Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Գիտական վերլուծութեան բարիքները

19 եւ 20 յունւարի 2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարւեցաւ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի խորհրդաժողովը: Հարթակը նախապէս գումարած էր եօթը նիստեր առցանց եղանակով: Հարթակին կանդամակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Շւէյցարիայէն, Ֆրանսիայէն եւ Լիբանանէն տասը մասնագէտներ: Պատմաբան, իրաւագէտ, քաղաքագէտ եւ այլն: Խորհրդաժողովին քննարկման օրակարգը կառնչւէր «Հայկական աշխարհը եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները» բարդ խնդրին:

Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակւած հաղորդագրութիւնը ամփոփ կերպով կը կատարէ հաստատումներ եւ կը նշէ իր կողմէ կատարելի աշխատանքներ: Յուսանք, որ հաղորդագրութեան պարունակութիւնը ծանօթ է ընթերցողներուն: Հայկական աշխարհին մէջ ստեղծւած կացութեան վերաբերեալ շատ քննարկումներ եղած են եւ բազում հաղորդումներ-գրաւոր եւ լսատեսողական-հրապարակւած: Հարթակի նշած վեց կէտերը իրաւամբ նորութիւն չեն. անոնց իրական արժէքը կը կայանայ գիտականօրէն կատարւած իրենց ամփոփումին մէջ, հեռու զգացական պոռթկումներէ եւ քաղաքական շահարկումներէ: «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը կը հաստատէ, ի շարս այլոց, որ «Արցախի հարցը փակւած չէ»:

Կատարելի աշխատանքներու բաժինը կը խոստանայ հրատարակել «19-20 յունւարի 2024-ի խորհրդաժողովի նիստերու ժողովածուն»: Հրատարակելի ժողովածուն պիտի հանրայնացնէ գիտական հիմքերով ուսումնասիրութիւններու շարք մը, որուն ստիպողական կարիքը ունինք բոլորս: Դժբախտաբար ընդհանրացած է մեր հանրային միջավայրին մէջ անճիշտ տեղեկութիւններու վրայ հիմնւած ու կասկածելի տրամաբանութեամբ վերլուծումներ կատարելու սովորութիւնը: Էլեկտրոնային բազմապիսի հարթակներ կը տարածեն թիւր տեղեկութիւններ ու վերլուծումը կը շփոթեն բամբասանքի հետ:

Խորհրդաժողովը որոշած է համաշխարհայնացնել Ադրբեջանը պատասխանատւութեան կանչելու ուղիներու գիտական փնտրտուքը: Այս նպատակով, «24 ապրիլ 2024-ի նախօրեակին» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, պիտի գումարւի Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ ոչ հայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ միջազգային գիտաժողով:

Հայութեան ողջ ներուժը օգտագործելով, օտար մասնագիտական շրջանակներ գործի լծելով, Արամ Ա կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ կը կատարւի աղէտէն դուրս գալու նպատակաուղղւած աշխատանք: Բազմիցս ըսած ենք, որ նման աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը բացայայտ է եւ թէ ազգին գիտական ներուժի օգտագործումը` հրամայական: Ազգային համախմբումի եւ բոլոր կարողականութիւններու օգտագործման նախաձեռնութիւնը պէտք էր ստանձնէր Հայաստանի իշխանութիւնը, պետական կառոյցներուն շուրջ համախմբելով բոլոր առողջ ուժերը: Դժբախտաբար, ոչ միայն չենք վկայեր համախմբումի որեւէ նպատակ, այլ բաժանումի ու մասնատումի նորանոր սերմեր կը ցանւին պարբերաբար:

Անցեալին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման, պահանջատիրութեան պայքարը նախաձեռնւեցաւ Սփիւռքի կողմէ: Հայրենի մտաւորականութիւնը բերաւ իր անուղղակի մասնակցութիւնը: Նոյնիսկ պետութիւնը, Ծիծեռնակաբերդի կառուցմամբ, մասնակցեցաւ պայքարին: Հայութիւնը քաղաքականացաւ ու Ցեղասպանութիւնը միջազգայնացաւ:

Այժմ, նոր մասնակի ցեղասպանութեան առիթով եւս Սփիւռքը կը վերցնէ պայքարի դրօշը, կրկին մասնակցութեամբ հայրենի մտաւորականութեան: Նոր քաղաքականացումը պիտի կայանա՞յ: Ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու դիրքորոշումը եւ մասնակցութիւնը օրհասը շրջանցելու կոչւած աշխատանքին:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button