացեալ տարածք, սակայն ան եղած է տարբեր վայրերու մէջ՝ Կիլիկիայէն մինչեւ մերօրեայ Հայաստան եւ այլ շրջաններ)։ Այս տեսակէտները հասկնալի են, երբեմն ալ անհրաժեշտ՝ ազգային էթոս մը ձեւաւորելու համար։ Սակայն միայն վաւերական իրաւունքը քաղաքական ծրագիր մը չի կազմեր։  Այսօրւան հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ վերադարձի հարցը յաճախ կը շահագործւի օտար ուժերու կողմէ, որոնք լուռ մնացին Արցախի ցեղային զտման ժամանակ, եւ ներքին հակադիր ուժերու կողմէ, որոնք զայն կը գործածեն իբրեւ հայրենասիրութեան փորձաքար ընտրական դիրքաւորումներու ընթացքին:

Այս խօսոյթին գլխաւոր թերութիւնը այն է, որ վերադարձի պաշտպանութիւնը կը նկատէ պատերազմի քարոզ, իսկ վերադարձի դէմ կեցւածքը՝ խաղաղութեան համար հպատակութիւն: Այս կեղծ երկբեւեռացումը երկար տարիներէ ի վեր կը տառապեցնէ հայ քաղաքական միտքը: Աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր, Արցախի հարցը գլխաւորաբար ներկայացւած է իբրեւ «պատերազմ կամ խաղաղութիւն», իսկ միւս կենսական ոլորտները անտեսւած են, ինչպէս՝ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդումը, տնտեսական զարգացումը, ճնշման կամ հալածանքի պայմաններուն մէջ հեռացած արցախցիներու վերադարձը կամ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելն ու անոնց յարմարումը։ Թշնամի Ադրբեջանը ճիշտ այս ուղղութիւններով աշխատեցաւ՝ կարողութիւններ զարգացնելով բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, մինչ հայ ղեկավարութիւնը, ընդհանրապէս անվտանգութիւնը ուրիշին յանձնած, առաւելապաշտութեան կառչած ճառերով բաւարարւեցան: Այսօր պատասխանատու պետական գործառնութիւնը կը պահանջէ, որ Հայաստանի նպատակները հաւասարեցւին իր իսկ միջոցներուն, փոխանակ ազգային ռազմավարութիւնը կաշկանդելու կեղծ երկբեւեռ ընտրանքներով:

Այսօր Երեւանի մէջ ընդդիմադիր հաւաքները Արցախի հարցը ազգային օրակարգին վրայ կը պահեն, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը այսօր չունի «կախարդական փայտիկ» մը, որով կարելի ըլլար ապահովել Արցախի փախստականներու համախումբ վերադարձը՝ միջազգային երաշխիքներու ապահովութեամբ: Իւրաքանչիւր լուրջ ռազմավարութիւն պիտի պահանջէ ժամանակ, ուշադրութիւն եւ միջոցներ։ Միւս կողմէ, ամբոխահաճ իշխանութիւնը կը կառչի խաղաղութեան պատրանքին՝ հպատակաբար ընդունելով կատարւած իրողութիւնը, միաժամանակ ներազգային ճակատին վրայ (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար եւ իր բոլոր ցանցերով) կը շարունակէ սնուցել բացասական խօսոյթ արցախցի խոցելի փախստականներուն դէմ. երկու մօտեցումներն ալ քաղաքականութենէն մղւած կը թւին եւ ոչ թէ իրականութեան վրայ հիմնւած, ինչպէս որ կը պահանջէ ճգնաժամային այս իրավիճակը:

2025-ին աշխարհը բազմաբեւեռ է, ճեղքւած եւ ծայրայեղօրէն մրցակցային։ 1878-ի Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրէն ի վեր հայերուն մօտ կը շարունակւի պահպանւիլ այն հոգեբանութիւնը, թէ «քրիստոնեայ հայերու» փրկութիւնն ու արդարութիւնը պիտի գար մեծ պետութիւններէն. Սակայն, ինչպէս կը յիշեցնէ իրապաշտ Ճոն Միրշհայմը եւ ինչպէս մենք կը շարունակենք վկայել, միջազգային համակարգը անիշխանական է․փրկիչներ չկան։ Իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, Հայաստանի պետական վարչագիտութիւնը կարելի չէ օտարներու արտապատւիրակել, իսկ հայկական շահերը կարող են պաշտպանել միայն հայերը իրենք։ Հայոց պատմութիւնը, յատկապէս վերջին երկու դարերուն, այս դասը բրտօրէն կը հաստատէ։ Երբ քաղաքական կազմակերպութիւններ ամենուր կը նախընտրէին անկարելի երազներ հետապնդել, իրենք իրենց կերաշխաւորէին, որ ճնշումի տակ չեն ըլլար վիճակը քայլ առ քայլ բարելաւելու ուղիներ գտնելու համար:

2 սեպտեմբերը այս շաբթւան հայ քաղաքական կենտրոնական նիւթը եղաւ. սակայն նոյնքան կարեւոր է յիշել 26 օգոստոսը՝ 1071-ի Մանազկերտի ճակատամարտը, որ նշանաւորեց դարերու թուրքական գերիշխանութեան սկիզբը հայկական բարձրաւանդակին մէջ։  Ընկեր մը վերջերս յիշեցուց, որ երեք հազար տարիներու գրառւած հայկական պատմութենէն գոնէ հազար տարին հայերը նոյն աշխարհագրութիւնը բաժնած են թրքական ցեղերու հետ։ Վիպապաշտ ազգայնականութիւնը իր տեղը ունեցած է 19-րդ դարու աշխարհին մէջ, սակայն այսօրւան իրականութեան գիտակցութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ընդունիլ մեր աշխարհագրութեան սահմանափակումները։ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմավարական մտածողութիւնը պէտք է խարսխւի իր իրական դրացնութիւններուն վրայ՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, Վրաստան եւ Ադրբեջան, եւ ոչ թէ կերակրւի անցեալի փառքերու կարօտախտի պատրանքներով: Ահա այս իրապաշտ ակնոցով միայն հայկական քաղաքական միտքը կրնայ սկսիլ իմաստ տալ աշխարհաքաղաքական կիզակէտին եւ պետութեան ռազմավարական շահերուն շուրջ մրցող պահանջներուն:

Հետեւաբար հարցումը կը մնայ այն, թէ ներկայիս որո՞նք պէտք է ըլլան Արցախի վերաբերեալ ճիշտ քաղաքական նպատակները։ Պատասխանը չի սկսիր վերացական տեսութիւններով, այլ մարդոցմով. աւելի քան 120.000 հայերով, որոնք իրենց տուներէն արտաքսւեցան։ Արցախի հայերուն գոյաբանական ճակատագիրը այսօր գոյատեւման եւ Հայաստանի մէջ մնալու խնդիրն է։ Անոնց վիճակը վերադարձի իրաւունքին շօշափելի դրսեւորումն է։ Մինչ անոնց հայրենի հողերը այժմ անհասանելի են, անոնց տեղաւորումը հայկական հասարակութեան մէջ՝ մշակութային շարունակականութեամբ, մարդասիրական հրամայական մըն է եւ միաժամանակ կենսական՝ Արցախի հիմնահարցը կենդանի պահելու համար։ Հայաստան ունի ժողովրդագրական խնդիր եւ կարիք՝ մարդկային ներուժի։ Արտագաղթը կանխելը արցախցի փախստականներու համար առաջնահերթ է եւ ժամանակի դէմ մրցում. Հայաստանի մէջ այսօր արժանապատիւ եւ հաստատ կեանքերու ստեղծումը կը պահէ վաղւան վերադարձի կարելիութիւնը, եթէ պայմանները փոխւին։ Այս մտածումները նախապէս ներկայացուցած եմ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ (Ճգնաժամային Պահը՝ Հայաստանի Մէջ Փախստականներու Նախարարութեան Մը Հիմնումի Անմիջական Հրամայականը) եւ այստեղ աւելի մանրամասն պիտի չանդրադառնամ այս նիւթին։

Գործնական առումով, քաղաքական թատրոնի մէջ ընկղմելու փոխարէն, Արցախի հարցի անմիջական նպատակները կարելի է այսպէս սահմանել․

  • ապահովել պատշաճ բնակարան, կրթութիւն, առողջապահութիւն եւ աշխատանք՝ արդիւնաւէտ, հաստատական եւ հետեւողական միջոցներով,
  • խթանել համայնքային կեանքի ստեղծումը, որ կը պահէ Արցախի մշակութային շարունակականութիւնը եւ կը մատուցէ հոգեբանական աջակցութիւն,
  • քաջալերել, որ փախստականներու մեծամասնութիւնը ստանայ հայկական քաղաքացիութիւն (մինչ այժմ միայն փոքր տոկոս մը այդ քայլին դիմած է տարբեր պատճառներով)։

Արժէ յիշել, որ թէեւ Արցախի փախստականներուն մեծամասնութիւնը արդէն ունէր հայկական անձնագիրներ՝ 007 շարքով աւարտող, սակայն անոնց տրամադրւեցան նաեւ «ժամանակաւոր պաշտպանութեան փախստականութեան վկայականներ», որոնք Հայաստանի մէջ շատերու մօտ ընկալւեցան իբրեւ սահմանափակող փաստաթուղթեր։ Թէ՛ կառավարութիւնը, եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը անորոշ մնացած են արցախցիներու քաղաքացիութեան հարցին նկատմամբ։ Այդ վկայականները որոշ ժամանակ տրամադրեցին սահմանափակ նիւթական օգնութիւն, սակայն օգոստոս 2025-էն ի վեր վճարումներուն մեծ մասը դադրեցան, եւ մնացած նպաստները՝ մանաւանդ թոշակառուներու եւ երիտասարդներու, կը սպասւի, որ մինչեւ տարեվերջ դադրին։ Ընդհակառակն, լիարժէք հայկական քաղաքացիութիւնը փախստականներուն կը շնորհէ մէկանգամեայ բնակարանային հաւաստագիրներ, քայլ մը, որ յատկապէս նշանակալի է մեծ ընտանիքներու եւ Երեւանէն դուրս հաստատւողներու համար, ուր կեանքի պայմանները աւելի մատչելի են:

Կարելի է ենթադրել, թէ հայկական պետութիւնը եւ սփիւռքը միասին կարող են ունենալ միջոցները այսօր իսկ հետապնդելու Արցախի փախստականները Հայաստանի մէջ հաստատելու նպատակը։ Եթէ քաղաքական կամք գոյութիւն ունենայ, եւ համոզիչ ծրագիրներ մշակւին, կարելի է նաեւ այլ երկիրներու օժանդակութիւնը ներգրաւել աջակցելու համար։ Նոյնպէս սպասելի է, որ Արցախի փախստականները ստանձնեն հայկական քաղաքացիութիւն եւ ոչ թէ գրաււին այլ երկիրներու մարդկային ներուժ փնտռող ներգաղթի ծրագիրներով։ Այս ճգնաժամին արձագանգելը միայն մարդասիրական պարտականութիւն չէ, այլ նաեւ հայկական պետական վարչագիտութեան փորձաքար։ Միայն այդպէս Լեռնային Ղարաբաղի հայերը պիտի դադրին փրկութիւն որոնելէ օտար երկիրներու մէջ:

Կուզեմ աւարտել որոշ դիտարկութիւններով, զորս ուրիշներու մօտ իմաստաւորած եմ։ Ամառները երբեմն Թեսաղոնիկէ՝ Յունաստան կայցելեմ, ուր Ցեղասպանութենէն ետք մեծ հայրս գաղթական եղած էր։ Կանցնիմ բազմաթիւ քաղաքներէ, որոնց անունները կը սկսին «Նէա»-ով՝ յիշեցնելով նոր համայնքները, զորս կառուցեցին յոյն փախստականները՝ 1922-ին Անատոլուէն արտաքսւած, Յունաստանի պարտութեան եւ յոյներու ու հայերու համատեղ տեղահանութեան պատճառով: Այս քաղաքներուն մէջ երրորդ սերունդ մը պահած է ազգային յիշողութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ նոր կեանքեր կառուցելով եւ  յունական քաղաքակրթութեան շարունակականութիւնը ապահովելով։ Յոյն ժողովուրդը երբեք չմոռցաւ իր առաջնորդներու քաղաքական եւ զինւորական ձախողութիւնները. անոնցմէ շատեր դատւեցան նոյեմբեր 1922-ին, եւ ոմանք ուղղակի գնդակահարւեցան «Փոքր Ասիոյ աղէտ»-ին համար, որուն պատճառով շուրջ 1,2 միլիոն յոյներ իրենց բնիկ Անատոլուէն արտաքսւեցան: Սա հետեւանքն էր պարզամիտ առաջնորդներու քաղաքական միտքին, որ հաւատալով Սեւրի դաշնագիրին հետապնդեց «Մեծ Իդէա» (Μεγάλη Ιδέα)՝ մեծ Յունաստանի մը տեսլականը: Հետագային բնակչութեան փոխանակումը Թուրքիոյ հետ եւ 1923-ի Լօզանի դաշնագիրը գործնականօրէն աւարտեցին «Մեծ Իդէա»-ն իբրեւ գործուն քաղաքականութիւն։ Հայերը այսօր բաղդատաբար կը դիմագրաւեն նման ընտրութիւն․ յիշողութիւնը դարձնել թուլացո՞ւմ, թէ՞ ծառայեցնել նորոգման հիմքի եւ ներգրաււիլ  ինքնիշխան ժողովուրդի մը արժանի պետական վարչագիտութեան մէջ:

Վերադարձի իրաւունքը իրաւացի եւ խորապէս ցաւալի մտահոգութիւն մըն է։ Բայց երբ արդարութիւնը կը հետապնդւի առանց ռազմավարութեան, կը դառնայ դատարկ ճիգ մը, եւ հայ ժողովուրդը յոգնած է այդ դատարկութենէն։ Աւելի մտահոգիչ են մեր շուրջի 2020-ի աղէտալի պատերազմէն ի վեր քաղաքական անտարբերութիւնը եւ անոր շարունակւող հետեւանքները։ Հայաստանի ճգնաժամէն անդին անցնելուն համար ազգային քննարկումը պէտք է փոխադրւի քաղաքական թատրոնէն դէպի պատասխանատու եւ իրապաշտ պետական գործառնութիւն: Ասիկա կը պահանջէ ճշտել նպատակներ, որոնք համազօր են զանոնք իրականացնելուն միջոցներուն։ Պատասխանատու քաղաքական դերակատար մը, որ կը զբաղի Արցախի հարցով, պիտի սկսի ամենէն հրատապ խնդիրէն՝ հոգալ Արցախի փախստականներով, միաժամանակ ամրապնդելով հայկական պետութիւնը եւ դիմադրելով ազգային բանավէճի ձեռնավարութեան թէ՛ ներքին պատեհապաշտներու եւ թէ՛ օտար ուժերու կողմէ: Քանի որ իշխանութիւնը ընտրած է անտեսել Արցախի հիմնահարցը, պարտականութիւնը կը մնայ ընդդիմադիր ուժերուն եւ լայն քաղաքացիական շրջանակներուն ուսերուն վրայ՝ ստեղծելու իրապաշտ այլընտրանք: Միայն գործնական նպատակներու շուրջ համախմբւելով եւ իսկական գործունէութիւն ստանձնելով է, որ կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ 2020-ի ու Արցախի յաջորդող աղէտին անդամալուծութենէն անդին եւ բանալ ճանապարհ մը դէպի աւելի ապահով ու ինքնիշխան ապագայ։ Արցախի հայերու իրաւունքները կը պահանջեն քաղաքական կամք՝ ստանձնելու այսօրւան պարտաւորութիւնները, միաժամանակ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը աչքի առջեւ պահելով եւ պատրաստւելով վաղւան՝ ամենէն արդիւնաւէտ պայմաններուն տակ:

Յառաջ երթալու ուղին կը պահանջէ մեր ներկայ իրավիճակին եւ մեր նախատեսած նպատակակէտին միջեւ եղած կէտերը միացնել։ Անիկա դատարկ լոզունգներով չի կառուցւիր, այլ նախ եւ առաջ կարիքը ունի իրական յանձնառութիւններու՝ բնակարան, աշխատանք, համայնք եւ քաղաքացիութիւն՝ մեր արցախցի փախստական հայրենակիցներուն համար. Հայաստանի մէջ, եւ այսօր:

Րաֆֆի Արտալճեան՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ «Ֆլեչըր» համալսարանի շրջանաւարտ, արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ խորհրդատու՝ արհեստագիտական ընկերութիւններու, հանրային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Ան կը մտածէ եւ կը գրէ Սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու մասին։

Related Articles

Back to top button